Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ո՞ւր կրնաք գտնել ներքին խաղաղութիւն

Ո՞ւր կրնաք գտնել ներքին խաղաղութիւն

Ո՞ւր կրնաք գտնել ներքին խաղաղութիւն

Մեր ժամանակին եւ, նախորդ յօդուածին մէջ յիշուած, Թըրոյի ժամանակին միջեւ շատ տարբերութիւններ կան։ Գլխաւոր տարբերութիւններէն մէկը այն է որ ներկայիս մտքի խաղաղութիւն գտնելու մասին խրատներու պակաս չկայ։ Հոգեբաններ եւ ինքնուսոյց գրքերու հեղինակներ եւ նոյնիսկ թղթակիցներ իրենց գաղափարները կը մատուցանեն։ Անոնց խրատները կրնան ժամանակաւոր օգնութիւն մատուցանել. բայց մնայուն լուծումներու համար աւելի խորունկ բանի մը կարիքը կայ։ Ասիկա է որ գտան նախորդ յօդուածին մէջ յիշուած անհատները։

ԱՆԹՈՆԻՈՆ, Մարկոսը, Կէրզընը, Վանիան եւ Մարսելոն տարբեր ենթահողեր եւ տարբեր խնդիրներ՝ բայց առնուազն, երեք հասարակաց բաներ ունէին։ Առաջին՝ կար ժամանակ մը երբ անոնք ‘յոյս չունէին եւ աշխարհի մէջ անաստուած էին’։ (Եփեսացիս 2։12) Երկրորդ՝ անոնք մտքի խաղաղութեան կը տենչային։ Իսկ երրորդ՝ բոլորն ալ իրենց փնտռած խաղաղութիւնը գտան, Եհովայի Վկաներու հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ընդունելէ ետք։ Մինչ անոր մէջ յառաջդիմեցին, անոնք գիտակցեցան որ Աստուած իրենցմով հետաքրքրուած էր։ Արդարեւ, ինչպէս Պօղոս իր օրուան Աթենացիներուն ըսաւ, Աստուած «ամէն մէկէն ալ հեռու չէ»։ (Գործք 17։27) Ասոր անկեղծօրէն համոզուած ըլլալը ներքին խաղաղութիւն ձեռք ձգելու գլխաւոր ազդակներէն մէկն է։

Ինչո՞ւ Այսքան Քիչ Է Խաղաղութիւնը

Աստուածաշունչը երկու հիմնական պատճառներ կու տայ թէ աշխարհի մէջ ինչու խաղաղութեան պակաս կայ, անիկա ըլլայ ներքին խաղաղութիւն, թէ մարդոց միջեւ խաղաղութիւն։ Առաջինը բացատրուած է Երեմեայ 10։23–ի մէջ. «Մարդուն ճամբան իր ձեռքը չէ, քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ»։ Մարդը ո՛չ իմաստութիւնը եւ ոչ ալ ներատեսութիւնը ունի առանց օգնութեան ինքզինք ղեկավարելու, եւ իրապէս արժէք ներկայացնող օգնութիւնը՝ Աստուծմէ կու գայ։ Աստուծոյ առաջնորդութիւնը չփնտռող անհատներ բնա՛ւ մնայուն խաղաղութեան պիտի չհասնին։ Խաղաղութեան պակասին երկրորդ պատճառը կը տեսնուի Յովհաննէս առաքեալի խօսքերուն մէջ. «Գիտենք թէ մենք Աստուծմէ ենք ու բոլոր աշխարհ չարին մէջ է»։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Առանց աստուածային առաջնորդութեան, խաղաղութիւն գտնելու մարդուն ջանքերը միշտ պիտի խանգարուին անտեսանելի, բայց շատ իրական եւ զօրաւոր «չարին»՝ Սատանային կողմէ։

Այս երկու պաճառներով՝ թէ, մարդոցմէ շատեր Աստուծոյ առաջնորդութիւնը չեն փնտռեր եւ թէ Սատանան շատ գործունեայ է աշխարհի մէջ՝ մարդկային ցեղը խղճալի վիճակի մը մէջ կը գտնուի։ Պօղոս առաքեալ լաւ կերպով նկարագրեց ասիկա. «Բոլոր ստեղծուածները մինչեւ հիմա մէկտեղ կը հառաչեն ու ծնանելու ցաւ կը քաշեն»։ (Հռովմայեցիս 8։22) Ո՞վ կրնայ ասիկա ժխտել։ Թէ՛ հարուստ եւ թէ աղքատ ազգերու մէջ ընտանեկան խնդիրներ, ոճիր, անարդարութիւն, անձնաւորութեան բախումներ, տնտեսական անորոշ վիճակ, ցեղային եւ տոհմային ատելութիւններ, հարստահարութիւն, հիւանդութիւն եւ տակաւին ուրիշ բաներ մարդոց մտքի խաղաղութիւնը կը խլեն։

Ո՛ւր Գտնել Ներքին Խաղաղութիւն

Երբ Անթոնիոն, Մարկոսը, Կէրզընը, Վանիան եւ Մարսելոն Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը ուսումնասիրեցին, անոնք կարգ մը բաներ սորվեցան, որոնք իրենց կեանքը փոխեցին։ Սորվեցան, զոր օրինակ, թէ շուտով աշխարհի կացութիւնը տարբեր պիտի ըլլայ։ Ասիկա անորոշ յոյս մը չէ, թէ վերջաւորութեան ամէն բան լաւ պիտի ըլլայ։ Այլ, իրական եւ հիմ ունեցող վստահութիւն մըն է թէ՝ Աստուած նպատակ մը ունի մարդկութեան համար, եւ թէ նոյնիսկ հիմա կրնանք օգտուիլ այդ նպատակէն՝ եթէ իր կամքը կատարենք։ Անոնք իրենց կեանքին մէջ գործադրեցին Աստուածաշունչէն իրենց սորվածները եւ իրենց կեանքը բարելաւուեցաւ։ Անոնք իրենց կարծածէն աւելի ուրախութիւն ու խաղաղութիւն գտան։

Անթոնիոն այլեւս բողոքներու եւ բանուորական գործադուլերու չի մասնակցիր։ Ան գիտէ թէ այդ կերպով ձեռք ձգուած փոփոխութիւնները սահմանափակ ու ժամանակաւոր են։ Այս նախկին բանուորական ղեկավարը Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին սորված է։ Ասիկա այն Թագաւորութիւնն է որու համար միլիոնաւոր անհատներ կ’աղօթեն, երբ կ’արտասանեն Տէրունական Աղօթքը (կամ՝ Հայր Մերը) եւ Աստուծոյ կ’ըսեն՝ «Քու թագաւորութիւնդ գայ»։ (Մատթէոս 6։10ա) Անթոնիոն սորվեցաւ որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկնային իրական կառավարութիւն մըն է որ իսկական խաղաղութիւն պիտի բերէ մարդկութեան։

Մարկոս ամուսնութեան մասին Աստուածաշունչի իմաստուն խրատները գործադրել սորվեցաւ։ Որպէս հետեւանք այս նախկին քաղաքագէտը ուրախ է եւ՝ վերամիացած իր կնոջ։ Ինք ալ ակնկալութեամբ կը սպասէ այն ժամանակին, երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը տեղը պիտի առնէ այս ագահ ու անձնասէր աշխարհի դրութեան, աւելի լաւով մը փոխարինելով զայն։ Ան հիմա աւելի լայն հասկացողութիւն ունի Տէրունական Աղօթքի այն նախադասութեան մասին, որ կ’ըսէ՝ «Քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։ (Մատթէոս 6։10բ) Երբ Աստուծոյ կամքը երկրի վրայ կատարուի, մարդիկ պիտի վայելեն կեանքի որակ մը, որ նախապէս բնա՛ւ չէին տեսած։

Ի՞սկ Կէրզընը։ Ան այլեւս թափառական եւ գող մը չէ։ Այս նախկին փողոցի երախային կեանքը հիմա իմաստ մը ունի, քանի որ ան հիմա իր կորովը կը գործածէ ուրիշներուն օգնելով որ ներքին խաղաղութիւն գտնեն։ Ինչպէս այս փորձառութիւնները ցոյց կու տան, Աստուածաշունչը ուսումնասիրելը եւ անոր ըսածը գործադրելը մեծապէս կը բարեփոխէ անհատի մը կեանքը։

Խառնաշփոթ Աշխարհի Մէջ Ներքին Խաղաղութիւն

Աստուծոյ կամքին իրականացման մէջ պատմական գլխաւոր դէմքն է Յիսուս Քրիստոս. երբ մարդիկ Աստուածաշունչը ուսումնասիրեն Եհովայի Վկաներուն հետ, անոնք շատ բան կը սորվին իր մասին։ Իր ծնած գիշերը, հրեշտակները Աստուած փառաբանեցին, ըսելով. «Երկնքի բարձրութեան մէջ Աստուծոյ փառք, երկրի վրայ խաղաղութիւն, մարդոց մէջ հաճութիւն»։ (Ղուկաս 2։14) Երբ Յիսուս մեծցաւ, ան մարդոց կեանքը բարեփոխելով հետաքրքրուեցաւ։ Ան հասկցաւ անոնց զգացումները եւ արտակարգ կարեկցութիւն ցոյց տուաւ ցաւագարներուն եւ հիւանդներուն։ Իսկ հրեշտակներուն խօսքերուն համաձայն, ան հեզ անհատներուն որոշ չափով ներքին խաղաղութիւն բերաւ։ Իր ծառայութեան վերջաւորութեան, ան իր աշակերտներուն ըսաւ. «Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի, ի՛մ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի, ո՛չ թէ ինչպէս աշխարհս կու տայ՝ ես ձեզի կու տամ։ Սրտերնիդ չխռովի ու չվախնայ»։—Յովհաննու 14։27

Յիսուս մարդասէրէ մը աւելին էր։ Ան ինքզինք նմանցուց հովիւի մը, իսկ իր հեզ հետեւորդները՝ ոչխարներու, երբ ըսաւ. «Ես եկայ որ կեանք ունենան եւ ա՛լ աւելի ունենան։ ‘Ես եմ բարի հովիւը’. բարի հովիւը իր կեանքը ոչխարներուն համար կը դնէ»։ (Յովհաննու 10։10, 11) Այո, նախ եւ առաջ իրենց մասին մտածող արդի շատ մը առաջնորդներու հակառակը, Յիսուս իր կեանքը տուաւ իր ոչխարներուն համար։

Յիսուսի ըրածէն ի՞նչպէս կ’օգտուինք։ Շատերուն ծանօթ են այս խօսքերը. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։ (Յովհաննու 3։16) Յիսուսի հաւատալը նախ եւ առաջ կը պահանջէ իր եւ իր Հօրը՝ Եհովայի մասին գիտութիւն ստանալ։ Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի մասին գիտութիւն ստանալը Եհովա Աստուծոյ հետ սերտ յարաբերութեան կ’առաջնորդէ, ինչ որ մտքի խաղաղութիւն ունենալու պիտի նպաստէ։

Յիսուս ըսաւ. «Իմ ոչխարներս իմ ձայնս կը լսեն ու ես ալ զանոնք կը ճանչնամ ու իմ ետեւէս կու գան։ Ես անոնց յաւիտենական կեանք կու տամ ու յաւիտեան պիտի չկորսուին եւ մէ՛կը իմ ձեռքէս պիտի չյափշտակէ զանոնք»։ (Յովհաննու 10։27, 28) Ի՜նչ ջերմ ու մխիթարական խօսքեր։ Ճիշդ է որ Յիսուս այս խօսքերը շուրջ երկու հազար տարիներ առաջ արտասանեց, բայց անոնք նո՛յնքան ի զօրու են հիմա, որքան այն ժամանակ։ Բնա՛ւ մի՛ մոռնաք որ Յիսուս Քրիստոս տակաւին ողջ է եւ գործունեայ, եւ ներկայիս կ’իշխէ որպէս Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան գահակալուած Թագաւորը։ Տարիներ առաջ իր երկրի վրայ գտնուած ժամանակ ինչպէս որ էր՝ ան տակաւին հետաքրքրուած է մտքի խաղաղութեան կարօտը ունեցող հեզ անհատներով։ Ասկէ զատ, ան տակաւի՛ն իր ոչխարներուն Հովիւն է։ Եթէ իրեն հետեւինք, մեզի պիտի օգնէ որ ներքին խաղաղութիւն ունենանք, ինչ որ իր մէջ կը պարփակէ ապագային ամբողջական խաղաղութիւն տեսնելու ակնկալութիւնը, որ պիտի նշանակէ բռնութեան, պատերազմի ու ոճիրի չգոյութիւնը։

Իրական օգուտներ ձեռք կը ձգենք, գիտնալով ու հաւատալով որ Եհովա՝ Յիսուսի միջոցով պիտի օգնէ մեզի։ Կը յիշէ՞ք Վանիան, որ շատ պզտիկ տարիքին իր վրայ ծանր պատասխանատուութիւններ դրուեցան եւ խորհեցաւ որ Աստուած զինք մոռցած էր։ Վանիան հիմա գիտէ որ Աստուած զինք լքած չէ։ Ան կ’ըսէ. «Սորվեցայ որ Աստուած զինք սիրելի դարձնող յատկութիւններ ունեցող իրական անձնաւորութիւն մըն է։ Ան սէրէ մղուած իր Որդին երկիր ղրկեց, որպէսզի մեզի կեանք շնորհէ։ Ասիկա գիտնալը շա՛տ կարեւոր է»։

Մարսէլոն կը վկայէ որ Աստուծոյ հետ իր յարաբերութիւնը իրական է։ Նախապէս հաւաքոյթներու գացող այս երիտասարդը կ’ըսէ. «Երիտասարդները յաճախ չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ’ընեն, եւ ի վերջոյ, իրենք իրենց վնաս կը հասցնեն։ Ոմանք թմրեցուցիչի մոլի կը դառնան, ինչպէս ես։ Կը մաղթեմ որ շատ ուրիշներ ալ օրհնուին ինծի պէս, Աստուծոյ եւ իր Որդւոյն մասին ճշմարտութիւնը սորվելով»։

Աստուածաշունչը ուշադրութեամբ քննելով, Վանիան եւ Մարսելոն Աստուծոյ վրայ զօրաւոր հաւատք եւ իրենց խնդիրները լուծելու մէջ իրենց օգնելու նկատմամբ վստահութիւն զարգացուցին։ Եթէ մենք ալ ընենք իրենց ըրածը՝ Աստուածաշունչը ուսումնասիրենք եւ անոր ըսածը գործադրենք՝ մե՛նք ալ իրենց նման ներքին շատ մեծ խաղաղութիւն պիտի գտնենք։ Պօղոս առաքեալի տուած քաջալերութիւնը մեր պարագային ալ պիտի կիրարկուի. «Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ»։—Փիլիպպեցիս 4։6, 7

Իրական Խաղաղութիւն Գտնել Ներկայիս

Յիսուս Քրիստոս ճշմարտութեան ծարաւի անհատները, երկրային դրախտին մէջ յաւիտենական կեանքի տանող ճամբուն մէջ կ’առաջնորդէ։ Մինչ զիրենք Աստուծոյ մաքուր պաշտամունքին կ’առաջնորդէ, անոնք Աստուածաշունչին նկարագրած խաղաղութիւնը կը վայելեն. «Իմ ժողովուրդս խաղաղաւէտ բնակութեան մէջ ու ապահով վրաններու մէջ եւ կատարեալ հանգստութեան մէջ պիտի բնակի»։ (Եսայեայ 32։18) Իսկ անիկա միայն նախահամն է ապագային իրենց վայելելիք խաղաղութեան։ Կը կարդանք. «Հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան։ Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին»։—Սաղմոս 37։11, 29

Ուստի, կրնա՞նք ներկայիս ներքին խաղաղութիւն ունենալ։ Այո՛։ Աւելին ըլլալով, կրնանք վստահ ըլլալ որ մօտ ապագային, Աստուած մարդկութեան պիտի շնորհէ աննախընթաց խաղաղութիւն մը։ Ուստի, աղօթքով իրմէ խնդրեցէք որ ձեզի խաղաղութիւն տայ։ Եթէ ձեր խաղաղութիւնը խլող խնդիրներ ունիք, Դաւիթ Թագաւորին նման աղօթեցէք. «Սրտիս նեղութիւնները շատցան. իմ վիշտերէս զիս դուրս հանէ։ Իմ նեղութեանս ու տառապանքիս նայէ ու բոլոր մեղքերս ներէ»։ (Սաղմոս 25։17, 18) Վստահ եղէ՛ք, որ Աստուած այսպիսի աղօթքներ կը լսէ։ Ան իր ձեռքը կ’երկարէ եւ սրտի անկեղծութեամբ խաղաղութիւն փնտռող բոլոր անհատներուն զայն կը շնորհէ։ Սիրալիր կերպով մեզի հետեւեալ երաշխիքը տրուած է. «Տէրը մօտ է այն ամենուն որ զինք կը կանչեն, այն ամենուն՝ որ ճշմարտութեամբ զինք կը կանչեն։ Անիկա իրմէ վախցողներուն փափաքը կը լեցնէ եւ անոնց աղաղակը կը լսէ ու կը փրկէ զանոնք»։—Սաղմոս 145։18, 19

[Մէջբերում՝ էջ 5]

Մարդը ո՛չ իմաստութիւնը եւ ոչ ալ ներատեսութիւնը ունի առանց օգնութեան ինքզինք ղեկավարելու, եւ իրապէս արժէք ներկայացնող օգնութիւնը՝ Աստուծմէ կու գայ

[Մէջբերում՝ էջ 6]

Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի մասին գիտութիւն ստանալը Եհովա Աստուծոյ հետ սերտ յարաբերութեան կ’առաջնորդէ, ինչ որ մտքի խաղաղութիւն ունենալու պիտի նպաստէ

[Նկար՝ էջ 7]

Աստուածաշունչի խրատներուն հետեւիլը ընտանեկան խաղաղ կեանքի կը նպաստէ