Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Պատանիներուն օգնել՝ այժմէական դաստիարակութիւն մատակարարելով

Պատանիներուն օգնել՝ այժմէական դաստիարակութիւն մատակարարելով

Կատարեալ եւ հաստատօրէն համոզուած կեցէք

Պատանիներուն օգնել՝ այժմէական դաստիարակութիւն մատակարարելով

ԵՊԱՓՐԱՍԸ առաջին դարու Քրիստոնեայ մըն էր, որ Հռովմ ճամբորդած էր։ Սակայն, առանց պատճառի չէր որ ան շարունակ կը մտածէր Փոքր Ասիոյ Կողոսա քաղաքին մասին։ Ան այդ քաղաքին մէջ բարի լուրը քարոզած եւ անկասկած կարգ մը Կողոսացիներուն օգնած էր, Յիսուսի աշակերտները դառնալու։ (Կողոսացիս 1։7) Եպափրաս խորապէս հետաքրքրուած էր Կողոսայի մէջ գտնուող իր հաւատակիցներով, քանի որ Պօղոս առաքեալ Հռովմէն անոնց գրեց. «Բարեւ կ’ընէ ձեզի Եպափրաս, . . . ամէն ատեն աղօթքի մէջ ձեզի համար ջանալով, որպէս զի դուք կատարեալ ու լման [«հաստատօրէն համոզուած», ՆԱ] կենաք Աստուծոյ բոլոր կամքին մէջ»։—Կողոսացիս 4։12

Նմանապէս, ներկայիս Քրիստոնեայ հայրեր ու մայրեր ջերմեռանդօրէն կ’աղօթեն իրենց զաւակներուն հոգեւոր բարօրութեան համար։ Այս ծնողները կը ջանան Աստուծոյ հանդէպ սէր քանդակել իրենց զաւակներուն սրտերուն մէջ, որպէսզի անոնք հաւատքի մէջ հաստատ ըլլան։

Քրիստոնեայ պատանիներէն շատեր դպրոցին մէջ եւ այլուր իրենց դիմագրաւած խնդիրներուն հետ գլուխ ելլելու համար օգնութիւն խնդրած են։ 15 տարեկան պատանուհի մը ըսաւ. «Մեր խնդիրները հետզհետէ կը վատթարանան։ Կեանքը շատ ահաւոր դարձած է։ Օգնութեան կարիքը ունինք»։ Այս դեռատիներուն խնդրանքները եւ աստուածավախ ծնողներու աղօթքները պատասխանուա՞ծ են։ Այո՛։ «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցաւ սուրբ գրային ցուցմունքներ հայթայթուած են։ (Մատթէոս 24։45) Հոս կը տեսնէք այն գրականութիւններէն ոմանք, որոնք հարիւր հազարաւոր պատանիներու օգնած են, որ ‘կատարեալ եւ հաստատօրէն համոզուած կենան’։ Նկատի առնենք այս գրականութիւններէն քանի մը հատը։

«Ահաւասիկ . . . 15,000 Նոր Վկաներ»

Օգոստոս 1941–ին, 115,000 հանդիսականներ հաւաքուեցան Սէնթ Լուիսի մէջ, Միսուրի, Ա.Մ.Ն., մինչեւ այն ժամանակ գումարուած Եհովայի Վկաներու մեծագոյն համաժողովին համար։ Համաժողովին վերջին օրը՝ «Երախաներուն Օրը»՝ բեմին մօտ նստող շուրջ 15,000 երախաները ուշի ուշով մտիկ ըրին, մինչ Ճոզէֆ Ֆ. Ռատըրֆորտ խօսեցաւ «Թագաւորին Երախաները» խորագրով նիւթին շուրջ։ Իր դասախօսութեան վերջաւորութեան, 71 տարեկան Ռատըրֆորտ հայրական եղանակով մը ըսաւ.

«Դուք բոլորդ . . . ո՛վ երախաներ, որ որոշած էք . . . Աստուծոյ եւ իր Թագաւորին հնազանդիլ, հաճեցէք ոտքի ելլել»։ Երախաները մէկ անձի պէս ոտքի ելան։ «Ահա՛ւասիկ», բացագանչեց Եղբայր Ռատըրֆորտ, «աւելի քան 15,000 նոր վկաներ Թագաւորութեան համար»։ Բուռն ծափահարութիւն մը յաջորդեց։ Դասախօսը աւելցուց. «Դուք բոլորդ, որ ձեր կարելին պիտի ընէք Աստուծոյ թագաւորութեան մասին ուրիշներուն խօսելու . . . , հաճեցէք Այո՛ ըսել»։ Երախաները բարձրաձայն «Այո՛» մը թնդացուցին։ Ապա ան ցոյց տուաւ Երախաներ խորագրով նոր գիրքը, որ երկարատեւ ծափահարութեամբ մը ընդունուեցաւ։

Այս շատ ազդեցիկ դասախօսութենէն ետք, երախաներու երկար շարք մը դէպի բեմ ուղղուեցաւ, ուր Եղբայր Ռատըրֆորտ անոնց նոր գրքէն օրինակ մը նուիրեց։ Այս տեսարանը ներկաներուն աչքերը արցունքով լեցուց։ Հոն գտնուող ականատեսներէն մէկը ըսաւ. «Միա՛յն քարէ սիրտ մը պիտի չազդուէր այս տեսարանէն. պատանիներ՝ որոնք լման վստահութիւն եւ հաւատք [ցոյց կու տային] իրենց Աստուծոյն՝ Եհովայի հանդէպ»։

Այդ յիշատակելի համաժողովին, 1,300 պատանիներ մկրտուեցան, Եհովայի կատարած իրենց նուիրումը խորհրդանշելու համար։ Անոնցմէ շատեր մինչեւ այսօր հաւատքի մէջ հաստատ մնացած են։ Անոնք թիկունք կը կանգնին իրենց ժողովքներուն, Պէթէլի կամաւորներ են, եւ կամ օտար երկիրներու մէջ կը ծառայեն որպէս միսիոնարներ։ Արդարեւ, «Երախաներուն Օրը» եւ Երախաներ գիրքը բազմաթիւ պատանիներու սրտին վրայ մնայուն տպաւորութիւն մը ձգեցին։

«Կարծես Անոնք Ճի՛շդ Ատենին կը Հասնին»

1970–ական թուականներուն, Եհովայի Վկաները երեք նոր գիրքեր հրատարակեցին, որոնք հարիւր հազարաւոր պատանիներու սրտին հասան։ Ասոնք էին՝ Մեծ Ուսուցիչին Մտիկ Ընել, Ձեր Պատանեկութենէն Լաւագոյնս Օգտուեցէք, եւ Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ գիրքը։ 1982–ին, «Պատանիները կը Հարցնեն . . .» յօդուածաշարքը սկսաւ լոյս տեսնել Զարթի՛ր պարբերաթերթին մէջ։ Այս յօդուածները թէ՛ պատանիներու եւ թէ չափահասներու սրտին դպած են։ «Ամէն գիշեր Աստուծոյ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ անոնց հրատարակման համար», ըսաւ 14 տարեկան պատանի մը։ «Այս յօդուածները շա՛տ կը սիրեմ», նշեց 13 տարեկան պատանուհի մը, «կարծես անոնք ճի՛շդ ատենին կը հասնին»։ Ծնողներ եւ նշանակուած Քրիստոնեայ երէցներ կը համաձայնին թէ այս յօդուածները այժմէական եւ օգտակար եղած են։

Մինչեւ 1989, «Պատանիները կը Հարցնեն» յօդուածաշարքէն շուրջ 200 մասեր լոյս տեսած էին Զարթի՛ր–ին մէջ։ Այդ տարին, «Աստուածպաշտութիւն» Նահանգային Համաժողովին, Պատանիները կը Հարցնեն—Գործնական Պատասխաններ գիրքը լոյս տեսաւ։ Անիկա պատանիներուն օգնա՞ծ է հաւատքին մէջ հաստատ մնալու։ Երեք պատանիներ գրեցին. «Այս գիրքը մեծապէս օգնած է մեզի որ մեր խնդիրները հասկնանք եւ գիտնանք անոնց հետ ի՛նչպէս գլուխ ելլել։ Շնորհակալ ենք որ մեր բարօրութեամբ հետաքրքրուած էք»։ Աշխարհի բոլոր ծագերէն պատանի ընթերցողներ այս խօսքերը կ’երկրորդեն։

«Անիկա Մեր Ծարաւը Յագեցուց»

1999–ին, Եհովայի Վկաները պատանիներուն համար այժմէական ցուցմունքներու ուրիշ տարբերակ մը արտադրեցին՝ Պատանիները կը Հարցնեն. Ի՞նչպէս Իսկական Ընկերներ Կրնամ Ունենալ պատկերիզը։ Անիկա խանդավառ ընդառաջում մը յառաջացուց։ «Այս պատկերիզը ուղղակի սրտիս դպաւ», ըսաւ 14 տարեկան պատանուհի մը։ «Անիկա մեր հոգեւոր սննդականոնին կանոնաւոր մէկ մասը պիտի ըլլայ», ըսաւ առանձին ծնող մը։ «Սրտապնդիչ է գիտնալ թէ մեր լաւագոյն Բարեկամը՝ Եհովան, իր համաշխարհային կազմակերպութեան մէջ գտնուող պատանիները ի՛րապէս կը սիրէ եւ անոնց հոգ կը տանի», ըսաւ ուրիշ մանկամարդուհի մը։

Պատկերիզը ի՞նչ իրագործած է։ Պատանիները կ’ըսեն. «Անիկա ինծի օգնեց որ ընկերակցութիւններուս ուշադրութիւն ընեմ, ժողովքին մէջ շրջանակս մեծցնեմ, եւ Եհովան բարեկամս դարձնեմ»։ «Անիկա ինծի օգնած է որ ընկերներուս առջեւ համարձակ ըլլամ»։ «Անիկա Եհովայի լաւագոյն կերպով ծառայելու վճռակամութիւնս զօրացուցած է»։ Իսկ ամոլ մը գրեց. «Մեր բոլոր սրտէն շնորհակալութիւն կը յայտնենք, որ մեզի այս ‘սնունդը’ հայթայթեցիք։ Անիկա մեր ծարաւը յագեցուց»։

Իր աստուածատուր յանձնարարութեան հաւատարիմ ըլլալով, «հաւատարիմ ու իմաստուն [օծեալ] ծառան» այժմէական հոգեւոր սնունդ հայթայթած է, բոլոր զայն ընդունողներուն։ Իսկ ի՜նչ ուրախութիւն է տեսնել թէ այս սուրբ գրային դաստիարակութիւնը ի՛նչպէս կ’օգնէ մերօրեայ պատանիներուն որ ‘կատարեալ ու լման [«հաստատօրէն համոզուած», ՆԱ] կենան Աստուծոյ բոլոր կամքին մէջ’։