Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 60

Շարունակէ յառաջդիմել

Շարունակէ յառաջդիմել

Սուրբ Գիրքի այս դասընթացքին միջոցաւ, Եհովայի մասին շա՜տ բան սորվեցար։ Սորվածներդ ձգեցին որ զինք այնքա՛ն շատ սիրես, որ հաւանաբար կեանքդ իրեն նուիրեցիր ու մկրտուեցար։ Եթէ ոչ, հաւանաբար կը մտածես ատիկա ընել մօտ օրէն։ Բայց յառաջդիմութիւնդ վերջ չի գտներ երբ կը մկրտուիս։ Կրնաս շարունակել Եհովային մօտենալ յաւիտեա՛ն։ Ինչպէ՞ս։

1. Ինչո՞ւ պէտք է շարունակես Եհովայի հետ բարեկամութիւնդ զօրացնել

Պէտք է շատ ջանք թափենք, որ շարունակենք Եհովայի հետ մեր բարեկամութիւնը զօրացնել։ Ինչո՞ւ։ «Որպէսզի չըլլայ որ փրկութեան ճամբէն հեռանանք» (Եբրայեցիս 2։1, ՆԹ)։ Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել, որ շարունակենք հաւատարմօրէն Եհովային ծառայել։ Կրնանք քարոզչութեան գործով զբաղած մնալ, եւ ուրիշ կերպեր փնտռել, որ Աստուծոյ ա՛լ աւելի ծառայենք (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 3։16)։ Եհովային ծառայելը ամենալաւ բանն է, որ կրնանք ընել մեր կեանքին մէջ (Սաղմոս 84։10

2. Ուրիշ ի՞նչ պէտք է շարունակես ընել

Թէեւ Սուրբ Գիրքի այս դասընթացքը պիտի վերջանայ, բայց պիտի շարունակես ապրիլ որպէս քրիստոնեայ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, որ պէտք է ‘մեր վրայ հագնինք նոր մարդը’, այսինքն՝ նոր անձնաւորութիւնը (Եփեսացիս 4։23, 24)։ Մինչ կը շարունակես Աստուծոյ Խօսքը սերտել եւ ժողովներուն ներկայ ըլլալ, նոր բաներ պիտի սորվիս Եհովային եւ իր յատկութիւններուն մասին։ Կերպեր փնտռէ, որ իր անձնաւորութիւնը աւելի ընդօրինակես քու կեանքիդ մէջ։ Շարունակէ պէտք եղած փոփոխութիւնները ընել՝ Եհովային սիրտը ուրախացնելու համար։

3. Եհովան ինչպէ՞ս քեզի պիտի օգնէ, որ յառաջդիմես

Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Աստուած. . . ձեզ կատարեալ պիտի ընէ, ամրացնէ, ուժովցնէ եւ անսասան հիմերու վրայ դնէ» (Ա. Պետրոս 5։10, ԱԾ)։ Բոլորս փորձութիւններու առջեւ կը գտնուինք, բայց Եհովան մեզի պէտք եղածը կու տայ, որպէսզի անոնց դէմ դնենք (Սաղմոս 139։23, 24)։ Ան կը խոստանայ քեզի տալ թէ՛ փափաքը եւ թէ ուժը, որ իրեն հաւատարմօրէն ծառայես (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 2։13

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Նկատի առ թէ ինչպէ՛ս կրնաս շարունակել յառաջդիմել, եւ թէ Եհովան ինչպէ՛ս քեզ պիտի օրհնէ։

4. Շարունակէ լաւագոյն Բարեկամիդ խօսիլ ու մտիկ ընել

Աղօթելը եւ Սուրբ Գիրքը սերտելը քեզի օգնած են, որ Եհովայի բարեկամը դառնաս։ Այս երկու բաները ինչպէ՞ս կրնան քեզի օգնել, որ ա՛լ աւելի իրեն մօտենաս։

Կարդացէ՛ք Սաղմոս 62։8 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Եհովայի հետ բարեկամութիւնդ զօրացնելու համար, ինչպէ՞ս կրնաս աւելի լաւ կերպով աղօթել։

Կարդացէ՛ք Սաղմոս 1։2 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Եհովայի հետ բարեկամութիւնդ զօրացնելու համար, ինչպէ՞ս կրնաս աւելի լաւ կերպով Սուրբ Գիրքը կարդալ։

Ինչպէ՞ս կրնաս անձնական ուսումնասիրութենէդ աւելի օգտուիլ։ Գաղափար մը առնելու համար, դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։

  • Վիտէոյին մէջ յիշուած ո՞ր գաղափարները կրնաս գործադրել։

  • Ի՞նչ նիւթեր կ’ուզես ուսումնասիրել։

5. Հոգեւոր նպատակակէտեր դիր

Եհովայի ծառայութեան մէջ նպատակակէտեր ունենալը քեզի պիտի օգնէ, որ շարունակես յառաջդիմել։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։

  • Վիտէոյին մէջ, Գէմրընը հոգեւոր նպատակակէտեր դնելով ինչպէ՞ս օգտուեցաւ։

Ամէն անհատ չի կրնար ուրիշ երկիր փոխադրուիլ քարոզելու համար։ Բայց բոլորս կրնանք դնել նպատակակէտեր, որոնց կրնանք հասնիլ։ Կարդացէ՛ք Առակաց 21։5 եւ նկատի առէք, թէ ի՛նչ նպատակակէտեր կ’ուզես դնել՝

  • ժողովքին մէջ։

  • դաշտի ծառայութեան մէջ։

Համարին մէջի սկզբունքը ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել, որ նպատակակէտերուդ հասնիս։

Նպատակակէտեր

  • Աղօթքներդ բարելաւէ։

  • Սուրբ Գիրքը կողքէ կողք կարդա՛։

  • Ժողովքիդ մէջ բոլորը ճանչցիր։

  • Սկսէ Սուրբ Գիրքի ուսումնասիրութիւն մը վարել։

  • Ծառայէ որպէս օժանդակ ռահվիրայ կամ կանոնաւոր ռահվիրայ։

  • Եթէ եղբայր ես, ձգտէ օգնական ծառայ ըլլալ։

6. Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն

Կարդացէ՛ք Սաղմոս 22։26 եւ 37։29 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

  • Ի՞նչ կրնաս ընել, որ կեանքը վայելես հիմա եւ յաւիտեան։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Շարունակէ Եհովայի հետ բարեկամութիւնդ զօրացնել եւ հոգեւոր նպատակակէտեր դնել։ Այդպէս ընելով, կրնաս կեանքը վայելել յաւիտեա՛ն։

Վերաքաղ

  • Ինչո՞ւ կրնաս վստահ ըլլալ, որ Եհովան քեզի պիտի օգնէ որ իրեն հաւատարմօրէն ծառայես։

  • Ինչպէ՞ս կրնաս Եհովայի հետ բարեկամութիւնդ զօրացնել։

  • Հոգեւոր նպատակակէտեր դնելը ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել, որ յառաջդիմես։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Եհովան ի՞նչ բան աւելի կ’արժեւորէ. հաւատարմութիւն ցոյց տուող մե՞ծ արարք մը, թէ ոչ՝ օրէ օր իրեն հաւատարիմ մնալ։

Աբրահամին պէս հաւատարիմ եղիր (9։20)

Նոյնիսկ Եհովայի հաւատարիմ ծառան կրնայ իր ուրախութիւնը կորսնցնել։ Տե՛ս թէ ինչպէ՛ս կարելի է զայն նորէն գտնել։

Ուրախութիւն վերագտնել սերտելով եւ խոկալով (5։25)

Ինչպէ՞ս կրնաս հոգեւոր նպատակակէտեր դնել եւ անոնց հասնիլ։

«Հոգեւոր նպատակակէտեր դիր որ Ստեղծիչիդ փառք բերես» (յօդուած՝ Դիտարան–ին մէջ)

Ինչո՞ւ քրիստոնէական հասունութիւնը կարեւոր է, եւ ինչպէ՞ս կրնաս հասուն քրիստոնեայ դառնալ։

«Շտապէ դէպի հասունութիւն, քանի որ ‘Տէրոջը մեծ օրը մօտ է’» (Դիտարան 1 մայիս 2009)