Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՍԿՍԵԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿ

ԴԱՍ 5

Խօսքերդ կշռէ

Խօսքերդ կշռէ

Սկզբունք. «Ձեր խօսքը ամէն ատեն շնորհքով, որպէս թէ աղով համովցած ըլլայ» (Կող. 4։6

Պօղոսին օրինակը

1. Դիտէ՛ ՎԻՏԷՈՆ կամ կարդա՛ Գործք 17։22, 23։ Ետքը, այս հարցումներուն պատասխանէ.

  1.   ա) Պօղոս ի՞նչ զգաց, երբ Աթէնքի կրօնական սովորութիւնները տեսաւ (տե՛ս Գործք 17։16

  2.  բ) Աթենացիները քննադատելու տեղ, Պօղոս ինչպէ՞ս նուրբ կերպով անոնց հաւատալիքները գործածեց, որ բարի լուրը քարոզէ։

Պօղոսէն ի՞նչ կը սորվինք

2. Հաւանական է որ մարդիկ մեզի աւելի մտիկ ընեն, երբ ուշադրութեամբ զատենք մեր բառերը եւ գիտնանք ատոնք ինչպէ՛ս ըսել եւ ե՛րբ ըսել։

Պօղոսին նմանէ

3. Բառերդ ուշադրութեամբ ընտրէ։ Օրինակ, երբ կը խօսիս քրիստոնեայ չեղող անձի մը հետ, թերեւս պէտք ըլլայ որ տարբեր կերպով ներկայացնես Աստուածաշունչը կամ Յիսուսը։

4. Շատ արագ դիմացինը սրբագրելու մի՛ նայիր։ Ձգէ որ իր մտքին մէջինը ըսէ։ Եթէ ըսէ բան մը, որ ըստ Աստուածաշունչին ճիշդ չէ, հետը մի՛ վիճաբանիր (Յակ. 1։19)։ Երբ որ իրեն մտիկ ընես, պիտի գիտնաս որ ինչի՛ կը հաւատայ եւ ինչո՛ւ ատոր կը հաւատայ (Առ. 20։5

5. Երբ որ տեղին է, դիմացինը գովէ եւ հետը համաձայնէ։ Ան թերեւս համոզուած է որ իր հաւատացած բաները ճիշդ են։ Փորձէ խօսիլ նիւթի մը մասին, որուն շուրջ երկուքդ կը համաձայնիք։ Ետքը, իրեն կամաց–կամաց օգնէ, որ Աստուածաշունչին սորվեցուցածները հասկնայ։