Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան


Ինչպէ՞ս կրնաս լաւագոյն կերպով օգտուիլ Սուրբ Գիրքի այս դասերէն

Ինչպէ՞ս կրնաս լաւագոյն կերպով օգտուիլ Սուրբ Գիրքի այս դասերէն

Եհովայի վկայի մը հետ սերտէ՛. Սուրբ Գիրքի ուսումնասիրութիւն մը խնդրէ այն անհատէն, որ քեզի տուաւ այս գրքոյկը, կամ խնդրանքդ ներկայացուր մեր կայքին միջոցաւ՝ jw.org։

ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՍԸ

Իւրաքանչիւր պարբերութիւն կարդա՛, մէջը ըլլալով սեւատիպ հարցումները (Ա) եւ համարները (Բ), որոնք գլխաւոր կէտերը կը շեշտեն։ Նկատէ թէ կարգ մը համարներու քով յատկապէս գրուած է՝ «կարդա՛»։

ՄԷՋՏԵՂԻ ՄԱՍԸ

Աւելի՛ պրպտէ բաժինին սկիզբը (Գ) ցոյց կը տրուի, թէ ի՛նչ կէտեր պիտի քննարկուին։ Ենթավերնագիրները (Դ) կը նշեն գլխաւոր կէտերը։ Համարները կարդա՛, հարցումներուն պատասխանէ եւ վիտէօները (Ե) դիտէ։

Ուշադրութեամբ նկատի առ նկարները եւ անոնց խորագիրները (Զ), եւ մտածէ թէ ի՛նչ կրնաս պատասխանել այն խօսքերուն, որոնք Կարգ մը մարդիկ կ’ըսեն (Է)։

ՎԵՐՋԻՆ ՄԱՍԸ

Ամփոփում եւ Վերաքաղ (Ը) բաժինները դասը կ’եզրափակեն։ Գրէ՛ թէ դասը ո՛ր թուականին վերջացաւ։ Նպատակակէտ (Թ) բաժինը քեզի կ’ըսէ ընելիք բան մը։ Իսկ Աւելի՛ն գիտցիր (Ժ) բաժինը կը պարփակէ տեղեկութիւններ, որոնք կրնաս կարդալ կամ դիտել։

Աստուածաշունչի համարները ինչպէ՞ս կրնաս բանալ

Որեւէ համար այս շարքաւորումով կը գրուի՝ Աստուածաշունչի գիրքը (Ա), գլուխը (Բ), եւ համարը կամ համարները (Գ)։ Օրինակ, Յովհաննէս 17։3 կը նշանակէ՝ Յովհաննէս գիրքին 17–րդ գլուխին 3–րդ համարը։