Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՎԵՐԱՅՑԵԼԵԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿ

ԴԱՍ 9

Դիմացինին հետ զգա՛

Դիմացինին հետ զգա՛

Սկզբունք. «Խնդացողներուն հետ խնդացէ՛ք եւ լացողներուն հետ լացէ՛ք» (Հռով. 12։15

Յիսուսին օրինակը

1. Դիտէ՛ ՎԻՏԷՈՆ կամ կարդա՛ Մարկոս 6։30-34։ Ետքը, այս հարցումներուն պատասխանէ.

  1.   ա) Ինչո՞ւ Յիսուս եւ իր առաքեալները կ’ուզէին «առանձին» մնալ։

  2.  բ) Ի՞նչը ձգեց որ Յիսուս սորվեցնէ մարդոց։

Յիսուսէն ի՞նչ կը սորվինք

2. Երբ որ դիմացինին հետ կը զգանք, չենք կեդրոնանար միայն անոր քարոզելու վրայ, հապա նաեւ իրմով կը հետաքրքրուինք։

Յիսուսին նմանէ

3. Լաւ մտիկ ըրէ։ Ձգէ որ դիմացինը արտայայտուի։ Իր խօսքը մի՛ կտրեր. ոչ ալ իր զգացումները, հոգերը կամ առարկութիւնները անտեսէ։ Երբ որ լաւ մտիկ ընես, իրեն ցոյց տուած կ’ըլլաս, որ իր մտածումներով հետաքրքրուած ես։

4. Հետաքրքրուած անձին մասին մտածէ։ Ձեր խօսակցութիւններուն հիման վրայ, դուն քեզի հարցուր.

  1.   ա) ‘Ինչո՞ւ ճշմարտութիւնը լսելու պէտք ունի’։

  2.  բ) ‘Սուրբ Գիրքը սերտելը ինչպէ՞ս իրեն պիտի օգնէ, որ աւելի լաւ կեանք ունենայ թէ՛ հիմա եւ թէ ապագային’։

5. Անոր օգտակար եղող նիւթերու մասին խօսէ։ Առաջին առիթով, իրեն ցոյց տուր որ Աստուածաշունչի սերտողութիւնը ինչպէ՛ս կրնայ իր հարցումներուն պատասխանել եւ իրեն գործնական կերպով օգնել։