Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հասմոնեանները եւ իրենց կտակը

Հասմոնեանները եւ իրենց կտակը

Հասմոնեանները եւ իրենց կտակը

ԵՐԲ Յիսուս երկրի վրայ էր, Հրէականութիւնը հատուածներու բաժնուած էր, բոլորն ալ կը մրցէին ժողովուրդին վրայ ազդեցութիւն բանեցնելու համար։ Այս է Աւետարաններուն, ինչպէս նաեւ առաջին դարու Հրեայ պատմաբան՝ Յովսեպոսի գրութիւններուն մէջ ներկայացուած պատկերը։

Այս ժամանակաշրջանին, Փարիսեցիներն ու Սադուկեցիները երեւան կու գան որպէս ազդեցիկ հեղինակութիւններ, Յիսուսը որպէս Մեսիա մերժելու աստիճան հանրութեան կարծիքը շեղելու կարողութեամբ։ (Մատթէոս 15։1, 2. 16։1. Յովհաննու 11։47, 48. 12։42, 43) Սակայն, այս երկու հեղինակաւոր խումբերը երբե՛ք չեն յիշուիր Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ։

Յովսեպոս Սադուկեցիներն ու Փարիսեցիները առաջին անգամ կը յիշէ Հ.Դ.Ա. երկրորդ դարու ընդհանուր պատկերի մը մէջ։ Այդ միջոցին, Հրեաներէն շատեր անձնատուր կ’ըլլային Հելլենականութեան, այսինքն՝ յունական մշակոյթին ու փիլիսոփայութեան։ Հելլենականութեան եւ Հրէականութեան միջեւ լարուածութիւնը իր բարձրակէտին հասաւ, երբ Սելեւկեան կառավարիչներ Երուսաղէմի տաճարը սրբապղծեցին, զայն Զեւսի նուիրագործելով։ Հրեայ հզօր առաջնորդ մը՝ Հասմոնեան ընտանիքէն Յուդա Մակաբէ, ապստամբ բանակ մը առաջնորդելով, տաճարը ազատագրեց Յոյներու ձեռքէն։ *

Մակաբայեցւոց ապստամբութեան եւ յաղթութեան անմիջապէս յաջորդող տարիները յատկորոշուած էին աղանդներ կազմելու հակումով մը, հիմնուելով հակադիր գաղափարախօսութիւններու վրայ, իւրաքանչիւրը միւսին հետ մրցելով Հրեայ համայնքին մեծամասնութեան համակրանքը շահելու համար։ Սակայն այս թեքումը ինչո՞ւ զարգացաւ։ Հրէականութիւնը ինչո՞ւ ա՛յսքան բաժան–բաժան եղաւ։ Պատասխանելու համար, նկատի առնենք Հասմոնեաններու պատմութիւնը։

Հետզհետէ Աւելցող Ինքնավարութիւնը եւ Անմիաբանութիւնը

Եհովայի տաճարին մէջ պաշտամունքը վերահաստատելու իր կրօնական նպատակակէտը իրագործելէ ետք, Յուդա Մակաբէն քաղաքական գործիչ մը դարձաւ։ Հետեւաբար, Հրեաներէն շատեր դադրեցան իրեն հետեւելէ։ Այսուհանդերձ, ան շարունակեց Սելեւկեան կառավարիչներուն դէմ իր կռիւը, Հռովմի հետ դաշինք կնքեց եւ ջանաց Հրէական անկախ Պետութիւն մը հիմնել։ Յուդան պատերազմի մէջ մեռնելէ ետք, իր եղբայրները՝ Յովնաթան եւ Շմաւոն, պայքարը շարունակեցին։ Սկիզբը Սելեւկեան կառավարիչները ուժգնօրէն հակառակեցան Մակաբայեցիներուն։ Սակայն, ատեն մը ետք, այս կառավարիչները քաղաքական զիջումներ ըրին, Հասմոնեան եղբայրներուն որոշ չափով ինքնավարութիւն թոյլատրելով։

Քահանայական ընտանիքէ սերած ըլլալով հանդերձ, ո՛չ մէկ Հասմոնացի քահանայապետութեան պաշտօնը վարած էր։ Հրեաներէն շատեր կը խորհէին թէ այս պաշտօնը պէտք էր լեցնէին Սողոմոնի կողմէ քահանայապետ նշանակուած Սադովկի շառաւիղէն եղող քահանաները։ (Գ. Թագաւորաց 2։35. Եզեկիէլ 43։19) Յովնաթան պատերազմ եւ դիւանագիտութիւն գործածեց, Սելեւկեանները համոզելու համար որ զինք քահանայապետ նշանակեն։ Սակայն Յովնաթանի մահէն ետք, իր եղբայրը՝ Շմաւոն ասկէ աւելին իրագործեց։ Հ.Դ.Ա. 140–ի Սեպտեմբերին, Երուսաղէմի մէջ կարեւոր հրամանագիր մը ելաւ. անիկա պղինձէ սահիկներու վրայ Յունարէն գիրերով փորագրուած էր. «Դեմետրիոս արքան [Սելեւկեան Յոյն կառավարիչը] եւս հաստատել է նրա [Շմաւոնի] քահանայապետութիւնը։ Այս ամենի համար նա իր բոլոր բարեկամների հետ մեծ պատուի է արժանացրել նրան, . . . Հրեաներն իրենք ու քահանաները բարեհաճել ու յանձն են առել նրան ընտրել յաւիտենապէս քահանայապետ իշխան, մինչեւ որ գար հաւատարիմ մի մարգարէ»։—Ա. Մակաբայեցւոց 14։38-41 (Պարականոնին մէջ գտնուող պատմական գիրք մը, ըստ Էջմիածին թարգմանութեան։)

Շմաւոնի եւ իր որդիներուն տրուած կառավարիչի ինչպէս նաեւ քահանայապետի դիրքը, ո՛չ միայն Սելեւկեան օտար հեղինակութիւններուն, այլ նաեւ իր ժողովուրդին «Մեծամասնութեան» համաձայնութեամբ եղաւ։ Ասիկա կարեւոր դարձակէտ մը նշեց։ Ինչպէս պատմաբան Էմիլ Շիւրըր ըսաւ, անգամ մը որ Հասմոնեանները քաղաքական հարստութիւն մը հիմնեցին, «այլեւս անոնց գլխաւոր մտահոգութիւնը Թորայի [Հրէական Օրէնք] գործադրութիւնը չէր, այլ՝ իրենց քաղաքական հեղինակութեան պահպանումը եւ ծաւալումը»։ Սակայն, Հրեաներու զգացումները չվիրաւորելու համար, Շմաւոն «թագաւոր»ի փոխարէն՝ «ազգապետ» տիտղոսը գործածեց։

Հասմոնեաններու կրօնական ե՛ւ քաղաքական ղեկը խլելը հաճելի չէր բոլորին։ Շատ մը ուսումնականներու համաձայն, այս ժամանակաշրջանին էր որ Գումրանի համայնքը կազմուեցաւ։ Սադովկի շառաւիղէն քահանայ մը՝ որու կը կարծուի ակնարկուած ըլլալ Գումրանի գրութիւններուն մէջ, որպէս «Վարդապետ Արդարութեան»՝ Երուսաղէմը ձգելով ընդդիմադիր խումբ մը առաջնորդեց Մեռեալ Ծովուն մօտերը գտնուող Հրէաստանի Անապատը։ Մեռեալ Ծովու Մագաղաթներէն մէկը՝ Ամբակումայ գրքին մասին մեկնաբանութիւն մը՝ կը դատապարտէ «այն Ամբարիշտ Քահանան, որ սկիզբը ճշմարտութեան անունով կոչուած էր, սակայն երբ Իսրայէլի վրայ իշխեց, իր սիրտը հպարտացաւ»։ Ուսումնականներէն շատեր կը հաւատան որ իշխող «Ամբարիշտ Քահանայ»ի մասին այս աղանդին կողմէ տրուած նկարագրութիւնը, կը յարմարի Յովնաթանի կամ՝ Շմաւոնի։

Շմաւոն իր իշխանութեան ներքեւ եղող թաղամասը ընդարձակելու համար, շարունակեց ռազմական արշաւներ կատարել։ Սակայն, անոր իշխանութիւնը իսկոյն վերջ գտաւ, երբ իր փեսան՝ Պտղոմէոս, զինք ու իր երկու որդիները սպաննեց, մինչ անոնք Երիքովի մօտերը տօնախմբութիւն կ’ընէին։ Ղեկավարութիւնը յափշտակելու այս փորձը ձախողեցաւ։ Յովհաննէս Հիւրկանոս՝ Շմաւոնի ողջ մնացած որդին, զինք սպաննելու փորձին մասին իմացաւ։ Ան զինք սպաննել մտադրողները բռնեց, եւ իր հօրը տեղ ինք ստանձնեց առաջնորդութիւնը եւ քահանայապետութիւնը։

Յաւելեալ Ընդարձակում եւ Կեղեքում

Սկիզբը, Յովհաննէս լուրջ սպառնալիքներ դիմագրաւեց սուրիական զօրքերէն, սակայն, Հ.Դ.Ա. 129–ին, Սելեւկեան հարստութիւնը ջախջախիչ պարտութիւն մը կրեց Պարթեւներէն։ Սելեւկեաններուն վրայ այս պատերազմին ունեցած ազդեցութեան մասին խօսելով, Հրեայ ուսումնական Մէնահեմ Շթեռն գրեց. «Թագաւորութեան ընդհանուր կառոյցը գրեթէ փուլ եկաւ»։ Այսպէս «Հիւրկանոս կարող եղաւ լիովին վերահաստատել Հրէաստանի քաղաքական անկախութիւնը եւ սկսաւ ամէն ուղղութեամբ ծաւալիլ»։ Իրապէ՛ս ալ ծաւալեցաւ։

Սուրիական սպառնալիքներէն ազատ ըլլալով, Հիւրկանոս սկսաւ Հրէաստանէն դուրս գտնուող հողամասեր ներխուժել, եւ զանոնք իրեն ենթակայ դարձնել։ Անոնց բնակիչները պարտադիր Յուդայականութիւնը պէտք էր ընդունէին, ապա թէ ոչ՝ իրենց քաղաքները քարուքանդ պիտի ըլլային։ Այսպիսի արշաւ մը կատարուեցաւ Եդովմայեցիներուն դէմ։ Ասոր նկատմամբ Շթեռն նշեց. «Եդովմայեցիներու դարձի գալը իր տեսակին մէջ առաջինն էր. անիկա ազգովին էր եւ ո՛չ թէ՝ քանի մը անհատներ»։ Նուաճուած շրջաններուն մէջ կար Սամարիան, ուր Հիւրկանոս Գարիզին Լերան վրայ գտնուող Սամարացիներու տաճարը քանդեց։ Հասմոնեաններու հարստութեան կողմէ այս բռնի կրօնափոխութեան քաղաքականութեան անհեթեթ ըլլալը ցոյց տալով, պատմաբան Սողոմոն Կրէյզըլ գրեց. «Ահաւասիկ Մատաթիայի [Յուդա Մակաբէի հայրը] թոռներէն մէկը, որ կ’ոտնակոխէր այն սկզբունքը՝ կրօնական ազատութիւնը՝ զոր նախկին սերունդը ա՛յնքան վեհօրէն պաշտպանած էր»։

Փարիսեցիները եւ Սադուկեցիները ի Յայտ կու Գան

Հիւրկանոսի իշխանութեան մասին գրած ժամանակ է որ Յովսեպոս առաջին անգամ ըլլալով կ’ակնարկէ Փարիսեցիներու եւ Սադուկեցիներու հետզհետէ աւելցող ազդեցութեան։ (Յովսեպոս յիշած էր Յովնաթանի իշխանութեան ընթացքին ապրող Փարիսեցիները)։ Անոնց ծագման մասին բան մը չի յայտներ։ Կարգ մը ուսումնականներ զանոնք կը նկատեն խումբ մը, որ յառաջ եկած է Հասիտիմներէն՝ բարեպաշտ աղանդ մը, որ Յուդա Մակաբէի կրօնական նպատակակէտերուն թիկունք կանգնեցաւ, ապա զինք լքեց, երբ անոր փառասիրութիւնները քաղաքական դարձան։

Փարիսեցիներ անունը ընդհանրապէս առնչուած է Եբրայերէն արմատ բառի մը հետ, որ կը նշանակէ «անջատուածներ», թէեւ ոմանք զայն կ’առնչեն «մեկնաբանողներ» բառին հետ։ Փարիսեցիները ուսումնականներ էին՝ հասարակ ժողովուրդէն ու ո՛չ թէ ազնուական դասէն։ Անոնք իրենք զիրենք ծիսական անմաքրութենէ անջատած էին մասնայատուկ բարեպաշտական փիլիսոփայութեամբ մը, քահանայական սրբութեան մասին տաճարի օրէնքները, առօրեայ կեանքի սովորական պարագաներուն կիրարկելով։ Փարիսեցիները Սուրբ Գրութիւնները մեկնաբանելու նոր կերպ եւ գաղափար մը մշակեցին, որ հետագային ճանչցուեցաւ որպէս բերանացի օրէնք։ Շմաւոնի իշխանութեան ընթացքին, անոնք աւելի մեծ ազդեցութիւն ձեռք ձգեցին, երբ անոնցմէ ոմանք Կէրուսիայի (երէցներու խորհուրդ) մէջ նշանակուեցան, որ հետագային ճանչցուեցաւ որպէս Սենետրիոն։

Յովսեպոս կը պատմէ թէ Յովհաննէս Հիւրկանոսը սկիզբը Փարիսեցիներու աշակերտ, եւ անոնց զօրավիգ կանգնող մըն էր։ Սակայն, տեղ մը եկաւ որ Փարիսեցիները զինք յանդիմանեցին, քահանայապետութեան պաշտօնէն չհրաժարելուն համար։ Ասիկա ուղղակի խզում յառաջ բերաւ։ Հիւրկանոս Փարիսեցիներու կրօնական արարողութիւնները արգիլեց։ Յաւելեալ հարուած մը տալու համար, ան Փարիսեցիներու կրօնական հակառակորդներուն՝ Սադուկեցիներուն կողմը դիրք բռնեց։

Սադուկեցիներ անունը հաւանաբար առնչուած է Սադովկ Քահանայապետին հետ, որու սերունդները քահանայական պաշտօն կը կատարէին Սողոմոնի ժամանակէն ի վեր։ Սակայն, բոլոր Սադուկեցիներն ալ այս շառաւիղէն չէին։ Յովսեպոսի համաձայն, Սադուկեցիները ազգին ազնուական եւ հարուստ մարդիկն էին, եւ ժողովուրդին աջակցութիւնը չէին վայելեր։ Ուսուցչապետ Շիֆմէն կ’ըսէ. «Անոնցմէ շատեր . . . ըստ երեւոյթին, քահանաներ էին եւ կամ քահանայապետական ընտանիքներու հետ խնամիական կապեր հաստատած էին»։ Այսպիսով, անոնք երկար ատենէ ի վեր սերտօրէն կապուած էին հեղինակաւոր անհատներու հետ։ Հետեւաբար, հանրային կեանքի մէջ Փարիսեցիներուն հետզհետէ աւելցող դերը եւ ամբողջ ժողովուրդին քահանայանման սրբութիւն շնորհելու փարիսեցիական հասկացողութիւնը սպառնալիք մը նկատուեցաւ, որ կրնար Սադուկեցիներու իսկական հեղինակութիւնը տկարացնել։ Արդ, Հիւրկանոսի իշխանութեան վերջին տարիներուն, Սադուկեցիները դարձեալ ղեկը ձեռք առին։

Յաւելեալ Քաղաքականութիւն, Նուազ Բարեպաշտութիւն

Հիւրկանոսի անդրանիկ որդին՝ Արիստոպուլոսը, միայն մէկ տարի իշխեց, ապա մեռաւ։ Ան շարունակեց բռնի կրօնափոխութեան քաղաքականութիւնը Իտուրացիներուն հետ, եւ վերին Գալիլիան Հասմոնական իշխանութեան ներքեւ բերաւ։ Սակայն իր եղբօր՝ Ալեքսանդր Յաննէսի իշխանութեան ներքեւ էր որ (իշխած է Հ.Դ.Ա. 103-76) Հասմոնեան հարստութիւնը իր զօրութեան զենիթին հասաւ։

Ալեքսանդր Յաննէս նախկին քաղաքականութիւնը մերժեց եւ ազատօրէն ինքզինք թէ՛ քահանայապետ եւ թէ թագաւոր հռչակեց։ Հասմոնեաններուն եւ Փարիսեցիներուն միջեւ պայքարը սաստկացաւ, մինչեւ քաղաքացիական պատերազմի առաջնորդելով, որու ընթացքին 50,000 Հրեաներ սպաննուեցան։ Ապստամբութիւնը նուաճելէ ետք, Յաննէս հեթանոս թագաւորները յիշեցնող արարք մը գործեց. ապստամբողներէն 800 հոգի ցցահանելով։ Մահուան վերջին րոպէներուն, անոնց կիներն ու զաւակները իրենց աչքերուն առջեւ մորթուեցան, մինչ Յաննէս իր հարճերուն հետ ամենուն առջեւ խրախճանք կ’ընէր։ *

Հակառակ Փարիսեցիներուն դէմ իր ունեցած թշնամութեան, Յաննէս իսկական քաղաքագէտ մըն էր։ Ան տեսաւ որ Փարիսեցիներուն ժողովրդականութիւնը կ’աւելնար։ Իր մահուան անկողինին մէջ, իր կնոջ՝ Սալոմէ Աղեքսանդրայի՝ պատուիրեց որ իշխանութեան մէջ անոնց բաժին տայ։ Յաննէս իր որդիներուն փոխարէն իր կինը ընտրած էր որպէս իր գահաժառանգը։ Ան կարող կառավարիչ մը եղաւ, ազգին տալով Հասմոնեան իշխանութեան (Հ.Դ.Ա. 76-67) ներքեւ ամենէն խաղաղ ժամանակաշրջաններէն մէկը։ Փարիսեցիները հեղինակաւոր դիրքերու մէջ վերահաստատուեցան, եւ իրենց կրօնական արարողութիւններուն դէմ դրուած օրէնքները ջնջուեցան։

Սալոմէի մահէն ետք, իր որդիները՝ Հիւրկանոս Բ., որ ծառայած էր որպէս քահանայապետ, եւ Արիստոպուլոս Բ., իշխանութիւնը իրարու ձեռքէ խլելու պայքար մը սկսան։ Երկուքն ալ իրենց նախահայրերուն ունեցած քաղաքական ու զինուորական ներատեսութիւնը չունէին, եւ այնպէս կը թուի թէ երկուքն ալ Սելեւկեան թագաւորութեան ամբողջական անկումէն ետք, շրջանին մէջ հետզհետէ աւելցող հռովմէական ներկայութեան լման նշանակութիւնը չըմբռնեցին։ Հ.Դ.Ա. 63–ին, երկու եղբայրներն ալ դիմեցին Հռովմէացի կառավարիչ՝ Պոմպէոսի, որ այն ատեն Դամասկոս կը գտնուէր, եւ իրենց պայքարին մէջ իր միջնորդութիւնը խնդրեցին։ Նոյն տարին, Պոմպէոս իր զօրքերով Երուսաղէմի վրայ արշաւեց եւ զայն գրաւեց։ Ասով վերջ գտաւ Հասմոնեան թագաւորութիւնը։ Հ.Դ.Ա. 37–ին, Երուսաղէմ գրաւուեցաւ Եդովմայեցի Թագաւոր՝ Մեծն Հերովդէսի կողմէ, զոր Հռովմէական Ծերակոյտը ճանչցած էր որպէս «Հրէաստանի Թագաւոր», «Հռովմէացի ժողովուրդին դաշնակիցը եւ բարեկամը»։ Հասմոնեան թագաւորութիւնը ալ գոյութենէ դադրած էր։

Հասմոնական Կտակը

Հասմոնեաններուն ժամանակաշրջանը, Յուդա Մակաբէէն մինչեւ Արիստոպուլոս Բ., հիմը դրաւ Յիսուսի երկրի վրայ եղած ատեն գոյութիւն ունեցող կրօնական բաժնուած կացութեան։ Հասմոնեանները Աստուծոյ պաշտամունքին հանդէպ նախանձախնդրութեամբ սկսան, սակայն, անիկա չար շահախնդրութեան վերածուեցաւ։ Անոնց քահանաները, որոնք պատեհութիւնը ունէին ժողովուրդը միացնելու որպէսզի Աստուծոյ Օրէնքին հետեւին, ազգը առաջնորդեցին դէպի քաղաքական եղբայրասպան կռիւներու անդունդը։ Այս միջավայրին մէջ, կրօնական պառակտիչ տեսակէտներ ուռճացան։ Հասմոնեանները գոյութենէ դադրած էին, սակայն, Հերովդէսի եւ Հռովմի իշխանութեան ներքեւ գտնուող ազգը այժմ պիտի յատկորոշուէր կրօնական հեղինակութիւն ձեռք ձգելու համար Սադուկեցիներու, Փարիսեցիներու եւ այլ խմբակցութիւններու միջեւ մղուած պայքարով։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 4 Տես՝ «Որո՞նք էին Մակաբայեցիները» յօդուածը, Դիտարան 15 Նոյեմբեր 1998, Անգլերէն։

^ պարբ. 22 Մեռեալ Ծովու Մագաղաթներէն՝ «Նաւումայի Մասին Մեկնաբանութիւնը»՝ կը յիշէ «Վրէժխնդրութեան Առիւծը» որ «մարդիկը ողջ կը կախէր», որ թերեւս կ’ակնարկէ վերոյիշեալ դէպքին։

[Ցուցակ՝ էջ 30]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

Հասմոնեան Հարստութիւնը

Յուդա Մակաբէ

Յովնաթան Մակաբայեցի

Շմաւոն Մակաբայեցի

Յովհաննէս Հիւրկանոս

↓ ↓

Արիստոպուլոս

Սալոմէ Աղեքսանդրա— ամուսնացաւ— Աղեքսանդր Յաննէս–ի հետ

↓ ↓

Հիւրկանոս Բ.

Արիստոպուլոս Բ.

[Նկար՝ էջ 27]

Յուդա Մակաբէ հրէական անկախութեան ձգտեցաւ

[Նկարին աղբիւրը]

The Doré Bible Illustrations/Dover Publications, Inc.

[Նկար՝ էջ 29]

Հասմոնեանները պայքարեցան ոչ–հրէական քաղաքներու վրայ իրենց տիրապետութիւնը ընդարձակելու համար

[Նկարին աղբիւրը]

The Doré Bible Illustrations/Dover Publications, Inc.