Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Դաշտ»ին մէջ աշխատիլ՝ հունձքէն առաջ

«Դաշտ»ին մէջ աշխատիլ՝ հունձքէն առաջ

«Դաշտ»ին մէջ աշխատիլ՝ հունձքէն առաջ

ՄԵԾ Ուսուցիչին աշակերտները շփոթած էին։ Յիսուս տակաւին նոր պատմած էր ցորենի ու որոմի մասին կարճ պատմութիւն մը։ Անիկա այդ օր իր պատմած բազմաթիւ առակներէն մէկն էր։ Երբ ան պատմելը վերջացուց, իր ունկնդիրներէն շատերը մեկնեցան։ Բայց իր հետեւորդները գիտցան որ իր առակները մասնայատուկ իմաստ մը պէտք էր ունենային, մանաւանդ՝ ցորենի ու որոմի առակը։ Անոնք գիտէին որ Յիսուս պարզապէս հետաքրքրաշարժ պատմութիւն պատմող մը չէր։

Մատթէոս կը տեղեկագրէ որ անոնք խնդրեցին՝ «Արտին որոմներուն առակը մեկնէ մեզի»։ Յիսուս ալ անոնց բացատրեց առակը, նախագուշակելով որ մեծ հաւատուրացութիւն մը պիտի յառաջանար իր դաւանեալ աշակերտներուն մէջ։ (Մատթէոս 13։24-30, 36-38, 43) Ասիկա իրապէս ալ տեղի ունեցաւ եւ հաւատուրացութիւնը արագօրէն տարածուեցաւ Յովհաննէս առաքեալի մահուընէ ետք։ (Գործք 20։29, 30. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։6-11) Անոր ազդեցութիւնները ա՛յնքան համատարած եղան, որ Ղուկաս 18։8–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի ուղղած հարցումը շատ տեղին կը թուէր. «Որդին մարդոյ երբ գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ»։

Յիսուսի գալը՝ ցորենանման Քրիստոնեաներուն «հունձք»ին սկիզբը պիտի նշէր։ Անիկա նշանը պիտի ըլլար ‘իրերու դրութեան վախճանին’, որ սկսաւ 1914–ին։ Ուստի պէտք չէ զարմանանք որ հունձքին առաջնորդող ժամանակաշրջանէն առաջ Աստուածաշունչի ճշմարտութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն մը արթնցաւ։—Մատթէոս 13։39

Պատմական արձանագրութիւնը քննելով բացայայտ կ’ըլլայ որ մասնաւորաբար ԺԵ. դարէն ետք, հետաքրքրութիւն մը արթնցաւ նոյնիսկ Քրիստոնեայ Աշխարհի պատկանողներուն մէջ, որոնք «որոմ»անման՝ կամ կեղծ Քրիստոնեաներ էին։ Երբ Աստուածաշունչը դիւրամատչելի դարձաւ եւ սուրբ գրային համաբարբառներ պատրաստուեցան, պարկեշտ սիրտ ունեցող անհատներ սկսան ուշադիր կերպով Սուրբ Գիրքը հետազօտել։

Լոյսը կը Պայծառանայ

ԺԹ. դարուն սկիզբը այսպիսի անհատներէն մէկն էր Հէնրի Կրուն (1781-1862) Պիրմինկհէմէն, Անգլիա։ 13 տարեկանին, ան իր ընտանիքին հետ Ատլանտեան Ովկիանոսը կտրելով Միացեալ Նահանգներ հասաւ 8 Յուլիս 1795–ին։ Անոնք հաստատուեցան Փրովիտընսի մէջ, Ռոտ Այլընտ։ Ծնողքը իր մէջ սէր քանդակեց Աստուածաշունչին հանդէպ։ 1807–ին, 25 տարեկանին, Կրուէ խնդրուեցաւ որ Հարթֆորտի (Գընէգթիգաթ) Մկրտչական Եկեղեցիին մէջ ծառայէ որպէս հովիւ։

Ան ուսուցանելու իր պատասխանատուութիւնները լուրջի առաւ եւ ջանաց իր հոգածութեան ներքեւ եղողներուն օգնել որ Սուրբ Գրքի համաձայն ապրին։ Սակայն, ան կը հաւատար որ ժողովքը պէտք էր մաքուր պահուէր ոեւէ անհատէ որ յօժարակամօրէն մեղք կը գործէր։ Ինք եւ եկեղեցիին ուրիշ պատասխանատու անհատներ, երբեմն ստիպուած կ’ըլլային վտարել անոնք որոնք պոռնկութիւն կը գործէին, կամ ուրիշ պիղծ սովորութիւններու անձնատուր կ’ըլլային։

Եկեղեցիին մէջ ուրիշ խնդիրներ ալ կային, որոնք զինք կ’անհանգստացնէին։ Ունէին տղամարդիկ, որոնք եկեղեցիի անդամներ չէին եւ եկեղեցիին գործերը կը տնօրինէին եւ պաշտամունքի ժամանակ երգեցողութիւնը կ’առաջնորդէին։ Այս մարդիկը կրնային նաեւ ժողովքին առնչուող հարցերու համար քուէարկել եւ այս կերպով անոր գործերուն մէջ որոշ հսկողութիւն մը ունենալ։ Աշխարհէն անջատ ըլլալու սկզբունքին վրայ հիմնուած, Կրուն իրապէս համոզուած էր որ միայն հաւատարիմ տղամարդիկ պէտք է կատարեն այս պաշտօնները։ (Բ. Կորնթացիս 6։14-18. Յակոբու 1։27) Իր կարծիքով, անհաւատներուն Աստուած փառաբանող երգեր երգելը անարգական էր։ Իր կեցուածքին պատճառաւ, 1811–ին Հէնրի Կրուն եկեղեցիէն վտարուեցաւ։ Նոյն տեսակէտները բաժնող ուրիշ անդամներ ալ միեւնոյն ժամանակ զատուեցան եկեղեցիէն։

Քրիստոնեայ Աշխարհէն Անջատում

Այս խումբը, մէջը ըլլալով Հէնրի Կրուն, սկսաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, իրենց կեանքը եւ գործունէութիւնները անոր խրատներուն համակերպելու նպատակով։ Իրենց ուսումնասիրութիւնները շուտով զիրենք առաջնորդեցին Աստուածաշունչի ճշմարտութեան յաւելեալ հասկացողութեան եւ պատճառ եղան որ Քրիստոնեայ Աշխարհի սխալները երեւան հանեն։ Օրինակ, 1824–ին, Կրուն շատ տրամաբանական կերպով Երրորդութիւնը հերքող յօդուած մը գրեց։ Նկատի առէք իր գրութեան մէջի սա հատուածին տրամաբանութիւնը. «‘Այն օրուան ու ժամուն համար մէ՛կը [մարդ] չի գիտեր, ո՛չ երկնքի մէջ եղող հրեշտակները եւ ո՛չ Որդին. հապա՝ միայն ՀԱՅՐԸ’։ [Մարկոս 13։32] Հոս նկատի առէք էակներու յստակ աստիճանաւորումը։ Մարդ, Հրեշտակներ, Որդին, Հայրը։ . . . Մեր Տէրը մեզի կը սորվեցնէ որ միայն Հայրը գիտէր այդ օրը։ Բայց ասիկա շիտակ չէ, եթէ՝ ինչպէս ոմանք կը թելադրեն, Հայրը, Բանը եւ Սուրբ Հոգին երեք անձեր են մէկ Աստուծոյ մէջ. քանի որ ըստ ասոր [Երրորդութեան ուսուցումին] . . . Որդին ինքն ալ Հօրը հետ հաւասարապէս գիտնալու էր զայն»։

Կրուն կղերներուն եւ զինուորական հրամանատարներուն կեղծաւորութիւնը երեւան հանեց, որոնք կը ձեւացնէին Քրիստոսի ծառայել։ 1828–ին ան ըսաւ. «Կրնա՞նք ասկէ մեծ անհեթեթութիւն մը երեւակայել, քան երբ Քրիստոնեայ մը իր ներքին սենեակէն կ’ելլէ՝ ուր իր թշնամիներուն համար կ’աղօթէր՝ եւ իր զօրախումբին կը հրամայէ որ մահուան զէնքերը այդ նոյն թշնամիներուն սրտին մէջ խրեն հրէշային կատաղութեամբ։ Մէկ պարագային ան ուրախութեամբ իր մեռած Տիրոջ կը նմանի. բայց միւս պարագային որո՞ւ կը նմանի։ Յիսուս իր սպաննիչներուն համար աղօթեց։ Քրիստոնեաները կը սպաննեն զանոնք, որոնց համար իրենք կ’աղօթեն»։

Տակաւին աւելի ազդու կերպով Կրուն գրեց. «Ե՞րբ է որ պիտի հաւատանք Ամենակալին, որ մեզ կը վստահեցնէ որ ինք ‘ծաղր չըլլար’։ Ե՞րբ պիտի հասկնանք այդ սուրբ կրօնքին բնոյթը, հրաշալիութիւնը, որ մեզմէ կը պահանջէ որ նոյնիսկ ‘չար երեւոյթէն’ խուսափինք։ . . . Աստուծոյ Որդին անուանարկել պիտի չըլլա՞ր ենթադրել թէ իր կրօնքը կը պահանջէ որ անհատ մը մէկ պարագային հրեշտակի մը նման վարուի, իսկ ուրիշ պարագայի մը՝ սատանայի մը պէս»։

Յաւիտենական Կեանքը Բնածին Չէ

Ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի կանխող տարիներուն, անհատ մը իր տեսակէտը արտայայտելու համար կը գրէր, կամ թերթիկներ կը բաժնէր։ 1835–ի ատենները, Կրուն կարեւոր թերթիկ մը գրեց, որ հոգիի անմահութեան եւ դժոխքի կրակի ուսուցումները կը քօղազերծէր որպէս հակա–սուրբ գրային։ Ան կը խորհէր որ այս վարդապետութիւնները Աստուած կ’անպատուէին։

Այս թղթիկը հեռահաս ազդեցութիւն պիտի ունենար։ 1837–ին, 40 տարեկան Ճորճ Սթոռզը շոգեկառքի մը մէջ անկէ օրինակ մը գտաւ։ Սթոռզը ծնած էր Լէպէնընի մէջ, Նիու Հէմշայր, բայց այդ ժամանակ Եութիգայի մէջ կ’ապրէր, Նիւ Եորք։

Ան Մեթոտական–Եպիսկոպոսական Եկեղեցիին մէջ շատ յարգուած անձնաւորութիւն մըն էր։ Այս թերթիկը կարդալով, ան շատ տպաւորուեցաւ որ այսքան զօրաւոր կերպով կարելի էր առարկել Քրիստոնեայ Աշխարհի այս հիմնական ուսուցումները, որոնց վրայ ո՛չ մէկ կասկած ունեցած էր նախապէս։ Անոր ծանօթ չէր հեղինակը եւ միայն քանի մը տարի ետք, առնուազն 1844–ին հանդիպեցաւ Հէնրի Կրուի, մինչ երկուքն ալ կ’ապրէին Ֆիլատելֆիայի մէջ, Փէնսիլվանիա։ Բայց Սթոռզը երեք տարի առանձին ուսումնասիրեց հարցը, անոր մասին միայն ուրիշ քարոզիչներու հետ խօսելով։

Վերջապէս, քանի որ ոեւէ մէկը չէր կրցած հերքել իր սորված բաները, Ճորճ Սթոռզը որոշեց որ Մեթոտական Եկեղեցիին մէջ մնալով չի կրնար Աստուծոյ հաւատարիմ ըլլալ։ 1840–ին ան հրաժարական տուաւ եւ փոխադրուեցաւ Էլպանի, Նիւ Եորք։

1842–ի գարնան սկիզբը, Սթոռզը վեց շաբթուան մէջ վեց բանախօսութիւններ տուաւ հետեւեալ նիւթին շուրջ. «Հարցում մը. Ամբարիշտները Անմա՞հ Են»։ Հետաքրքրութիւնը ա՛յնքան մեծ եղաւ որ ան զայն հրատարակութեան համար վերստուգեց եւ յաջորդ աւելի քան 40 տարիներու ընթացքին, անոր շրջագայութիւնը հասաւ 200,000–ի Միացեալ Նահանգներու եւ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ։ Սթոռզը եւ Կրուն հոգիի անմահութեան վարդապետութեան դէմ իրենց բանավէճերուն մէջ համագործակցեցան։ Կրուն շարունակեց նախանձախնդրաբար քարոզել մինչեւ իր մահը Ֆիլատելֆիոյ մէջ, 8 Օգոստոս 1862–ին։

Վերոյիշեալ վեց բանախօսութիւնները ներկայացնելէ քիչ ետք, Սթոռզը հետաքրքրուեցաւ Ուիլիըմ Միլըրի քարոզչութեամբ, որ Քրիստոսի վերադարձը կ’ակնկալէր 1843–ին։ Շուրջ երկու տարի, ան գործօն կերպով այս պատգամը քարոզեց Միացեալ Նահանգներու ամբողջ հիւսիս–արեւելեան շրջանին մէջ։ 1844–էն ետք, ան այլեւս Քրիստոսի վերադարձին համար որեւէ թուականի ետեւէն չգնաց, բայց չէր առարկեր երբ ուրիշներ կը փափաքէին ժամանակագրութիւնը հետազօտել։ Սթոռզը կը հաւատար որ Քրիստոսի վերադարձը մօտ էր եւ թէ Քրիստոնեաներուն համար կարեւոր էր արթուն մնալ եւ հոգեւորապէս զգաստ՝ քննութեան օրուան համար պատրաստ։ Բայց ան բաժնուեցաւ Միլըրի խումբէն, քանի որ անոնք հակա–սուրբ գրային վարդապետութիւններ կ’ընդունէին, ինչպէս՝ հոգիի անմահութիւնը, աշխարհին կրակով այրիլը, եւ տգիտութեամբ մեռնողներուն համար յաւիտենական կեանքի որեւէ յոյս չըլլալը։

Աստուծոյ Սէրը Ի՞նչ Բանի Պիտի Առաջնորդէր

Սթոռզը մերժեց Գալստականներուն տեսակէտը թէ Աստուած ամբարիշտները պիտի յարուցանէր, միմիայն զիրենք դարձեալ մեռցնելու նպատակով։ Ան Աստուծոյ կողմէ այսպիսի աննպատակ ու վրիժառու արարքի համար սուրբ գրային որեւէ ապացոյց չէր տեսներ։ Սթոռզը եւ իր ընկերակիցները միւս ծայրայեղութեան գացին եւ եզրակացուցին որ ամբարիշտները բնաւ պիտի չյարուցանուին։ Թէեւ անոնք դժուարութիւն ունէին բացատրելու անօրէններու յարութեան մասին սուրբ գրային կարգ մը համարներ, բայց իրենց այնպէս կը թուէր որ այս եզրակացութիւնը աւելի ներդաշնակ էր Աստուծոյ սիրոյն հետ։ Աստուծոյ նպատակը հասկնալու յաւելեալ քայլ մը ճամբուն վրայ էր։

1870–ին, Սթոռզը շա՛տ հիւանդացաւ եւ քանի մը ամիս չկրցաւ աշխատիլ։ Այս միջոցին, ան կրցաւ վերաքննութեան ենթարկել ինչ որ սորված էր իր 74 տարիներու ընթացքին։ Ան եզրակացուց որ ինք Աստուծոյ նպատակին կարեւոր մէկ մասը անտեսած էր, որու մատնանշուած էր աբրահամական ուխտին մէջ, թէ՝ ‘երկրի բոլոր ազգերը իրենք զիրենք պիտի օրհնէին, քանի որ Աբրահամ Աստուծոյ ձայնին մտիկ ըրած էր’։—Ծննդոց 22։18. Գործք 3։25

Ասիկա պատճառ եղաւ որ ան նոր միտք մը յղանայ։ Եթէ «բոլոր ազգերը» պիտի օրհնուէին, պէտք չէ՞ր որ բոլորը լսէին բարի լուրը։ Ի՞նչպէս պիտի լսէին զայն։ Միլիառաւորներ արդէն մեռած չէի՞ն։ Սուրբ Գիրքը աւելի քննելով, ան այն եզրակացութեան հասաւ որ «ամբարիշտ» մեռեալներու երկու դասակարգ կար. անոնք որոնք վճռականօրէն մերժած են Աստուծոյ սէրը, եւ անոնք որոնք տգիտութեան մէջ մեռած են։

Սթոռզը եզրակացուց որ այս վերջինները պիտի յարուցանուէին եւ անոնց առիթ պիտի տրուէր որ Քրիստոս Յիսուսի փրկանքի զոհէն օգտուէին։ Զայն ընդունողները յաւիտեան պիտի ապրէին երկրի վրայ։ Զայն մերժողները պիտի բնաջնջուէին։ Այո, Սթոռզը կը հաւատար որ Աստուած ոեւէ մէկը պիտի չյարուցանէր առանց յոյս ունենալու։ Վերջապէս, բացի Ադամէ, ոե՛ւէ մէկը Ադամի մեղքին համար պիտի չմեռնէր։ Իսկ Տէր Յիսուս Քրիստոսի վերադարձին ժամանակ ապրողներուն ի՞նչ վիճակուած էր։ Սթոռզը վերջապէս կրցաւ տեսնել թէ համերկրային քարոզչական արշաւ մը պէտք էր կատարուէր անոնց հասնելու համար։ Ան ամենադոյզն գաղափարն իսկ չունէր թէ այսպիսի բան մը ի՛նչպէս պիտի կատարուէր, բայց հաւատքով ան գրեց. «Սակայն շատ շատեր՝ եթէ չկարենան տեսնել թէ բան մը ի՛նչպէս պիտի ըլլայ՝ կը մերժեն զայն, որպէս թէ Աստուծոյ համար անկարելի ըլլար զանիկա ընել, քանի որ չեն կրնար տեսնել անոր զարգացումը»։

Ճորճ Սթոռզը մեռաւ 1879–ի Դեկտեմբերին, Պրուքլինի (Նիւ Եորք) իր տան մէջ, միայն քանի մը թաղ անդին այն վայրէն, որ հետագային օճախը եղաւ համերկրային քարոզչութեան, զոր ինք անձկագին ակնկալած էր։

Յաւելեալ Լոյսի Կարիքը Կար

Հէնրի Կրուի եւ Ճորճ Սթոռզի նման մարդիկ ճշմարտութիւնը այնքան յստակօրէն հասկցա՞ծ էին որքան մենք ներկայիս։ Ո՛չ։ Անոնք գիտակից էին իրենց պայքարին, ինչպէս Սթոռզը նշեց 1847–ին. «Լաւ է որ յիշենք որ մենք տակաւին նոր դուրս եկած ենք եկեղեցիին խաւար դարէն. իսկ զարմանալի պէտք չէ ըլլայ, երբ տեսնենք որ տակաւին կարգ մը ‘բաբելոնական զգեստներ’ հագած ենք որպէս ճշմարտութիւն»։ Օրինակ, Կրուն կը գնահատէր Յիսուսի հայթայթած փրկանքը, բայց չէր հասկցած որ անիկա «համապատասխան փրկանք» մըն էր, այսինքն, Յիսուսի կատարեալ մարդկային կեանքը, Ադամի կորսնցուցած կատարեալ մարդկային կեանքին փոխարէն տրուած էր։ (Ա. Տիմոթէոս 2։6ՆԱ) Հէնրի Կրուն նաեւ կը հաւատար որ Յիսուս պիտի վերադառնար եւ երկրի վրայ տեսանելիօրէն պիտի իշխէր, ինչ որ սխալ էր։ Սակայն, Կրուն հետաքրքրուած էր Եհովայի անուան սրբացումով. նիւթ մը որ շա՛տ քիչեր հետաքրքրած է Հ.Դ. երկրորդ դարէն ի վեր։

Ճորճ Սթոռզն ալ կարգ մը կարեւոր կէտեր ճշգրիտ կերպով չէր հասկցած։ Ան կղերներուն յառաջ քշած ստութիւնները կրցաւ տեսնել, բայց երբեմն ինքն ալ միւս ծայրայեղութեան գնաց։ Օրինակ, այնպէս կ’երեւի որ Սատանայի մասին ուղղափառ կղերներուն տեսակէտին ընդդիմանալու համար, Սթոռզը մերժեց Բանսարկուին իրական անձնաւորութիւն մը ըլլալուն գաղափարը։ Ան մերժեց Երրորդութիւնը. բայց մինչեւ իր մահուընէ քիչ մը առաջ, վստահ չէր որ սուրբ հոգին անձնաւորութիւն մը չէր։ Մինչ Ճորճ Սթոռզը կ’ակնկալէր որ Քրիստոսի վերադարձը սկիզբը անտեսանելի պիտի ըլլար, բայց կը խորհէր որ վերջապէս երեւելի կերպով պիտի յայտնուէր։ Ինչեւիցէ, այնպէս կը թուի որ այս երկու մարդիկն ալ պարկեշտ ու անկեղծ էին եւ շատ աւելի ճշմարտութեան մօտեցան քան ուրիշ շատեր։

Ցորենի ու որոմի առակին մէջ Յիսուսի նկարագրած «դաշտը» հնձուելու համար շատ պատրաստ չէր։ (Մատթէոս 13։38) Կրուն, Սթոռզը եւ ուրիշներ «դաշտ»ին մէջ աշխատեցան, զայն պատրաստելով հունձքի համար։

Չարլզ Թէյզ Ռասըլ, որ սկսաւ այս պարբերաթերթը հրատարակել 1879–ին, իր սկիզբի տարիներուն մասին գրեց. «Տէրը մեզի շատ օգնականներ տուաւ Իր խօսքը ուսումնասիրելու համար, անոնց մէջ կարկառուն էր մեր շատ սիրելի ու տարեց եղբայրը՝ Ճորճ Սթոռզը, որ թէ՛ բերանացի եւ թէ գրաւոր կերպով շատ օգնեց մեզի. բայց մենք ջանացած ենք մարդոց հետեւորդներ չըլլալ, որքան ալ լաւ եւ իմաստուն ըլլան անոնք, հապա՝ ‘սիրելի զաւակներու պէս Աստուծոյ հետեւորդներ’» ըլլալ։ Այո, Աստուածաշունչի անկեղծ աշակերտները կրնային Կրուի եւ Սթոռզի նման մարդոց ջանքերէն օգտուիլ, բայց տակաւին կենսական էր Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը քննել, որպէս ճշմարտութեան իրական աղբիւրը։—Յովհաննու 17։17

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 26]

Հէնրի Կրուն ի՛նչ բաներու կը հաւատար

Եհովայի անունը նախատուած էր եւ սրբացուելու կարիքը կար։

Երրորդութիւնը, հոգիի անմահութիւնը եւ դժոխքի կրակը խարդախ վարդապետութիւններ են։

Քրիստոնէական ժողովքը աշխարհէ անջատ պէտք է ըլլայ։

Քրիստոնեաները ազգերու պատերազմներուն պէտք չէ մասնակցին։

Քրիստոնեաները Շաբաթ կամ Կիրակի օրուան Շաբաթի օրէնքին ներքեւ չեն։

Քրիստոնեաները Ազատ Որմնադիրներու նման գաղտնի ընկերութիւններու պէտք չէ պատկանին։

Քրիստոնեաներուն մէջ կղեր եւ աշխարհական դասեր պէտք չէ ըլլան։

Կրօնական տիտղոսները հակաքրիստոսէն են։

Բոլոր ժողովքները երէցներու մարմին մը պէտք է ունենան։

Երէցները պէտք է սուրբ ըլլան իրենց ամբողջ վարմունքին մէջ։

Բոլոր Քրիստոնեաները պէտք է բարի լուրը քարոզեն։

Երկրային Դրախտին մէջ յաւիտեան ապրողներ պիտի ըլլան։

Քրիստոնէական երգեցողութիւնները Եհովան եւ Քրիստոսը պէտք է փառաբանեն։

[Նկարին աղբիւրը]

Photo։ Collection of The New-York Historical Society/69288

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 28]

Ճորճ Սթոռզը ի՛նչ բաներու կը հաւատար

Յիսուս իր կեանքը վճարեց որպէս փրկագին մարդկութեան համար։

Բարի լուրի քարոզչութիւնը տակաւին կատարուած չէ (1871–ին)։

Անոր պատճառով, վախճանը չէր կրնար մօտ ըլլալ այդ ժամանակ (1871–ին)։ Ապագայ ժամանակաշրջան մը պէտք էր ըլլար, որու ընթացքին քարոզչութիւն պիտի կատարուէր։

Պիտի ըլլային մարդիկ, որոնք երկրի վրայ յաւիտենական կեանք պիտի ժառանգէին։

Տգիտութեան մէջ բոլոր մեռածները պիտի յարուցանուին։ Քրիստոսի փրկանքի զոհը ընդունողները երկրի վրայ յաւիտենական կեանք պիտի ստանան։ Զայն մերժողները պիտի բնաջնջուին։

Հոգիի անմահութիւնը եւ դժոխքի կրակը սուտ վարդապետութիւններ են, որոնք Աստուած կ’անպատուեն։

Տէրունական Ընթրիքը տարեկան տօնակատարութիւն մըն է, որ պէտք է կատարուի Նիսան 14–ին։

[Նկարին աղբիւրը]

Photo։ SIX SERMONS, by George Storrs (1855)

[Նկարներ՝ էջ 29]

1909–ին, Չ. Թ. Ռասըլ, «Սիօնի Դիտարան»ի խմբագիրը փոխադրուեցաւ Պրուքլին, Նիւ Եորք (Ա.Մ.Ն.)