Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 50

Ընտանիքդ ինչպէ՞ս կրնայ ուրախ ըլլալ (Մաս 2)

Ընտանիքդ ինչպէ՞ս կրնայ ուրախ ըլլալ (Մաս 2)

Պզտիկները Եհովայի կողմէ նուէր են։ Ան կ’ուզէ որ ծնողները այդ նուէրին լաւ հոգ տանին։ Եհովան իմաստուն խրատներ կու տայ, որոնք կրնան ծնողներուն օգնել, որ այդ մէկը ընեն։ Իր խրատները նաեւ ցոյց կու տան, թէ զաւակները ինչպէ՛ս կրնան ընտանիքին օգնել ուրախ ըլլալու։

1. Եհովան ի՞նչ խրատներ կու տայ ծնողներուն

Եհովան կ’ուզէ որ ծնողները իրենց զաւակները սիրեն եւ անոնց հետ կարելի եղածին չափ շատ ժամանակ անցընեն։ Ան նաեւ կ’ուզէ որ ծնողները իրենց զաւակները պաշտպանեն որեւէ վնասէ եւ Սուրբ Գիրքի սկզբունքներով զանոնք մարզեն ու կրթեն (Առակաց 1։8)։ Ան հայրերուն կ’ըսէ. ‘Ձեր որդիները մեծցուցէք Տէրոջը խրատովը’ (կարդա՛ Եփեսացիս 6։4)։ Եհովան կ’ուրախանայ, եթէ ծնողները իր ուղղութեան հետեւելով իրենց պզտիկները մեծցնեն եւ եթէ այդ պատասխանատուութիւնը ուրիշի մը չյանձնեն։

2. Եհովան ի՞նչ խրատներ կու տայ զաւակներուն

Եհովան զաւակներուն կը պատուիրէ. «Հնազանդ եղէք ձեր ծնողներուն» (կարդա՛ Կողոսացիս 3։20)։ Երբ զաւակները իրենց ծնողները կը յարգեն եւ անոնց հնազանդ կ’ըլլան, կ’ուրախացնեն թէ՛ Եհովան եւ թէ իրենց ծնողները (Առակաց 23։22-25)։ Յիսուս լաւ օրինակ ձգեց, երբ պզտիկ էր։ Ան իր ծնողքին հնազանդեցաւ եւ զիրենք յարգեց, հակառակ անոր որ անկատար էին եւ ինք կատարեալ էր (Ղուկաս 2։51, 52

3. Ինչպէ՞ս կրնաք ընտանեօք Աստուծոյ մօտենալ

Եթէ ծնող մըն ես, անկասկած կ’ուզես որ զաւակներդ քեզի պէս Եհովան սիրեն։ Ինչպէ՞ս կրնաս այդ նպատակակէտին հասնիլ։ Ընելով ի՛նչ որ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «[Եհովային խօսքերը] քու որդիներուդ կրկին անգամ սորվեցուր։ Թէ՛ տանդ մէջ նստած ատենդ, թէ՛ ճամբայ քալած ատենդ» (Բ. Օրինաց 6։7)։ Հաւանաբար գիտես, որ զաւակդ բան մը իր միտքը պահելու համար, պէտք է ատիկա քանի մը անգամ իրեն ըսես։ Համարը կը նշանակէ, որ պէտք է առիթներ փնտռես, որպէսզի զաւակներուդ հետ կանոնաւորաբար խօսիս Եհովայի մասին։ Լաւ գաղափար է, որ ամէն շաբաթ որոշ ժամանակ մը տրամադրէք, որ ընտանեօք Սուրբ Գիրքը սերտէք։ Եթէ զաւակներ չունիք, տակաւին պիտի օգտուիք ամէն շաբաթ Աստուծոյ Խօսքը սերտելով։

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Նկատի առ գործնական առաջարկներ, որոնք ընտանիքի ամէն մէկ անդամին պիտի օգնեն ապահով եւ ուրախ ըլլալու։

4. Սիրալիր կերպով զաւակներդ կրթէ

Պզտիկ մը կրթելը կրնայ դիւրին չըլլալ։ Սուրբ Գիրքը ինչպէ՞ս կրնայ օգնել։ Կարդացէ՛ք Յակոբոս 1։19, 20 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան սէր ցոյց տալ, երբ իրենց զաւակներուն հետ կը խօսին։

  • Ծնող մը ինչո՞ւ բնա՛ւ պէտք չէ իր զաւակները կրթէ կամ պատժէ, երբ բարկացած է։

5. Զաւակներդ պաշտպանէ

Զաւակներդ պաշտպանելու համար, շատ կարեւոր է որ ամէն մէկուն հետ խօսիս սեռային յարաբերութեան մասին։ Թերեւս ասիկա ընելու քաշուիս։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։

  • Կարգ մը ծնողներու համար ինչո՞ւ դժուար է, որ իրենց պզտիկներուն հետ խօսին սեռային յարաբերութեան մասին։

  • Կարգ մը ծնողներ իրենց պզտիկներուն ինչպէ՞ս բացատրած են սեռային յարաբերութիւնը։

Ինչպէս որ մարգարէացուած էր, Սատանայի աշխարհը երթալով աւելի չար կը դառնայ։ Կարդացէ՛ք Բ. Տիմոթէոս 3։1, 13 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • 13–րդ համարին մէջ յիշուած չար մարդոցմէն ոմանք պզտիկները կ’օգտագործեն սեռային նպատակներու համար։ Անոր համար, ինչո՞ւ կարեւոր է որ ծնողները իրենց պզտիկներուն սորվեցնեն սեռային յարաբերութեան մասին եւ թէ ինչպէ՛ս իրենք զիրենք պաշտպանեն այդ չար մարդոցմէն։

Գիտէի՞ր

Եհովայի վկաները կարգ մը հրատարակութիւններ պատրաստած են, որոնք ծնողներուն կ’օգնեն որ իրենց զաւակներուն սորվեցնեն սեռային յարաբերութեան մասին եւ զիրենք պաշտպանեն։ Օրինակ, տե՛ս.

6. Զաւակնե՛ր, ձեր ծնողները յարգեցէք

Պզտիկները եւ պատանիները կրնան իրենց ծնողներուն հանդէպ յարգանք ցոյց տալ՝ իրենց խօսած կերպով։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։

  • Ինչո՞ւ լաւ կ’ըլլայ որ պատանի մը իր ծնողներուն հետ յարգանքով խօսի։

  • Պատանի մը ինչպէ՞ս կրնայ իր ծնողներուն հետ այնպէս մը խօսիլ, որ յարգուած զգան։

Կարդացէ՛ք Առակաց 1։8 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Պատանի մը ինչպէ՞ս պէտք է վարուի, երբ ծնողները իրեն խրատ կու տան։

7. Ընտանեօք Եհովան պաշտեցէք

Վկայ ընտանիքները ամէն շաբաթ որոշ ժամանակ կու տան, որպէսզի միասնաբար պաշտամունք ընեն։ Ի՞նչ կրնաք ընել այս ընտանեկան պաշտամունքին ընթացքին։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։

  • Ընտանիքը ինչպէ՞ս կրնայ ընտանեկան պաշտամունքը կանոնաւորաբար ընել։

  • Ծնողք մը ի՞նչ կրնայ ընել, որ ընտանեկան պաշտամունքը օգտակար եւ հաճելի ըլլայ (տե՛ս այս դասին բացման նկարը)։

  • Ընտանիքիդ համար ինչո՞ւ կրնայ միասնաբար սերտելը դժուար ըլլալ։

Անցեալին՝ Իսրայէլի մէջ, Եհովան ընտանիքներուն պատուիրեց որ Սուրբ Գրութիւններուն մասին կանոնաւորաբար խօսակցին։ Կարդացէ՛ք Բ. Օրինաց 6։6, 7 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Ինչպէ՞ս կրնաս այս սկզբունքը գործադրել։

Գաղափարներ ընտանեկան պաշտամունքին համար.

  • Ժողովներու նիւթերը պատրաստեցէք։

  • Կարդացէք Սուրբ Գիրքէն պատմութիւն մը, որ ամբողջ ընտանիքը կը հետաքրքրէ։ Կարդալէ ետք, ատոր մասին խօսեցէք։

  • Եթէ զաւակները պզտիկ են, jw.org կայքէն բեռնեցէք կամ տպեցէք բան մը, որ պատրաստուած է պզտիկներուն համար։

  • Եթէ պատանի զաւակներ ունիք, jw.org կայքէն յօդուած մը նկատի առէք, որ պատանիներուն համար է։

  • Ձեր զաւակներուն հետ դերասանութիւն ըրէք՝ Սուրբ Գիրքէն պատմութեան մը անձնաւորութիւններուն դերերը առնելով։

  • jw.org կայքէն վիտէօ մը դիտեցէք եւ ետքը անոր մասին խօսեցէք։

ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Սուրբ Գիրքը պզտիկներուն համար դժուար է»։

  • Ի՞նչ կը պատասխանես։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Եհովան կ’ուզէ որ ծնողները իրենց զաւակները սիրեն, կրթեն եւ պաշտպանեն. կ’ուզէ որ պզտիկները իրենց ծնողները յարգեն եւ անոնց հնազանդ ըլլան. եւ կ’ուզէ որ ընտանիքի անդամները զինք միասնաբար պաշտեն։

Վերաքաղ

  • Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան իրենց զաւակները կրթել եւ պաշտպանել։

  • Զաւակները ինչպէ՞ս կրնան իրենց ծնողները յարգել։

  • Ամէն շաբաթ ընտանեկան պաշտամունք ընելուն օգուտները ի՞նչ են։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Ի՞նչ դասեր կրնան զաւակիդ օգնել, որ երբ մեծնայ, լաւ չափահաս ըլլայ։

«Պզտիկները ի՞նչ վեց դասեր պէտք է սորվին» (Զարթի՛ր 2019–ի թիւ 2)

Տե՛ս թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ խրատներ կու տայ անոնց, որոնք իրենց տարեց ծնողքին հոգ կը տանին։

«Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ տարեց ծնողներուն հոգ տանելու մասին» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

Նկատի առ մարդու մը պատմութիւնը, որ չէր գիտեր ինչպէ՛ս զաւակ մեծցնել, բայց ետքը լաւ հայր մը եղաւ։

Եհովայէն սորվեցանք ինչպէ՛ս մեր զաւակները մեծցնել (5։58)

Տե՛ս թէ հայր մը եւ իր տղան ինչպէ՛ս կրնան մտերիմ բարեկամներ ըլլալ։

«Հայր մը ինչպէ՞ս կրնայ իր տղուն մօտիկ ըլլալ» (յօդուած՝ Դիտարան–ին մէջ)