Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Նամակ՝ Կառավարիչ մարմինէն

Նամակ՝ Կառավարիչ մարմինէն

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Աստուծոյ եւ մարդոց հանդէպ մեր սէրը մեզ կը քաջալերէ, որ ‘երթանք բոլոր ազգերը աշակերտենք եւ մկրտենք’ (Մատ. 28։19, 20. Մար. 12։28-31)։ Անձնազոհ սէրը շատ զօրաւոր է եւ կրնայ «յաւիտենական կեանքի հանդէպ ճիշդ տրամադրուած» մարդոց սրտին դպչիլ (Գործք 13։48, ՆԱ

Անցեալին, մենք կը կեդրոնանայինք բացումները գոց սորվելու վրայ եւ հրատարակութիւններ բաժնելու վրայ։ Հիմա պէտք կայ որ խօսակցելու մեր ձիրքերը բարելաւենք։ Մենք կ’ուզենք սէր ցոյց տալ, մարդոց հետ խօսելով նիւթերու մասին, որոնցմով անձամբ հետաքրքրուած են։ Ասիկա կը նշանակէ որ պէտք է ճկուն ըլլանք եւ ամէն մէկ անձի հոգերը եւ հետաքրքրութիւնները ուշադրութեամբ հաշուի առնենք։ Այս գրքոյկը ինչպէ՞ս մեզի պիտի օգնէ ասոր մէջ։

Այս գրքոյկը ունի 12 դասեր, որոնք մեզի կը սորվեցնեն յատկութիւններ, որոնց պէտք ունինք մարդիկը սիրելու եւ աշակերտելու համար։ Ամէն մէկ դաս հիմնուած է Աստուածաշունչի պատմութեան մը վրայ, որուն մէջ կա՛մ Յիսուս կամ ալ առաջին դարու քարոզիչ մը այդ յատկութիւնը ցոյց տուաւ ծառայութեան մէջ։ Ուրեմն, ամէն մէկ դասի նպատակակէտն է՝ մեզի օգնել, որ ո՛չ թէ բացումներ գոց սորվինք, հապա մարդոց հանդէպ մեր սէրը ցոյց տանք։ Ճիշդ է որ այս գրքոյկին մէջ անցած 12 յատկութիւններո՛ւն ալ պէտք ունինք ծառայութեան բոլոր երեսակներուն մէջ,– այսինքն՝ խօսակցութիւն սկսելու, վերայցելելու եւ աշակերտելու ժամանակ,– բայց նկատի պիտի առնենք, թէ ինչպէ՛ս կարգ մը յատկութիւններ յատկապէս կարեւոր են՝ որոշ երեսակի մէջ։

Ամէն մէկ դաս նկատի առած ատեն, մտածեցէք թէ ինչպէ՛ս կրնաք այդ յատկութիւնը ցոյց տալ ձեր թաղամասին մէջ։ Ջանք թափեցէք որ Եհովային եւ մարդոց հանդէպ ունեցած ձեր սէրը զօրացնէք։ Քարոզելու որեւէ մեթոտէ աւելի, այդ սէ՛րն է որ ձեզի պիտի օգնէ որ աշակերտէք։

Շա՛տ կ’արժեւորենք որ առանձնաշնորհում ունինք ձեզի հետ մէկ ուսով Եհովային ծառայելու (Սոփ. 3։9, ստորանիշ)։ Կ’աղօթենք որ Եհովան ձեզ օրհնէ, մինչ ջանք կը թափէք որ մարդիկը սիրէք եւ աշակերտէք։

Ձեր եղբայրները՝

Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմին