Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 48

Ընկերներդ իմաստութեամբ զատէ

Ընկերներդ իմաստութեամբ զատէ

Մտերիմ ընկերները լաւ օրերուն մեր ուրախութիւնը կ’աւելցնեն, իսկ գէշ օրերուն մեզի ոյժ կու տան։ Սուրբ Գիրքը կը զգուշացնէ որ ո՛չ ամէն մարդ լաւ ընկեր է։ Ուրեմն, ինչպէ՞ս կրնաս լաւ ընկերներ զատել։ Նկատի առ այս հարցումները։

1. Ընկերներդ ինչպէ՞ս կրնան քեզի ազդել

Ընդհանրապէս, ժամանակի ընթացքին կը սկսինք նմանիլ այն անհատներուն, որոնց հետ ժամանակ կ’անցընենք։ Անոնց ազդեցութիւնը կրնայ լաւ կամ գէշ ըլլալ, նոյնիսկ եթէ անոնց հետ կ’ընկերակցինք ինթըրնէթին միջոցով։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ, բայց անմիտներուն [այսինքն՝ Եհովան չսիրողներուն] ընկերացողը չարիքի կը հանդիպի» (Առակաց 13։20, ստորանիշ)։ Այն ընկերները, որոնք Եհովան կը սիրեն ու կը պաշտեն, կրնան քեզի օգնել որ իրեն մտերիմ մնաս եւ լաւ որոշումներ առնես։ Բայց եթէ ժողովքէն դուրս մտերիմ ընկերներ ունինք, անոնք կրնան պատճառ ըլլալ, որ Եհովայէն հեռանանք։ Անոր համար է, որ Սուրբ Գիրքը մեզ կը քաջալերէ, որ իմաստութեամբ ընկերներ զատենք։ Երբ կը զատենք ընկերներ, որոնք Եհովան կը սիրեն, թէ՛ մենք կ’օգտուինք եւ թէ իրենք։ Այսպէս, կրնանք ‘մէկզմէկ մխիթարել եւ իրարու օգնել’ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։11

2. Ընկերներ զատելդ ինչպէ՞ս կրնայ Եհովային ազդել

Եհովան ուշադրութեամբ իր բարեկամները կ’ընտրէ։ «Անոր մտերմութիւնը արդարներուն հետ է» (Առակաց 3։32)։ Եհովան ինչպէ՞ս պիտի զգայ, եթէ զատենք ընկերներ, որոնք զինք չեն սիրեր։ Շա՜տ յուսախաբ պիտի ըլլայ (կարդա՛ Յակոբոս 4։4)։ Միւս կողմէ, Եհովան պիտի ուրախանայ եւ մեզ պիտի զատէ որպէս իր բարեկամները, եթէ մերժենք գէշ ընկերակցութիւնը եւ մօտենանք իրեն ու զինք սիրողներուն (Սաղմոս 15։1-4

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Նկատի առ թէ ինչո՛ւ շատ կարեւոր է, որ լաւ ընկերներ զատես, եւ տե՛ս թէ ինչպէ՛ս կրնաս այնպիսի բարեկամութիւններ զարգացնել, որոնք կեանքդ պիտի ճոխացնեն։

3. Զգուշացիր գէշ ընկերակցութենէ

Մարդիկ, որոնք Աստուած չեն սիրեր եւ իր ուզածը չեն ըներ, գէշ ընկերակցութիւն են։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։

  • Ինչպէ՞ս կրնանք առանց անդրադառնալու սկսիլ գէշ ընկերակցութիւն ունենալ։

Կարդացէ՛ք Ա. Կորնթացիս 15։33 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Ի՞նչ տեսակ անձ կրնայ քեզի համար գէշ ընկերակցութիւն ըլլալ։ Ինչո՞ւ։

Կարդացէ՛ք Սաղմոս 119։63 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Ի՞նչ բան քեզի ցոյց պիտի տայ, որ անհատ մը կրնայ լաւ ընկեր ըլլալ քեզի համար։

Մէկ աւրուած խնձոր կրնայ միւս խնձորները աւրել։ Մէկ գէշ ընկերակցութիւն ինչպէ՞ս կրնայ քեզի ազդել

4. Մեզմէ տարբեր եղող անհատներ կրնան մեր լաւ ընկերները ըլլալ

Սուրբ Գիրքը կը պատմէ Դաւիթի եւ Յովնաթանի մասին։ Անոնց տարիքները եւ պարագաները շատ տարբեր էին, բայց հակառակ ասոր, հոյակապ բարեկամութիւն մը ունեցան։ Կարդացէ՛ք Ա. Թագաւորաց 18։1 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Ինչո՞ւ պայման չէ, որ մեր ընկերները մեր նոյն տարիքը կամ նոյն պարագաները ունենան։

Կարդացէ՛ք Հռովմայեցիս 1։11, 12 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Եհովան սիրող ընկերները ինչպէ՞ս կրնան իրար քաջալերել։

Այս վիտէոյին մէջ, տե՛ս թէ ինչպէ՛ս պատանի եղբայր մը չյուսացած տեղէն ընկերներ գտաւ։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։

  • Վիտէոյին մէջ, Էլիին ծնողները ինչո՞ւ ուրախ չէին իր դպրոցական ընկերներով։

  • Սկիզբը, Էլին ինչո՞ւ սիրեց այդ բարեկամութիւնները։

  • Ի՞նչ բան անոր օգնեց, որ այլեւս մինակ չզգայ։

5. Ինչպէ՞ս կրնաս լաւ բարեկամութիւններ զարգացնել

Նկատի առ թէ ինչպէ՛ս կրնաս լաւ ընկերներ գտնել եւ ինչպէ՛ս կրնաս դո՛ւն անձամբ լաւ ընկեր ըլլալ։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ։

Կարդացէ՛ք Առակաց 18։24 եւ 27։17 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Լաւ ընկերները ինչպէ՞ս իրարու կ’օգնեն։

  • Այդպիսի լաւ բարեկամութիւններ ունի՞ս։ Եթէ ոչ, ինչպէ՞ս կրնաս բարեկամութիւն մը զարգացնել։

Կարդացէ՛ք Փիլիպպեցիս 2։4 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Լաւ ընկերներ ունենալու համար, պէտք է դո՛ւն լաւ ընկեր մը ըլլաս։ Այս մէկը ինչպէ՞ս կրնաս ընել։

Լաւ ընկերներ ունենալու համար, պէտք է դո՛ւն լաւ ընկեր մը ըլլաս

ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Ոեւէ ընկեր ունենալը աւելի լաւ է, քան՝ բնաւ չունենալը»։

  • Ի՞նչ կ’ըսես։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Երբ իմաստութեամբ ընկերներ կը զատենք, Եհովան կ’ուրախացնենք եւ մենք կ’օգտուինք։

Վերաքաղ

  • Եհովայի համար ինչո՞ւ կարեւոր է, թէ ի՛նչ ընկերներ կը զատենք։

  • Ինչպիսի՞ անհատներ պէտք չէ զատենք որպէս ընկերներ։

  • Ինչպէ՞ս կրնաս զօրաւոր բարեկամութիւններ ունենալ Եհովան սիրող անհատներու հետ։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Տե՛ս թէ ինչպէ՛ս լաւ ընկերները կրնան դժուար ժամանակներուն մեր օգնութեան հասնիլ։

«Վերջը գալէն առաջ՝ զօրաւոր բարեկամութիւններ կերտէ» (Դիտարան նոյեմբեր 2019)

Նկատի առ թէ ի՛նչ գործնական քայլեր առնելով կրնաս լաւ ընկերներ ունենալ։

«Ինչպէ՞ս կրնամ լաւ ընկերներ ունենալ» (Պատանիները կը հարցնեն. գործնական պատասխաններ, հատոր Ա., գլուխ 8)

Ի՞նչ պէտք է գիտնաս ինթըրնէթին վրայ ընկերներ ունենալու մասին։

Ընկերային ցանցերը իմաստութեամբ գործածէ (4։12)

«Հօր մը կարօտը կը քաշէի» յօդուածին մէջ, տե՛ս թէ ի՛նչ բան ձգեց որ մարդ մը ետ մտածէ, թէ ինչպէ՛ս իր ընկերները կը զատէ։

«Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ» (յօդուած՝ Դիտարան–ին մէջ)