Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 40

Ինչպէ՞ս կրնանք մաքուր ըլլալ Աստուծոյ աչքին

Ինչպէ՞ս կրնանք մաքուր ըլլալ Աստուծոյ աչքին

Երեւակայէ հոգատար մայր մը, որ իր պզտիկ տղան կը պատրաստէ դպրոց երթալու։ Ան վստահ կ’ըլլայ, որ տղան լոգցած է եւ իր հագուստները մաքուր ու կոկիկ են։ Ասիկա զինք առողջ կը պահէ եւ ուրիշներուն ցոյց կու տայ, որ իր ծնողները իրեն լաւ հոգ կը տանին։ Նոյնպէս, մեր հոգատար Հայրը՝ Եհովան, կ’ուզէ որ մաքուր ըլլանք, թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ բարոյապէս։ Երբ մաքուր ենք, մե՛նք կ’օգտուինք եւ Եհովային փառք կը բերենք։

1. Ինչպէ՞ս կրնանք ֆիզիքապէս մաքուր ըլլալ

Եհովան մեզի կ’ըսէ. «Սո՛ւրբ եղէք» (Ա. Պետրոս 1։16)։ Սրբութիւնը կապ ունի ֆիզիքական եւ բարոյական մաքրութեան հետ։ Կրնանք ֆիզիքապէս մաքուր ըլլալ՝ կանոնաւորաբար լոգնալով եւ մեր հագուստները, տունը եւ ինքնաշարժը մաքուր ու կոկիկ պահելով։ Նաեւ կրնանք օգնել որ մեր Թագաւորութեան սրահը մաքուր ըլլայ։ Ֆիզիքապէս մաքուր մնալով, Եհովային փառք կը բերենք (Բ. Կորնթացիս 6։3, 4

2. Մաքուր ըլլալու համար, ի՞նչ սովորութիւններէ պէտք է հեռու մնանք

Սուրբ Գիրքը մեզ կը քաջալերէ, որ «մեր անձերը մարմնի ու հոգիի ամէն կերպ պղծութենէ մաքրենք» (Բ. Կորնթացիս 7։1)։ Ուստի, ամէն ջանք կ’ընենք որ հեռու մնանք որեւէ բանէ, որ մեր մարմինին կամ միտքին կրնայ վնասել։ Մեր մտածումները պէտք է Եհովան հաճեցնեն, անոր համար մեր լաւագոյնը կ’ընենք, որ անվայել մտածումները մերժենք (Սաղմոս 104։34)։ Նաեւ ջանք կը թափենք, որ մաքուր լեզու գործածենք (կարդա՛ Կողոսացիս 3։8

Ուրիշ ի՞նչ բաներ կրնան մեզ ֆիզիքապէս կամ բարոյապէս անմաքուր դարձնել։ Կարգ մը նիւթեր կրնան մեր մարմինը ապականել։ Անոր համար, չենք ծխեր եւ հաճոյքի համար թմրեցուցիչներ չենք գործածեր։ Այս բոլոր բաներէն հեռու մնալով, աւելի առողջ կ’ըլլանք, եւ կեանքի պարգեւին հանդէպ յարգանք ցոյց կու տանք։ Նաեւ ջանք կ’ընենք, որ բարոյապէս մաքուր մնանք՝ պայքարելով անմաքուր սովորութիւններու դէմ, օրինակ՝ սեռային անդամները շոյելով սեռային փափաքները գոհացնել (գիջութիւն), եւ պոռնկագրութիւն դիտել (Սաղմոս 119։37. Եփեսացիս 5։5)։ Այս սովորութիւններէն ազատիլը կրնայ դժուար ըլլալ, բայց Եհովան կրնայ մեզի օգնել, որ զանոնք յաղթահարենք (կարդա՛ Եսայի 41։13

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Նկատի առ թէ ինչպէ՛ս ֆիզիքապէս մաքուր ըլլալը Եհովային փառք կը բերէ, եւ տե՛ս թէ ինչպէ՛ս կարելի է անմաքուր սովորութիւնները յաղթահարել։

3. Ֆիզիքական մաքրութիւնը Եհովան կը պատուէ

Մաքրութեան նկատմամբ Եհովային տեսակէտը կրնանք գիտնալ, կարդալով այն պատուէրները, որ իսրայէլ ազգին տուաւ։ Կարդացէ՛ք Ելից 19։10 եւ 30։17-19 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Այս համարները ի՞նչ կը յայտնեն ֆիզիքական մաքրութեան նկատմամբ Եհովայի տեսակէտին մասին։

  • Ի՞նչ լաւ սովորութիւններ քեզի պիտի օգնեն, որ ֆիզիքապէս մաքուր մնաս։

Ֆիզիքապէս մաքուր ըլլալը ժամանակ ու ջանք կը պահանջէ։ Բայց ատիկա կրնանք ընել ո՛ւր որ ալ կ’ապրինք կամ մեր նիւթական վիճակը ի՛նչ որ ալ ըլլայ։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։

  • Մեր ունեցածները մաքուր ու կոկիկ պահելը ինչպէ՞ս լաւ տպաւորութիւն կու տայ մեր քարոզչութեան մասին։

4. Գէշ սովորութիւնները յաղթահարէ

Եհովան կրնայ մեզի օգնել, որ որեւէ գէշ սովորութիւն յաղթահարենք

Եթէ կը ծխես կամ թմրեցուցիչներ կը գործածես, թերեւս գիտես որ շատ դժուար է այս սովորութիւնը կեցնել։ Ի՞նչը կրնայ օգնել։ Նկատի առ թէ այդ սովորութիւնը ինչպէ՛ս քեզի կ’ազդէ։ Կարդացէ՛ք Մատթէոս 22։37-39 եւ քննարկեցէ՛ք թէ ծխախոտ կամ թմրեցուցիչ գործածելը ինչպէ՛ս կ’ազդէ՝

  • Եհովային հետ անհատին բարեկամութեան։

  • անհատին ընտանիքին եւ իր շուրջիններուն։

Մտածէ թէ ի՛նչ քայլեր պիտի առնես, որ գէշ սովորութիւն մը յաղթահարես a։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ։

Կարդացէ՛ք Փիլիպպեցիս 4։13 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Աղօթելու, Սուրբ Գիրքը սերտելու եւ ժողովներու ներկայ ըլլալու լաւ ռութինը ինչպէ՞ս կրնայ անհատին զօրութիւն տալ, որ գէշ սովորութեան մը վերջ դնէ։

5. Անմաքուր մտքերու եւ սովորութիւններու դէմ պայքարէ

Կարդացէ՛ք Կողոսացիս 3։5 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Ինչպէ՞ս գիտենք որ պոռնկագրութիւնը, գիջութիւնը եւ ելեկտրոնային սարքերով անբարոյ երկտողներ, նկարներ կամ վիտէօներ ղրկելը, Եհովայի աչքին անմաքուր են։

  • Կը կարծե՞ս որ կրնանք բարոյապէս մաքուր ըլլալ, ինչպէս որ Եհովան մեզմէ կ’ակնկալէ։ Ինչո՞ւ։

Տե՛ս թէ ինչպէ՛ս կարելի է անմաքուր մտածումներու դէմ դնել։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ։

Յիսուս ցոյց տուաւ, որ պէտք է լուրջ քայլեր առնենք՝ բարոյապէս մաքուր մնալու համար։ Կարդացէ՛ք Մատթէոս 5։29, 30 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Թէեւ Յիսուս ըսել չուզեց, որ մենք մեզի ֆիզիքապէս վնաս հասցնենք, բայց հասկցուց որ պէտք է գործի լծուինք։ Անհատ մը ի՞նչ լուրջ քայլ կրնայ առնել անմաքուր մտածումներէ հեռու մնալու համար b։

Եթէ անմաքուր մտածումներ յաղթահարելու համար կը պայքարիս, Եհովան թափած ջանքդ կ’արժեւորէ։ Կարդացէ՛ք Սաղմոս 103։13, 14 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Եթէ անմաքուր սովորութեան մը դէմ կը պայքարիս, այս համարը ինչպէ՞ս քեզ կը քաջալերէ, որ պայքարդ շարունակես։

Նորէն իյնալը չի նշանակեր պարտուիլ

Դիւրին է մտածել. ‘Չյաջողեցայ. ի՞նչ իմաստ ունի ետ փորձելը’։ Բայց մտածէ՛ ասոր մասին. եթէ մրցումի մը մէջ վազորդ մը իյնայ, ասիկա չի նշանակեր որ պարտուեցաւ, ոչ ալ կը նշանակէ որ պէտք է ետ սկիզբէն սկսի վազել։ Նոյնպէս, նորէն իյնալը չի նշանակեր, թէ գէշ սովորութեան մը դէմ մղած պայքարիդ մէջ պարտուեցար։ Ոչ ալ նորէն իյնալը կը ջնջէ այն ամբողջ յառաջդիմութիւնը, որ արդէն ըրած ես։ Նորէն իյնալը բնական է. դէպի յաղթանակ տանող ընթացքին մէկ մասն է։ Անոր համար, մի՛ յանձնուիր։ Եհովայի օգնութեամբ, կրնա՛ս գէշ սովորութիւնը յաղթահարել։

ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Ես մոլի դարձած եմ։ Չեմ կրնար ձգել»։

  • Ի՞նչ համար կրնաս գործածել, անհատին ցոյց տալու թէ Եհովայի օգնութեամբ, կրնա՛յ գէշ սովորութեան մը վերջ դնել։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Եհովան կը հաճեցնենք՝ մաքուր պահելով մեր մարմինը, մեր միտքը եւ մեր վարքը։

Վերաքաղ

  • Ինչո՞ւ շատ կարեւոր է որ մաքուր ըլլանք։

  • Ինչպէ՞ս կրնաս ֆիզիքապէս մաքուր ըլլալ։

  • Ինչպէ՞ս կրնաս մտածումներդ եւ վարքդ մաքուր պահել։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Ի՞նչ պարզ բաներ կրնաս ընել, որ ֆիզիքապէս մաքուր ըլլաս, նոյնիսկ եթէ նիւթական վիճակդ լաւ չէ։

Առողջութիւն եւ մաքրութիւն. Ձեռք լուալ (3։01)

Տե՛ս թէ ի՛նչ գործնական քայլեր կրնաս առնել ծխելը կեցնելու համար։

«Ինչպէ՞ս կրնաս ծխելը կեցնել» (յօդուած՝ Զարթի՛ր–ին մէջ)

Տե՛ս թէ տղամարդ մը ինչպէ՛ս յաղթահարեց պոռնկագրութեան իր մոլութիւնը։

«Մինչեւ որ յաջողիմ, քանի՜ անգամներ ձախողեցայ» (Դիտարան 2016–ի թիւ 4)

a «Ինչպէ՞ս կրնաս ծխելը կեցնել» յօդուածը, որ այս դասին «Աւելի՛ն գիտցիր» բաժինին մէջ յիշուած է, կը բացատրէ թէ ի՛նչ գործնական քայլեր կարելի է առնել մոլութիւններ յաղթահարելու համար։

b Գիջութեան սովորութիւնը յաղթահարելու համար, տե՛ս «Ինչպէ՞ս կրնամ գիջութեան սովորութիւնը կեցնել» (Պատանիները կը հարցնեն. գործնական պատասխաններ, հատոր Ա., գլուխ 25)։