Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ճշմարիտ պաշտամունքը մարդիկը կը միացնէ

Ճշմարիտ պաշտամունքը մարդիկը կը միացնէ

Ճշմարիտ պաշտամունքը մարդիկը կը միացնէ

ԹԷԵՒ կրօնքը ընդհանրապէս հակամէտ է մարդկութիւնը բաժնելու, սակայն միակ ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքը մարդիկը միացնելու զօրութիւնը ունի։ Երբ Իսրայէլ Աստուծոյ ընտրեալ ազգն էր, բազմաթիւ անկեղծ հեթանոսներ ճշմարիտ պաշտամունքով հրապուրուեցան։ Օրինակ, Հռութ իր ազգին՝ Մովաբի՝ չաստուածները լքեց եւ Նոեմիի ըսաւ. «Քու ժողովուրդդ իմ ժողովուրդս պիտի ըլլայ ու քու Աստուածդ իմ Աստուածս պիտի ըլլայ»։ (Հռութայ 1։16) Հ.Դ. առաջին դարուն, մեծ թիւով հեթանոսներ ճշմարիտ Աստուծոյ երկրպագուներ եղան։ (Գործք 13։48. 17։4) Հետագային երբ Յիսուսի առաքեալները սկսան բարի լուրը հեռաւոր շրջաններ տանիլ, ուրիշ անկեղծ անհատներ ալ ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքին միացան։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Դուք կուռքերէն Աստուծոյ դարձաք՝ կենդանի ու ճշմարիտ Աստուծոյ ծառայելու»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 1։9) Ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքը ներկայիս ալ այսպիսի միացնող զօրութիւն մը ունի՞։

Սկեպտիկներ կը պնդեն թէ սխալ է «ճշմարիտ երկրպագուներու» կամ «ճշմարիտ Աստուծոյն» մասին խօսիլ։ Անոնք այդպէս կը խորհին, քանի որ տեղեակ չեն թէ կա՛յ աղբիւր մը, ուրկէ ճշմարտութիւնը կարելի է գիտնալ։ Սակայն, բազմաթիւ ենթահողերէ եկած ճշմարտութիւնը փնտռող անհատներ, անդրադարձած են թէ պաշտամունքը անձնական նախընտրութեան հարց չէ։ Մեր պաշտամունքին միա՛կ արժանի եղողը, ամէն բանի Արարիչը՝ Եհովա Աստուած է։ (Յայտնութիւն 4։10բ) Ան է ճշմարիտ Աստուածը, եւ իրաւասութիւնը ունի որոշելու թէ ի՛նչ կերպով կ’ուզէ պաշտուիլ։

Մեզի օգնելու համար որ իր պահանջները հասկնանք, Եհովա մեր հետ հաղորդակցութեան մէջ եկած է իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ միջոցաւ։ Ներկայիս, ամբողջ Աստուածաշունչը կամ անկէ մասեր մատչելի են երկրի վրայ ապրող գրեթէ ամէն անհատի։ Ասկէ զատ, Աստուծոյ Որդին ըսաւ. «Եթէ դուք իմ խօսքիս մէջ կենաք, . . . ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք»։ (Յովհաննու 8։31, 32) Հետեւաբար, կարելի է ճշմարտութիւնը գիտնալ։ Արդարեւ, կրօնական տարբեր ենթահողերէ եղող պարկեշտ սիրտ ունեցող միլիոնաւոր անհատներ քաջաբար կ’ողջունեն այս ճշմարտութիւնը եւ ճշմարիտ պաշտամունքին կը միանան։—Մատթէոս 28։19, 20. Յայտնութիւն 7։9, 10

Միջազգային Միութիւն՝ Մեր Ժամանակին

Աստուածաշունչի Սոփոնեայ գրքին մէջ, յատկանշական մարգարէութիւն մը կը խօսի այլազան ենթահողերէ եղող մարդոց իրարու քով գալուն մասին։ Անիկա կ’ըսէ. «Այն ժամանակ [ես՝ Եհովա Աստուած] ժողովուրդներուն շրթունքները մաքուր շրթունքներու [«լեզուի մը», ՆԱ] պիտի դարձնեմ, որպէս զի ամէնքը Տէրոջը անունը կանչեն ու մէկ սրտով [«ուս ուսի», ՆԱ] անոր ծառայութիւն ընեն»։ (Սոփոնեայ 3։9) Ասիկա ի՜նչ գեղեցիկ պատկեր մը կը գծէ փոխուած անհատներու մասին, որոնք միաբանութեամբ Աստուծոյ կը ծառայեն։

Ասիկա ե՞րբ տեղի պիտի ունենար։ Սոփոնեայ 3։8–ն կ’ըսէ. «Ինծի սպասեցէ՛ք, կ’ըսէ Տէրը, մինչեւ այն օրը, որ որսի համար ոտքի ելլեմ։ Քանզի վճռած եմ ազգերը հաւաքել, թագաւորութիւնները գումարել, որպէս զի անոնց վրայ իմ սրտմտութիւնս, իմ բոլոր սաստիկ բարկութիւնս թափեմ. քանզի բոլոր երկիրը իմ նախանձիս կրակովը պիտի սպառի»։ Այո, ա՛յն ժամանակամիջոցին երբ Եհովա ազգերը կը հաւաքէ, սակայն անոնց վրայ իր բարկութիւնը թափելէ առաջ, ան երկրի հեզերուն լեզուն մաքուր լեզուի մը կը փոխէ։ Հիմա՛ է այդ ժամանակը, քանի որ Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմին՝ Արմագեդոնին՝ համար բոլոր ազգերուն հաւաքումը, արդէն իսկ գործընթացի մէջ է։—Յայտնութիւն 16։14, 16

Իր ժողովուրդը միացնելու համար, Եհովա անոնց մաքուր լեզու մը կու տայ։ Այս նոր լեզուն կը պարփակէ Աստուծոյ եւ իր նպատակներուն մասին Աստուածաշունչի ճշմարտութեան շիտակ հասկացողութիւնը։ Մաքուր լեզուն խօսիլը կը ներփակէ ճշմարտութեան հաւատալ, զայն ուրիշներուն սորվեցնել, եւ Աստուծոյ օրէնքներուն ու սկզբունքներուն համաձայն ապրիլ։ Անիկա կը պահանջէ պառակտիչ քաղաքականութենէ մէկդի կենալ եւ անձնասէր կեցուածքները սրտէն պոկել, ինչպէս՝ ցեղապաշտութիւնն ու պառակտիչ ազգայնականութիւնը, որոնք այս աշխարհի յատկանիշներն են։ (Յովհաննու 17։14. Գործք 10։34, 35) Ճշմարտութիւնը սիրող պարկեշտ սրտով բոլոր անհատները կրնան այս լեզուն սորվիլ։ Նկատի առէք թէ նախորդ յօդուածին մէջ յիշուած հինգ անհատները, որոնք ատեն մը իրարմէ տարբեր կրօնական գաղափարներ ունէին, ներկայիս ի՛նչպէս միացած են միակ ու ճշմարիտ Աստուծոյ՝ Եհովայի պաշտամունքին մէջ։

Անոնք Ճշմարիտ Պաշտամունքին Մէջ Միացած Են

Ֆիտելիան, որ բարեպաշտ Կաթողիկէ մըն էր, երբ դպրոցի համար իր աղջկան Աստուածաշունչ մը գնեց, իր վարդապետէն խնդրեց որ անկէ իրեն ցոյց տայ թէ իր հինգ զաւակներուն ի՛նչ պատահած էր։ «Մեծ եղաւ յուսախաբութիւնս», կ’ըսէ ան։ Ուստի, երբ Եհովայի Վկաները իր դուռը զարկին, ան նոյնանման հարցում մը հարցուց անոնց։ Երբ իր Աստուածաշունչէն մեռելներուն վիճակին մասին ճշմարտութիւնը կարդաց, անդրադարձաւ թէ եկեղեցին որքա՛ն խաբած էր զինք։ Ան սորվեցաւ թէ մեռելները բան մը չեն գիտեր, եւ հետեւաբար՝ Լիմպոյին կամ այլ վայրի մը մէջ չեն չարչարուիր։ (Սաղմոս 146։4. Ժողովողի 9։5) Ֆիտելիան իր կրօնական բոլոր կուռքերէն ձերբազատուեցաւ, եկեղեցիէն հրաժարեցաւ եւ սկսաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ (Ա. Յովհաննու 5։21) Վերջին տասը տարիներուն, ան մեծ հաճոյքով սուրբ գրային ճշմարտութիւնները ուրիշներուն կը սորվեցնէ։

Գաթմանտու բնակող Թարան, փոխադրուեցաւ երկիր մը ուր միայն քանի մը պրահմանական տաճարներ կային։ Հետեւաբար, ան Մեթոտական եկեղեցի մը այցելեց, յուսալով իր հոգեւոր կարիքները գոհացնել։ Սակայն, մարդկային տառապանքին մասին իր հարցումին պատասխան մը չգտաւ։ Ապա Եհովայի Վկաները իրեն այցելեցին եւ առաջարկեցին իր հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Թարան կ’ըսէ. «Սկսայ գիտակցիլ որ սիրոյ Աստուած մը չի կրնար աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող ամբողջ տառապանքին պատասխանատուն ըլլալ . . . Խաղաղ եւ համերաշխ նոր աշխարհի մը հեռանկարը զիս ուրախացուց»։ (Յայտնութիւն 21։3, 4) Թարան իր պրահմանական կուռքերէն ձերբազատուեցաւ, իր ծննդավայրին յատուկ եղող կրօնական սովորութիւններուն հետեւելէ դադրեցաւ, եւ որպէս Եհովայի Վկայ ուրիշներու հոգեւոր կարիքները գոհացնելու մէջ բաժին բերելով, իսկական ուրախութիւն գտաւ։

Բանիան՝ Պուտտայականը, բախտագուշակ մըն էր երբ Եհովայի Վկաները առաջին անգամ իրեն այցելեցին Պանքոկի մէջ, ուստի Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները հրապուրեցին զինք։ Բանիան պատմեց. «Երբ հասկցայ թէ ներկայ վիճակները, Ստեղծիչին սկզբնական նպատակէն ինչո՛ւ տարբեր էին եւ թէ ան ի՛նչպէս զինք ու իր գերիշխանութիւնը մերժողներուն հասցուցած վնասը ամոքելու կարգադրութիւն ըրած էր, կարծես թէ աչքերուս վրայէն քօղ մը վերցուեցաւ։ Աստուածաշունչին պատգամին մէջ որքան ներդաշնակութիւն կար։ Սկսայ Եհովան սիրել. ասիկա զիս մղեց որ գործադրեմ ինչ որ գիտէի թէ շիտակ էր։ Անհամբեր էի ուրիշներուն օգնելու, որ մարդկային ու աստուածային իմաստութեան տարբերութիւնը տեսնեն։ Իսկական իմաստութիւնը ի՛րապէս փոխած է կեանքս»։

Ժամանակ մը ետք, Վըրճըլ սկսաւ լուրջ կասկածներ ունենալ իր կրօնական հաւատալիքներուն հանդէպ։ Փոխանակ Աստուծոյ աղօթելու որ կերպով մը օգնէ սեւամորթներուն եւ իր կարծիքով՝ այդ ցեղապաշտ կազմակերպութեան, որ ըստ երեւոյթին ճերմակամորթներու դէմ ատելութիւն կը հրահրէր, ան աղօթեց ճշմարտութեան համար, անիկա ի՛նչ որ ալ եւ ո՛ւր որ ալ ըլլար։ Վըրճըլ կը մտաբերէ. «Ջերմեռանդօրէն Աստուծոյ աղօթելէ ետք, երբ յաջորդ օրը արթնցայ, տան մէջ Դիտարան պարբերաթերթ մը գտայ։ . . . Մէկը դրան տակէն ներս սահեցուցած ըլլալու էր զայն»։ Շատ չանցած, ան սկսաւ Եհովայի Վկաներուն հետ ժրաջանօրէն Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Ան կը շարունակէ. «Կեանքիս մէջ առաջին անգամ ըլլալով գոհունակութիւն մը զգացի։ . . . Մէջս յոյսի շող մը սկսաւ ծագիլ»։ Շատ չանցած Վըրճըլ միացաւ այն անհատներուն, որոնք մարդոց կը մատուցանեն Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մէջ գտնուող միակ ճշմարիտ յոյսը։

Լատին Ամերիկայի մէջ բնակող Չարոն՝ մեծապէս ազդուեցաւ, երբ Կլատիս անունով Վկայ մը՝ նկատելով որ ան իր փոքր երախաներուն հետ դժուարութեան մատնուած էր, սկսաւ անոր օգնել, զինք շուկայ տանելով։ Ժամանակի ընթացքին, Չարոն Կլատիսին առաջարկը՝ տան սուրբ գրային ձրի ուսումնասիրութիւն մը՝ ընդունեց։ Երբ Չարոն իր իսկ Աստուածաշունչէն սորվեցաւ թէ բոլոր բարի մարդիկը երկինք չեն երթար, եւ թէ Եհովա պիտի օրհնէ մարդիկը երկրի վրայ յաւիտենական կեանք տալով անոնց, ան ապշեցաւ։ (Սաղմոս 37։11, 29) Վերջին 15 տարիներուն, Չարոն այս յոյսը ուրիշներուն հետ կը բաժնէ։

Երեւակայեցէք որ ամբողջ երկրագունդը բնակուած ըլլայ Եհովայի՝ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ՝ պաշտամունքին մէջ միացած անկեղծ մարդոցմով։ Ասիկա պատրանք մը չէ։ Ասիկա Եհովայի խոստումն է։ Իր Սոփոնիա մարգարէին միջոցաւ, Աստուած ըսաւ. «Քու մէջդ խոնարհ ու աղքատ ժողովուրդ մը իբր մնացորդ պիտի թողում, որոնք Տէրոջը անուանը պիտի յուսան։ . . . [Անոնք] անօրէնութիւն պիտի չընեն ու սուտ պիտի չխօսին, անոնց բերնին մէջ նենգաւոր լեզու պիտի չգտնուի. . . . ու վախցնող պիտի չըլլայ»։ (Սոփոնեայ 3։12, 13) Եթէ այս խոստումը ձեզի գրաւիչ կը թուի, Աստուածաշունչի հետեւեալ յորդորին հնազանդեցէք. «Տէրը փնտռեցէ՛ք, ո՛վ երկրի բոլոր խոնարհներ։ Դուք որ անոր օրէնքը կը գործադրէք, արդարութի՛ւն փնտռեցէք, խոնարհութի՛ւն փնտռեցէք, թերեւս Տէրոջը բարկութեան օրը ծածկուիք»։—Սոփոնեայ 2։3