Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՛նչ պիտի ընէ

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՛նչ պիտի ընէ

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՛նչ պիտի ընէ

«Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի  վրայ»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 6։10

1. Աստուծոյ Թագաւորութեան գալը ի՞նչ պիտի նշանակէ։

ԵՐԲ Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ Աստուծոյ Թագաւորութեան համար աղօթեն, ան գիտցաւ որ անոր գալը վերջ պիտի դնէր հազարաւոր տարիներէ Աստուծմէ անկախ եղող մարդկային իշխանութեան։ Այդ ամբողջ ժամանակի ընթացքին, Աստուծոյ կամքը երկրի վրայ ընդհանուր կերպով կատարուած չէր։ (Սաղմոս 147։19, 20) Բայց երկնքի մէջ Թագաւորութիւնը հաստատուելէն ետք, Աստուծոյ կամքը ամէնուրեք պիտի կատարուի։ Մարդկային իշխանութենէն Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան փոխանցումի երկիւղ ներշնչող ժամանակը շա՛տ մօտ է։

2. Մարդկային իշխանութենէն Թագաւորութեան իշխանութեան փոխանցումը ի՞նչ բանով պիտի նշուի։

2 Այս փոխանցումը պիտի նշուի այն ժամանակաշրջանով զոր Յիսուս կոչեց «այնպիսի մեծ նեղութիւն . . ., որու նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ»։ (Մատթէոս 24։21) Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ այդ ժամանակաշրջանը որքան երկար պիտի ըլլայ, բայց այդ շրջանին տեղի ունենալիք պատուհասները ցարդ աշխարհի տեսածներէն շատ աւելի գէշ պիտի ըլլան։ Մեծ նեղութեան սկիզբը բան մը պիտի պատահի որ երկրի վրայ ապրողներուն մեծամասնութիւնը պիտի ցնցէ. բոլոր սուտ կրօնքներուն կործանումը։ Ասիկա պիտի չցնցէ Եհովայի Վկաները, քանի որ անոնք շատոնց նախատեսած են ասիկա։ (Յայտնութիւն 17։1, 15-17. 18։1-24) Մեծ նեղութիւնը Արմագեդոնին պիտի վերջանայ, երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը սատանայական ամբողջ դրութիւնը պիտի ջախջախէ։—Դանիէլ 2։44. Յայտնութիւն 16։14, 16

3. Երեմիա ի՞նչպէս կը նկարագրէ ինչ որ վիճակուած է անհնազանդներուն։

3 Ասիկա ի՞նչ պիտի նշանակէ այն մարդոց համար, որոնք «Աստուած չեն ճանչնար» եւ Քրիստոսին յանձնուած Իր երկնային Թագաւորութեան «աւետարանին չեն հնազանդիր»։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6-9) Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը կ’ըսէ մեզի. «Ահա չարիք մը պիտի ելլէ, որ մէկ ազգէ ուրիշ ազգի պիտի անցնի։ Երկրի ծայրերէն մեծ մրրիկ մը պիտի ելլէ։ Այն օրը Տէրոջմէ սպաննուածները երկրին մէկ ծայրէն մինչեւ երկրին միւս ծայրը պիտի փռուին։ Անոնց համար սուգ պիտի չբռնուի, անոնք պիտի չհաւաքուին ու պիտի չթաղուին, երկրի երեսին վրայ աղբի պէս պիտի ըլլան»։—Երեմեայ 25։32, 33

Ամբարշտութեան Վախճանը

4. Ինչո՞ւ ամբողջովին արդարացի է որ Եհովա վերջ դնէ այս ամբարիշտ դրութեան։

4 Եհովա Աստուած հազարաւոր տարիներէ ի վեր հանդուրժած է ամբարշտութեան. ասիկա բաւարար ժամանակ է որ արդարամիտ անհատներ տեսնեն թէ մարդկային իշխանութիւնը աղէտ մըն է։ Օրինակ, աղբիւրի մը համաձայն, միայն քսաներորդ դարուն, աւելի քան 150 միլիոն անհատներ սպաննուած են պատերազմներու, յեղափոխութիւններու եւ քաղաքացիական այլ անկարգութիւններու մէջ։ Մարդկային վայրագութիւնը մասնաւորաբար բացայայտ եղած է Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին, երբ մօտաւորապէս 50 միլիոն անհատներ սպաննուեցան, որոնցմէ շատեր Նացի կեդրոնացման ճամբարներուն մէջ սարսափելի մահերու ենթարկուելով։ Ճիշդ ինչպէս Աստուածաշունչը նախագուշակած էր, մեր ժամանակներուն ‘չար ու խաբեբայ մարդիկ չարութեան մէջ յառաջացած են’։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5, 13) Ներկայիս՝ անբարոյութիւնը, ոճիրը, բռնութիւնը, ապականութիւնը եւ աստուածային չափանիշներու հանդէպ ընդդիմութիւնը վերելք մը արձանագրած են։ Ուստի, ամբողջովին արդարացի է որ Եհովա վերջ դնէ այս ամբարիշտ դրութեան։

5, 6. Վաղեմի Քանանի մէջ եղած ամբարշտութիւնը նկարագրեցէք։

5 Ներկայ կացութիւնը նման է շուրջ 3,500 տարիներ առաջ Քանանու մէջ եղած կացութեան։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Անոնք Տէրոջը ատելի եղած բոլոր գարշելի բաները իրենց աստուածներուն կ’ընէին. որովհետեւ անոնք իրենց աստուածներուն պատիւ ընելու համար մինչեւ անգամ իրենց տղաքներն ու աղջիկները կրակով կ’այրէին»։ (Բ. Օրինաց 12։31) Եհովա Իսրայէլ ազգին իմացուց, ըսելով. «Քու Տէր Աստուածդ այն ազգերուն անօրէնութեանը համար զանոնք քու առջեւէդ կը վռնտէ»։ (Բ. Օրինաց 9։5) Աստուածաշունչի պատմաբան Հէնրի Հ. Հէլի նշեց. «Բահաղի, Աստարովթի եւ քանանական ուրիշ չաստուածներու պաշտամունքը շատ այլանդակ շուայտանքներէ կը բաղկանար, անոնց տաճարները անառակութեան կեդրոններ էին»։

6 Հէլի ցոյց տուած է թէ անոնց ամբարշտութիւնը ո՛րքան մեծ էր, քանի որ այսպիսի շրջաններէն մէկուն մէջ հնախոյզներ ‘բազմաթիւ կուժեր գտան, որոնց մէջ Բահաղին զոհուած երախաներու աճիւնները կային’։ Ան ըսաւ. «Ամբողջ շրջանը նորածիններու գերեզման մըն էր։ . . . Քանանացիները պաշտամունք կը մատուցանէին անբարոյ արարքներով, որպէս կրօնական ծէսեր, իրենց չաստուածներուն ներկայութեան. ապա իրենց անդրանիկ զաւակները սպաննելով որպէս զոհ այդ նոյն չաստուածներուն։ Այնպէս կը թուի որ Քանանու երկիրը, ազգային տարողութեամբ, տեսակ մը Սոդոմ ու Գոմոր դարձած էր։ . . . Միթէ այսքան զզուելի եւ գազանային քաղաքակրթութիւն մը իրաւունք ունէ՞ր աւելի երկար գոյատեւելու։ . . . Քանանու քաղաքներու աւերակները պեղող հնաբանները կը զարմանան թէ Աստուած ինչո՛ւ աւելի կանուխ չէ կործանած զանոնք»։

Երկիրը Ժառանգել

7, 8. Աստուած ի՞նչպէս պիտի մաքրէ այս երկիրը։

7 Ճիշդ ինչպէս որ Աստուած մաքրեց Քանանը, շուտով պիտի մաքրէ նաեւ ամբողջ երկիրը եւ զայն պիտի տայ անոնց որ իր կամքը կը կատարեն։ «Ուղիղները երկրի վրայ պիտի բնակին եւ կատարեալները անոր մէջ պիտի մնան։ Բայց ամբարիշտները երկրէն պիտի կորսուին ու անօրէնները անկէ պիտի մերժուին»։ (Առակաց 2։21, 22) Իսկ սաղմոսերգուն կ’ըսէ. «Քիչ ժամանակէ յետոյ ամբարիշտը պիտի չքանայ, . . . սակայն հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան»։ (Սաղմոս 37։10, 11) Սատանան ալ պիտի վերցուի, որպէսզի «ա՛լ չմոլորեցնէ ազգերը՝ մինչեւ հազար տարին լմննայ»։ (Յայտնութիւն 20։1-3) Այո՛, «աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ»։—Ա. Յովհաննու 2։17

8 Երկրի վրայ յաւիտեան ապրիլ ուզողներուն հոյակապ յոյսը ամփոփելով, Յիսուս ըսաւ. «Երանի՜ հեզերուն, վասն զի անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը»։ (Մատթէոս 5։5) Հաւանաբար ան ակնարկութիւն կ’ընէր Սաղմոս 37։29–ին, ուր նախագուշակուած էր՝ «արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին»։ Յիսուս գիտէր թէ Եհովայի նպատակն է որ արդարամիտ անհատներ յաւիտեան ապրին դրախտային երկրի մը վրայ։ Եհովա կ’ըսէ. «Ես իմ զօրութիւնովս . . . երկիրը, մարդը ու երկրին երեսին վրայ եղող անասունները ստեղծեցի եւ զանիկա կու տամ, որու որ իմ աչքիս առջեւ հաճոյ երեւնայ տալ»։—Երեմեայ 27։5

Հոյակապ Նոր Աշխարհ մը

9. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչպիսի աշխարհի մը պիտի առաջնորդէ։

9 Արմագեդոնէն ետք, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մեզ «նոր երկիր»ը պիտի առաջնորդէ, որու մէջ «արդարութիւնը կը բնակի»։ (Բ. Պետրոս 3։13) Արմագեդոնէն վերապրողներուն համար այս հարստահարիչ ամբարիշտ իրերու դրութենէն ձերբազատուիլը ի՛նչ մեծ ամոքում պիտի ըլլայ։ Որչա՜փ հաճելի պիտի ըլլայ անոնց համար արդար նոր աշխարհը մտնել՝ երկնային թագաւորական կառավարութեան ներքեւ, հոյակապ օրհնութիւններու եւ յաւիտենական կեանքի հեռանկարով։—Յայտնութիւն 7։9-17

10. Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ ի՞նչ վատ բաներ այլեւս գոյութիւն պիտի չունենան։

10 Այլեւս մարդիկ պատերազմի, ոճիրի, անօթութեան կամ նոյնիսկ գիշատիչ անասուններու սպառնալիքին ներքեւ պիտի չըլլան։ «[Իմ ժողովուրդիս] հետ խաղաղութեան ուխտ մը պիտի ընեմ ու այն երկրէն չար գազանները բնաջինջ պիտի ընեմ, . . . դաշտին ծառերը իրենց պտուղը պիտի տան ու երկիրը իր բերքը պիտի տայ։ Անոնք իրենց երկրին մէջ ապահովութեամբ պիտի բնակին»։ «Անոնք իրենց սուրերը՝ խոփեր, իրենց նիզակները յօտոցներ պիտի շինեն։ Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ եւ ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվին, հապա ամէն մարդ իր որթատունկին տակ ու իր թզենիին տակ պիտի նստի, վախցնող պիտի չըլլայ»։—Եզեկիէլ 34։25-28. Միքիայ 4։3, 4

11. Ինչո՞ւ կրնանք վստահութիւն ունենալ որ ֆիզիքական ցաւերը վերջ պիտի գտնեն։

11 Հիւանդութիւնը, վիշտը եւ նոյնիսկ մահը պիտի չքանան. «Հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’։ Հոն բնակող ժողովուրդին անօրէնութիւնը պիտի ներուի»։ (Եսայեայ 33։24) «[Աստուած] անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան։ . . . ‘Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ’»։ (Յայտնութիւն 21։4, 5) Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս ցոյց տուաւ որ այս բաները ընելու կարողութիւն ունէր Աստուծոյ իրեն տուած զօրութեամբ։ Սուրբ հոգիին օգնութեամբ, ան երկրին չորս կողմը պտըտեցաւ կաղերը բուժելով եւ հիւանդները բժշկելով։—Մատթէոս 15։30, 31

12. Մեռելներուն համար ի՞նչ յոյս կայ։

12 Յիսուս ասկէ աւելին ըրաւ։ Ան մեռելներ յարուցանեց։ Հեզ ժողովուրդին հակազդեցութիւնը ի՞նչ եղաւ։ Երբ ան 12 տարեկան աղջնակ մը յարուցանեց, անոր ծնողքը «շատ ապշեցան»։ (Մարկոս 5։42) Ասիկա ուրիշ նմոյշ մըն էր թէ Յիսուս ի՛նչ պիտի ընէ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ, քանի որ այն ատեն «մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն»։ (Գործք 24։15) Երեւակայեցէ՛ք այն գերցնծութիւնը, երբ մեռելները խումբ–խումբ կեանքի գան եւ իրենց սիրելիներուն միանան։ Անկասկած Թագաւորութեան վերահսկութեան ներքեւ դաստիարակչական մեծ գործ մը պիտի ըլլայ, այնպէս որ «երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն»։—Եսայեայ 11։9

Եհովայի Գերիշխանութիւնը Ջատագովուած

13. Աստուծոյ իշխանութեան արդարացի ըլլալը ի՞նչպէս ցոյց պիտի տրուի։

13 Թագաւորութեան հազարամեայ իշխանութեան վերջաւորութեան, մարդկային ընտանիքը մտքի ու մարմնի կատարելութեան հասած պիտի ըլլայ։ Երկիրը համերկրային Եդեմի պարտէզի մը՝ դրախտի մը վերածուած պիտի ըլլայ։ Խաղաղութիւն, ուրախութիւն, ապահովութիւն եւ սիրալիր մարդկային ընկերութիւն մը ձեռք պիտի բերուի։ Թագաւորութեան իշխանութենէն առաջ, մարդկային պատմութեան մէջ այսպիսի բան մը բնա՛ւ տեսնուած չէր։ Այն ատեն ի՜նչ մեծ պիտի ըլլայ տարբերութիւնը նախկին հազարաւոր տարիներու մարդկային ողորմելի իշխանութեան եւ Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան հազարամեայ հոյակապ իշխանութեան միջեւ։ Ցոյց պիտի տրուի որ իր Թագաւորութեան միջոցաւ Աստուծոյ իշխանութիւնը ամէն կողմանէ բոլորովին գերակայ է։ Աստուծոյ իշխելու իրաւունքը, իր գերիշխանութիւնը, ամբողջովին պիտի ջատագովուի։

14. Երբ հազար տարին վերջանայ, ի՞նչ պիտի պատահի ըմբոստներուն։

14 Հազար տարուան վերջաւորութեան, Եհովա թոյլ պիտի տայ որ կատարեալ մարդիկ իրենց ազատ կամքը գործածեն, որոշելու թէ որո՛ւ կ’ուզեն ծառայել։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ «պիտի արձակուի Սատանան իր բանտէն»։ Ան դարձեալ պիտի փորձէ մարդիկը մոլորեցնել, եւ անոնցմէ ոմանք պիտի նախընտրեն Աստուծմէ անկախ ըլլալ։ ‘Նեղութիւնը երկրորդ անգամ չելլելու համար’, Եհովա պիտի ոչնչացնէ Սատանան եւ իր դեւերը, ինչպէս նաեւ Իր գերիշխանութեան դէմ բոլոր ըմբոստացողները։ Ոեւէ մէկը պիտի չկարենայ առարկել որ այդ ժամանակ յաւիտեան բնաջնջուողներէն մէկը առիթ չունեցաւ, կամ իր սխալ ընթացքը անկատարութեան հետեւանք էր։ Անոնք կատարեալ Ադամի ու Եւայի պէս պիտի ըլլան, որոնք յօժարակամօրէն նախընտրեցին Եհովայի արդար իշխանութեան դէմ ըմբոստանալ։—Յայտնութիւն 20։7-10. Նաւումայ 1։9

15. Հաւատարիմները ի՞նչպիսի յարաբերութիւն պիտի ունենան Եհովայի հետ։

15 Իսկ միւս կողմէ, շատ հաւանաբար մարդոց հսկայ մեծամասնութիւնը պիտի նախընտրէ Եհովայի գերիշխանութիւնը ջատագովել։ Բոլոր ըմբոստներուն ոչնչացումով, արդարները հաւատարմութեան վերջին փորձէն անցած ըլլալով պիտի կայնին Եհովայի դիմաց։ Այն ատեն այս հաւատարիմները Եհովայի կողմէ պիտի ընդունուին որպէս իր տղաքն ու աղջիկները։ Հետեւաբար, անոնք պիտի վերագտնեն այն յարաբերութիւնը, որ Ադամն ու Եւան ունէին Աստուծոյ հետ, իրենց ըմբոստութենէն առաջ։ Այն ատեն Հռովմայեցիս 8։21–ը պիտի կատարուի. «Ստեղծուածները [մարդիկ] իրենք ալ ապականութեան ծառայութենէն ազատուելով, Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը պիտի հասնին»։ Եսայի մարգարէն կը նախագուշակէ. «[Աստուած] մահը յաւիտեան բնաջինջ պիտի ընէ ու Տէր Եհովան ամէն աչքէ արցունքը պիտի սրբէ»։—Եսայեայ 25։8

Յաւիտենական Կեանքի Յոյսը

16. Ինչո՞ւ տեղին է յաւիտենական կեանքի վարձատրութիւնը ակնկալել։

16 Ի՜նչ հոյակապ հեռանկար մը կը սպասէ հաւատարիմներուն. գիտնալ թէ Աստուած յաւիտեան իրենց վրայ պիտի տեղացնէ հոգեւոր ու նիւթական առատ օրհնութիւններ։ Սաղմոսերգուն իրաւացիօրէն ըսաւ. «Քու ձեռքդ կը բանաս ու ամէն կենդանիի փափաքը կը լեցնես»։ (Սաղմոս 145։16) Եհովա կը քաջալերէ որ երկրային դասակարգի բոլոր անդամները Դրախտի մէջ ապրելու այս յոյսը ունենան, որպէս իրեն վրայ իրենց ունեցած հաւատքին մէկ մասը։ Թէեւ Եհովայի գերիշխանութեան հարցը շա՛տ աւելի կարեւոր է, բայց ինք չ’ուզեր որ մարդիկ իրեն ծառայեն առանց վարձատրուելու ակնկալութեան։ Ամբողջ Աստուածաշունչին մէջ կարելի չէ իրարմէ անջատել Աստուծոյ հաւատարիմ ըլլալը եւ յաւիտենական կեանքի յոյսը. անոնք Աստուծոյ հանդէպ Քրիստոնեային ունեցած հաւատքին անհրաժեշտ մասերն են։ «Ան որ Աստուծոյ կը մօտենայ, պէտք է որ հաւատայ թէ Աստուած կայ եւ թէ վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»։—Եբրայեցիս 11։6

17. Յիսուս ի՞նչպէս ցոյց տուաւ որ տեղին էր մեր ունեցած յոյսով զօրանալ։

17 Յիսուս ըսաւ. «Այս կը նշանակէ յաւիտենական կեանք, որ գիտութիւն ստանան, քու՝ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ մասին, ու Յիսուս Քրիստոսի մասին, զոր դուն ղրկեցիր»։ (Յովհաննու 17։3, ՆԱ) Հոս՝ Աստուած եւ իր նպատակները գիտնալը ան կապեց ասոր բերած վարձատրութեան հետ։ Որպէս օրինակ, երբ յանցագործ մը խնդրեց որ Յիսուս զինք յիշէր իր Թագաւորութեամբ եկած ատեն, Յիսուս անոր ըսաւ. «Ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս»։ (Ղուկաս 23։43) Ան մարդուն չըսաւ որ հաւատք ունենար, նոյնիսկ եթէ վարձատրութիւն մը չստանար։ Ան գիտէր թէ Եհովա կ’ուզէ որ իր ծառաները դրախտ երկրի մը վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունենան, ինչ որ զիրենք պիտի զօրացնէր, երբ այս աշխարհի մէջ զանազան փորձութիւններու հանդիպէին։ Հետեւաբար, վարձատրութեան ակնկալութիւնը էական է, որպէս Քրիստոնեայ փորձութիւններու տոկալու համար։

Թագաւորութեան Ապագան

18, 19. Հազարամեայ Իշխանութեան վերջաւորութեան, ի՞նչ պիտի պատահի Թագաւորին եւ Թագաւորութեան։

18 Քանի որ Թագաւորութիւնը երկրորդական կառավարութիւն մըն էր, զոր Եհովա գործածեց երկիրն ու անոր բնակիչները կատարելութեան հասցնելու եւ իրեն հետ հաշտեցնելու համար, ուստի Հազարամեայէն ետք ի՞նչ պիտի ըլլայ Թագաւոր Յիսուս Քրիստոսի եւ 144,000 թագաւորներուն ու քահանաներուն դերը։ «Անկէ ետք կու գայ վախճանը, երբ թագաւորութիւնը պիտի տայ Հօր Աստուծոյ ձեռքը, երբ խափանէ ամէն իշխանութիւն եւ ամէն պետութիւն ու զօրութիւն։ Վասն զի ան պէտք է թագաւորէ մինչեւ բոլոր թշնամիները իր ոտքերուն տակ դնէ»։—Ա. Կորնթացիս 15։24, 25

19 Երբ Քրիստոս Թագաւորութիւնը Աստուծոյ վերադարձնէ, այդ պարագային ի՞նչպէս պիտի հասկցուին այն համարները որոնք անոր մասին կը խօսին որպէս յաւիտենական բան մը։ Թագաւորութեան իրագործումները յաւիտեան պիտի տեւեն։ Քրիստոս յաւիտեան պիտի պատուուի, Աստուծոյ գերիշխանութեան ջատագովման մէջ իր ունեցած դերին պատճառաւ։ Բայց քանի որ այն ատեն մեղքն ու մահը ամբողջովին պիտի չքացուին եւ մարդկութիւնը փրկուած պիտի ըլլայ, ուրեմն որպէս Փրկիչ այլեւս իրեն կարիք պիտի չունենանք։ Թագաւորութեան Հազարամեայ Իշխանութիւնն ալ լիովին իր նպատակին ծառայած պիտի ըլլայ. հետեւաբար Եհովայի ու հնազանդ մարդկութեան միջեւ երկրորդական կառավարութեան մը կարիքն ալ մէջտեղէն պիտի վերցուի։ Այս կերպով, «Աստուած [պիտի] ըլլայ ամէնը ամէն բանի մէջ»։—Ա. Կորնթացիս 15։28

20. Ի՞նչպէս կրնանք գիտնալ թէ ապագան ի՛նչ վերապահած է Քրիստոսի եւ 144,000–ին համար։

20 Հազարամեայ Իշխանութիւնը ամբողջանալէ ետք, Քրիստոսի ու իր իշխանակիցներուն դերը ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Աստուածաշունչը այս մասին չի խօսիր։ Բայց վստահ կրնանք ըլլալ որ Եհովա իր ամբողջ ստեղծագործութեան մէջ ծառայութեան յաւելեալ շա՛տ մը առանձնաշնորհումներ պիտի տայ անոնց։ Թող որ բոլորս ալ Եհովայի գերիշխանութիւնը ջատագովենք եւ յաւիտենական կեանքով վարձատրուինք, որպէսզի կարենանք ողջ ըլլալ, տեսնելու համար թէ Եհովա ի՛նչ որոշած է Թագաւորին եւ իր իշխանակից թագաւորներուն ու քահանաներուն, ինչպէս նաեւ իր ամբողջ ահաւոր տիեզերքին համար։

Վերաքաղի կէտեր

• Իշխանութեան ո՞ր փոխանցումի ժամանակին կը մօտենանք։

• Աստուած ի՞նչպէս պիտի դատէ ամբարիշտներն ու արդարները։

• Նոր աշխարհին մէջ ի՞նչ վիճակներ գոյութիւն պիտի ունենան։

• Եհովայի գերիշխանութիւնը ի՞նչպէս լիովին պիտի ջատագովուի։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 17]

«Մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն»

[Նկար՝ էջ 18]

Հաւատարիմ անհատներ Եհովայի հետ պատշաճ յարաբերութեան մէջ պիտի գան