Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՍԿՍԵԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿ

ԴԱՍ 6

Համարձակ եղիր

Համարձակ եղիր

Սկզբունք. «Համարձակութիւն ունեցանք Աստուծմով ձեզի պատմելու Աստուծոյ աւետարանը» (Ա. Թես. 2։2

Յիսուսին օրինակը

1. Դիտէ՛ ՎԻՏԷՈՆ կամ կարդա՛ Ղուկաս 19։1-7։ Ետքը, այս հարցումներուն պատասխանէ.

  1.   ա) Կարգ մը մարդիկ թերեւս ինչո՞ւ կարեւորութիւն չէին տար Զաքէոսին։

  2.  բ) Հակառակ ասոր, ի՞նչը ձգեց որ Յիսուս իրեն բարի լուրին մասին խօսի։

Յիսուսէն ի՞նչ կը սորվինք

2. Պէտք է համարձակ ըլլանք, որ ամէն տեսակ մարդու խօսինք Թագաւորութեան մասին։

Յիսուսին նմանէ

3. Եհովային օգնութեան վստահէ։ Ինչպէս որ սուրբ հոգին Յիսուսին օգնեց որ քարոզէ, քեզի ալ կրնայ օգնել (Մատ. 10։19, 20. Ղուկ. 4։18)։ Եհովայէն համարձակութիւն խնդրէ որ քարոզես անոնց, որոնցմէ կը քաշուիս (Գործք 4։29

4. Մարդիկը մի՛ դատեր։ Թերեւս քաշուինք կարգ մը մարդոց քարոզելէ՝ իրենց տեսքին, դիրքին, դրամական վիճակին, ապրելակերպին կամ կրօնական համոզումներուն պատճառով։ Բայց յիշէ.

  1.   ա) Եհովան եւ Յիսուսը կրնա՛ն մէկու մը սրտին մէջինը գիտնալ, բայց մենք չենք կրնար։

  2.  բ) Եհովան կրնայ ոեւէ մէկուն օգնել, ո՛վ որ ալ ըլլայ ան։

5. Համարձակ եղիր, բայց նաեւ յարգանքով վարուէ եւ զգոյշ եղիր (Մատ. 10։16)։ Մի՛ վիճաբանիր։ Եթէ դիմացինը բարի լուրը չընդունի կամ եթէ անապահով զգաս, քաղաքավար կերպով խօսակցութեան վերջ դիր (Առ. 17։14