Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 33

Թագաւորութիւնը ի՞նչ բաներ պիտի ընէ

Թագաւորութիւնը ի՞նչ բաներ պիտի ընէ

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը արդէն կ’իշխէ։ Մօտ ատենէն, երկրի վրայ մեծ փոփոխութիւններ պիտի ընէ։ Նկատի առնենք Թագաւորութեան իրագործելիք բաներէն ոմանք, որոնց կրնաս յոյսով սպասել։

1. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ինչպէ՞ս երկրի վրայ խաղաղութիւն եւ արդարութիւն պիտի բերէ

Յիսուս՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը, չար մարդիկը եւ կառավարութիւնները պիտի կործանէ Արմագեդոն պատերազմին (Յայտնութիւն 16։14, 16)։ Այն ատեն, լման կերպով պիտի կատարուի Սուրբ Գիրքին այս խոստումը. «Քիչ ժամանակէ յետոյ ամբարիշտը պիտի չքանայ» (Սաղմոս 37։10)։ Թագաւորութեան միջոցով, Յիսուս երկիրը խաղաղութեամբ եւ արդարութեամբ պիտի լեցնէ (կարդա՛ Եսայի 11։4

2. Կեանքը ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ, երբ երկրի վրայ Աստուծոյ կամքը կատարուի

Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութեան տակ, «արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին» (Սաղմոս 37։29)։ Երեւակայէ թէ կ’ապրիս աշխարհի մը մէջ, ուր բոլոր մարդիկ արդար են ու կը սիրեն Եհովան եւ իրար։ Ո՛չ մէկը պիտի հիւանդանայ եւ ամէն մարդ յաւիտեան պիտի ապրի։

3. Չարերը մէջտեղէն վերցուելէն ետք, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ բաներ պիտի իրականացնէ

Չարերը մէջտեղէն վերցուելէն ետք, Յիսուս 1000 տարի պիտի թագաւորէ։ Այդ ատեն ինք եւ իր 144,000 իշխանակիցները մարդոց պիտի օգնեն, որ կատարեալ ըլլան։ 1000 տարուան վերջաւորութեան, ամբողջ երկիրը գեղեցիկ դրախտ պիտի ըլլայ եւ բոլոր մարդիկ ուրախ պիտի ըլլան՝ հնազանդելով Եհովայի օրէնքներուն։ Այն ատեն, Յիսուս իր իշխանութիւնը իր Հօր՝ Եհովային, պիտի յանձնէ։ Որեւէ ժամանակէ աւելի, Եհովայի ‘անունը սուրբ պիտի ըլլայ’ (Մատթէոս 6։9, 10)։ Փաստուած պիտի ըլլայ, թէ Եհովան լաւ Կառավարիչ մըն է, որ իր հպատակները կը հոգայ։ Եհովան պիտի կործանէ Սատանան, դեւերը եւ ոեւէ մէկը, որ կ’որոշէ իր իշխանութեան դէմ ըմբոստանալ (Յայտնութիւն 20։7-10)։ Աստուծոյ Թագաւորութեան բերած կատարեալ պայմանները յաւիտեան պիտի մնան։

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Նկատի առ թէ ինչո՛ւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ Աստուած Թագաւորութեան միջոցով՝ ապագային նկատմամբ Սուրբ Գիրքի բոլոր խոստումները պիտի իրականացնէ։

4. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդկային կառավարութիւններուն վերջ պիտի դնէ

«Մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան [կամ՝ վնասին] համար» (Ժողովող 8։9)։ Եհովան իր Թագաւորութեան միջոցով, այս անարդարութեան վերջ պիտի դնէ։

Կարդացէ՛ք Դանիէլ 2։44 եւ Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6-8 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Եհովան եւ իր Որդին՝ Յիսուսը, ի՞նչ պիտի ընեն մարդկային կառավարութիւններուն եւ անոնց թիկունք կանգնողներուն։

  • Եհովայի եւ Յիսուսի մասին սորվածներդ ինչպէ՞ս քեզ կը վստահեցնեն, որ անոնք արդարութեամբ պիտի վարուին։

5. Յիսուս ամենալաւ Թագաւորն է

Որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը, Յիսուս շա՜տ բան պիտի ընէ իր երկրային հպատակներուն օգտին համար։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ տեսէք թէ Յիսուս արդէն ինչպէ՛ս ցոյց տուած է, որ մարդոց օգնելու թէ՛ փափաքը ունի եւ թէ Աստուծմէ տրուած զօրութիւնը։

Երկրի վրայ եղած ատեն ինչ որ Յիսուս ըրաւ, ցոյց տուաւ թէ Թագաւորութիւնը ի՛նչ բաներ պիտի իրագործէ։ Հետեւեալ օրհնութիւններէն որո՞նց մանաւանդ կը սպասես։ Կարդացէ՛ք օրհնութիւններուն քով դրուած համարները։

ԵՐԲ ԵՐԿՐԻ ՎՐԱՅ ԷՐ, ՅԻՍՈՒՍ՝

ԵՐԿԻՆՔԷՆ ՅԻՍՈՒՍ՝

  • մէջտեղէն պիտի վերցնէ ամբողջ վնասը, որ երկրին պատճառուած է (Եսայի 35։1, 2

  • անօթութիւնը պիտի վերցնէ աշխարհի վրայէն (Սաղմոս 72։16

  • բոլորին կատարեալ առողջութիւն պիտի տայ (Եսայի 33։24

6. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գեղեցիկ ապագայ մը պիտի բերէ

Թագաւորութիւնը մարդոց համար Եհովայի բուն նպատակը ամբողջովին պիտի իրականացնէ։ Մարդիկ յաւիտեան պիտի ապրին դրախտային երկրի մը վրայ։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ տեսնելու համար, թէ Եհովան ինչպէ՛ս Յիսուսի միջոցաւ իր նպատակը պիտի իրականացնէ։

Կարդացէ՛ք Սաղմոս 145։16 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Ինչպէ՞ս կը զգաս գիտնալով, որ Եհովան ամէն ապրող արարածի փափաքը պիտի լեցնէ։

ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Եթէ բոլորս ձեռք ձեռքի տանք, կրնա՛նք աշխարհին խնդիրները լուծել»։

  • Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ խնդիրներ պիտի լուծէ, որոնք մարդկային կառավարութիւնները լուծելու կարող չեն։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Թագաւորութիւնը իր նպատակը պիտի իրագործէ։ Երկիրը դրախտի պիտի վերածէ, ուր բարի մարդիկ Եհովան պիտի պաշտեն յաւիտեան։

Վերաքաղ

  • Թագաւորութիւնը ինչպէ՞ս Եհովայի անունը պիտի սրբացնէ։

  • Ինչո՞ւ կրնանք հաւատալ, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Սուրբ Գիրքին խոստումները պիտի կատարէ։

  • Թագաւորութեան օրհնութիւններէն ո՞ր մէկը ամէնէն շատ կ’ուզես տեսնել։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Գիտցի՛ր թէ Արմագեդոն ի՛նչ կը նշանակէ։

«Արմագեդոն պատերազմը ի՞նչ է» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

Նկատի առ թէ ի՛նչ դէպքեր տեղի պիտի ունենան Յիսուսի Հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին եւ ատկէ անմիջապէս ետք։

«Դատաստանի օրը ի՞նչ պիտի պատահի» (Դիտարան 1 հոկտեմբեր 2012)

Տե՛ս թէ ընտանիքը ինչպէ՛ս կրնայ միասնաբար երեւակայել Թագաւորութեան օրհնութիւնները։

Դուն քեզ երեւակայէ Դրախտին մէջ (1։50)

«Միտքս լեցուած էր շատ մը հարցումներով» յօդուածին մէջ, կարդա՛ քաղաքական ըմբոստի մը մասին, որ իր հարցումներուն պատասխանները գտաւ։

«Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ» (Դիտարան 1 յունուար 2012, արաբ.)