Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բացատրութիւններ

Բացատրութիւններ
  1. 1.  Մեծ Բաբելոնը ի՞նչ կը ներկայացնէ

  2. 2.  Մեսիան ե՞րբ պիտի երեւնար

  3. 3.  Արիւն գործածող դարմանումներ

  4. 4.  Ամուսնացած զոյգի մը իրարմէ բաժնուիլը

  5. 5.  Տօներ

  6. 6.  Փոխանցիկ հիւանդութիւններ

  7. 7.  Առեւտրական եւ օրինական հարցեր

 1. Մեծ Բաբելոնը ի՞նչ կը ներկայացնէ

Մեծ Բաբելոնը կը ներկայացնէ բոլոր սուտ կրօնքները (Յայտնութիւն 17։5)։ Ինչպէ՞ս գիտենք։ Նկատի առ այս կէտերը.

  • Ան ամբողջ աշխարհի մէջ գործունեայ է։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ Մեծ Բաբելոնը ‘բազմութիւններու եւ ազգերու’ վրայ նստած է։ Ան «կը թագաւորէ երկրի թագաւորներուն վրայ» (Յայտնութիւն 17։15, 18

  • Չի կրնար ըլլալ, որ քաղաքական կամ առեւտրական ոյժ ըլլայ։ «Երկրի թագաւորները» եւ «վաճառականները» անոր հետ չեն կործանիր (Յայտնութիւն 18։9, 15

  • Ան Աստուած սխալ կերպով կը ներկայացնէ։ Ան պոռնիկ կը կոչուի, քանի որ կառավարութիւններու հետ յարաբերութիւններ կը հաստատէ, որպէսզի անոնցմէ դրամ կամ ուրիշ օգնութիւններ ստանայ (Յայտնութիւն 17։1, 2)։ Ան բոլոր ազգերէ մարդիկ կը մոլորեցնէ։ Եւ շատերու մահուան պատճառ եղած է (Յայտնութիւն 18։23, 24

Վերադառնալ՝ դաս 13 կէտ 6

 2. Մեսիան ե՞րբ պիտի երեւնար

Սուրբ Գիրքը մարգարէացաւ, որ 69 եօթնեակ, կամ 69 շաբաթ, պիտի անցնէր մինչեւ որ Մեսիան գար (կարդա՛ Դանիէլ 9։25

  • 69 շաբաթը ե՞րբ սկսաւ։ Ք.Ա. 455–ին։ Այդ ատեն, Նէեմիա կառավարիչը Երուսաղէմ վերադարձաւ, զայն «նորէն շինելու» համար (Դանիէլ 9։25. Նէեմիա 2։1, 5-8

  • 69 շաբաթը որքա՞ն տեւեց։ Սուրբ Գիրքի կարգ մը մարգարէութիւններու մէջ, մէկ օրը կը ներկայացնէ մէկ տարի (Թուոց 14։34. Եզեկիէլ 4։6)։ Ուրեմն, մէկ շաբաթը կը ներկայացնէ եօթը տարի։ Այս մարգարէութեան մէջ, 69 շաբաթը հաւասար է 483 տարուան (69 շաբաթ x 7 օր)։

  • 69 շաբաթը ե՞րբ վերջացաւ։ Ք.Ա. 455–էն 483 տարի հաշուելով կու գանք Ք.Ե. 29 թուականին a։ Ասիկա ճիշդ այն տարին է, երբ Յիսուս մկրտուեցաւ եւ Մեսիան եղաւ (Ղուկաս 3։1, 2, 21, 22

Վերադառնալ՝ դաս 15 կէտ 5

 3. Արիւն գործածող դարմանումներ

Կարգ մը դարմանումներ կան, որոնց ընթացքին կը գործածուի հիւանդին արիւնը։ Անոնցմէ ոմանք,– ինչպէս՝ մէկը իր արիւնը ուրիշին տայ, կամ ուզէ որ իր արիւնը պահուի, որպէսզի յետագային գործողութեան ատեն իրեն տրուի,– ընդունելի չեն քրիստոնեաներուն համար (Բ. Օրինաց 15։23

Սակայն, արեան գործածութեան կերպերէն ոմանք կրնան ընդունելի ըլլալ, ինչպէս՝ արեան քննութիւնները, արհեստական երիկամունքը, արեան մէջ ջուր աւելցնելը, բջիջի փրկութեան մեքենան գործածելը կամ սիրտ–թոքի մեքենան գործածելը։ Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ պէտք է որոշէ, թէ իր արիւնը ինչպէ՛ս պիտի գործածուի բժշկական քննութեան կամ դարմանումին ընթացքին։ Բժիշկները նոյն դարմանումը թերեւս քիչ մը տարբեր կերպով կատարեն։ Ատոր համար, որեւէ դարմանում ընդունելէ առաջ, քրիստոնեան պէտք է գիտնայ, թէ իր արիւնը ճիշդ ինչպէ՛ս պիտի գործածուի։ Նկատի առ այս հարցումները.

  • Եթէ արիւնէս մաս մը մարմինէս դուրս պիտի ուղղուի եւ թերեւս անոր հոսիլը նոյնիսկ ժամանակ մը կենայ, իմ խիղճս թոյլ պիտի տա՞յ, որ այս արիւնը նկատեմ տակաւին իմ մէկ մասս եւ ո՛չ թէ՝ ‘գետին թափուելիք’ (Բ. Օրինաց 12։23, 24

  • Եթէ դարմանումի մը ընթացքին արիւնէս մաս մը պիտի առնուի, բարեփոխուի եւ վերադարձուի մարմնիս մէջ, Սուրբ Գիրքով մարզուած խիղճս թոյլ կու տա՞յ որ այս մէկը ընդունիմ։

Վերադառնալ՝ դաս 39 կէտ 3

 4. Ամուսնացած զոյգի մը իրարմէ բաժնուիլը

Սուրբ Գիրքը ամուսինն ու կինը չի քաջալերեր որ իրարմէ բաժնուին եւ յստակ կը դարձնէ, որ եթէ բաժնուին, չեն կրնար ուրիշի մը հետ ամուսնանալ (Ա. Կորնթացիս 7։10, 11)։ Սակայն, որոշ պարագաներու, կարգ մը քրիստոնեաներ մտածած են բաժնուելու մասին։

  • Դրամական գետնի վրայ դիտմամբ չհոգալ։ Ամուսինը չ’ուզեր ընտանիքին նիւթականը հոգալ, այն աստիճան որ ընտանիքը նոյնիսկ կարող չ’ըլլար կեանքի հիմնական պէտքերը ունենալ (Ա. Տիմոթէոս 5։8

  • Ֆիզիքական լուրջ վնասներ հասցնել։ Վնասը այնքա՛ն լուրջ կ’ըլլայ, որ անհատին առողջութիւնը կամ կեանքը վտանգի տակ կ’ըլլայ (Գաղատացիս 5։19-21

  • Եհովայի հետ փոխյարաբերութիւնը վերջին ծայր վտանգի տակ դնել։ Անհատը անկարելի կը դարձնէ, որ իր կողակիցը Եհովային ծառայէ (Գործք 5։29

Վերադառնալ՝ դաս 42 կէտ 3

 5. Տօներ

Քրիստոնեաները Եհովան չհաճեցնող տօներու չեն մասնակցիր։ Բայց ամէն մէկ քրիստոնեայ պէտք է Սուրբ Գիրքի հիման վրայ մարզուած իր խիղճը գործածէ որոշելու, թէ ինչպէ՛ս պիտի վարուի որոշ պարագաներու, երբ ուրիշներ այդպիսի տօներ կը տօնեն։ Նկատի առ քանի մը օրինակներ։

  • Մէկը քեզի լաւ մաղթանք մը կ’ընէ որոշ տօնի մը առիթով։ Կրնաս պարզապէս ըսել. «Շնորհակալ եմ»։ Եթէ անհատը կ’ուզէ աւելին գիտնալ, կրնաս իրեն բացատրել, թէ ինչո՛ւ այդ տօնը չես տօներ։

  • Ամուսինդ կամ կինդ, որ Եհովայի վկայ չէ, քեզ կը հրաւիրէ որ տօնի մը ընթացքին ազգականներու հետ ճաշես։ Եթէ խիղճդ կը ներէ որ երթաս, կրնաս առաջուընէ իրեն բացատրել, որ եթէ ճաշի ատեն հեթանոսական սովորութիւններ ընեն, դուն ատոնց պիտի չմասնակցիս։

  • Գործատէրդ տօնական շրջանին քեզի յաւելեալ վճարում կ’ընէ որպէս նուէր։ Անոր ըրած դրամական նուէրը պիտի մերժե՞ս։ Պայման չէ։ Մտածէ թէ գործատէրդ այդ վճարումը տօնին մէկ մա՞սը կը սեպէ, թէ ոչ՝ իրեն համար ատիկա պարզապէս կերպ մըն է իր գնահատանքը քեզի ցոյց տալու։

  • Տօնական շրջանին մէկը քեզի նուէր կու տայ։ Ան թերեւս ըսէ. «Ես գիտեմ, որ դուն այս տօնը չես տօներ, բայց կ’ուզեմ այս նուէրը քեզի տալ»։ Թերեւս ան պարզապէս ազնիւ կը գտնուի։ Միւս կողմէ, պատճառ մը կա՞յ որ մտածես, թէ ան հաւատքդ կը փորձէ կամ քեզ կը ճնշէ որ տօնը տօնես։ Այս բոլորը նկատի առնելէ ետք, քեզի կ’իյնայ որոշել, թէ այդ նուէրը պիտի ընդունի՛ս կամ ոչ։ Մեր բոլոր որոշումներուն մէջ, կ’ուզենք մեր խիղճը մաքուր պահել եւ Եհովային հաւատարիմ ըլլալ (Գործք 23։1

Վերադառնալ՝ դաս 44 կէտ 1

 6. Փոխանցիկ հիւանդութիւններ

Որովհետեւ մարդիկը կը սիրենք, շատ ուշադիր կ’ըլլանք որ ուրիշներու չփոխանցենք հիւանդութիւններ։ Անոր համար, եթէ փոխանցիկ հիւանդութիւն մը ունինք, կամ կը կասկածինք որ հիւանդ ենք եւ կրնանք ուրիշ մէկու մը փոխանցել, շատ զգոյշ կ’ըլլանք, քանի որ Սուրբ Գիրքը կը պատուիրէ. «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս» (Հռովմայեցիս 13։8-10

Փոխանցիկ հիւանդութիւն ունեցող անհատը ինչպէ՞ս կրնայ ուրիշներու հանդէպ սէր ցոյց տալ։ Ան պէտք չէ իր սէրը արտայայտէ կարգ մը բաներ ընելով, ինչպէս՝ փաթթուկ ընել կամ պաչիկ ընել։ Ան պէտք չէ նեղուի, եթէ ոմանք զինք չհրաւիրեն իրենց տունը, քանի որ կ’ուզեն իրենց ընտանիքը պաշտպանել։ Եւ մկրտուելէ առաջ, ան պէտք է երէցներու մարմինի համակարգողին իմացնէ իր հիւանդութեան մասին, որպէսզի իր մկրտութեան համար այնպիսի կարգադրութիւն մը ըլլայ, որ միւս մկրտուողները չվարակուին։ Եթէ անհատ մը կը մտածէ ամուսնութեան քայլը առնել եւ կը կասկածի որ թերեւս փոխանցիկ հիւանդութիւն մը ունի, պէտք է արեան քննութիւն մը ընէ։ Այսպէս կը գործադրես Սուրբ Գիրքին խրատը. «Միայն ձեր անձերուն շահը մի՛ փնտռէք, հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ» (Փիլիպպեցիս 2։4

Վերադառնալ՝ դաս 56 կէտ 2

 7. Առեւտրական եւ օրինական հարցեր

Կրնանք շատ մը խնդիրներէ հեռու մնալ, եթէ դրամական հարցերու շուրջ համաձայնագիր պատրաստենք, նոյնիսկ եթէ երկու կողմերն ալ քրիստոնեաներ են (Երեմիա 32։9-12)։ Բայց տակաւին քրիստոնեաները կրնան ատեններ խնդիրներ ունենալ դրամական կամ ուրիշ հարցերու շուրջ։ Անոնք պէտք է առանձնաբար եւ արագօրէն այդ խնդիրները խաղաղութեամբ լուծեն։

Սակայն ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ լուրջ հարցեր ըլլան, օրինակ՝ երբ մէկը խարդախութեան զոհ երթայ կամ իր մասին սուտ բաներ ըսուին (կարդա՛ Մատթէոս 18։15-17)։ Յիսուս ըսաւ որ երեք քայլեր առնենք.

  1. 1. Փորձէ հարցը ձեր երկուքին միջեւ լուծել (տե՛ս համար 15

  2. 2. Եթէ ատիկա չյաջողի, մէկ–երկու հասուն քրիստոնեաներէ խնդրէ որ հետդ գան (տե՛ս համար 16

  3. 3. Եթէ հարցը տակաւին չլուծուի, միայն այն ատեն դիմէ երէցներուն (տե՛ս համար 17

Շատ մը պարագաներու, պէտք չէ մեր եղբայրներուն դէմ դատ բանանք, քանի որ ատիկա կրնայ սխալ տպաւորութիւն տալ Եհովային եւ ժողովքին մասին (Ա. Կորնթացիս 6։1-8)։ Բայց կան կարգ մը հարցեր, որոնք դատարանին միջոցով պէտք է լուծուին, օրինակ՝ ամուսնալուծուիլ, երեխայի խնամակալութեան իրաւունքը ձեռք ձգել, սննդագին ստանալ, ապահովագրութեան ու ժառանգութեան վերաբերեալ հարցեր լուծել, եւ սնանկութեան պարագային պարտատէրերու շարքին սեպուիլ։ Այն քրիստոնեան, որ դատարան դիմելով կը ջանայ այսպիսի հարցեր խաղաղութեամբ լուծել, Սուրբ Գիրքին պատուէրը չի կտրեր։

Նաեւ, քրիստոնեան Սուրբ Գիրքին պատուէրը չի կտրեր, եթէ իշխանութիւններուն իմացնէ, որ ոճիր մը գործուած է, ինչպէս՝ բռնաբարութիւն, պզտիկներու չարաշահութիւն, յարձակում, գողութիւն կամ մարդասպանութիւն։

Վերադառնալ՝ դաս 56 կէտ 3

a Ք.Ա. 455–էն մինչեւ Ք.Ա. 1, 454 տարի է։ Ք.Ա. 1–էն մինչեւ Ք.Ե. 1, մէկ տարի է (զէռօ թուական չկար)։ Եւ Ք.Ե. 1–էն մինչեւ Ք.Ե. 29, 28 տարի է։ Այսպէս, ատոնց գումարն է՝ 483 տարի։