Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՍԿՍԵԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿ

ԴԱՍ 3

Ազնիւ եղիր

Ազնիւ եղիր

Սկզբունք. «Սէրը. . . քաղցր է» (Ա. Կոր. 13։4

Յիսուսին օրինակը

1. Դիտէ՛ ՎԻՏԷՈՆ կամ կարդա՛ Յովհաննէս 9։1-7։ Ետքը, այս հարցումներուն պատասխանէ.

  1.   ա) Յիսուս նախ ի՞նչ ըրաւ. կոյր մարդը բժշկե՞ց, թէ ոչ բարի լուրին մասին պատմեց իրեն (տե՛ս Յովհ. 9։35-38

  2.  բ) Ինչո՞ւ կը կարծես որ մարդը ուզեց Յիսուսին մտիկ ընել։

Յիսուսէն ի՞նչ կը սորվինք

2. Աւելի հաւանական է որ մէկը մեզի մտիկ ընէ, եթէ զգայ որ իրմով հետաքրքրուած ենք։

Յիսուսին նմանէ

3. Փորձէ երեւակայել որ դիմացինը ի՛նչ կը զգայ։

  1.   ա) Դուն քեզի հարցուր. ‘Արդեօք ի՞նչ հոգեր ունի։ Ի՞նչ բան թերեւս իրեն օգտակար դառնայ եւ սրտին դպչի’։ Ասիկա քեզի պիտի օգնէ որ հետը ազնիւ ըլլաս։

  2.  բ) Իրեն մտիկ ըրէ։ Ասանկով, ցոյց կու տաս որ հետաքրքրուած ես այն բաներով, որոնք իրեն համար կարեւոր են։ Եթէ դիմացինը կարծիք տայ կամ իր խնդիրին մասին խօսի, նիւթը մի՛ փոխեր։

4. Ազնիւ կերպով եւ յարգանքով խօսէ։ Երբ դիմացինին հետ զգաս եւ սրտանց ուզես իրեն օգնել, ասիկա յայտնի պիտի ըլլայ ձայնիդ թոնին մէջ։ Բառերդ եւ ձայնիդ թոնը ուշադրութեամբ ընտրէ, որ դիմացինը չվիրաւորես։

5. Օգտակար դարձիր։ Յարմար առիթներ փնտռէ, որ գործնական կերպով օգնես իրեն։ Մեր ազնիւ վարքը կրնայ խօսակցութեան դուռ բանալ։