Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Անխախտ մնացէք որպէս թէ անտեսանելին կը տեսնէք

Անխախտ մնացէք որպէս թէ անտեսանելին կը տեսնէք

Անխախտ մնացէք որպէս թէ անտեսանելին կը տեսնէք

«[Մովսէս] շարունակեց անխախտ մնալ որպէս թէ Անտեսանելին կը տեսնէր»։—ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 11։27, ՆԱ

1. Իր Լերան Քարոզին մէջ Յիսուս Աստուծոյ մասին ի՞նչ ուշագրաւ խօսք մը ըսաւ։

ԵՀՈՎԱ անտեսանելի Աստուած է։ Երբ Մովսէս խնդրեց Աստուծոյ փառքը տեսնել, Եհովա պատասխանեց. «Դուն իմ երեսս չես կրնար տեսնել. վասն զի մարդ չի կրնար զիս տեսնել ու ապրիլ»։ (Ելից 33։20) Իսկ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Մէկը երբե՛ք Աստուած տեսած չէ»։ (Յովհաննու 1։18) Երբ Յիսուս Քրիստոս որպէս մարդ երկրի վրայ էր, նոյնիսկ ի՛նք Աստուած չէր կրնար տեսնել։ Սակայն, իր Լերան Քարոզին մէջ, Յիսուս ըսաւ. «Երանի՜ անոնց որ սրտով մաքուր են, վասն զի անոնք պիտի տեսնեն Աստուած»։ (Մատթէոս 5։8) Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց։

2. Ինչո՞ւ չենք կրնար Աստուած տեսնել մեր բառացի աչքերով։

2 Սուրբ Գրութիւնները Եհովան կը բնորոշեն որպէս անտեսանելի Հոգի մը։ (Յովհաննու 4։24. Կողոսացիս 1։15. Ա. Տիմոթէոս 1։17) Ուստի, Յիսուս ըսել չէր ուզեր թէ մենք՝ մարդկայիններս, կրնանք մեր ֆիզիքական աչքերով Աստուած տեսնել։ Ճիշդ է որ օծեալ Քրիստոնեաները որպէս հոգեղէն արարածներ յարուցանուելէ ետք, երկնքի մէջ պիտի տեսնեն Եհովա Աստուածը։ Սակայն, «սրտով մաքուր» եւ երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունեցող անհատներն ալ կրնան Աստուած ‘տեսնել’։ Ասիկա ի՞նչպէս կարելի է։

3. Մարդիկ ի՞նչպէս կրնան ըմբռնել Աստուծոյ կարգ մը յատկութիւնները։

3 Եհովայի ստեղծագործութիւնները ուշադրութեամբ դիտելով իր մասին որոշ բաներ կը սորվինք։ Այս կերպով կրնանք իր զօրութեամբ տպաւորուիլ եւ մղուիլ զինք ճանչնալ որպէս Արարիչ Աստուած։ (Եբրայեցիս 11։3. Յայտնութիւն 4։10) Այս առնչութեամբ, Պօղոս առաքեալ գրեց. «[Աստուծոյ] աներեւոյթ բաները [«յատկանիշները», Անթիլիաս] աշխարհի սկիզբէն ստեղծուածներովը կ’իմացուին, կը տեսնուին, այսինքն իր մշտնջենաւոր զօրութիւնը ու աստուածութիւնը»։ (Հռովմայեցիս 1։20) Ուստի, Աստուած տեսնելու առնչութեամբ Յիսուսի խօսքերը կը պարփակեն՝ Եհովայի կարգ մը յատկութիւնները ըմբռնելու կարողութիւնը։ Այս կերպով տեսնելը հիմնուած է ճշգրիտ գիտութեան վրայ եւ կ’ըմբռնուի հոգեւորապէս՝ ‘սրտի աչքերով’։ (Եփեսացիս 1։18) Յիսուսի խօսքերն ու արարքներն ալ Աստուծոյ մասին շատ բան կը յայտնեն։ Անոր համար Յիսուս ըսաւ. «Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ»։ (Յովհաննու 14։9) Յիսուս կատարելապէս ցոլացուց Եհովայի անձնաւորութիւնը։ Հետեւաբար, Յիսուսի կեանքին եւ ուսուցումներուն մասին գիտութիւնը կրնայ մեզի օգնել տեսնելու կամ՝ ըմբռնելու Աստուծոյ կարգ մը յատկութիւնները։

Հոգեւորականութիւնը Կենսական Է

4. Շատեր ի՞նչպէս ցոյց կու տան թէ հոգեւորականութենէ զուրկ են։

4 Ներկայիս, հաւատքն ու ճշմարիտ հոգեւորականութիւնը արդարեւ հազուագիւտ բաներ են։ Պօղոս ըսաւ. «Ամէնքը հաւատք չունին»։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։2) Շատեր բոլորովին զբաղած են իրենց անհատական հետապնդումներով եւ Աստուծոյ հանդէպ հաւատք չունին։ Անոնց մեղաւոր ընթացքը եւ հոգեւորականութենէ զուրկ ըլլալը իրենց արգելք կը հանդիսանայ հասկացողութեան աչքերով զինք տեսնելու, քանի որ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Ան որ չարիք կը գործէ, անիկա Աստուած տեսած չէ»։ (Գ. Յովհաննու 11) Քանի որ այսպիսի անհատներ Աստուած չեն տեսներ իրենց ֆիզիքական աչքերով, այնպէս կը վարուին որպէս թէ ան չի տեսներ իրենց ըրածները։ (Եզեկիէլ 9։9) Անոնք հոգեւոր բաները կ’արհամարհեն, ուստի չեն կրնար «Աստուծոյ գիտութիւնը» ձեռք ձգել։ (Առակաց 2։5) Հետեւաբար, տեղին ըլլալով, Պօղոս գրեց. «Շնչաւոր մարդը Աստուծոյ Հոգիին բաները չընդունիր, վասն զի անոնք իրեն յիմարութիւն են ու չի կրնար գիտնալ, վասն զի հոգեւոր կերպով կը քննուին»։—Ա. Կորնթացիս 2։14

5. Հոգեւոր մտայնութիւն ունեցող անհատները ո՞ր իրողութենէն տեղեակ են։

5 Բայց եթէ հոգեւոր մտայնութեան տէր ենք, միշտ գիտակից պիտի ըլլանք որ թէեւ Եհովա յանցանք փնտռող Աստուած մը չէ, սակայն երբ չար խորհուրդներով եւ ցանկութիւններով բան մը ընենք՝ ան գիտէ։ Արդարեւ, «մարդուն ճամբաները Տէրոջը աչքերուն առջեւն են ու անոր բոլոր քայլերուն ինք կը հսկէ»։ (Առակաց 5։21) Եթէ մեղքը մեր վրայ տիրապետէ, կը մղուինք զղջալու եւ Եհովայի ողորմութիւնը հայցելու, քանի որ կը սիրենք զինք եւ չենք ուզեր զինք նեղացնել։—Սաղմոս 78։41. 130։3

Ի՞նչ Բան Մեզ Անխախտ կը Պահէ

6. Ի՞նչ կը նշանակէ անխախտ մնալ։

6 Թէեւ Եհովա մեր աչքին անտեսանելի է, սակայն միշտ յիշենք որ մենք իր աչքին տեսանելի ենք։ Իր գոյութեան գիտակցիլը եւ այն համոզումը թէ ան մօտ է ամենուն որ զինք կը կանչեն, պիտի օգնէ որ անխախտ՝ իրեն հանդէպ մեր հաւատարմութեան մէջ հաստատ եւ անշարժ մնանք։ (Սաղմոս 145։18) Կրնանք Մովսէսի նման ըլլալ, որու մասին Պօղոս գրեց. «Հաւատքով Եգիպտոսը թողուց ու չվախցաւ թագաւորին բարկութենէն. վասն զի համբերեց [«շարունակեց անխախտ մնալ», ՆԱ]՝ որպէս թէ Անտեսանելին կը տեսնէր»։—Եբրայեցիս 11։27

7, 8. Փարաւոնի առջեւ Մովսէսի քաջութիւնը ի՞նչ բանի կը վերագրուի։

7 Իսրայելացիները եգիպտական գերութենէն դուրս առաջնորդելու իր աստուածատուր յանձնարարութիւնը կատարելու ժամանակ, Մովսէս յաճախ ներկայացաւ բռնատէր Փարաւոնին, կրօնական եւ զինուորական ջոջերով վխտացող արքունիքի մը մէջ։ Հաւանաբար, պալատին պատերը կուռքերով զարդարուած էին։ Սակայն Եհովան, անտեսանելի ըլլալով հանդերձ, Մովսէսի համար իրական էր, Եգիպտոսի անկենդան չաստուածները ներկայացնող բոլոր կուռքերուն հակառակը։ Զարմանալի չէ որ Մովսէս Փարաւոնէն չվախցաւ։

8 Ի՞նչ բան Մովսէսի քաջութիւն տուաւ որ կրկին անգամ Փարաւոնին առջեւ ներկայանար։ Սուրբ Գրութիւնները մեզի կ’ըսեն թէ «Մովսէս շատ հեզ մարդ մըն էր՝ երկրի վրայ եղած բոլոր մարդոցմէ աւելի»։ (Թուոց 12։3) Իր զօրաւոր հոգեւորականութիւնը եւ այն համոզումը թէ Աստուած իրեն հետ էր, անկասկած Մովսէսի հարկ եղած զօրութիւնը տուին Եգիպտոսի անգութ թագաւորին դիմաց «Անտեսանելին» ներկայացնելու համար։ Անտեսանելի Աստուածը ‘տեսնողները’ ներկայիս ի՞նչ կարգ մը կերպերով իրենց հաւատքը կը ցուցաբերեն իրեն հանդէպ։

9. Անխախտօրէն շարունակելու կերպերէն մէկը ի՞նչ է։

9 Հակառակ հալածանքին խիզախօրէն քարոզելը, կերպերէն մէկն է որով հաւատք կը ցուցաբերենք եւ անխախտ կը մնանք, որպէս թէ Անտեսանելին կը տեսնենք։ Յիսուս իր աշակերտները զգուշացուց. «Իմ անուանս համար ամենուն ատելի պիտի ըլլաք»։ (Ղուկաս 21։17) Ան նաեւ ըսաւ անոնց. «‘Ծառան իր տիրոջմէն մեծ չէ’։ Եթէ զիս հալածեցին, ձե՛զ ալ պիտի հալածեն»։ (Յովհաննու 15։20) Յիսուսի խօսքերուն համաձայն, իր մահէն քիչ ետք, իր հետեւորդները հալածանք կրեցին, սպառնալիքի, ձերբակալութեան եւ ծեծերու ենթարկուելով։ (Գործք 4։1-3, 18-21. 5։17, 18, 40) Թէեւ հալածանքի ալիք մը կար, սակայն, Յիսուսի առաքեալները եւ միւս աշակերտները շարունակեցին բարի լուրը խիզախօրէն քարոզել։—Գործք 4։29-31

10. Եհովայի պաշտպանող հոգատարութեան հանդէպ մեր վստահութիւնը ծառայութեան մէջ ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի։

10 Մովսէսի նման, Յիսուսի նախկին հետեւորդները իրենց բազմաթիւ տեսանելի թշնամիներէն չէին վախնար։ Յիսուսի աշակերտները Աստուծոյ հանդէպ հաւատք ունէին, եւ որպէս արդիւնք, անոնք կրցան իրենց վրայ եկած խիստ հալածանքին տոկալ։ Այո, անոնք շարունակեցին անխախտ մնալ, որպէս թէ Անտեսանելին կը տեսնէին։ Ներկայիս, Եհովայի պաշտպանող հոգատարութեան յարատեւ գիտակցութիւնը կրնայ մեզ խրախուսել, Թագաւորութեան քարոզչութեան մէջ մեզի քաջութիւն եւ անվախութիւն տալով։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ թէ «վախը մարդը [«մարդու վախը», Արեւմտահայերէն] որոգայթի մէջ կը ձգէ, բայց Տէրոջը ապաւինողը ամուր ապաստանարան կ’ունենայ»։ (Առակաց 29։25) Հետեւաբար, հալածանքէ վախնալով ետ չենք քաշուիր. ոչ ալ մեր ծառայութենէն կ’ամչնանք։ Մեր հաւատքը մեզ կը մղէ խիզախօրէն վկայելու դրացիներու, գործակիցներու, դասընկերներու եւ ուրիշներու։—Հռովմայեցիս 1։14-16

Անտեսանելին Իր Ժողովուրդը կ’Առաջնորդէ

11. Պետրոսի ու Յուդայի համաձայն, քրիստոնէական ժողովքին ընկերակցողներէն ոմանք հոգեւորականութենէ զուրկ ըլլալնին ի՞նչպէս ցուցաբերեցին։

11 Հաւատքը մեզի կ’օգնէ տեսնելու թէ Եհովան է իր երկրային կազմակերպութիւնը առաջնորդողը։ Այսպիսով կը խուսափինք ժողովքին մէջ պատասխանատուութիւն վերցնողներուն հանդէպ քննադատական կեցուածք մը ունենալէ։ Թէ՛ Պետրոս առաքեալ եւ թէ Յիսուսի խորթ եղբայրը՝ Յուդա, զգուշացուցին կարգ մը անհատներէ որոնք հոգեւորականութենէ ա՛յնքան զուրկ էին, որ Քրիստոնեաներուն մէջ առաջնորդութիւնը առնողներուն կը հայհոյէին։ (Բ. Պետրոս 2։9-12. Յուդա 8) Յանցանք փնտռող այսպիսի անհատներ Եհովայի ներկայութեան այս կերպով պիտի խօսէի՞ն, եթէ ան տեսանելի ըլլար իրենց։ Վստահաբար ոչ։ Սակայն, քանի որ Աստուած անտեսանելի է, այս մարմնաւոր տղամարդիկը մոռցան թէ համարատու էին իրեն։

12. Ժողովքին մէջ առաջնորդութիւն առնողներուն հանդէպ ի՞նչպիսի կեցուածք մը պէտք է ցուցաբերենք։

12 Ճիշդ է որ քրիստոնէական ժողովքը անկատար մարդոցմէ կազմուած է։ Որպէս երէց ծառայողներ սխալներ կը գործեն, որոնք երբեմն անձնապէս կ’ազդեն մեզի։ Այսուհանդերձ, Եհովա այսպիսի տղամարդիկ կը գործածէ որպէս իր հօտին հովիւները։ (Ա. Պետրոս 5։1, 2) Հոգեւոր մտայնութիւն ունեցող տղամարդիկ ու կիներ կը գիտակցին թէ ասիկա իր ժողովուրդը առաջնորդելու Եհովայի միջոցներէն մէկն է։ Հետեւաբար, որպէս Քրիստոնեաներ, կը խուսափին քննադատող ու գանգատող հոգիէ մը եւ Աստուծոյ աստուածպետական կարգադրութիւններուն հանդէպ յարգանք կը ցուցաբերեն։ Մեր մէջ առաջնորդութիւն առնողներուն հնազանդելով, ցոյց կու տանք թէ Անտեսանելին կը տեսնենք։—Եբրայեցիս 13։17

Աստուած Տեսնել Որպէս Մեր Մեծ Ուսուցիչը

13, 14. Եհովան որպէս Մեծ Ուսուցիչը տեսնելը ձեզի համար ի՞նչ կը նշանակէ։

13 Ուրիշ մարզ մըն ալ կայ որ հոգեւոր ըմբռնում կը պահանջէ։ Եսայի մարգարէացաւ. «Քու աչքերդ քու ուսուցիչներդ [«Մեծ Ուսուցիչդ», ՆԱ] պիտի տեսնեն»։ (Եսայեայ 30։20) Հաւատք կը պահանջուի ընդունելու համար թէ իր երկրային կազմակերպութեան միջոցաւ մեզի սորվեցնողը՝ Եհովան է։ (Մատթէոս 24։45-47) Աստուած որպէս մեր Մեծ Ուսուցիչը տեսնելը, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան լաւ սովորութիւն մը պահպանելէն եւ քրիստոնէական ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուելէն աւելին կը նշանակէ։ Անիկա կը նշանակէ Աստուծոյ հոգեւոր հայթայթումներէն լաւագոյնս օգտուիլ։ Օրինակ, պէտք է սովորականէն աւելի ուշադրութիւն ընծայենք Յիսուսի միջոցաւ Եհովայի հայթայթած առաջնորդութեան, որպէսզի հոգեւորապէս չտկարանանք։—Եբրայեցիս 2։1

14 Երբեմն, հոգեւոր սնունդէն լիովին օգուտ քաղելու համար մասնայատուկ ջանք կը պահանջուի։ Օրինակ, թերեւս հակումը ունենանք հարեւանցիօրէն կարդալու Աստուածաշունչի այն հատուածները, որոնց հասկացողութիւնը դժուար կը գտնենք։ Երբ Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերը կը կարդանք, թերեւս կարգ մը յօդուածներ նոյնիսկ զանց կ’ընենք, քանի որ նիւթը մեզ շատ չի հետաքրքրեր։ Կամ թերեւս թոյլ տանք որ քրիստոնէական ժողովներու ընթացքին մեր միտքը թափառի։ Սակայն, կրնանք արթուն մնալ, եթէ նկատի առնուած կէտերուն մասին ուշադրութեամբ տրամաբանենք։ Մեր ստացած հոգեւոր դաստիարակութեան հանդէպ մեր խոր գնահատութիւնը ցոյց կու տայ թէ Եհովան կ’ընդունինք որպէս մեր Մեծ Ուսուցիչը։

Հաշիւ Պէտք Է Տանք

15. Ոմանք ի՞նչպէս վարուած են, կարծես թէ Եհովա զիրենք չէր տեսներ։

15 Քանի որ այս «վերջին ժամանակ»ին մէջ ամբարշտութիւնը շատ համատարած է, Անտեսանելիին հանդէպ հաւատք ունենալը շատ կենսական է։ (Դանիէլ 12։4) Անպարկեշտութիւնը եւ սեռային անբարոյականութիւնը համատարած են։ Անշուշտ, խոհեմութիւն է յիշել թէ Եհովա մեր արարքները կը դիտէ, նոյնիսկ երբ մարդիկ չեն կրնար մեզ տեսնել։ Ոմանք այս իրողութեան գիտակցութիւնը կորսնցուցած են։ Երբ ուրիշներ զիրենք չեն տեսներ, անոնք թերեւս սուրբ գրային չեղող վերաբերմունք մը կ’ունենան։ Օրինակ, ոմանք Ինթըրնէթով, հեռատեսիլով ինչպէս նաեւ արդի արուեստագիտութեան այլ միջոցներով, վնասակար զբօսանք եւ պոռնկագրութիւն դիտելու փորձութեան դէմ չեն դրած։ Քանի որ այսպիսի բաներու միջամուխ ըլլալը առանձնութեան մէջ տեղի կ’ունենայ, ոմանք այնպիսի կերպով վարուած են որպէս թէ Եհովա չէր տեսներ իրենց վարմունքը։

16. Ի՞նչ բան պէտք է օգնէ որ Եհովայի վեհ չափանիշներուն համակերպինք։

16 Լաւ կ’ըլլայ ի մտի ունենալ Պօղոս առաքեալի խօսքերը. «Մեզմէ ամէն մէկը Աստուծոյ հաշիւ պիտի տայ իր անձին համար»։ (Հռովմայեցիս 14։12) Պէտք է գիտակցինք թէ ամէն անգամ որ մեղք կը գործենք, Եհովայի դէմ մեղք գործած կ’ըլլանք։ Ասիկա գիտնալը պէտք է օգնէ մեզի որ իր վեհ չափանիշներուն համակերպինք եւ անմաքուր ընթացքէ խուսափինք։ Աստուածաշունչը մեզի կը յիշեցնէ. «Չկայ արարած մը որ անոր դէմ չերեւնայ, հապա ամէն բան բաց ու յայտնի է անոր աչքերուն առջեւ, որուն պիտի տրուի մեր հաշիւը»։ (Եբրայեցիս 4։13) Ճիշդ է որ Աստուծոյ հաշիւ պիտի տանք, սակայն, Եհովայի կամքը կատարելու եւ իր արդար չափանիշներուն համաձայն ապրելու մեր գլխաւոր դրդապատճառը, վստահաբար իր հանդէպ մեր ունեցած սէրն է։ Ուստի, թող որ զբօսանքի մեր ընտրութեան եւ հակառակ սեռի հետ մեր վարուելակերպին նման հարցերու մէջ խոհեմութիւն ի գործ դնենք։

17. Եհովա ի՞նչպիսի հետաքրքրութեամբ կը դիտէ մեզ։

17 Եհովա մեծապէս հետաքրքրուած է մեզմով, սակայն ասիկա չի նշանակեր թէ ան կը սպասէ որ սխալներ գործենք որպէսզի մեզ պատժէ։ Ընդհակառակը, ան սիրալիր հետաքրքրութեամբ կը դիտէ մեզ, հօր մը նման՝ որ կ’ուզէ իր հնազանդ զաւակները վարձատրել։ Որքա՜ն մխիթարական է գիտնալ թէ մեր սիրալիր Հայրը մեր հաւատքին կը հաճի եւ «վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»։ (Եբրայեցիս 11։6) Թող որ Եհովայի հանդէպ բացարձակ հաւատք ի գործ դնենք եւ ‘կատարեալ սրտով իրեն ծառայութիւն ընենք’։—Ա. Մնացորդաց 28։9

18. Քանի որ Եհովա մեզ կը դիտէ եւ մեր հաւատարմութիւնը նկատի կ’առնէ, Սուրբ Գրութիւնները ի՞նչ երաշխիք կու տան մեզի։

18 Առակաց 15։3–ը կ’ըսէ. «Տէրոջը աչքերը ամէն տեղ չարերն ու բարիները կը դիտեն»։ Այո, Աստուած չարերը կը դիտէ եւ անոնց հետ կը վարուի իրենց վարմունքին համաձայն։ Սակայն, եթէ «բարիներ»ուն մէջ ենք, կրնանք վստահ ըլլալ թէ Եհովա հաւատարմութեան մեր արարքները նկատի կ’առնէ։ Որքա՜ն հաւատք կերտող բան մըն է գիտնալ թէ՝ ‘մեր աշխատութիւնը պարապ չէ Տէրոջմով’ եւ թէ Անտեսանելին ‘մեր գործը պիտի չմոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցինք’։—Ա. Կորնթացիս 15։58. Եբրայեցիս 6։10

Եհովայէ Խնդրել որ Մեզ Քննէ

19. Եհովայի հանդէպ զօրաւոր հաւատքէն առթող կարգ մը օգուտները ի՞նչ են։

19 Որպէս Եհովայի հաւատարիմ ծառաներ, մենք իր աչքին թանկագին ենք։ (Մատթէոս 10։29-31) Թէեւ անտեսանելի է, սակայն ան կրնայ մեզի համար իրական ըլլալ, իսկ մենք կրնանք իր հետ մեր թանկագին յարաբերութեան վրայ գուրգուրալ։ Մեր երկնաւոր Հօր հանդէպ այսպիսի կեցուածք մը ունենալը, բազմաթիւ օրհնութիւններ կը բերէ մեզի։ Մեր զօրաւոր հաւատքը մեզի կ’օգնէ մաքուր սիրտ մը եւ Եհովայի առջեւ մաքուր խղճմտանք մը ունենալու։ Կեղծաւորութենէ զերծ հաւատք մը նաեւ մեզ ետ կը պահէ կրկնակի կեանք մը վարելէ։ (Ա. Տիմոթէոս 1։5, 18, 19) Աստուծոյ հանդէպ մեր անսասան հաւատքը լաւ օրինակ մը կը հանդիսանայ եւ մեր շուրջիններուն վրայ դրական ազդեցութիւն մը կրնայ ունենալ։ (Ա. Տիմոթէոս 4։12) Ասկէ զատ, այսպիսի հաւատք մը բարեպաշտութիւն կը քաջալերէ, Եհովայի սիրտը ուրախացնելով։—Առակաց 27։11

20, 21. (ա) Ինչո՞ւ փափաքելի է որ Եհովայի հսկող աչքերը մեր վրայ ըլլան։ (բ) Սաղմոս 139։23, 24–ը ի՞նչպէս կրնանք մեր վրայ կիրարկել։

20 Եթէ իրապէս իմաստուն ենք, ուրախ պիտի ըլլանք որ Եհովա մեր վրայ կը հսկէ։ Ոչ միայն կ’ուզենք որ ան մեզ տեսնէ, այլեւ կը փափաքինք որ ան մեր խորհուրդներն ու արարքները լիովին քննէ։ Լաւ կ’ընենք եթէ աղօթքով Եհովայէ խնդրենք որ մեզ լիովին քննէ եւ տեսնէ թէ արդեօք որեւէ անպատշաճ հակում ունի՞նք։ Վստահաբար ան մեզի կրնայ օգնել, որ մեր խնդիրներուն հետ գլուխ ելլենք եւ հարկ եղած բարեճշդումները ընենք։ Տեղին ըլլալով, սաղմոսերգու Դաւիթ երգեց. «Փորձէ՛ զիս, ո՛վ Աստուած ու գիտցի՛ր իմ սիրտս. զիս քննէ՛ ու գիտցի՛ր իմ մտածումներս եւ նայէ՛ թէ արդեօք չար ճամբու մէ՞ջ եմ եւ զիս դէպի յաւիտենական ճամբան առաջնորդէ»։—Սաղմոս 139։23, 24

21 Դաւիթ պաղատեցաւ որ Եհովա զինք լաւ մը քննէր եւ տեսնէր թէ իր մէջ որեւէ ‘չար ճամբայ’ կա՞ր։ Սաղմոսերգուին նման չե՞նք փափաքիր որ Աստուած մեր սրտերը քննէ եւ տեսնէ թէ արդեօք անպատշաճ շարժառիթներ ունինք թէ ոչ։ Ուստի, թող որ հաւատքով Եհովայէ խնդրենք որ մեզ քննէ։ Սակայն, եթէ որոշ սխալի մը համար խռոված ենք, կամ եթէ մեր մէջ վնասաբեր բան մը կայ, ի՞նչ կրնանք ընել։ Այն ատեն, թող որ շարունակենք սրտանց աղօթել մեր սիրալիր Աստուծոյն՝ Եհովայի, եւ խոնարհութեամբ ենթարկուինք իր սուրբ հոգիին առաջնորդութեան եւ իր Խօսքին խրատներուն։ Կրնանք վստահ ըլլալ թէ ան մեզի պիտի աջակցի եւ մեզի պիտի օգնէ որ յաւիտենական կեանքի առաջնորդող ընթացք մը հետապնդենք։—Սաղմոս 40։11-13

22. Անտեսանելիին նկատմամբ մեր վճռակամութիւնը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։

22 Այո, եթէ Եհովայի պահանջներուն գոհացում տանք, ան մեզ պիտի օրհնէ յաւիտենական կեանքով։ Անշուշտ, պէտք է իր զօրութիւնը եւ հեղինակութիւնը ճանչնանք, Պօղոս առաքեալի նման, որ գրեց. «Յաւիտենական թագաւորին, որ անեղծ ու աներեւոյթ է, մի միայն Աստուծոյն փառք ու պատիւ յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն»։ (Ա. Տիմոթէոս 1։17) Թող որ միշտ Եհովայի հանդէպ այսպիսի անկեղծ ակնածանք ցուցաբերենք։ Իսկ ի՛նչ որ ալ պատահի, թող որ վճռենք շարունակել անխախտ մնալ, որպէս թէ Անտեսանելին կը տեսնենք։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք

• Ի՞նչպէս կարելի է որ մարդիկ Աստուած տեսնեն։

• Եթէ Եհովան մեզի համար իրական ըլլայ, ի՞նչպէս պիտի վարուինք երբ հալածուինք։

• Ի՞նչ կը նշանակէ Եհովան տեսնել որպէս մեր Մեծ Ուսուցիչը

• Ինչո՞ւ պէտք է փափաքինք որ Եհովան մեզ քննէ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 18]

Մովսէս, Փարաւոնէն չվախնալով, այնպէս վարուեցաւ որպէս թէ կրնար Եհովան՝ անտեսանելի Աստուածը՝ տեսնել

[Նկար՝ էջ 21]

Թող որ երբեք չվարուինք այնպէս՝ որպէս թէ Եհովան չի կրնար տեսնել մեր ըրածը

[Նկար՝ էջ 23]

Սրտանց Աստուծոյ գիտութեան կ’անսանք, քանի որ զինք կը տեսնենք որպէս մեր Մեծ Ուսուցիչը