Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՍԿՍԵԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿ

ԴԱՍ 4

Խոնարհ եղիր

Խոնարհ եղիր

Սկզբունք. «Խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք» (Փլպ. 2։3

Պօղոսին օրինակը

1. Դիտէ՛ ՎԻՏԷՈՆ կամ կարդա՛ Գործք 26։2, 3։ Ետքը, այս հարցումներուն պատասխանէ.

  1.   ա) Պօղոսին խօսած կերպը ինչպէ՞ս ցուցուց որ խոնարհ էր։

  2.  բ) Պօղոս ինչպէ՞ս թագաւորին ուշադրութիւնը դարձուց Եհովային եւ Սուրբ Գրութիւններուն վրայ, փոխանակ՝ ինքն իր վրայ (տե՛ս Գործք 26։22

Պօղոսէն ի՞նչ կը սորվինք

2. Երբ որ խոնարհ կերպով եւ յարգանքով խօսինք, մարդիկ աւելի պատրաստ պիտի ըլլան մեզի մտիկ ընելու։

Պօղոսին նմանէ

3. Հովեր մի՛ առներ։ Անանկ մէկ տպաւորութիւն մի՛ տար որ դուն ամէն բան գիտես եւ դիմացինդ բան մը չի գիտեր։ Իրեն հետ յարգանքով խօսէ։

4. Յստակ դարձուր որ Աստուածաշունչէն կը սորվեցնես։ Աստուծոյ Խօսքը կրնայ ազդել մարդոց մտածելակերպին եւ զգացումներուն։ Երբ ատիկա գործածենք, անոնց կ’օգնենք որ Աստուծոյ Խօսքին հաւատան, եւ ոչ թէ՝ մեր ըսածին։

5. Մեղմ ոճով խօսէ։ Մի՛ պնդեր որոշ կէտի մը վրայ։ Մենք չենք ուզեր վիճաբանիլ։ Խոնարհ կ’ըլլաս, երբ հանդարտ մնաս եւ գիտնաս երբ պէտք է ձգես–քալես (Առ. 17։14. Տիտ. 3։2)։ Երբ որ մեղմ ոճով խօսիս, թերեւս անձը ուրիշ առիթով ընդունի մեզի մտիկ ընել։