Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՇԱԿԵՐՏԵԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿ

ԴԱՍ 10

Միտքդ դիր օգնել

Միտքդ դիր օգնել

Սկզբունք. «Ո՛չ միայն Աստուծոյ Աւետարանը ձեզի փոխանցելու պատրաստ էինք, այլ՝ մեր կեանքն ալ տալու, ա՛յնքան որ սիրելի եղաք մեզի» (Ա. Թես. 2։8, ՆԹ

Յիսուսին օրինակը

1. Դիտէ՛ ՎԻՏԷՈՆ կամ կարդա՛ Յովհաննէս 3։1, 2։ Ետքը, այս հարցումներուն պատասխանէ.

  1.   ա) Ինչո՞ւ կը կարծես Նիկոդէմոսը գիշերը այցելեց Յիսուսին (տե՛ս Յովհ. 12։42, 43)

  2.  բ) Երբ Յիսուս Նիկոդէմոսը գիշերով ընդունեց, ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ միտքը դրած էր աշակերտել։

Յիսուսէն ի՞նչ կը սորվինք

2. Քանի՛ որ մարդիկը կը սիրենք, մեր միտքը դրած ենք ամէն ջանք թափել իրենց օգնելու, որ Յիսուսին աշակերտները դառնան։

Յիսուսին նմանէ

3. Աշակերտիդ յարմար եղող ժամուն եւ վայրին մէջ հետը սերտէ։ Թերեւս ան որոշ օր մը կամ ժամ մը նախընտրէ։ Կամ թերեւս հանգիստ զգայ Սուրբ Գիրքը սերտելու իր գործատեղը, տունը կամ հանրային տեղ մը։ Կարելի եղածին չափ, իրեն յարմարէ։

4. Աշակերտիդ հետ կանոնաւորաբար սերտէ։ Եթէ ձեր որոշած օրը պիտի չկարենաս դասը վարել, մտածէ.

  1.   ա) Արդեօք կրնա՞ս դասը շաբթուան մէջ ուրիշ ժամանակ վարել։

  2.  բ) Արդեօք կրնա՞ս դասը հեռաձայնով կամ ինթըրնէթ–ով վարել։

  3.  գ) Արդեօք ուրիշ հրատարակիչ մը կրնա՞յ դասը վարել։

5. Աղօթէ որ դրական մնաս։ Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ, որ աշակերտէդ յոյսդ չկտրես, նոյնիսկ եթէ կանոնաւորաբար չի սերտեր կամ Աստուածաշունչին խրատները շատ արագ չի գործադրեր (Փլպ. 2։13)։ Հաւանաբար, աշակերտդ շատ մը լաւ յատկութիւններ ունի։ Եհովային աղօթէ որ ատոնց վրայ կեդրոնանաս։