Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 46

Ինչո՞ւ պէտք է նուիրուիս ու մկրտուիս

Ինչո՞ւ պէտք է նուիրուիս ու մկրտուիս

Անձդ Եհովային կը նուիրես, երբ աղօթքով իրեն կը խոստանաս, որ միայն զինք պիտի պաշտես եւ իր կամքը ընելը առաջին տեղը պիտի դնես կեանքիդ մէջ (Սաղմոս 40։8)։ Անկէ ետք, կը մկրտուիս։ Այդպէս ընելով, ուրիշներուն ցոյց կու տաս որ Եհովային նուիրուած ես։ Եհովային նուիրուիլը ամէնէն կարեւոր որոշումն է, որ մեր կեանքին մէջ պիտի առնենք։ Ի՞նչ բան կը ձգէ որ առնես այս լուրջ որոշումը, որ կեանքդ պիտի փոխէ։

1. Ի՞նչ բան կը ձգէ որ մէկը նուիրուի

Եհովային հանդէպ մեր սէրը կը ձգէ որ իրեն նուիրուինք (Ա. Յովհաննէս 4։10, 19)։ Սուրբ Գիրքը մեզի կ’ըսէ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ» (Մարկոս 12։30)։ Ցոյց կու տանք որ Աստուած կը սիրենք, ոչ միայն մեր ըսածներով, հապա նաեւ մեր ըրածներով։ Ճիշդ ինչպէս որ զոյգ մը, որոնք իրար շատ կը սիրեն, կ’ամուսնանան, նոյնպէս Եհովային հանդէպ մեր սէրը կը ձգէ որ իրեն նուիրուինք եւ մկրտուինք։

2. Եհովան իր մկրտուած Վկաներուն ի՞նչ օրհնութիւններ կու տայ

Երբ մկրտուիս, Եհովայի ուրախ ընտանիքին մէկ անդամը պիտի ըլլաս։ Այն ատեն, քեզի հանդէպ իր սէրը շատ մը կերպերով պիտի զգաս եւ ա՛լ աւելի մօտիկ պիտի ըլլաս իրեն (կարդա՛ Մաղաքիա 3։16-18)։ Եհովան քու Հայրդ ըլլալէ զատ, աշխարհի չորս կողմը պիտի ունենաս եղբայրներ ու քոյրեր, որոնք Եհովան եւ քեզ կը սիրեն (կարդա՛ Մարկոս 10։29, 30)։ Անշուշտ, մկրտուելէ առաջ, պէտք է որոշ քայլեր առնես. պէտք է Եհովայի մասին սորվիս, զինք սիրես եւ իր Որդիին հաւատաս։ Ի վերջոյ, պէտք է կեանքդ Եհովային նուիրես։ Եթէ այս քայլերը առնես ու ետքը մկրտուիս, կարելի պիտի ըլլայ, որ կեանքը վայելես յաւիտեա՛ն։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Մեզ. . . մկրտութիւնը հիմա կ’ապրեցնէ» (Ա. Պետրոս 3։21

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Նկատի առ թէ ինչո՛ւ կարեւոր է, որ Եհովային նուիրուիս ու մկրտուիս։

3. Բոլորս պէտք է որոշենք թէ որո՛ւն պիտի ծառայենք

Անցեալին, Իսրայէլի մէջ կարգ մը մարդիկ կարծեցին, որ կրնան միեւնոյն ատեն պաշտել թէ՛ Եհովան եւ թէ Բահաղ չաստուածը։ Բայց Եհովան Եղիա մարգարէն ղրկեց, որ այս սխալ գաղափարը սրբագրէ։ Կարդացէ՛ք Գ. Թագաւորաց 18։21 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Իսրայէլացիները ի՞նչ որոշում պէտք էր առնէին։

Իսրայէլացիներուն պէս, մենք ալ պէտք է որոշենք թէ որո՛ւն պիտի ծառայենք։ Կարդացէ՛ք Ղուկաս 16։13 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Ինչո՞ւ չենք կրնար պաշտել թէ՛ Եհովան եւ թէ ուրիշ մէկը կամ ուրիշ բան մը։

  • Եհովային ինչպէ՞ս ցոյց կու տանք, թէ մեր որոշումն է՝ զինք պաշտել։

4. Մտածէ թէ Եհովան քեզ որքա՜ն կը սիրէ

Եհովան մեզի շատ մը արժէքաւոր նուէրներ տուած է։ Մենք ի՞նչ կրնանք տալ իրեն։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ։

Եհովան ի՞նչ կարգ մը կերպերով ցոյց տուած է, որ քեզ կը սիրէ։ Կարդացէ՛ք Սաղմոս 104։14, 15 եւ Ա. Յովհաննէս 4։9, 10 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Եհովայի տուած ո՞ր նուէրները յատկապէս կը գնահատես։

  • Այդ նուէրները կը ձգեն որ ի՞նչ զգաս իրեն հանդէպ։

Երբ մէկը մեզի տայ նուէր մը, որ շատ կը սիրենք, կ’ուզենք տուողին ցոյց տալ, որ իր ըրածը կը գնահատենք։ Կարդացէ՛ք Բ. Օրինաց 16։17 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Երբ նկատի կ’առնես ամէն բան, որ Եհովան քեզի համար ըրած է, ի՞նչ կ’ուզես տալ իրեն։

5. Նուիրումը շատ օրհնութիւններ կը բերէ

Բազմաթիւ մարդիկ կը կարծեն, որ եթէ յայտնի մէկը ըլլան, լաւ գործ ունենան կամ շատ դրամ ձեռք ձգեն, ուրախ պիտի ըլլան։ Ատիկա իրապէ՞ս այդպէս է։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։

  • Վիտէոյին մէջ, թէեւ մարզիկը կը սիրէր ֆութպոլ խաղալ, ինչո՞ւ այդ գործը ձգեց։

  • Ան որոշեց իր անձը նուիրել ոչ թէ ֆութպոլին, հապա՝ Եհովային։ Կը կարծե՞ս որ ճիշդ որոշումը առաւ։ Ինչո՞ւ։

Քրիստոնեայ ըլլալէ առաջ, Պօղոս առաքեալ երեւելի գործի ետեւէ էր։ Ան հռչակաւոր ուսուցիչի մը քով հրէական օրէնքը սերտած էր։ Բայց ատկէ վազ անցաւ, որպէսզի քրիստոնեայ ըլլայ։ Արդեօք ան զղջա՞ց։ Կարդացէ՛ք Փիլիպպեցիս 3։8 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Պօղոս ինչո՞ւ ըսաւ, որ քրիստոնեայ ըլլալէն առաջ իր ըրածը աղբ էր։

  • Ատոր փոխարէն, ան ի՞նչ շահեցաւ։

  • Քու կարծիքովդ, կեանքդ աւելի լաւ պիտի ըլլա՞յ, եթէ Եհովային ծառայես։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսես։

Երբ Պօղոս քրիստոնեայ եղաւ, ան իր ետին ձգածէն շա՜տ աւելին ձեռք ձգեց

ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Պէտք չկայ այդքան խորը երթալու. հիմա կեանքդ վայելէ՛»։

  • Քու կարծիքովդ, կ’արժէ՞ կեանքդ Եհովային նուիրել։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսես։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Սէրը մեզ կը մղէ, որ մեր անձը Եհովային նուիրենք ու մկրտուինք։

Վերաքաղ

  • Եհովան ինչո՞ւ արժանի է, որ զինք մեր ամբողջ սրտով սիրենք եւ պաշտենք։

  • Եհովան իր մկրտուած Վկաներուն ի՞նչ օրհնութիւններ կու տայ։

  • Կ’ուզե՞ս Եհովային նուիրուիլ։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Տե՛ս թէ ինչո՛ւ երգչուհի մը եւ մարզիկ մը որոշեցին Եհովային նուիրուիլ։

Պատանիները կը հարցնեն. Ի՞նչ են նպատակակէտերս. Յետադարձ ակնարկ (6։52)

Նկատի առ նուիրուելու յաւելեալ պատճառներ։

«Ինչո՞ւ Եհովայի նուիրուիլ» (Դիտարան 1 յունուար 2010)

Այս երաժշտական վիտէոյին մէջ, նկատի առ անոնց ուրախութիւնը, որոնք Եհովային կը նուիրուին։

Քեզի համար կ’ապրիմ (4։30)

«Տարիներով կը մտածէի. ‘Ի՞նչ է կեանքին նպատակը’» յօդուածին մէջ, տե՛ս թէ ի՛նչը պատճառ եղաւ որ կին մը մտածէ, թէ ո՛ր բանը իր կեանքին մէջ ամէնէն կարեւորն է։

«Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ» (յօդուած՝ Դիտարան–ին մէջ)