Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 42

Սուրբ Գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ ամուրիութեան եւ ամուսնութեան մասին

Սուրբ Գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ ամուրիութեան եւ ամուսնութեան մասին

Կարգ մը մշակոյթներու մէջ, մարդիկ կը հաւատան որ մէկը չի կրնար ուրախ ըլլալ եթէ չամուսնանայ։ Բայց ո՛չ բոլոր ամուսնացածները ուրախ են, ոչ ալ բոլոր ամուրիները տխուր են։ Իրականութիւնը այն է, որ Սուրբ Գիրքը թէ՛ ամուրիութեան եւ թէ ամուսնութեան համար կ’ըսէ, որ նուէրներ են։

1. Ի՞նչ են ամուրի ըլլալուն կարգ մը օգուտները

Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Ով որ կ’ամուսնանայ՝ լաւ կ’ընէ, իսկ ով որ չ’ամուսնանար՝ աւելի լաւ կ’ընէ» (ՆԹ) (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 7։32, 33, 38)։ Ամուրի անձ մը ի՞նչ կերպերով «աւելի լաւ կ’ընէ»։ Ամուրի քրիստոնեաները պէտք չունին կողակիցի մը պէտքերուն հոգ տանելու։ Անոր համար, ընդհանրապէս աւելի ազատ կ’ըլլան։ Օրինակ, ոմանք կրնան իրենց ծառայութիւնը ընդարձակել հետաքրքրական կերպերով, ինչպէս՝ ուրիշ երկիր փոխադրուիլ բարի լուրը քարոզելու համար։ Եւ ամէնէն կարեւորը, անոնք կրնան աւելի ժամանակ տալ, որպէսզի Եհովային մօտենան։

2. Ի՞նչ են օրինապէս ամուսնացած ըլլալուն կարգ մը օգուտները

Ամուրիութեան պէս, ամուսնութիւնն ալ իր յատուկ օգուտները ունի։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ «երկուքը մէկէն աղէկ է» (Ժողովող 4։9)։ Ասիկա մանաւանդ ճիշդ է այն քրիստոնեաներուն պարագային, որոնք իրենց ամուսնութեան մէջ սուրբգրային սկզբունքները կը գործադրեն։ Զոյգեր, որոնք օրինաւոր կերպով կ’ամուսնանան, կը խոստանան որ միշտ իրար պիտի սիրեն ու յարգեն։ Արդիւնքը կ’ըլլայ որ անոնք յաճախ աւելի ապահով կը զգան քան՝ այն զոյգերը, որոնք պարզապէս իրարու հետ կ’ապրին։ Եւ իրենց զաւակներն ալ աւելի ապահով պիտի զգան։

3. Եհովան ամուսնութիւնը ինչպէ՞ս կը նկատէ

Երբ Եհովան առաջին զոյգը ամուսնացուց, ըսաւ. «Այրը պիտի ձգէ իր հայրը ու իր մայրը եւ իր կնոջ պիտի յարի» (Ծննդոց 2։24)։ Եհովան կ’ուզէ որ ամուսինն ու կինը իրար սիրեն ու իրարու հետ մնան այնքան ատեն որ ողջ են։ Ան ամուսնալուծումը կ’արտօնէ, միայն երբ կողակից մը շնութիւն ընէ, այսինքն՝ իր կողակիցէն զատ ոեւէ մէկու հետ սեռային յարաբերութիւն ունենայ։ Այսպիսի պարագայի, Եհովան անմեղ կողակիցին իրաւունք կու տայ որոշելու, թէ պիտի ամուսնալուծուի՛ կամ ոչ (Մատթէոս 19։9) a։ Եհովան չ’արտօներ որ քրիստոնեան մէկէ աւելի կողակից ունենայ (Ա. Տիմոթէոս 3։2

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Տե՛ս թէ ինչպէ՛ս կրնաս ուրախ ըլլալ եւ Եհովան ուրախացնել, ըլլաս ամուրի կամ ամուսնացած։

4. Ամուրիութեան պարգեւդ լաւ կերպով գործածէ

Յիսուս ամուրիութիւնը պարգեւ նկատեց (Մատթէոս 19։11, 12Կարդացէ՛ք Մատթէոս 4։23 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Յիսուս ինչպէ՞ս ամուրիութեան պարգեւը գործածեց իր Հօր ծառայելու եւ ուրիշներուն օգնելու համար։

Յիսուսին պէս, քրիստոնեաները կրնան վայելել իրենց ամուրիութիւնը։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։

  • Քրիստոնեաները ի՞նչ աղուոր կերպերով կրնան իրենց ամուրիութիւնը գործածել։

Գիտէի՞ր

Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր թէ մէկը ո՛ր տարիքին կրնայ ամուսնանալ։ Բայց անիկա կը քաջալերէ, որ պատանիները սպասեն մինչեւ որ անցնի «երիտասարդութեան ծաղկուն շրջանը», երբ սեռային զօրաւոր զգացումները կը դժուարացնեն իմաստուն որոշումներ առնելը (Ա. Կորնթացիս 7։36, ՆԱ

5. Իմաստութեամբ կողակիցդ զատէ

Կողակից զատելը ամէնէն կարեւոր որոշումներէն մէկն է, որ կեանքիդ մէջ պիտի առնես։ Կարդացէ՛ք Մատթէոս 19։4-6, 9 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Քրիստոնեայ մը ինչո՞ւ պէտք չէ աճապարէ ամուսնանալու։

Սուրբ Գիրքը կրնայ քեզի օգնել որ գիտնաս, թէ անհատի մը մէջ ի՛նչ յատկութիւններ պէտք է փնտռես։ Ամենակարեւոր բանը այն է, որ զատես անհատ մը, որ Եհովան կը սիրէ b։ Կարդացէ՛ք Ա. Կորնթացիս 7։39 եւ Բ. Կորնթացիս 6։14։ Ետքը, քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Ինչո՞ւ պէտք է միայն քրիստոնեայ հաւատակիցի մը հետ ամուսնանանք։

  • Քու կարծիքովդ, Եհովան ի՞նչ կը զգայ, եթէ ամուսնանանք մէկու մը հետ, որ զինք չի սիրեր։

Եթէ իրարմէ շատ տարբեր եղող երկու կենդանիներ մէկ լուծի տակ են, պիտի չարչարուին։ Նոյնպէս, քրիստոնեայ մը, որ նոյն հաւատալիքները չունեցող մէկու մը հետ կ’ամուսնանայ, շատ խնդիրներ պիտի ունենայ

6. Ամուսնութեան հանդէպ Եհովայի տեսակէտը ունեցիր

Անցեալին, Իսրայէլի մէջ կարգ մը տղամարդիկ անձնասէր պատճառներով իրենց կիներէն կ’ամուսնալուծուէին։ Կարդացէ՛ք Մաղաքիա 2։13, 14, 16 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Եհովան ինչո՞ւ կ’ատէ առանց սուրբգրային պատճառի եղած ամուսնալուծումը։

Շնութիւնն ու ամուսնալուծումը անմեղ կողակիցին ու զաւակներուն շատ նեղութիւն կը պատճառեն

Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։

  • Եթէ ամուսնացած ես մէկու մը հետ, որ քեզմէ տարբեր հաւատալիքներ ունի, ի՞նչ կրնաս ընել որ ամուսնութիւնդ յաջող դարձնես։

7. Ամուսնութեան նկատմամբ Եհովայի պահանջներուն համաձայն ապրէ

Թերեւս պէտք ըլլայ, որ անհատ մը մեծ ջանքեր թափէ, որպէսզի ամուսնութեան նկատմամբ Եհովայի պահանջներուն համաձայն ապրի c։ Բայց Եհովան կ’օրհնէ անոնք, որոնք այդպէս կ’ընեն։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ։

Կարդացէ՛ք Եբրայեցիս 13։4 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Քու կարծիքովդ, ամուսնութեան նկատմամբ Եհովայի պահանջները տրամաբանակա՞ն են։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսես։

Եհովան քրիստոնեաներէն կ’ակնկալէ, որ իրենց ամուսնութիւններն ու ամուսնալուծումները արձանագրեն, քանի որ գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ կառավարութիւնները ատիկա կը պահանջեն։ Կարդացէ՛ք Տիտոս 3։1 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Եթէ ամուսնացած ես, վստա՞հ ես որ ամուսնութիւնդ օրինապէս արձանագրուած է կառավարութեան քով։

ԹԵՐԵՒՍ ՄԷԿԸ ՀԱՐՑՆԷ. «Եթէ զոյգ մը այլեւս շատ խնդիրներ ունին, աւելի լաւ չէ՞ որ ամուսնալուծուին»։

  • Ի՞նչ կը պատասխանես։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Ամուրիութիւնը եւ ամուսնութիւնը Եհովայի կողմէ նուէրներ են։ Երկուքն ալ կրնան ուրախութիւն բերել, եթէ Եհովայի կամքին համաձայն ըլլան։

Վերաքաղ

  • Անհատ մը ինչպէ՞ս կրնայ իր ամուրիութիւնը լաւ կերպով գործածել։

  • Սուրբ Գիրքը ինչո՞ւ կ’ըսէ, որ միայն քրիստոնեայ հաւատակիցի մը հետ պէտք է ամուսնանալ։

  • Սուրբ Գիրքին համաձայն, ամուսնալուծման միակ պատճառը ի՞նչ է։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Ի՞նչ կը նշանակէ ‘միայն Տէրոջմով’ ամուսնանալ։

«Հարցումներ ընթերցողներէն» (Դիտարան 1 յուլիս 2004)

Դիտէ՛ երկու կարճ վիտէօներ, որոնք կրնան քեզի օգնել որ լաւ որոշումներ առնես, մէկու մը ծանօթանալու եւ ամուսնանալու նկատմամբ։

Ամուսնութեան պատրաստուիլ (11։53)

Տե՛ս թէ եղբայր մը ինչո՛ւ կը զգայ, որ ի՛նչ որ Եհովան իրեն տուած է, շատ աւելի արժէքաւոր է, քան ինչ որ ինք ձգած է։

Յոյս ունէի որ ճշմարտութիւնը պիտի ընդունի (1։56)

Անհատ մը ի՞նչ կարգ մը բաներ պէտք է նկատի առնէ, ամուսնալուծումի կամ բաժանումի մասին մտածելէ առաջ։

«Պատուէ ‘զայն որ Աստուած միաւորեց’» (Դիտարան դեկտեմբեր 2018)

a Բացատրութիւն 4 կը խօսի բաժանումի մասին, երբ շնութիւն չէ եղած։

b Կարգ մը մշակոյթներու մէջ, ծնողնե՛րը կողակից կը զատեն իրենց տղուն կամ աղջկան համար։ Այդ պարագային, ծնողները սէր ցոյց կու տան, երբ նա՛խ նկատի կ’առնեն ոչ թէ թեկնածուին դրամական վիճակը կամ ընկերային դիրքը, հապա՝ թէ ան Եհովան կը սիրէ կամ ոչ։

c Եթէ կ’ապրիս մէկու մը հետ, որուն հետ չես ամուսնացած, քեզի կ’իյնայ որոշել, թէ զինք պիտի ձգես կամ իրեն հետ պիտի ամուսնանաս։