Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 57

Ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ լուրջ մեղք մը գործես

Ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ լուրջ մեղք մը գործես

Թէեւ Եհովան շատ կը սիրես եւ ամէն ջանք կ’ընես որ չընես բաներ, որոնք զինք կը նեղացնեն, պիտի պատահի որ մեղքեր գործես։ Բայց կարգ մը մեղքեր ուրիշ մեղքերէ աւելի լուրջ են (Ա. Կորնթացիս 6։9, 10)։ Եթէ լուրջ մեղք մը գործես, յիշէ որ Եհովան տակաւին քեզ կը սիրէ ու պատրաստ է քեզի ներելու եւ օգնելու։

1. Ի՞նչ պէտք է ընենք, որ Եհովան մեզի ներէ

Երբ մէկը, որ Եհովան կը սիրէ, լուրջ մեղք մը գործէ, մե՜ծ ցաւ կը զգայ։ Բայց ան կը մխիթարուի ան խոստումով, որ Եհովան իր ժողովուրդին տուաւ. «Եթէ ձեր մեղքերը կրկնակի կարմիրի պէս են, ձիւնի պէս պիտի ճերմկնան» (Եսայի 1։18)։ Եթէ անկեղծօրէն զղջանք, Եհովան լման կերպով մեզի կը ներէ։ Ինչպէ՞ս կը զղջանք։ Մեր ըրածին համար խորապէս կը նեղուինք, մեղք գործելէն ետ կը կենանք եւ Եհովային կ’աղաչենք, որ մեզի ներէ։ Ետքը, ծանր կ’աշխատինք որ փոխենք այն սխալ մտածելակերպը կամ սովորութիւնը, որ պատճառ եղաւ որ մեղք գործենք, եւ ջանք կ’ընենք որ Եհովայի չափանիշներուն համաձայն ապրինք (կարդա՛ Եսայի 55։6, 7

2. Եհովան ինչպէ՞ս երէցները կը գործածէ մեզի օգնելու, երբ մեղք կը գործենք

Եթէ լուրջ մեղք մը գործենք, Եհովան մեզի կ’ըսէ, որ ‘երէցները կանչենք’ (կարդա՛ Յակոբոս 5։14, 15)։ Այս երէցները Եհովան եւ իր ոչխարները կը սիրեն։ Անոնք մարզուած են մեզի օգնելու, որ կարենանք Եհովայի հետ դարձեալ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենալ (Գաղատացիս 6։1

Երէցները ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնեն։ Երկու կամ երեք երէցներ մեզ պիտի սրբագրեն՝ Սուրբ Գիրքէն խրատներ տալով։ Անոնք նաեւ պիտի տան առաջարկներ եւ ուղղութիւններ, մեզի օգնելու որ նոյն մեղքը նորէն չգործենք։ Եթէ անհատ մը, որ լուրջ մեղք գործած է, չի զղջար, երէցները զինք ժողովքէն կը հեռացնեն, որպէսզի ժողովքին մէջ ուրիշները իրմէ չազդուին։

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Տե՛ս թէ ինչպէ՛ս կրնաս աւելի հասկնալ ու գնահատել այն կերպը, որով Եհովան մեզի կ’օգնէ, երբ լուրջ մեղք մը գործենք։

3. Խոստովանիլը կ’օգնէ մեզի, որ բուժուինք

Որեւէ մեղք որ կը գործենք, Եհովան կը վիրաւորէ։ Ուստի տեղին է, որ մեր մեղքը իրեն խոստովանինք։ Կարդացէ՛ք Սաղմոս 32։1-5 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Ինչո՞ւ լաւ է, որ մեր մեղքը Եհովային խոստովանինք, փոխանակ զայն պահելու։

Մեր մեղքը Եհովային խոստովանելէ զատ, կը հանգստանանք երբ երէցներէն օգնութիւն կը խնդրենք։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։

  • Վիտէոյին մէջ, երէցները ինչպէ՞ս Քենընին օգնեցին, որ Եհովային վերադառնայ։

Պէտք է երէցներուն հետ անկեղծօրէն եւ բացէ ի բաց խօսինք, քանի որ անոնք կ’ուզե՛ն մեզի օգնել։ Կարդացէ՛ք Յակոբոս 5։16 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Ինչո՞ւ երէցներուն համար աւելի դիւրին կ’ըլլայ որ մեզի օգնեն, երբ իրենց հետ անկեղծ կ’ըլլանք։

Մեղքդ խոստովանէ, երէցներուն անկեղծօրէն խօսէ եւ Եհովայի սիրալիր օգնութիւնը ընդունէ

4. Եհովան ողորմութիւն ցոյց կու տայ մեղաւորներուն

Եթէ անհատ մը, որ լուրջ մեղք մը գործած է, կը մերժէ Եհովայի չափանիշներուն հետեւիլ, ան ժողովքէն կը հեռացուի եւ անոր հետ չենք ընկերակցիր։ Կարդացէ՛ք Ա. Կորնթացիս 5։6, 11 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Ճիշդ ինչպէս որ թթխմորը նոր շաղուած ամբողջ խմորը կը թթուեցնէ, չզղջացող մեղաւորին հետ ընկերակցիլը ինչպէ՞ս կրնայ ազդել ժողովքին։

Ճիշդ ինչպէս որ Եհովան ողորմութիւն ցոյց կու տայ անկատար մեղաւորներուն, նոյնպէս երէցները կը ջանան օգնել անոնց, որոնք ժողովքէն հեռացուած են։ Շատեր ժողովքին վերադարձած են։ Ինչո՞ւ։ Թէեւ ժողովքէն հեռացուած ըլլալը ցաւալի էր, բայց իրենց օգնեց որ անդրադառնան, թէ ի՜նչ սխալ մը գործած են (Սաղմոս 141։5

• Մեղաւորներուն հետ Եհովային վարուած կերպը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, թէ ան արդար ու սիրալիր է եւ ողորմութիւն կը ցուցնէ։

5. Եհովան մեզի կը ներէ, երբ կը զղջանք

Յիսուս առակ մը պատմեց, որ մեզի կ’օգնէ հասկնալու, թէ Եհովան ի՛նչ կը զգայ, երբ մէկը կը զղջայ։ Կարդացէ՛ք Ղուկաս 15։1-7 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Ասիկա քեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ Եհովայի մասին։

Կարդացէ՛ք Եզեկիէլ 33։11 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Ի՞նչ բան կարեւոր է որ ընենք, փաստելու համար թէ իրապէս զղջացած ենք։

Հովիւի մը պէս, Եհովան իր ոչխարները մեծապէս կը հոգայ

ՈՄԱՆՔ Կ’ԸՍԵՆ. «Կը վախնամ որ եթէ երէցներուն պատմեմ, թէ մեղք գործած եմ, զիս ժողովքէն հեռացնեն»։

  • Ի՞նչ կրնաս ըսել մէկու մը, որ այդպէս կը զգայ։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Եթէ լուրջ մեղք մը գործենք, բայց անկեղծօրէն զղջանք եւ որոշենք այդ մեղքը նորէն չգործել, Եհովան մեզի պիտի ներէ։

Վերաքաղ

  • Ինչո՞ւ լաւ է որ մեր մեղքը Եհովային խոստովանինք։

  • Ի՞նչ պէտք է ընենք, որ Եհովան մեր մեղքը ներէ։

  • Եթէ լուրջ մեղք մը գործենք, ինչո՞ւ պէտք է երէցներէն օգնութիւն խնդրենք։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Տե՛ս թէ տղամարդ մը ինչպէ՛ս զգաց Եհովայի ողորմութիւնը, որ նկարագրուած է Եսայի 1։18–ին մէջ։

Կասկած մի՛ ունենար որ Եհովան կ’ողորմի (5։02)

Երէցները ինչպէ՞ս կը փորձեն օգնել լուրջ մեղք գործողի մը։

«Երէցները սիրով եւ ողորմութեամբ կը վարուին յանցագործներուն հետ» (Դիտարան օգոստոս 2024)

Նկատի առ թէ ինչպէ՛ս սէր ու ողորմութիւն ցոյց կը տրուի չզղջացած մեղաւորներուն հանդէպ։

«Երէցները ինչպէ՞ս կրնան օգնել ժողովքէն հեռացուած անձերուն» (Դիտարան օգոստոս 2024)

«Պէտք էր Եհովային վերադառնայի» յօդուածին մէջ, տե՛ս թէ տղամարդ մը, որ ճշմարտութենէն հեռացաւ, ինչո՛ւ զգաց որ Եհովան զինք ետ իրեն քաշեց։

«Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ» (յօդուած՝ Դիտարան–ին մէջ)