Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Պատրա՞ստ եմ

Պատրա՞ստ եմ

Պատրա՞ստ եմ ժողովքին հետ քարոզելու

Կրնաս պատրաստ ըլլալ չմկրտուած հրատարակիչ ըլլալու, եթէ՝

  • Կանոնաւորաբար Սուրբ Գիրքը կը սերտես, կ’աղօթես եւ ժողովներու ներկայ կ’ըլլաս։

  • Սորվածներդ կը գնահատես ու անոնց կը հաւատաս, եւ կ’ուզես անոնց մասին ուրիշներուն պատմել։

  • Եհովան կը սիրես եւ որպէս մտերիմ բարեկամներ կ’ընտրես անոնք, որոնք զինք կը սիրեն։

  • Չես պատկանիր որեւէ կուսակցութեան կամ որեւէ սուտ կրօնքի։

  • Եհովայի չափանիշներուն համաձայն կ’ապրիս եւ կ’ուզես Եհովայի վկայ ըլլալ։

Եթէ կը զգաս, որ պատրաստ ես ժողովքին հետ քարոզելու, Սուրբ Գիրքի ուսուցիչդ կրնայ կարգադրել, որ երէցները քեզի հետ խօսին այս նիւթին շուրջ։

Պատրա՞ստ եմ մկրտուելու

Կրնաս պատրաստ ըլլալ մկրտուելու, եթէ՝

  • Չմկրտուած հրատարակիչ ես։

  • Լաւագոյնդ կ’ընես որ կանոնաւորաբար քարոզես։

  • «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին տուած ուղղութեան կը հետեւիս (Մատթէոս 24։45-47

  • Աղօթքով Եհովային նուիրուած ես եւ կ’ուզես իրեն ծառայել յաւիտեան։

Եթէ կը զգաս, որ պատրաստ ես մկրտուելու, Սուրբ Գիրքի ուսուցիչդ կրնայ կարգադրել, որ երէցները քեզի հետ խօսին այս նիւթին շուրջ։