Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը՝ երկրին նոր իշխանութիւնը

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը՝ երկրին նոր իշխանութիւնը

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը՝ երկրին նոր իշխանութիւնը

«Թագաւորութիւնը . . . այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ»։—ԴԱՆԻԷԼ 2։44

1. Աստուածաշունչին վրայ ի՞նչ վստահութիւն կրնանք ունենալ։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ մարդկութեան տուած Աստուծոյ յայտնութիւնն է։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Մեզմէ Աստուծոյ խօսքը լսելով ընդունեցիք, ո՛չ թէ իբրեւ մարդոց խօսք, հապա, ինչպէս ճշմարիտ է, որպէս Աստուծոյ խօսք»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13) Աստուածաշունչը կը պարունակէ ամէն բան որ պէտք է գիտնանք Աստուծոյ մասին. իր անձնաւորութեան, իր նպատակներուն եւ իր պահանջներուն մասին տեղեկութիւններ։ Անիկա ընտանեկան կեանքի եւ առօրեայ վարքի մասին լաւագոյն խրատները կը պարունակէ։ Անիկա մարգարէութիւններ կը մանրամասնէ, որոնք անցեալին կատարուած են, ներկայիս կը կատարուին եւ ապագային պիտի կատարուին։ Այո, «բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար, որպէս զի Աստուծոյ մարդը կատարեալ ըլլայ՝ ամէն բարի գործերու պատրաստուած»։—Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17

2. Յիսուս ի՞նչպէս շեշտեց Աստուածաշունչին բնաբանը։

2 Աստուածաշունչի կարեւորագոյն բանն է իր բնաբանը. Աստուծոյ գերիշխանութեան ջատագովումը (իր իշխելու իրաւունքը)՝ իր երկնային Թագաւորութեան միջոցաւ։ Յիսուս զայն իր քարոզչութեան կորիզը դարձուց։ «Յիսուս սկսաւ քարոզել ու ըսել. ‘Ապաշխարեցէք, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը մօտ է’»։ (Մատթէոս 4։17) Ան ցոյց տուաւ թէ մեր կեանքին մէջ անիկա ի՛նչ տեղ պէտք է գրաւէ, յորդորելով. «Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը»։ (Մատթէոս 6։33) Ան նաեւ ցոյց տուաւ թէ որքան կարեւոր էր անիկա, երբ իր աշակերտներուն սորվեցուց որ Աստուծոյ աղօթեն. «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։—Մատթէոս 6։10

Երկրի Նոր Իշխանութիւնը

3. Ինչո՞ւ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը անմիջական կարեւորութիւն պէտք է ունենայ մեզի համար։

3 Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ինչո՞ւ այսքան կարեւորութիւն ունի մարդոց համար։ Քանի որ անիկա շուտով գործի պիտի լծուի, յաւիտենապէս փոխելով այս երկրին իշխանութիւնը։ Դանիէլ 2։44–ի մարգարէութիւնը կը նշէ. «Այն թագաւորներուն օրերը [որոնք հիմա կ’իշխեն երկրի վրայ] երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը [երկնային կառավարութիւն մը] պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ Այս թագաւորութիւնը ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի։ Անիկա այս բոլոր թագաւորութիւնները [երկրային կառավարութիւնները] պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ»։ Երբ Աստուծոյ երկնային Թագաւորութիւնը ամբողջովին տիրէ, այլեւս մարդիկ պիտի չղեկավարեն երկիրը։ Պառակտող եւ անգոհացուցիչ մարդկային իշխանութիւնը յաւիտենապէս անցեալին պիտի պատկանի։

4, 5. (ա) Ինչո՞ւ Յիսուս ամենէն որակելին է Թագաւորութեան Թագաւորը ըլլալու։ (բ) Յիսուս ի՞նչ նշանակում պիտի ունենայ մօտ ապագային։

4 Եհովայի անմիջական առաջնորդութեան ներքեւ, երկնային Թագաւորութեան Գլխաւոր Կառավարիչը՝ Քրիստոս Յիսուս, ամենէն որակելին է։ Երկիր գալէն առաջ, ան երկնքի մէջ գոյութիւն ունէր որպէս Աստուծոյ «ճարտարապետ»ը, Աստուծոյ ամբողջ ստեղծագործութեան անդրանիկը ըլլալով։ (Առակաց 8։22-31) «Աներեւոյթ Աստուծոյ պատկերն է, բոլոր ստեղծուածներուն անդրանիկը։ Վասն զի անով ամէն բան ստեղծուեցաւ, ինչ որ երկինքն է ու ինչ որ՝ երկրի վրայ կայ»։ (Կողոսացիս 1։15, 16) Իսկ երբ Յիսուս երկիր ղրկուեցաւ Աստուծոյ կողմէ, ան միշտ Աստուծոյ կամքը կը կատարէր։ Ան դժուարագոյն փորձութիւններու տոկաց եւ իր Հօրը հաւատարիմ մեռաւ։—Յովհաննու 4։34. 15։10

5 Մինչեւ մահ իր Հօրը հաւատարիմ մնալով, Յիսուս վարձատրուեցաւ։ Աստուած զինք երկինք յարուցանեց, եւ երկնային Թագաւորութեան Թագաւորը ըլլալու իրաւունքը տուաւ իրեն։ (Գործք 2։32-36) Որպէս Թագաւորութեան Թագաւորը, Քրիստոս Յիսուս երկրէն մարդկային իշխանութիւնը վերցնելու ու մեր երկրագունդին վրայէն ամէն ամբարշտութիւն մաքրելու համար, բիւրաւոր հզօր հոգեւոր արարածներ առաջնորդելու երկիւղ ներշնչող նշանակումը պիտի ստանայ Աստուծմէ։ (Առակաց 2։21, 22. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6-9. Յայտնութիւն 19։11-21. 20։1-3) Ապա՝ Քրիստոսի յանձնուած Աստուծոյ երկնային Թագաւորութիւնը պիտի ըլլայ երկրի նոր իշխանութիւնը, միակ կառավարութիւնը համայն երկրին համար։—Յայտնութիւն 11։15

6. Թագաւորութեան Թագաւորէն ի՞նչպիսի իշխանութիւն մը կրնանք ակնկալել։

6 Աստուծոյ Խօսքը երկրի նոր Իշխանին մասին կ’ըսէ. «Անոր իշխանութիւն, պատիւ ու թագաւորութիւն տրուեցաւ, որպէս զի բոլոր ժողովուրդները, ազգերն ու լեզուները անոր ծառայութիւն ընեն»։ (Դանիէլ 7։14) Քանի որ Յիսուս պիտի ընդօրինակէ Աստուծոյ սէրը, իր իշխանութեան ներքեւ խաղաղութիւնը եւ ուրախութիւնը մեծ պիտի ըլլայ։ (Մատթէոս 5։5. Յովհաննու 3։16. Ա. Յովհաննու 4։7-10) «Անոր իշխանութեանը մեծնալուն ու խաղաղութեանը սահման չկայ, որպէս զի . . . իրաւունքով ու արդարութիւնով հաստատէ»։ (Եսայեայ 9։7) Ի՜նչ օրհնութիւն պիտի ըլլայ Կառավարիչ մը ունենալ որ սիրով, իրաւունքով ու արդարութիւնով կ’իշխէ։ Անոր համար Բ. Պետրոս 3։13–ը կը նախագուշակէ. «Իր խոստումին համեմատ, նոր երկնքի [Աստուծոյ երկնային Թագաւորութիւնը] ու նոր երկրի մը [երկրային նոր ընկերութիւն մը] կը սպասենք, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի»։

7. Մատթէոս 24։14–ը ի՞նչպէս կը կատարուի ներկայիս։

7 Վստահաբար, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը լաւագոյն լուրն է բոլոր անոնց համար, որոնք կը սիրեն ինչ որ շիտակ է։ Անոր համար է որ այս ամբարիշտ դրութեան «վերջին օրեր»ու նշանին որպէս մէկ մասը, Յիսուս նախագուշակեց. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5. Մատթէոս 24։14) Այդ մարգարէութիւնը կը կատարուի ներկայիս, երբ 234 երկիրներու մէջ, շուրջ վեց միլիոն Եհովայի Վկաներ տարեկան աւելի քան մէկ միլիառ ժամեր կը յատկացնեն Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին խօսելու համար։ Մօտ 90,000 ժողովքներու պաշտամունքի վայրերը տեղին ըլլալով կոչուած են Թագաւորութեան Սրահ։ Հոն մարդիկ կու գան մօտալուտ նոր կառավարութեան մասին սորվելու համար։

Ընկերակից Կառավարիչներ

8, 9. (ա) Քրիստոսի իշխանակիցները ուրկէ՞ կու գան։ (բ) Թագաւորին ու անոր իշխանակիցներուն իշխանութեան վրայ ի՞նչ վստահութիւն կրնանք ունենալ։

8 Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան մէջ Քրիստոս Յիսուսի հետ ընկերակից կառավարիչներ պիտի ըլլան։ Յայտնութիւն 14։1-4–ը կը նախագուշակէր որ 144,000 անհատներ ‘մարդոց մէջէն պիտի գնուէին’ եւ երկնային կեանքի պիտի յարուցանուէին։ Անոնց մէջ կան այրեր ու կիներ, որոնք փոխանակ սպասաւորութիւն ընդունելու, հեզութեամբ Աստուծոյ ու իրենց ընկեր արարածներուն կը ծառայեն։ «Անոնք Աստուծոյ եւ Քրիստոսին քահանաները պիտի ըլլան ու անոր հետ հազար տարի պիտի թագաւորեն»։ (Յայտնութիւն 20։6) Անոնց թիւը շատ աւելի քիչ է քան այս դրութեան վախճանէն վերապրելիք մեծ բազմութեան, «որ մէ՛կը չէր կրնար համրել, բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն»։ Անոնք ալ ‘ցորեկ ու գիշեր կը ծառայեն’ Աստուծոյ, բայց երկնային կոչում չունին։ (Յայտնութիւն 7։9, 15) Որպէս Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան հպատակներ, անոնք նոր աշխարհին կորիզը կը կազմեն։—Սաղմոս 37։29. Յովհաննու 10։16

9 Քրիստոսի հետ երկնքի մէջ իշխողները ընտրելու ատեն, Եհովա հաւատարիմ մարդիկ զատեց, որոնք կեանքի բոլոր խնդիրներէն անցած էին։ Իրապէս չկայ վիճակ մը որու մէջէն մարդիկ անցած են եւ այս թագաւոր–քահանաներն ալ անոր փորձառութիւնը ունեցած չեն։ Ուստի, երկրի վրայ անոնց կեանքը մարդոց վրայ իշխելու համար զիրենք աւելի ատակ պիտի դարձնէ։ Նոյնիսկ Յիսուս «իր չարչարանքներէն հնազանդութիւն սորվեցաւ»։ (Եբրայեցիս 5։8) Պօղոս առաքեալ իր մասին ըսաւ. «Ո՛չ թէ այնպիսի քահանայապետ մը ունինք՝ որ կարող չըլլայ մեր տկարութիւններուն կարեկից ըլլալ, հապա ինք ամէն կերպով փորձը առած է մեզի նման, բայց առանց մեղքի»։ (Եբրայեցիս 4։15) Որքա՜ն կը սփոփէ գիտնալ թէ Աստուծոյ արդար նոր աշխարհին մէջ, սիրալիր ու կարեկից թագաւորներ ու քահանաներ պիտի իշխեն մարդոց վրայ։

Թագաւորութիւնը Աստուծոյ Նպատակին Մաս կը Կազմէ՞ր

10. Ինչո՞ւ երկնքի Թագաւորութիւնը Աստուծոյ սկզբնական նպատակին մաս չէր կազմեր։

10 Երբ Ադամն ու Եւան ստեղծեց, երկնային Թագաւորութիւնը Աստուծոյ սկզբնական նպատակին մէկ մա՞սն էր։ Ծննդոցի ստեղծագործութեան պատմութեան մէջ, մարդկութեան վրայ իշխելիք Թագաւորութեան մը մասին յիշատակութիւն չկայ։ Եհովա անձամբ անոնց Կառավարիչն էր եւ ա՛յնքան ատեն որ անոր հնազանդէին, ուրիշ որեւէ իշխանութեան կարիք պիտի չզգացուէր։ Ծննդոցի առաջին գլուխը ցոյց կու տայ թէ Եհովա հաւանաբար իր անդրանիկ երկնային Որդւոյն միջոցաւ Ադամի ու Եւայի հետ գործ կ’ունենար։ Տեղեկութիւնը նման արտայայտութիւններ կը գործածէ՝ «Աստուած անոնց ըսաւ», եւ՝ «Աստուած ըսաւ»։—Ծննդոց 1։28, 29. Յովհաննու 1։1

11. Մարդկութիւնը ի՞նչպիսի կատարեալ սկիզբ մը ունեցաւ։

11 Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Աստուած իր բոլոր ըրածը տեսաւ։ Ահա շատ բարի էր»։ (Ծննդոց 1։31) Եդեմի Պարտէզին մէջ ամէ՛ն բան բացարձակապէս կատարեալ էր։ Ադամն ու Եւան դրախտի մը մէջ կ’ապրէին։ Անոնք կատարեալ մտքեր ու մարմիններ ունէին։ Անոնք կրնային իրենց Արարիչին հետ հաղորդակցիլ եւ ան ալ՝ իրենց հետ։ Իսկ եթէ հաւատարիմ մնային, կատարեալ զաւակներ պիտի ունենային։ Երկնային նոր կառավարութեան մը կարիքը պիտի չըլլար։

12, 13. Երբ կատարեալ մարդիկ բազմանային, Աստուծոյ համար տակաւին ինչո՞ւ կարելի պիտի ըլլար անոնց հետ հաղորդակցիլ։

12 Երբ մարդկային ընտանիքը բազմանար, Աստուած ի՞նչպէս պիտի հաղորդակցէր բոլորին հետ։ Երկնքի աստղերը նկատի առէք։ Անոնք կղզի տիեզերքներ կոչուած հոյախումբերու մէջ մէկտեղուած են։ Կարգ մը հոյախումբեր մէկ միլիառ աստղ կը պարունակեն, ուրիշներ՝ մէկ եռիլիոն։ Ըստ գիտնականներու հաշիւին, շուրջ 100 միլիառ հոյախումբեր կան նշմարելի տիեզերքին մէջ։ Բայց Ստեղծիչը կ’ըսէ. «Աչքերնիդ վե՛ր վերցուցէք ու նայեցէ՛ք, ասոնք ո՞վ ստեղծեց։ Անիկա անոնց զօրքը համրանքով կը հանէ։ Անոնց ամէնքը իրենց անունովը կը կանչէ։ Իր մեծ իշխանութիւնովը ու սաստիկ զօրութիւնովը անոնցմէ բնաւ մէկը չի կորսուիր»։—Եսայեայ 40։26

13 Քանի որ Աստուած այս բոլոր երկնային մարմիններուն ուշադրութիւն կ’ընծայէ, վստահաբար աւելի նուազ համրանք ունեցող մարդոց ուշադրութիւն ընծայելը իրեն համար խնդիր չէ։ Նոյնիսկ հիմա, իր ծառաներէն միլիոնաւորներ ամէն օր իրեն կ’աղօթեն։ Այս աղօթքները վայրկենական կը հասնին Աստուծոյ։ Ուստի, բոլոր կատարեալ մարդոց հետ հաղորդակցիլը իրեն համար որեւէ խնդիր չի ներկայացներ։ Ան երկնային Թագաւորութեան կարիքը չունէր անոնցմով հետաքրքրուելու համար։ Ի՜նչ հոյակապ կարգադրութիւն մը. Եհովան ունենալ որպէս Կառավարիչ, կարենալ ուղղակի իրեն մօտենալ եւ բնաւ չմեռնելու, դրախտ երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու հեռանկար ունենալ։

‘Մարդուն Ձեռքը Չէ’

14. Մարդիկ ինչո՞ւ յաւիտեան Եհովայի իշխանութեան կարիքը պիտի ունենան։

14 Սակայն մարդիկ՝ նոյնիսկ կատարեալները՝ յաւիտեան Եհովայի իշխանութեան պէտք ունին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովա զիրենք չստեղծեց իր իշխանութենէն անկախ ըլլալով յաջողակ ըլլալու կարողութեամբ։ Ասիկա մարդկութեան վերաբերող օրէնք մըն է, ինչպէս Երեմիա մարգարէն ընդունեց. «Գիտեմ, ո՛վ Տէր, թէ մարդուն ճամբան իր ձեռքը չէ, քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ։ Ո՛վ Տէր, զիս խրատէ»։ (Երեմեայ 10։23, 24) Մարդոց համար յիմարութիւն պիտի ըլլար խորհիլ թէ կրնան մարդկային ընկերութիւնը յաջող կերպով կարգաւորել առանց Եհովայի իշխանութեան։ Ասիկա իրենց կառուցուածքին հակառակ պիտի ըլլար։ Եհովայի իշխանութենէն անկախ ըլլալուն հետեւանքը անվարան անձնասիրութիւն, ատելութիւն, անգթութիւն, բռնութիւն, պատերազմներ ու մահ պիտի ըլլար։ ‘Մարդը մարդուն վրայ պիտի իշխէր իրեն թշուառութեան համար’։—Ժողովողի 8։9

15. Մեր առաջին ծնողքին ըրած սխալ ընտրութեան հետեւանքները ի՞նչ եղան։

15 Դժբախտաբար, մեր առաջին ծնողքը որոշեց որ Աստուած որպէս Կառավարիչ ունենալու կարիքը չունէր եւ նախընտրեց անկէ անկախ ապրիլ։ Որպէս հետեւանք, Աստուած զիրենք կատարելութեան մէջ չպահեց։ Անոնք ճիշդ ուժի աղբիւրէն կտրուած ելեկտրական գործիքի մը պէս եղան։ Ուստի ժամանակի ընթացքին, պիտի դանդաղէին ու վերջապէս մահուամբ պիտի դադրէին։ Անոնք թերութիւն ունեցող կաղապարի մը նմանեցան եւ այս վիճակը փոխանցեցին իրենց սերունդին։ (Հռովմայեցիս 5։12) «Վէմին [Եհովայի] գործը կատարեալ է, քանզի անոր բոլոր ճամբաները իրաւունք են։ . . . Ասոնք ապականեցան. իր որդիները չեն, առատը իրենցն է»։ (Բ. Օրինաց 32։4, 5, ՆԱ) Ճիշդ է որ Ադամն ու Եւան Սատանայ դարձած ըմբոստ հոգեղէն արարածի մը ազդեցութեան տակ եկան, բայց իրենք կատարեալ մտքեր ունէին եւ կրնային անոր սխալ թելադրութիւնները մերժել։—Ծննդոց 3։1-19. Յակոբու 4։7

16. Պատմութիւնը ի՞նչպէս կը վկայէ Աստուծմէ անկախ ըլլալուն հետեւանքները։

16 Պատմութիւնը լեցուն է Աստուծմէ անկախ ըլլալուն հետեւանքներով։ Հազարաւոր տարիներ մարդիկ մարդակերտ ամէն ձեւի կառավարութիւն, տնտեսական ու ընկերային դրութիւն փորձած են։ Սակայն ամբարշտութիւնը կը շարունակէ ‘չարութեան մէջ յառաջանալ’։ (Բ. Տիմոթէոս 3։13) Քսաներորդ դարը փաստեց ասիկա։ Անիկա լեցուն էր պատմութեան ամենէն կատաղի ատելութիւններով, ահաւոր բռնութեամբ, պատերազմներով, անօթութեամբ, աղքատութեամբ ու տառապանքով։ Իսկ բժշկական յառաջդիմութիւնները ի՛նչ որ ալ ըլլան, ուշ կամ կանուխ ամէն մարդ կը մեռնի։ (Ժողովողի 9։5, 10) Իրենց քայլերը առաջնորդել փորձելով, մարդիկ թոյլ տուած են որ Սատանայի ու իր դեւերուն որս դառնան, մանաւանդ որ Աստուածաշունչը Սատանան կը կոչէ «այս աշխարհի աստուածը»։—Բ. Կորնթացիս 4։4

Ազատ Կամքի Պարգեւը

17. Աստուծոյ տուած ազատ կամքի պարգեւը ի՞նչպէս պիտի գործածուէր։

17 Եհովա ինչո՞ւ ձգեց որ մարդիկ իրենց ճամբան ընտրեն։ Քանի որ զիրենք ազատ կամքի՝ ընտրելու ազատութեան կարողութեան, հոյակապ պարգեւով ստեղծած է։ «Ուր որ Տէրոջը Հոգին կայ, հոն ազատութիւն կայ», ըսաւ Պօղոս առաքեալ։ (Բ. Կորնթացիս 3։17) Ոեւէ մէկը չ’ուզեր մարդամեքենայ մը ըլլալ, իր կեանքին ամբողջ տեւողութեան ուրիշ մը իրեն ըսելով թէ ի՛նչ խօսի կամ ի՛նչ ընէ։ Բայց Եհովա մարդոցմէ պահանջեց որ այդ ազատ կամքը խելամտութեամբ գործածեն, իր կամքը կատարելուն եւ իրեն ենթակայ մնալուն իմաստութիւն ըլլալը տեսնելով։ (Գաղատացիս 5։13) Ուստի, ազատութիւնը բացարձակ պիտի չըլլար, ապա թէ ոչ անիշխանութիւն կ’ըլլար։ Անիկա Աստուծոյ բարեսէր օրէնքներուն սահմաններուն մէջ պիտի դասաւորուէր։

18. Աստուած մարդուն ազատ ընտրութիւն շնորհելով ի՞նչ ցուցաբերած է։

18 Թոյլ տալով որ մարդկային ընտանիքը իր ճամբան ընտրէ, Աստուած մի անգամ ընդմիշտ ցոյց տուած է թէ պէտք ունինք իր իշխանութեան։ Իր կառավարելու կերպը, իր գերիշխանութիւնը, միակ շիտակ կերպն է։ Անիկա մեծագոյն ուրախութեան, գոհունակութեան եւ բարգաւաճութեան կը նպաստէ։ Որովհետեւ Եհովա այնպէս մը ծրագրած է որ մեր միտքն ու մարմինը լաւագոյնս գործեն, երբ իր օրէնքներուն հետ ներդաշնակ են։ «Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ, քալելու ճամբուդ մէջ քեզի կ’առաջնորդեմ»։ (Եսայեայ 48։17) Աստուծոյ օրէնքներուն սահմաններուն մէջ եղող ազատ ընտրութիւնը ճնշիչ պիտի չըլլար, այլ, անոր հետեւանքը պիտի ըլլար ուտելիքի, բնակարանի, արուեստի եւ երաժշտութեան հաճելի այլազանութիւն։ Երբ պատշաճ կերպով ի գործ դրուէր, ազատ կամքը դրախտ երկրին վրայ կեանքը հոյակապ, հրապուրիչ պիտի դարձնէր։

19. Աստուած ի՞նչ գործակալութիւն կը գործածէ մարդկութիւնը իրեն հետ հաշտեցնելու համար։

19 Բայց իրենց ըրած գէշ ընտրութեան պատճառաւ, մարդիկ Եհովայէ հեռացան, անկատարութեան, այլասերման ու մահուան ենթարկուելով։ Ուստի անոնք այդ տխուր վիճակէն ազատագրուելու ու որպէս իր տղաքն ու աղջիկները Աստուծոյ հետ պատշաճ յարաբերութեան վերադառնալու կարիքը ունեցան։ Ասիկա իրագործելու համար Աստուծոյ որոշած գործակալութիւնը՝ Թագաւորութիւնն է, իսկ Փրկիչը՝ Յիսուս Քրիստոս։ (Յովհաննու 3։16) Այս կարգադրութեան միջոցով, Յիսուսի անառակ որդիին առակին նման, զղջացած անհատներ Աստուծոյ հետ պիտի հաշտուին եւ իր կողմէ պիտի վերընդունուին որպէս իր որդիները։—Ղուկաս 15։11-24. Հռովմայեցիս 8։21. Բ. Կորնթացիս 6։18

20. Աստուծոյ կամքը ի՞նչպէս պիտի կատարուի Թագաւորութեան միջոցաւ։

20 Եհովայի կամքը անպատճառ պիտի կատարուի երկրի վրայ։ (Եսայեայ 14։24, 27. 55։11) Քրիստոսի յանձնուած իր Թագաւորութեան միջոցաւ, Աստուած լիովին պիտի ջատագովէ (արդարացնէ կամ փաստէ) մեր Գերիշխանը ըլլալու իր իրաւունքը։ Թագաւորութիւնը վերջ պիտի դնէ այս երկրի վրայ մարդկային եւ դիւային իշխանութեան եւ միայն ինքն է որ երկնքէն պիտի իշխէ հազար տարի։ (Հռովմայեցիս 16։20. Յայտնութիւն 20։1-6) Բայց այդ ժամանակամիջոցին, Եհովայի իշխելու կերպին գերակայութիւնը ի՞նչպէս պիտի ապացուցանուի։ Իսկ հազար տարին լրանալէն ետք, Թագաւորութեան դերը ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Այս հարցումները նկատի պիտի առնուին յաջորդ յօդուածով։

Վերաքաղի կէտեր

• Աստուածաշունչի բնաբանը ի՞նչ է։

• Որոնցմէ՞ պիտի բաղկանայ երկրի նոր իշխանութիւնը։

• Աստուծմէ անկախ իշխանութիւնը ինչո՞ւ բնաւ պիտի չյաջողի։

• Ազատ կամքը ի՞նչպէս պէտք է ի գործ դրուի։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 10]

Յիսուսի ուսուցումը՝ Թագաւորութեան միջոցաւ Աստուծոյ իշխանութեան վրայ շեշտ դրաւ

[Նկարներ՝ էջ 12]

Բոլոր երկիրներու մէջ Եհովայի Վկաները Թագաւորութիւնը իրենց գլխաւոր ուսուցումը կը  դարձնեն

[Նկարներ՝ էջ 14]

Պատմութիւնը կը վկայէ Աստուծմէ անկախ ըլլալուն գէշ հետեւանքներուն մասին

[Նկարին աղբիւրները]

WWI soldiers։ U.S. National Archives photo; concentration camp։ Oświęcim Museum; child։ UN PHOTO 186156/J. Isaac