Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի օրհնութիւնները ձեր վրայ պիտի հասնի՞ն

Եհովայի օրհնութիւնները ձեր վրայ պիտի հասնի՞ն

Եհովայի օրհնութիւնները ձեր վրայ պիտի հասնի՞ն

«Եթէ քու Տէր Աստուծոյդ խօսքին հնազանդիս [«շարունակես մտիկ ընել», ՆԱ], այս բոլոր օրհնութիւնները քու վրադ պիտի հասնին»։—Բ. ՕՐԻՆԱՑ 28։2

1. Ի՞նչ բան պիտի որոշէր թէ Իսրայելացիները օրհնութիւննե՞ր պիտի ստանային թէ՝ անէծքներ։

ԱՆԱՊԱՏԻՆ մէջ 40 տարուան ճամբորդութեան գրեթէ աւարտին, Իսրայելացիները բանակած էին Մովաբի դաշտերուն մէջ։ Խոստացեալ Երկիրը իրենց դիմաց էր։ Այն ատեն Մովսէս օրհնութիւններ ու անէծքներ պարունակող Երկրորդ Օրինաց գիրքը գրեց։ Եթէ Իսրայէլի ժողովուրդը ‘շարունակէր Եհովայի խօսքը մտիկ ընել’՝ հնազանդելով անոր, անոնց վրայ օրհնութիւններ պիտի հասնէին։ Եհովա սիրեց զանոնք որպէս իր «սեփական»ը, եւ ուզեց անոնց ի նպաստ իր զօրութիւնը ցոյց տալ։ Սակայն, եթէ չշարունակէին իրեն մտիկ ընել, վստահաբար անոնց վրայ անէծքներ պիտի հասնէին։—Բ. Օրինաց 8։10-14. 26։18. 28։2, 15

2. Բ. Օրինաց 28։2–ի մէջ ‘շարունակէ մտիկ ընել’ եւ ‘վրայ հասնիլ’ Եբրայերէն բայերուն իմաստը ի՞նչ է։

2 Բ. Օրինաց 28։2–ի մէջ, ‘շարունակէ մտիկ ընել’ թարգմանուած Եբրայերէն բայը, յարատեւ գործողութիւն ցոյց կու տայ։ Եհովայի ժողովուրդը միայն ժամանակ առ ժամանակ չէր որ իրեն մտիկ պէտք էր ընէին. անոնք պէտք էր շարունակէին իրեն մտիկ ընել իրենց ամբողջ կեանքի տեւողութեան։ Միայն այն ատեն էր որ աստուածային օրհնութիւնները իրենց վրայ պիտի հասնէին։ ‘Հասնիլ’ թարգմանուած Եբրայերէն բայը, որսորդութեան հետ առնչուող արտայայտութիւն մըն է, որ շատ յաճախ կը նշանակէ «ետեւէն հասնիլ ու բռնել», կամ՝ «ետեւէն հասնիլ»։

3. Ի՞նչպէս կրնանք Յեսուի նման ըլլալ, եւ ասիկա ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։

3 Իսրայելացի առաջնորդ՝ Յեսուն՝ ընտրեց Եհովայի մտիկ ընել եւ հետեւաբար օրհնութիւններ վայելեց։ Յեսուն ըսաւ. «Ձեզի ընտրեցէք այսօր թէ ո՞վ պիտի պաշտէք . . . բայց ես ու իմ տունս Եհովան պիտի պաշտենք»։ Այն ատեն ժողովուրդը պատասխանեց. «Քա՜ւ լիցի, որ մենք Եհովան թողունք եւ ուրիշ աստուածներ պաշտենք»։ (Յեսուայ 24։15, 16) Իր օրինակելի կեցուածքին համար, Յեսու իր սերունդին պատկանող ստուար թիւին մէջ գտնուեցաւ, որոնք Խոստացեալ Երկիրը մտնելու առանձնաշնորհումը ունեցան։ Ներկայիս, մենք կը գտնուինք շատ աւելի գերակայ Խոստացեալ Երկրի մը սեմին՝ դրախտ երկիր մը, որու մէջ Աստուծոյ հաճութիւնը ունեցողներուն Յեսուի օրուան օրհնութիւններէն շատ աւելի ճոխ օրհնութիւններ կը սպասեն։ Այս օրհնութիւնները ձեր վրայ ալ պիտի հասնի՞ն։ Կարելի է, եթէ շարունակէք Եհովայի մտիկ ընել։ Ասիկա ընելու ձեր վճռակամութիւնը զօրացնելու համար, նկատի առէք վաղեմի Իսրայէլի ազգային պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ կարգ մը անհատներու շինիչ օրինակները։—Հռովմայեցիս 15։4

Օրհնութի՞ւն թէ՝ Անէծք

4. Առ ի պատասխան Սողոմոնի աղօթքին, Աստուած իրեն ի՞նչ շնորհեց, եւ այսպիսի օրհնութիւններ ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։

4 Սողոմոն Թագաւորի իշխանութեան գրեթէ ամբողջ ժամանակաշրջանին, Իսրայելացիները արտակարգ օրհնութիւններ ստացան Եհովայէ։ Անոնք ապահովութիւն եւ առատ ճոխ բարիքներ վայելեցին։ (Գ. Թագաւորաց 4։25) Սողոմոն իր հարստութեամբ համբաւաւոր եղաւ, թէեւ ան Աստուծմէ նիւթական հարստութիւն չէր խնդրած։ Ընդհակառակը, երբ երիտասարդ ու անփորձ էր, ան հնազանդ սիրտ մը խնդրած էր. խնդրանք մը զոր Եհովա շնորհեց իրեն, իմաստութեամբ եւ հասկացողութեամբ օժտելով զինք։ Ասիկա օգնեց Սողոմոնի որ ժողովուրդը պատշաճ կերպով դատէ, շիտակը եւ սխալը զանազանելով։ Թէեւ Աստուած հարստութիւն ու փառք ալ տուաւ իրեն, սակայն, որպէս երիտասարդ մը, Սողոմոն մեծապէս գնահատեց հոգեւոր հարստութեան գերազանց արժէքը։ (Գ. Թագաւորաց 3։9-13) Նիւթական գետնի վրայ շատ ունենանք թէ՝ քիչ, որքա՜ն շնորհապարտ կրնանք ըլլալ, եթէ Եհովայի օրհնութիւնը կը վայելենք եւ հոգեւորապէս հարուստ ենք։

5. Ի՞նչ պատահեցաւ՝ երբ Իսրայէլի եւ Յուդայի ժողովուրդը չշարունակեցին Եհովայի մտիկ ընել։

5 Իսրայելացիները Եհովայի օրհնութիւններուն հանդէպ գնահատութիւն ցոյց չտուին։ Քանի որ անոնք չշարունակեցին իրեն մտիկ ընել, նախագուշակուած անէծքները իրենց վրայ հասան։ Որպէս հետեւանք, իրենց թշնամիներուն կողմէ նուաճուեցան, եւ Իսրայէլի ու Յուդայի թագաւորութիւններուն բնակիչները աքսորուեցան։ (Բ. Օրինաց 28։36. Դ. Թագաւորաց 17։22, 23. Բ. Մնացորդաց 36։17-20) Արդեօք Աստուծոյ ժողովուրդը այսպիսի տառապանքներէն սորվեցա՞ւ որ աստուածային օրհնութիւնները կը հասնին միայն անոնց՝ որոնք կը շարունակեն մտիկ ընել Եհովայի։ Հ.Դ.Ա. 537–ին, իր ծննդավայրը վերադարձող Հրեայ մնացորդը, պատեհութիւնը ունեցաւ ցոյց տալու թէ «սրտի իմաստութիւն» ձեռք ձգած էր, եւ այժմ Աստուծոյ շարունակ մտիկ ընելու կարիքը կը տեսնէր։—Սաղմոս 90։12

6. (ա) Եհովա ինչո՞ւ ղրկեց Անգէն ու Զաքարիան իր ժողովուրդին մարգարէանալու համար։ (բ) Անգէի միջոցաւ Աստուծոյ պատգամը ո՞ր սկզբունքը բացատրեց։

6 Վերահաստատուած Հրեաները զոհասեղան մը շինեցին եւ սկսան Երուսաղէմի տաճարը վերաշինել։ Սակայն, երբ զօրաւոր հակառակութիւն ծագեցաւ, անոնց նախանձախնդրութիւնը պաղեցաւ եւ շինարարութիւնը դադրեցաւ։ (Եզրասայ 3։1-3, 10. 4։1-4, 23, 24) Անոնք նաեւ սկսան անձնական հանգստութեան նախապատուութիւն տալ։ Ուստի, Աստուած Անգէ եւ Զաքարիա մարգարէները ղրկեց, ճշմարիտ պաշտամունքի հանդէպ իր ժողովուրդին նախանձախնդրութիւնը վերարծարծելու համար։ Անգէի միջոցաւ Եհովա ըսաւ. «Արդեօք ժամանա՞կն է, որ դուք ձեղունազարդ տուներու մէջ բնակիք, իսկ այս [պաշտամունքի] տունը աւերակ մնայ։ . . . Ձեր ճամբաներուն մասին մտածեցէ՛ք։ Շատ ցանեցիք, բայց քիչ բերիք։ Կերաք, բայց չկշտացաք։ . . . Ու վարձքով բանողը ծակ քսակի համար կը վաստկի»։ (Անգեայ 1։4-6) Նիւթական շահեր հետապնդելու համար հոգեւոր շահեր զոհելը, Եհովայի օրհնութեան չ’արժանացներ։—Ղուկաս 12։15-21

7. Եհովա ինչո՞ւ Հրեաներուն ըսաւ՝ «Ձեր ճամբաներուն մասին մտածեցէ՛ք»։

7 Առօրեայ մտահոգութիւններով սպառած ըլլալով, Հրեաները մոռցած էին թէ անձրեւն ու բարեբեր եղանակները՝ աստուածային օրհնութիւնները, իրենց վրայ պիտի հասնէին միայն եթէ Աստուծոյ հնազանդ մնային, նոյնիսկ հակառակութեան դիմաց։ (Անգեայ 1։9-11) Ուստի, որքա՜ն տեղին էր հետեւեալ յորդորը. «Ձեր ճամբաներուն մասին մտածեցէ՛ք»։ (Անգեայ 1։7) Խորքին մէջ Եհովան իրենց կ’ըսէր. ‘Պահ մը խորհեցէ՛ք։ Տեսէ՛ք դաշտերուն մէջ ձեր կատարած ունայն աշխատանքին եւ իմ պաշտամունքի տանս աւերակ վիճակին միջեւ եղած կապը’։ Եհովայի մարգարէներուն ներշնչեալ խօսքերը վերջապէս ընդունակ սրտեր գտան, քանի որ ժողովուրդը տաճարի շինարարութեան վերսկսաւ եւ զայն ամբողջացուց Հ.Դ.Ա. 515–ին։

8. Մաղաքիայի օրերուն Եհովա ի՞նչ յորդոր տուաւ Հրեաներուն, եւ ինչո՞ւ։

8 Հետագային, Մաղաքիա մարգարէի օրերուն, Հրեաները դարձեալ սկսան հոգեւորապէս տատանիլ, Աստուծոյ նոյնիսկ անընդունելի զոհեր մատուցանելով։ (Մաղաքեայ 1։6-8) Հետեւաբար, Եհովա զիրենք յորդորեց որ իրենց բերքին տասանորդը իր գանձատունը բերեն եւ զինք փորձեն, տեսնելու համար թէ արդեօք ինք երկնքի պատուհանները պիտի չբանա՞ր եւ անոնց օրհնութիւն թափէր, այնքան շատ որ բաւական տեղ չըլլար։ (Մաղաքեայ 3։10) Հրեաներուն կողմէ որքա՛ն անմտութիւն էր աշխատիլ՝ ձեռք ձգելու համար այնպիսի բաներ, զորս Աստուած առատօրէն պիտի տար իրենց, եթէ միայն շարունակէին իր խօսքը մտիկ ընել։—Բ. Մնացորդաց 31։10

9. Աստուածաշունչի արձանագրութեան մէջէն ո՞ր երեք անհատներուն կեանքէն դէպքեր պիտի քննենք։

9 Իսրայէլի ազգային պատմութիւնը ներկայացնելէ զատ, Աստուածաշունչը բազմաթիւ անհատներու մասին կը խօսի, որոնք աստուածային օրհնութիւններուն կամ անէծքներուն արժանացան, կախեալ ըլլալով թէ որքանով շարունակեցին Եհովայի մտիկ ընել։ Տեսնենք թէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ անոնցմէ երեքը նկատի առնելով՝ Բոոս, Նաբաղ եւ Աննա։ Այս առնչութեամբ, թերեւս փափաքիք կարդալ՝ Հռութայ գիրքը, ինչպէս նաեւ՝ Ա. Թագաւորաց 1։1–2։21 եւ 25։2-42։

Բոոս Աստուծոյ Մտիկ Ըրաւ

10. Բոոս եւ Նաբաղ հասարակաց ի՞նչ եզրեր ունէին։

10 Թէեւ Բոոս եւ Նաբաղ ժամանակակիցներ չէին, սակայն, անոնք կարգ մը հասարակաց եզրեր ունէին։ Օրինակ, երկուքն ալ Յուդայի երկրին մէջ կ’ապրէին։ Անոնք մեծահարուստ հողատէրեր էին, երկուքն ալ կարօտեալի մը հանդէպ ողորմութիւն ցուցաբերելու մասնայատուկ պատեհութիւն մը ունեցան։ Սակայն, այս նմանութիւնները հոս վերջ կը գտնեն։

11. Բոոս ի՞նչպէս ցոյց տուաւ թէ ինք շարունակաբար Եհովայի մտիկ կ’ընէր։

11 Բոոս Իսրայէլի դատաւորներու շրջանին կ’ապրէր։ Ան ուրիշներու հետ յարգանքով կը վարուէր, իսկ իր հնձուորները իրեն հանդէպ մեծ համարում ունէին։ (Հռութայ 2։4) Օրէնքին հնազանդելով, Բոոս իր արտին ճռաքաղութիւնը կարօտեալներուն կը ձգէր։ (Ղեւտացւոց 19։9, 10) Երբ Բոոս Նոեմիի եւ Հռութի մասին լսեց եւ տեսաւ իր տարեց կեսրոջը նիւթական կարիքները գոհացնելու մէջ Հռութի ժրաջանութիւնը, ի՞նչ ըրաւ։ Ան Հռութի հանդէպ մասնայատուկ նկատառութիւն ցուցաբերեց եւ իր ծառաներուն պատուիրեց որ զինք ազատ ձգեն իր արտին մէջ ճռաքաղ ընելու։ Իր խօսքերով ու սիրալիր արարքներով, Բոոս ցոյց տուաւ թէ ինք Եհովայի մտիկ ընող հոգեւոր անհատ մըն էր։ Ուստի, Աստուծոյ հաճութեան եւ օրհնութեան արժանացաւ։—Ղեւտացւոց 19։18. Հռութայ 2։5-16

12, 13. (ա) Բոոս՝ վերագնումի Եհովայի օրէնքին հանդէպ ի՞նչպէս խոր յարգանք ցոյց տուաւ։ (բ) Բոոսի վրայ աստուածային ի՞նչ օրհնութիւններ տեղացին։

12 Աստուծոյ վերագնումի օրէնքին հանդէպ Բոոսի անձնուրացօրէն վարուիլը ամենէն յատկանշական ապացոյցն է թէ ան յարատեւաբար Եհովայի մտիկ կ’ընէր։ Բոոս իր կարելին ըրաւ վստահ ըլլալու համար թէ իր ազգականին՝ Նոեմիի մահացած ամուսնոյն Ելիմելէքի՝ ժառանգութիւնը Ելիմելէքի ընտանիքին մէջ մնար։ «Տագրութեան պարտաւորութեան» միջոցաւ, որբեւարի մը պէտք էր իր մահացած ամուսնոյն յաջորդ մօտիկ ազգականին հետ ամուսնանար, որպէսզի անոնց ծնած որդին ժառանգութիւնը պահէր։ (Բ. Օրինաց 25։5-10. Ղեւտացւոց 25։47-49) Քանի որ Նոեմիի զաւակ ծնանելու տարիքը անցած էր, Հռութ անոր տեղ ինքզինք մատուց ամուսնութեան։ Ելիմելէքի մօտիկ ազգականներէն մէկը մերժելէ ետք Նոեմիի օգնել, Բոոս Հռութը առաւ որպէս իր կինը։ Անոնց որդին Ովբէդը, Նոեմիի զաւակը եւ Ելիմելէքի օրինաւոր ժառանգը նկատուեցաւ։—Հռութայ 2։19, 20. 4։1, 6, 9, 13-16

13 Աստուծոյ օրէնքին անձնուրացօրէն համակերպելուն պատճառաւ, Բոոս առատօրէն օրհնուեցաւ։ Իրենց որդւոյն՝ Ովբէդի՝ միջոցաւ, Բոոս եւ Հռութ Յիսուս Քրիստոսի նախնիքները ըլլալու առանձնաշնորհումը ունեցան։ (Հռութայ 2։12. 4։13, 21, 22. Մատթէոս 1։1, 5, 6) Բոոսի անձնուրաց արարքներէն կը սորվինք, թէ ուրիշներու հանդէպ սէր ցոյց տուողներուն եւ Աստուծոյ պահանջներուն համաձայն գործողներուն վրայ օրհնութիւններ կը տեղան։

Նաբաղ Մտիկ Չըրաւ

14. Նաբաղ ի՞նչպիսի մարդ մըն էր։

14 Բոոսին հակառակը, Նաբաղ մերժեց Եհովայի մտիկ ընել։ Ան բեկանեց Աստուծոյ օրէնքը՝ «Քու ընկերդ քու անձիդ պէս սիրէ՛»։ (Ղեւտացւոց 19։18) Նաբաղ հոգեւորականութեան տէր մարդ մը չէր. ան «խստաբարոյ ու չարագործ էր»։ Նոյնիսկ իր ծառաները զինք «չար մարդ մը» կը նկատէին։ Տեղին ըլլալով, իր անունը՝ Նաբաղ՝ «անզգամ» կամ «անմիտ» կը նշանակէ։ (Ա. Թագաւորաց 25։3, 17, 25) Ուստի, Նաբաղ ի՞նչպէս ընդառաջեց, երբ կարօտեալի մը, Եհովայի օծեալին՝ Դաւիթի՝ ողորմութիւն ցուցաբերելու պատեհութիւն ունեցաւ։—Ա. Թագաւորաց 16։13

15. Նաբաղ Դաւիթի հետ ի՞նչպէս վարուեցաւ, եւ Աբիգիա այս առնչութեամբ իր ամուսինէն ի՞նչպէս տարբեր էր։

15 Դաւիթ եւ իր մարդիկը երբ Նաբաղի հօտերուն մօտակայքը բանակած էին, զանոնք աւազակախումբերէ կը պաշտպանէին անվճար։ «Անոնք մեզի պարիսպ էին, թէ՛ գիշերը եւ թէ՛ ցորեկը», ըսաւ Նաբաղի հովիւներէն մէկը։ Սակայն, երբ Դաւիթի պատգամաւորները քիչ մը ուտելիք խնդրեցին, Նաբաղ «խստիւ խօսեցաւ անոնց հետ», եւ ձեռնունայն ղրկեց զանոնք։ (Ա. Թագաւորաց 25։2-16) Նաբաղի կինը՝ Աբիգիան, անմիջապէս ուտեստեղէն տարաւ Դաւիթի։ Զայրոյթով լեցուած, Դաւիթ Նաբաղն ու իր մարդիկը բնաջնջելու համար ոտքի ելած էր։ Աբիգիայի նախաձեռնութիւնը շատերու կեանքը փրկեց եւ արգելք հանդիսացաւ որ Դաւիթ արիւնապարտ ըլլար։ Սակայն, Նաբաղի ագահութիւնն ու անգթութիւնը չափ չունէր։ Շուրջ տասը օր ետք, «Տէրը զարկաւ Նաբաղը, որ մեռաւ»։—Ա. Թագաւորաց 25։18-38

16. Ի՞նչպէս կրնանք Բոոսը ընդօրինակել եւ Նաբաղի ճամբաները մերժել։

16 Ի՜նչ մեծ տարբերութիւն մը կար Բոոսի եւ Նաբաղի միջեւ։ Մինչ պէտք է մերժենք Նաբաղի անգութ եւ անձնասէր ճամբաները, սակայն լաւ կ’ըլլայ որ ընդօրինակենք Բոոսի ազնուութիւնն ու անձնուրացութիւնը։ (Եբրայեցիս 13։16) Կրնանք ասիկա ընել, կիրարկելով Պօղոս առաքեալի խրատը. «Քանի որ ժամանակը ձեռքերնիս է, բարիք ընենք ամենուն, մանաւանդ հաւատքի ընտանիներուն»։ (Գաղատացիս 6։10) Ներկայիս, Յիսուսի «ուրիշ ոչխարներ»ը՝ երկրային յոյս ունեցող Քրիստոնեաները, առանձնաշնորհումը ունին Եհովայի օծեալներուն՝ 144,000–ին մնացորդին՝ բարիք ընելու, որոնք երկնքի մէջ անմահութիւն պիտի ստանան։ (Յովհաննու 10։16. Ա. Կորնթացիս 15։50-53. Յայտնութիւն 14։1, 4) Յիսուս այսպիսի սիրալիր արարքներ կը սեպէ որպէս թէ իրեն եղած, եւ այս բարի բաները ընելը Եհովայի ճոխ օրհնութեան կ’արժանացնէ։—Մատթէոս 25։34-40. Ա. Յովհաննու 3։18

Աննայի Դժուարութիւններն ու Օրհնութիւնները

17. Աննան ի՞նչ դժուարութիւններ դիմագրաւեց, եւ ան ի՞նչ կեցուածք ցուցաբերեց։

17 Եհովայի օրհնութիւնը բարեպաշտ Աննային վրայ ալ հասաւ։ Ան իր Ղեւտացի ամուսնոյն՝ Եղկանայի՝ հետ, Եփրեմի լեռնային շրջանը կ’ապրէր։ Օրէնքին կողմէ թոյլատրուած եւ պայմանաւորուած ըլլալով, ան ուրիշ կին մըն ալ ունէր՝ Փենանան։ Աննան ամուլ էր, ինչ որ Իսրայելացի կնոջ մը համար անարգանք էր, մինչ Փենանան՝ քանի մը զաւակ ունէր։ (Ա. Թագաւորաց 1։1-3. Ա. Մնացորդաց 6։16, 33, 34) Սակայն, Փենանան փոխանակ Աննան մխիթարելու, անոր հետ անսիրալիր կերպով կը վարուէր, այն աստիճան վշտացնելով զինք, որ Աննա արցունք կը թափէր եւ ախորժակը կորսնցուցած էր։ Վատը այն էր, որ ասիկա «ամէն տարի» տեղի կ’ունենար, ամէն անգամ որ ընտանիքը Սելովի մէջ գտնուող Եհովայի տունը երթար։ (Ա. Թագաւորաց 1։4-8) Ասիկա Փենանայի կողմէ որքա՜ն անազնիւ բան մըն էր, իսկ Աննայի համար՝ ի՜նչ դժուար փորձութիւն մը։ Այսուհանդերձ, Աննան երբեք չէր մեղադրեր Եհովան. ոչ ալ տունը կը մնար, երբ իր ամուսինը Սելով կ’երթար։ Ուստի, վերջաւորութեան, անպայման ճոխ օրհնութեան պիտի արժանանար։

18. Աննան ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ։

18 Ներկայիս Եհովայի ժողովուրդին համար Աննան ընտիր օրինակ մըն է, մանաւանդ անոնց համար, որոնք թերեւս ուրիշներու անազնիւ խօսքերէն վիրաւորուած են։ Այսպիսի պարագաներու, մեկուսանալը լուծում չէ։ (Առակաց 18։1) Աննան թոյլ չտուաւ որ իր փորձութիւնները նուազեցնէին իր փափաքը, գտնուելու հո՛ն՝ ուր Աստուծոյ Խօսքը կ’ուսուցուի եւ իր ժողովուրդը պաշտամունքի համար կը ժողվուի։ Ուստի ան հոգեւորապէս զօրաւոր մնաց։ Իր հոգեւորականութեան խորութիւնը ցոյց կը տրուի Ա. Թագաւորաց 2։1-10–ի մէջ արձանագրուած իր գեղեցիկ աղօթքով։ *

19. Հոգեւոր բաներու հանդէպ մեր գնահատութիւնը ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ։

19 Եհովայի արդի ծառաներս, տաճարի մը մէջ պաշտամունք չենք մատուցաներ։ Այսուհանդերձ, Աննայի նման կրնանք հոգեւոր բաներու հանդէպ մեր գնահատութիւնը ցուցաբերել։ Օրինակ, կրնանք հոգեւոր հարստութեան հանդէպ մեր խոր գնահատութիւնը ցոյց տալ, քրիստոնէական ժողովներուն եւ համաժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուելով։ Այս առիթները գործածենք, Եհովայի ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ զիրար քաջալերելու համար, ‘սրբութիւնով ու արդարութիւնով առանց վախի զինք պաշտելու առանձնաշնորհումը’ շնորհած ըլլալուն համար։—Ղուկաս 1։74, 75, ՆԱ. Եբրայեցիս 10։24, 25

20, 21. Աննան իր բարեպաշտութեան համար ի՞նչպէս վարձատրուեցաւ։

20 Եհովա Աննայի բարեպաշտութիւնը նկատեց եւ զինք առատօրէն վարձատրեց։ Դէպի Սելով կատարած ընտանիքին տարեկան ճամբորդութիւններէն մէկուն ընթացքին, Աննան արտասուալից աչքերով անկեղծօրէն Աստուծոյ աղօթեց եւ հետեւեալը ուխտեց. «Ո՛վ Տէր զօրութեան, եթէ քու աղախինիդ նեղութեանը նայիս ու զիս յիշես եւ քու աղախինդ չմոռնալով՝ քու աղախինիդ արու զաւակ մը տաս, զանիկա Տէրոջը պիտի նուիրեմ իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ»։ (Ա. Թագաւորաց 1։9-11) Աստուած Աննայի աղաչանքը լսեց եւ զայն օրհնեց արու զաւակով մը, որու անունը Սամուէլ դրաւ։ Երբ Սամուէլ կաթէն կտրուեցաւ, Աննան զինք Սելով տարաւ, որպէսզի տաղաւարին մէջ ծառայէր։—Ա. Թագաւորաց 1։20, 24-28

21 Աննա Աստուծոյ հանդէպ սէր ցուցաբերեց եւ Սամուէլի առնչութեամբ իր ըրած ուխտը կատարեց։ Նաեւ խորհեցէք այն ճոխ օրհնութիւններուն մասին, զորս Աննա ու Եղկանա վայելեցին, քանի որ իրենց սիրելի որդին Եհովայի տաղաւարին մէջ կը ծառայէր։ Քրիստոնեայ ծնողներէն շատեր նման ուրախութիւններ եւ օրհնութիւններ կը վայելեն, քանի որ իրենց տղաքն ու աղջիկները կը ծառայեն որպէս լիաժամ ռահվիրաներ, Պէթէլի ընտանիքի անդամներ, կամ Եհովան պատուող այլ կերպերով։

Շարունակենք Եհովայի Մտիկ Ընել

22, 23. (ա) Եթէ Եհովայի ձայնը շարունակենք մտիկ ընել, ի՞նչ բանէ վստահ կրնանք ըլլալ։ (բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

22 Եթէ շարունակենք Եհովայի մտիկ ընել, ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։ Եթէ Աստուծոյ հանդէպ անձնուէր սէր ցուցաբերենք եւ իրեն հանդէպ մեր նուիրումը կատարենք, հոգեւորապէս պիտի հարստանանք։ Նոյնիսկ երբ այսպիսի ընթացքի մը հետեւիլը խիստ դժուարութիւններու ենթարկէ մեզ, Եհովայի օրհնութիւնը անխուսափելիօրէն մեր վրայ պիտի հասնի՝ յաճախ մեր երեւակայածէն շատ աւելի հոյակապ կերպերով։—Սաղմոս 37։4. Եբրայեցիս 6։10

23 Ապագային, Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ բազմաթիւ օրհնութիւններ պիտի տեղան։ Հնազանդօրէն Եհովայի մտիկ ընելուն համար, «մեծ բազմութիւն» մը «մեծ նեղութենէն» պիտի պահպանուի եւ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ կեանքի ուրախութիւնները պիտի վայելէ։ (Յայտնութիւն 7։9-14. Բ. Պետրոս 3։13) Հոն, Եհովա լիովին գոհացում պիտի տայ իր բոլոր ժողովուրդին արդար փափաքներուն։ (Սաղմոս 145։16) Սակայն, ինչպէս յաջորդ յօդուածը ցոյց պիտի տայ, նոյնիսկ ներկայիս, Եհովայի ձայնը շարունակ մտիկ ընողները օրհնուած են ‘բարի տուրքերով ու ամէն կատարեալ պարգեւներով’։—Յակոբու 1։17

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 18 Աննայի արտայայտութիւնները որոշ չափով կը նմանին կոյս Մարիամի խօսքերուն, որոնք արտասանեց Մեսիային մայրը ըլլալը գիտնալէն կարճ ժամանակ ետք։—Ղուկաս 1։46-55

Կը յիշէ՞ք

• Իսրայէլի պատմութիւնը աստուածային օրհնութիւններու մասին ի՞նչ կրնայ սորվեցնել մեզի։

• Բոոս եւ Նաբաղ ի՞նչով իրարմէ տարբեր էին։

• Ի՞նչպէս կրնանք Աննան ընդօրինակել։

• Ինչո՞ւ պէտք է շարունակենք Եհովայի ձայնին մտիկ ընել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 10]

Սողոմոն Թագաւոր իր աղօթքին մէջ հնազանդ սիրտ մը խնդրեց, իսկ Եհովա զինք օրհնեց՝ իմաստութիւն տալով

[Նկար՝ էջ 12]

Բոոս ուրիշներու հետ յարգանքով ու ազնուութեամբ վարուեցաւ

[Նկար՝ էջ 15]

Աննան Եհովայի ապաւինելուն համար առատօրէն օրհնուեցաւ