Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 54

Ո՞վ է «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» եւ ի՞նչ կ’ընէ

Ո՞վ է «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» եւ ի՞նչ կ’ընէ

Յիսուս քրիստոնէական ժողովքին Գլուխն է (Եփեսացիս 5։23)։ Այսօր, ան երկինքէն իր հետեւորդները կ’առաջնորդէ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցաւ (կարդա՛ Մատթէոս 24։45)։ Ան այդ «ծառան» նշանակած է եւ անոր տուած է իրաւունք, որ որոշ որոշումներ առնէ։ Բայց եւ այնպէս, ծառան պէտք է Յիսուսին հնազանդի եւ Յիսուսի եղբայրներուն ծառայէ։ Ո՞վ է այդ ծառան եւ ինչպէ՞ս մեզի հոգ կը տանի։

1. Ո՞վ է «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան»

Եհովան իր ժողովուրդին ուղղութիւն տալու համար, միշտ գործածած է տղամարդ մը կամ տղամարդոց պզտիկ խումբ մը (Մաղաքիա 2։7. Եբրայեցիս 1։1)։ Յիսուսի մահէն ետք, Երուսաղէմի մէջ առաքեալները եւ երէցները առաջնորդութիւնը առին (Գործք 15։2)։ Նոյն կերպով, այսօր երէցներու պզտիկ խումբ մը առաջնորդութիւնը կ’առնէ։ Անոնք կը կոչուին Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմին։ Անոնք հոգեւոր սնունդը կը պատրաստեն եւ քարոզչութիւնը կ’առաջնորդեն։ Անոնք են «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան», որ Յիսուս նշանակած է (Մատթէոս 24։45ա)։ Կառավարիչ մարմինի բոլոր անդամները օծեալ քրիստոնեաներ են, որոնք իրենց մահէն ետք Քրիստոսին հետ պիտի իշխեն իր երկնային Թագաւորութեան մէջ։

2. Հաւատարիմ ծառան ի՞նչ հոգեւոր սնունդ կու տայ

Յիսուս ըսաւ, որ հաւատարիմ ծառան ‘ատենին կերակուր պիտի տար’ հաւատակիցներուն (Մատթէոս 24։45բ)։ Ճիշդ ինչպէս որ մեր առած սնունդը մեզի կ’օգնէ որ ոյժ ունենանք եւ առողջ ըլլանք, նոյնպէս հոգեւոր սնունդը,– այսինքն՝ Աստուծոյ Խօսքէն ուղղութիւնները,– մեզի պէտք եղած ուժը կու տայ, որ Եհովային հաւատարիմ մնանք եւ շարունակենք Յիսուսին պատուիրած գործը ընել (Ա. Տիմոթէոս 4։6)։ Այդ հոգեւոր սնունդը կը ստանանք ժողովներու եւ համաժողովներու միջոցաւ, ինչպէս նաեւ՝ հրատարակութիւններու եւ վիտէօներու միջոցաւ, որոնք մեզի կ’օգնեն, որ Աստուծոյ կամքը հասկնանք եւ իրեն հետ մեր բարեկամութիւնը զօրացնենք։

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Տե՛ս թէ ինչո՛ւ պէտք ունինք «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին, այսինքն՝ Կառավարիչ մարմինին։

Կառավարիչ մարմինը հոգեւոր սնունդ, ուղղութիւն եւ գործնական օգնութիւն կու տայ աշխարհի չորս կողմը եղող Եհովայի վկաներուն

3. Եհովայի ժողովուրդը պէտք է կազմակերպուած ըլլայ

Յիսուսի առաջնորդութեամբ, Կառավարիչ մարմինը կը կազմակերպէ Եհովայի վկաներուն գործը։ Առաջին դարուն, նոյն կերպով քրիստոնեաներուն գործը կազմակերպուած էր։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ։

Կարդացէ՛ք Ա. Կորնթացիս 14։33, 40 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Այս համարները ինչպէ՞ս ցոյց կու տան, որ Եհովան կ’ուզէ որ իր Վկաները կազմակերպուած ըլլան։

4. Հաւատարիմ ծառան կը կազմակերպէ մեր քարոզչութիւնը

Քարոզչութիւնը ամէնէն կարեւոր գործն էր, որ առաջին դարու քրիստոնեաները ըրին։ Կարդացէ՛ք Գործք 8։14, 25 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Առաջին դարուն, որո՞նք քարոզչութիւնը առաջնորդեցին։

  • Պետրոսն ու Յովհաննէսը ի՞նչ ըրին, երբ միւս առաքեալները իրենց ուղղութիւն տուին։

Քարոզչութիւնը Կառավարիչ մարմինին կազմակերպած ամէնէն կարեւոր գործն է։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ։

Յիսուս քարոզչութեան կարեւորութիւնը շեշտեց։ Կարդացէ՛ք Մարկոս 13։10 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Կառավարիչ մարմինը ինչո՞ւ քարոզչութեան շատ կարեւորութիւն կու տայ։

  • Ինչո՞ւ պէտք ունինք «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին, որ այս համաշխարհային գործը կազմակերպէ։

5. Հաւատարիմ ծառան ուղղութիւններ կու տայ

Կառավարիչ մարմինը ուղղութիւններ կու տայ բոլոր քրիստոնեաներուն՝ ամբողջ աշխարհի մէջ։ Ան ինչպէ՞ս կ’որոշէ թէ ի՛նչ ուղղութիւն տայ։ Նկատի առ թէ առաջին դարուն, կառավարիչ մարմինը ի՛նչ ըրաւ։ Կարդացէ՛ք Գործք 15։1, 2 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Ի՞նչ բանի շուրջ կարգ մը քրիստոնեաներ չհամաձայնեցան։

  • Պօղոս, Բառնաբաս եւ ուրիշներ, որո՞ւն օգնութիւնը խնդրեցին։

Կարդացէ՛ք Գործք 15։12-18, 23-29 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Որոշում առնելէ առաջ, կառավարիչ մարմինը ի՞նչ ըրաւ, որպէսզի գիտնայ հարցին շուրջ Աստուծոյ ուղղութիւնը (տե՛ս համար 12, 15 եւ 28

Կարդացէ՛ք Գործք 15։30, 31 եւ 16։4, 5 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Առաջին դարու քրիստոնեաները կառավարիչ մարմինին տուած ուղղութեան նկատմամբ ի՞նչ ըրին։

  • Եհովան անոնց հնազանդութիւնը ինչպէ՞ս օրհնեց։

Կարդացէ՛ք Բ. Տիմոթէոս 3։16 եւ Յակոբոս 1։5 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Ներկայիս, երբ Կառավարիչ մարմինը որոշումներ պիտի առնէ, ուղղութեան համար ինչի՞ կը դիմէ։

ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Կառավարիչ մարմինին մտիկ ընելով, դուն մարդու հետեւորդ կ’ըլլաս»։

  • Ի՞նչ բան քեզ կը համոզէ, որ Յիսուս Կառավարիչ մարմինը կ’առաջնորդէ։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Կառավարիչ մարմինը «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» է, որ Յիսուս Քրիստոս նշանակած է։ Ան ուղղութիւն եւ հոգեւոր սնունդ կու տայ բոլոր քրիստոնեաներուն՝ ամբողջ աշխարհի մէջ։

Վերաքաղ

  • Ո՞վ նշանակեց «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան»։

  • Կառավարիչ մարմինը ինչպէ՞ս մեզի հոգ կը տանի։

  • Կը հաւատա՞ս որ Կառավարիչ մարմինը «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» է։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Տե՛ս թէ Կառավարիչ մարմինը իր գործը ինչպէ՛ս կ’ընէ։

«Ի՞նչ է Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմինը» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

Նկատի առ թէ Կառավարիչ մարմինը ի՛նչ կ’ընէ, որպէսզի վստահելի հոգեւոր սնունդ ստանանք։

Ճշգրիտ հրատարակութիւններ արտադրել (17։18)

Կառավարիչ մարմինին անդամները ի՞նչ կը զգան այն գործին հանդէպ, որ Յիսուս իրենց տուած է։

Շատ մեծ առանձնաշնորհում մը (7։04)

Մեր ժողովներն ու համաժողովները ինչպէ՞ս կը փաստեն, որ Եհովան կ’առաջնորդէ Կառավարիչ մարմինը։

Եհովան իր ժողովուրդին կը սորվեցնէ (9։39)