Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 51

Ինչպէ՞ս կրնաս խօսելակերպովդ Եհովան հաճեցնել

Ինչպէ՞ս կրնաս խօսելակերպովդ Եհովան հաճեցնել

Եհովան մեզի գեղեցիկ նուէր մը տուած է՝ խօսելու կարողութիւնը։ Իրեն համար կարեւո՞ր է, թէ այդ նուէրը ինչպէ՛ս կը գործածենք։ Անշո՛ւշտ (կարդա՛ Յակոբոս 1։26)։ Ուստի, ինչպէ՞ս կրնանք այդ կարողութիւնը այնպէս մը գործածել, որ Եհովան ուրախանայ։

1. Ինչպէ՞ս պէտք է խօսելու նուէրը գործածենք

Սուրբ Գիրքը մեզի կ’ըսէ, որ ‘մէկզմէկ մխիթարենք եւ իրարու օգնենք’ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։11)։ Գիտե՞ս մէկը, որ քաջալերութեան պէտք ունի։ Ի՞նչ կրնաս ընել։ Անհատը վստահեցուր, որ զինք կ’արժեւորես։ Կրնաս իրեն ըսել, թէ ի՛նչ լաւ յատկութիւններ ունի, որ դուն կը սիրես։ Սուրբ Գիրքէն ի՞նչ համար կրնաս գործածել, որ քեզի ծանօթ եղող մէկը քաջալերես։ Անշուշտ, շատ համարներ կան, որոնցմէ կրնաս ընտրել։ Նաեւ յիշէ, որ ըսելու կե՛րպդ կրնայ շատ քաջալերել ուրիշները։ Ատոր համար, միշտ խօսէ՛ ազնուութեամբ եւ մեղմութեամբ (Առակաց 15։1

2. Ինչպիսի՞ խօսքեր պէտք չէ գործածենք

Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Բնաւ ձեր բերնէն ապականեալ խօսք մը թող չելլէ» (կարդա՛ Եփեսացիս 4։29)։ Ասիկա կը նշանակէ, որ պէտք չէ աղտոտ լեզու գործածենք կամ ըսենք կոշտ ու վիրաւորական խօսքեր՝ անհատը ցաւցնելու համար։ Նաեւ, պէտք չէ անհատի մը վրայ խօսինք կամ անոր անունը աւրենք (կարդա՛ Առակաց 16։28

3. Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ, որ մեր խօսելակերպը քաջալերական ըլլայ

Շատ անգամ, մեր խօսած բաները ցոյց կու տան, թէ ի՛նչ կը զգանք եւ ինչի՛ մասին կը մտածենք (Ղուկաս 6։45)։ Անոր համար, պէտք է մենք մեզ մարզենք, որ մտածենք բաներու մասին, որոնք մաքուր են, ազնիւ են, գովելի են եւ Աստուծոյ աչքին ճիշդ են (Փիլիպպեցիս 4։8)։ Որպէսզի կեդրոնանանք այսպիսի բաներու վրայ, պէտք է իմաստութեամբ ընտրենք մեր ժամանցը եւ ընկերները (Առակաց 13։20)։ Նաեւ պէտք է խօսելէ առաջ մտածենք, թէ ի՛նչ պիտի ըսենք ու ինչպէ՛ս պիտի ըսենք եւ ինչպէ՛ս մեր խօսքերը ուրիշներուն պիտի ազդեն։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Մարդիկ կան, որոնց անմիտ խօսքերը սուրի պէս կը խոցոտեն, բայց իմաստուններուն լեզուն բժշկութիւն է» (Առակաց 12։18

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Տե՛ս թէ ինչպէ՛ս կրնաս խօսիլ կերպով մը, որ Եհովան կը հաճեցնէ եւ ուրիշները կը քաջալերէ։

4. Ուշադիր եղիր թէ ի՛նչ կ’ըսես, ե՛րբ կ’ըսես եւ ինչպէ՛ս կ’ըսես

Ատեններ, բոլորս ալ կ’ըսենք բաներ, որոնց համար ետքը կը զղջանք (Յակոբոս 3։2Կարդացէ՛ք Գաղատացիս 5։22, 23 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Այս յատկութիւններէն որո՞նք կրնաս աղօթքով խնդրել, որ քեզի օգնեն լեզուդ զսպելու։ Այդ յատկութիւնները ինչպէ՞ս կրնան քեզի օգնել։

Կարդացէ՛ք Ա. Կորնթացիս 15։33 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Ընկերներդ եւ զատած ժամանցդ ինչպէ՞ս կրնան ազդել խօսելակերպիդ։

Կարդացէ՛ք Ժողովող 3։1, 7 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Քու կարծիքովդ, ե՞րբ յարմար է լուռ կենալ եւ ե՞րբ յարմար է խօսիլ։

5. Ուրիշներուն մասին լաւ բաներ ըսէ

Ի՞նչը կրնայ քեզի օգնել, որ ուրիշները չվիրաւորես կամ անոնց անազնիւ խօսքեր չըսես։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։

  • Վիտէոյին մէջ, եղբայրը ինչո՞ւ ուզեց փոխել այն կերպը, որով կը խօսէր ուրիշներուն մասին։

  • Ան ի՞նչ ըրաւ, որ փոխուի։

Կարդացէ՛ք Ժողովող 7։16 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Մէկու մը մասին ժխտական բան մը ըսելէ առաջ, ի՞նչ պէտք է յիշենք։

Կարդացէ՛ք Ժողովող 7։21, 22 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Այս համարները ինչպէ՞ս կրնան քեզի օգնել, որ չբարկանաս երբ մէկը քու մասիդ ժխտական բաներ ըսէ։

6. Ընտանիքիդ հետ ազնուութեամբ խօսէ

Եհովան կ’ուզէ, որ մեր ընտանիքին հետ ազնիւ ու սիրալիր կերպով խօսինք։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։

  • Ի՞նչ բան քեզի պիտի օգնէ, որ ընտանիքիդ հետ ազնուութեամբ խօսիս։

Կարդացէ՛ք Եփեսացիս 4։31, 32 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Ինչպիսի՞ խօսելակերպ ընտանիքիդ անդամներուն միջեւ եղած կապը կը զօրացնէ։

Եհովան իր Որդիին՝ Յիսուսին՝ հանդէպ իր ունեցած զգացումները արտայայտեց։ Կարդացէ՛ք Մատթէոս 17։5 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Ինչպէ՞ս կրնաս Եհովան ընդօրինակել, երբ ընտանիքիդ հետ կը խօսիս։

Առիթներ փնտռէ, որ ուրիշները գովես

ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Ես խելքիս փչածը կ’ըսեմ։ Եթէ մէկը ըսածս չի հաւնիր, անիկա իր գիտնալիքն է»։

  • Ասոր կը համաձայնի՞ս։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսես։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Խօսքերը զօրութիւն ունին։ Պէտք է ուշադիր ըլլանք, թէ ի՛նչ կ’ըսենք, ե՛րբ կ’ըսենք եւ ինչպէ՛ս կ’ըսենք։

Վերաքաղ

  • Ի՞նչ կարգ մը կերպերով կրնաս խօսելու կարողութիւնդ գործածել ուրիշներուն օգնելու համար։

  • Ինչպիսի՞ խօսելակերպ պէտք չէ ունենանք։

  • Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել, որ միշտ ազնիւ ու քաջալերական կերպով խօսինք։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել որ այնպէս մը խօսինք, որ ուրիշները քաջալերուին։

«Իմաստուններուն լեզուն» ունեցիր (8։04)

Տե՛ս թէ ի՛նչ բան կրնայ քեզի օգնել, որ աղտոտ լեզու չգործածես։

«Հայհոյելը իրապէ՞ս շատ գէշ բան մըն է» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

Նկատի առ թէ ինչպէ՛ս կրնաս չբամբասել։

Ինչպէ՞ս կրնամ բամբասանքին վերջ դնել (2։36)

Տե՛ս թէ Եհովան ինչպէ՛ս տղամարդու մը օգնեց, որ այլեւս չհայհոյէ։

«Սկսայ լրջօրէն մտածել թէ կեանքս ի՛նչ ուղղութիւն առած է» (Դիտարան 1 օգոստոս 2013)