Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՍԿՍԵԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿ

ԴԱՍ 2

Բնական եղիր

Բնական եղիր

Սկզբունք. «Ճիշդ ժամուն ըսուած խօսքը որչա՜փ գեղեցիկ է» (Առ. 15։23

Փիլիպպոսին օրինակը

1. Դիտէ՛ ՎԻՏԷՈՆ կամ կարդա՛ Գործք 8։30, 31։ Ետքը, այս հարցումներուն պատասխանէ.

  1.   ա) Փիլիպպոսը խօսակցութիւնը ինչպէ՞ս սկսաւ։

  2.  բ) Ասիկա ինչո՞ւ բնական կերպ էր խօսակցութիւնը սկսելու եւ եթովպիացի պաշտօնեային նոր բան մը սորվեցնելու։

Փիլիպպոսէն ի՞նչ կը սորվինք

2. Եթէ ձգենք որ խօսակցութիւնը ինքնաբերաբար շարունակուի, աւելի՛ հաւանական է որ դիմացինը հանգիստ զգայ եւ մեզի մտիկ ընէ։

Փիլիպպոսին նմանէ

3. Ուշադրութիւն դարձուր դիմացինին դէմքի արտայայտութիւններուն եւ շարժուձեւերուն։ Ատոնք իր մասին շատ բան կ’ըսեն։ Արդեօք խօսելու տրամադրութիւն ունի՞։ Կրնաս պարզապէս հարցնել՝ «Գիտէի՞ր որ. . . », եւ ետքը Աստուածաշունչէն նիւթ մը բանալ։ Դիմացինը մի՛ ստիպեր որ խօսի, եթէ չ’ուզեր խօսիլ։

4. Համբերող եղիր։ Պէտք չունիս մէկ կտոր Աստուածաշունչէն նիւթի մը մասին խօսելու։ Յարմար առիթին սպասէ։ Ատեններ թերեւս յաջորդ հանդիպումին յարմար ըլլայ որ Աստուածաշունչէն խօսիս։

5. Ճկուն եղիր։ Դիմացինդ թերեւս քեզ անակնկալի բերէ եւ ուրիշ նիւթ խօսի։ Անոր համար, պատրաստ եղիր դիմացինը հետաքրքրող նիւթի մը մասին խօսելու, նոյնիսկ եթէ ատիկա տարբեր է միտքիդ մէջ ունեցած նիւթէն։