Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

‘Շիտակ ճամբուն’ մէջ քալեցէք

‘Շիտակ ճամբուն’ մէջ քալեցէք

‘Շիտակ ճամբուն’ մէջ քալեցէք

‘ԱՐԴԱՐԻՆ աղէկ պիտի ըլլայ’, ըսաւ Եսայի մարգարէն, «վասն զի անոնք իրենց գործերուն պտուղը պիտի ուտեն»։ Եսայի նաեւ ըսաւ. «Արդարին ճամբան շիտակ է»։ (Եսայեայ 3։10. 26։7) Բացայայտօրէն, եթէ կ’ուզենք որ մեր գործառնութիւնները լաւ պտուղ տան, Աստուծոյ աչքին շիտակ եղածը պէտք է ընենք։

Սակայն, ի՞նչպէս կրնանք շիտակ ճամբուն մէջ քալել։ Ասիկա ընելով ի՞նչ օրհնութիւններ կրնանք ակնկալել։ Իսկ Աստուծոյ արդար չափանիշներուն մեր համակերպելէն ուրիշներ ի՞նչպէս կրնան օգտուիլ։ Աստուածաշունչի Առակաց գրքին 10–րդ գլուխին մէջ, վաղեմի Իսրայէլի Սողոմոն Թագաւորը այս հարցումներուն պատասխաններ կը հայթայթէ, երբ ան արդարը կը հակադրէ ամբարիշտին հետ։ Ասիկա ըրած ատեն, ան 13 անգամ «արդար[ներ]» արտայայտութիւնը կը գործածէ։ Ասոնցմէ ինն կը պատահի 15-32–րդ համարներուն մէջ։ Հետեւաբար, Առակաց 10։15-32–ը նկատի առնելը քաջալերական պիտի ըլլայ։ *

Խրատը Պահեցէք

Սողոմոն արդարութեան կարեւորութիւնը կը նշէ։ Ան կ’ըսէ. «Հարուստին ճոխութիւնը իր ամուր քաղաքն է, բայց տնանկներուն աղքատութիւնը իրենց կործանումն է։ Արդարին գործը կեանքի համար է, իսկ ամբարշտին արդիւնքը մեղքի համար է»։Առակաց 10։15, 16

Հարստութիւնը կրնայ կեանքի կարգ մը հոգերուն դէմ որպէս պաշտպանութիւն ծառայել, ճիշդ ինչպէս որ պարսպապատ քաղաք մը որոշ չափով ապահովութիւն կը հայթայթէ իր բնակիչներուն։ Իսկ աղքատութիւնը կրնայ կործանարար ըլլալ, երբ անակնկալ պարագաներ ծագին։ (Ժողովողի 7։12) Սակայն, իմաստուն թագաւորը թերեւս կ’ակնարկէ նաեւ հարստութեան եւ աղքատութեան հետ առնչուած վտանգի մը։ Հարուստ մը կրնայ հակամէտ ըլլալ իր լման վստահութիւնը իր հարստութեան վրայ դնելու, երեւակայելով թէ իր արժէքաւոր բաները «բարձր բերդի պէս» են։ (Առակաց 18։11) Իսկ աղքատ մը կրնայ այն սխալ տեսակէտը ունենալ թէ՝ իր աղքատութիւնը իր ապագան անյոյս կը դարձնէ։ Հետեւաբար, երկուքն ալ Աստուծոյ քով բարի անուն վաստկելու մէջ կը ձախողին։

Միւս կողմէ, արդարի մը պարկեշտ գործունէութիւնը կեանքի կ’առաջնորդէ, կարեւոր չէ թէ նիւթական գետնի վրայ քիչ ունի, թէ՝ շատ։ Ի՞նչպէս։ Ան իր ունեցածով գոհ է։ Ան թոյլ չի տար որ իր տնտեսական վիճակը Աստուծոյ հետ իր ունեցած լաւ կեցուածքին ազդէ։ Հարուստ ըլլայ՝ թէ աղքատ, արդար մարդուն կեանքի ընթացքը իրեն ուրախութիւն պիտի տայ հիմա, ինչպէս նաեւ՝ ապագային յաւիտեան ապրելու յոյսը։ (Յոբայ 42։10-13) Ամբարիշտը նոյնիսկ եթէ հարստութիւն դիզէ՝ անկէ չ’օգտուիր։ Փոխանակ անոր պաշտպանիչ արժէքը գնահատելու եւ Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակ ապրելու, ան իր հարստութիւնը կը գործածէ մեղաւոր կեանք մը վարելու համար։

Իսրայէլի թագաւորը կը շարունակէ ըսել. «Խրատը պահողը կեանքի ճամբուն մէջ է, բայց յանդիմանութիւնը մերժողը կը մոլորի»։ (Առակաց 10։17) Աստուածաշունչի ուսումնական մը կը թելադրէ թէ այս համարը երկու կերպերով կրնայ հասկցուիլ։ Մէկ կարելիութիւնը այն է, թէ խրատին հնազանդողը եւ արդարութեան հետամուտ եղողը կեանքի ճամբուն մէջ է, մինչ յանդիմանութիւնը մերժողը այդ ճամբէն կը մոլորի։ Սակայն, այս համարը կրնայ նաեւ նշանակել թէ՝ «ան որ խրատը կը պահէ կեանքի ճամբան ցոյց կու տայ [ուրիշներուն, քանի որ իր լաւ օրինակը ուրիշներուն կ’օգնէ], սակայն, յանդիմանութիւնը մերժողը ուրիշները կը մոլորեցնէ»։ (Առակաց 10։17, Նիու Ինթըրնէշընլ Վըրժըն) Երկու պարագային ալ, որքա՜ն կենսական է որ խրատը պահենք եւ յանդիմանութիւնը չմերժենք։

Ատելութիւնը Սիրով Փոխարինեցէք

Յաջորդիւ, Սողոմոն կը ներկայացնէ երկու մասով առակ մը որ նոյն գաղափարը կը պարունակէ, երկրորդ մասը կ’երկրորդէ առաջինը։ Ան կ’ըսէ. «Ատելութիւնը ծածկողը ստախօս շրթունքներ ունի ու բամբասանք հանողը անմիտ է»։ Եթէ անհատ մը իր սրտին մէջ ուրիշի մը հանդէպ ատելութիւն ունի եւ զայն կը ծածկէ անոյշ խօսքերով կամ շողոքորթութեամբ, ան խաբեբայ մըն է՝ «ստախօս շրթունքներ» ունի։ Ասոր վրայ իմաստուն թագաւորը կ’աւելցնէ. «Բամբասանք հանողը անմիտ է»։ (Առակաց 10։18) Փոխանակ իրենց ատելութիւնը ծածկելու, ոմանք իրենց ատած անձին մասին սուտ ամբաստանութիւններ կ’ընեն կամ վարկաբեկիչ խօսքեր կը տարածեն։ Ասիկա անմտութիւն է, քանի որ զրպարտիչ բամբասանքը իրապէս չի փոխեր անհատին ի՛նչպիսի անձ մը ըլլալը։ Իսկ խելացի ունկնդիր մը պիտի անդրադառնայ եղած չարամտութեան, եւ զրպարտողին հանդէպ իր յարգանքը պիտի նուազի։ Հետեւաբար, բամբասողը իր անձին վնաս կը հասցնէ։

Արդար ընթացքի հետեւած կ’ըլլանք, ո՛չ խաբեբայութեան դիմելով եւ ոչ՝ զրպարտութեան։ Աստուած Իսրայելացիներուն ըսաւ. «Եղբայրդ քու սրտիդ մէջ մի՛ ատեր»։ (Ղեւտացւոց 19։17) Իսկ Յիսուս իր ունկնդիրները խրատեց. «Սիրեցէք [նոյնիսկ] ձեր թշնամիները, . . . եւ աղօթք ըրէք անոնց համար որ ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն. որպէս զի ձեր երկնաւոր Հօրը որդիներն ըլլաք»։ (Մատթէոս 5։44, 45) Որքա՜ն նախընտրելի է մեր սրտերը սիրով լեցնել, քան՝ ատելութեամբ։

‘Շրթները Զսպեցէք’

Լեզուն զսպելու կարիքը շեշտելով, իմաստուն թագաւորը կ’ըսէ. «Շատ խօսքերու մէջ յանցանք պակաս չէ, բայց իր շրթունքները զսպողը խելացի է»։Առակաց 10։19

«Յիմարը իր խօսքերը կը շատցնէ»։ (Ժողովողի 10։14) Անոր բերանէն «յիմարութիւն կը բղխի»։ (Առակաց 15։2) Ըսել չենք ուզեր թէ ամէն շատախօս անհատ յիմար է։ Սակայն, որքա՜ն դիւրին է որ շատ խօսող անհատ մը, վնասակար բամբասանքը կամ տարաձայնութիւնը տարածելու խողովակ մը ըլլայ։ Յաճախ յիմարական խօսքերու կրնան վերագրուիլ՝ քանդուած համբաւ մը, վիրաւորուած զգացումներ, լարուած յարաբերութիւններ, եւ նոյնիսկ ֆիզիքական վնաս։ «Շատ խօսքերու մէջ յանցանք պակաս չէ»։ (Առակաց 10։19) Ասկէ զատ, նեղացուցիչ է մէկու մը հետ ըլլալ որ ամէ՛ն նիւթի մասին ըսելիք մը ունի։ Ուստի, շատ խօսողներ չըլլանք։

Իր շրթները զսպողը, ստախօսութենէ խուսափելէն աւելի՝ խելացութեամբ կը վարուի։ Ան խօսելէն առաջ կը մտածէ։ Եհովայի ճամբաներուն հանդէպ սէրէ եւ իր ընկեր արարածին օգնելու անկեղծ փափաքէ մղուած ըլլալով, ան ուրիշներու վրայ իր խօսքերուն ձգած ազդեցութիւնը նկատի կ’ունենայ։ Անոր խօսքերը սիրալիր եւ ազնիւ են։ Ան կը մտածէ իր խօսքերը ի՛նչպէս հաճելի եւ օգտակար դարձնել։ Անոր խօսքերը «արծաթէ զարդերու մէջ դրուած ոսկիէ խնձորներու» կը նմանին, միշտ նրբաճաշակ եւ ծանրաբարոյ։—Առակաց 25։11

‘Շատերուն Առաջնորդութիւն Ըրէք’

Սողոմոն կը շարունակէ ըսել. «Արդարին լեզուն ընտիր արծաթ է։ Ամբարիշտներուն սիրտը քիչ արժէք ունի»։ (Առակաց 10։20) Արդարին ըսածները մաքուր են, ընտիր ու զտուած արծաթի նման՝ կեղտերէ զուրկ։ Վստահաբար այս է Եհովայի ծառաներուն պարագան, երբ անոնք Աստուծոյ Խօսքին փրկարար գիտութիւնը ուրիշներու կը մատակարարեն։ Անոնց Մեծ Ուսուցիչը՝ Եհովա Աստուած, զիրենք ուսուցանած է եւ անոնց ‘սորվածներու լեզու տուած է, որպէս զի կարենան խօսքով օգնել յոգնածին’։ (Եսայեայ 30։20. 50։4, ՆԱ) Արդարեւ, անոնց լեզուն ընտիր արծաթի պէս է, երբ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը կը խօսին։ Պարկեշտ սիրտ ունեցողներուն համար, անոնց խօսքերը շա՜տ աւելի արժէքաւոր են քան՝ ամբարիշտներուն դիտաւորութիւնները։ Թող որ խանդավառութեամբ խօսինք Աստուծոյ Թագաւորութեան եւ Իր սքանչելի գործերուն մասին։

Արդարը իր շուրջը գտնուողներուն համար օրհնութիւն է։ «Արդարին շրթունքները շատերուն առաջնորդութիւն կ’ընեն», կը շարունակէ Սողոմոն, «բայց յիմարները խելքի պակասութենէ կը մեռնին»։Առակաց 10։21

Ի՞նչպէս է որ ‘արդարը շատերուն առաջնորդութիւն կ’ընէ’։ Հոս գործածուած Եբրայերէն բառը «հովուելու» գաղափարը կը հաղորդէ։ (Առակաց 10։21, ՆԱ, ստորանիշ) Անիկա առաջնորդելու, նաեւ սնուցանելու գաղափարը կը կրէ, վաղեմի հովիւի մը նման, որ իր ոչխարներուն հոգ կը տանէր։ (Ա. Թագաւորաց 16։11. Սաղմոս 23։1-3. Երգ Երգոց 1։7) Արդարը՝ ուրիշները արդարութեան ճամբուն մէջ կ’առաջնորդէ, իր խօսակցութիւնը իրեն լսողները կը սնուցանէ։ Որպէս արդիւնք, անոնք աւելի ուրախ եւ գոհացուցիչ կեանք մը կը վարեն, եւ նոյնիսկ յաւիտենական կեանք կրնան ստանալ։

Սակայն, ի՞նչ կրնանք ըսել անմիտին մասին։ Պակասամիտ ըլլալով, ան լաւ շարժառիթի պակաս, կամ իր ընթացքին հետեւանքներուն նկատմամբ անհոգութիւն ցոյց կու տայ։ Այսպիսի անհատ մը կ’ընէ ինչ որ ի՛նք կ’ուզէ, հետեւանքները անտեսելով։ Հետեւաբար, ան իր արարքներուն հետեւանքները կը կրէ։ Մինչ արդարը ուրիշներուն կ’օգնէ որ շարունակեն ապրիլ, խելքը պակաս եղողը նոյնիսկ իր անձը չի կրնար ապրեցնել։

Թոյլ Վարմունքէն Խուսափեցէք

Անհատի մը անձնաւորութիւնը յաճախ յայտնի կ’ըլլայ իր սիրած ու չսիրած բաներէն։ Այս իրողութիւնը նշելով, Իսրայէլի թագաւորը կ’ըսէ. «Չարութիւն ընելը յիմարին զբօսանքն է, բայց խոհեմ մարդունը՝ իմաստութիւնը»։Առակաց 10։23

Ոմանք թոյլ վարմունքը որպէս զբօսանք կամ խաղ կը նկատեն, եւ անոր միջամուխ կ’ըլլան որպէս «հաճոյք»։ Այսպիսիները Աստուած կ’անտեսեն որպէս մէկը, որուն ամէնքն ալ հաշիւ պիտի տան, եւ չեն ուզեր տեսնել թէ իրենց ընթացքը սխալ է։ (Հռովմայեցիս 14։12) Անոնց տրամաբանութիւնը կը բթանայ, այն աստիճան որ կ’եզրակացնեն թէ Աստուած չի տեսներ իրենց յանցագործութիւնը։ Իրականութեան մէջ, իրենց արարքներով անոնք կ’ըսեն. «Աստուած չկայ»։ (Սաղմոս 14։1-3. Եսայեայ 29։15, 16) Ի՜նչ յիմարութիւն։

Միւս կողմէ, խոհեմ մարդը կը գիտակցի թէ թոյլ վարմունքը զբօսանք մը չէ։ Ան գիտէ թէ անիկա Աստուած կը տհաճեցնէ եւ կրնայ Աստուծոյ հետ անհատի մը յարաբերութիւնը քանդել։ Այսպիսի ընթացք մը անմտութիւն է, քանի որ անիկա մարդոց արժանապատուութիւնը կը խլէ, ամուսնութիւններ կը քանդէ, մտքին ու մարմնին կը վնասէ, եւ հոգեւորականութիւնը կորսնցնելու կ’առաջնորդէ։ Մեր կողմէ խոհեմութիւն պիտի ըլլայ թոյլ վարմունքէ խուսափիլ եւ սէր մշակել իմաստութեան հանդէպ, որպէս թէ անիկա մեր շատ սիրելի քոյրը ըլլար։—Առակաց 7։4

Շիտակ Հիմերու Վրայ Շինեցէք

Անհատին կեանքը շիտակ հիմերու վրայ շինելու կարեւորութեան մատնանշելով, Սողոմոն կ’ըսէ. «Չար մարդուն վախցած բանը իր վրայ կու գայ, բայց արդարներուն փափաքը կը լեցուի։ Մրրիկը անցնելուն պէս ամբարիշտը բնաջինջ կ’ըլլայ, բայց արդարը յաւիտենական հիմ ունի»։Առակաց 10։24, 25

Չար մարդը կրնայ ուրիշները վախցնել։ Սակայն, վերջաւորութեան, վախցած բանը իր վրայ կու գայ։ Արդար սկզբունքներուն վրայ հիմնուած չըլլալով, ան կը նմանի անկայուն կառոյցի մը, որ զօրաւոր փոթորիկի մը ընթացքին փուլ կու գայ։ Ան ճնշումի ներքեւ կը կքի։ Միւս կողմէ, արդարը կը նմանի Յիսուսի խօսքերուն համաձայն գործող մարդուն։ Ան ‘խելացի մարդ մըն է՝ որ իր տունը վէմի վրայ շինեց’։ «Անձրեւ իջաւ ու գետերը վազեցին ու հովերը փչեցին, զարկին այդ տանը, բայց չփլաւ, վասն զի վէմի վրայ հաստատուած էր», ըսաւ Յիսուս։ (Մատթէոս 7։24, 25) Այսպիսի անհատ մը կայուն է, անոր մտածելակերպն ու արարքները հաստատօրէն հիմնուած են աստուածային սկզբունքներու վրայ։

Ամբարշտին ու արդարին միջեւ եղած հակադրութիւնը շարունակելէ առաջ, իմաստուն թագաւորը հակիրճ, սակայն, կարեւոր ազդարարութիւն մը կու տայ։ Ան կ’ըսէ. «Ինչպէս քացախը՝ ակռաներուն եւ ծուխը՝ աչքերուն, ծոյլն ալ զինք ղրկողներուն այնպէս է»։ (Առակաց 10։26) Քացախը ակռաներուն անհաճելի է։ Անոր պարունակած քացխային թթուն, բերնին մէջ թթու համ կը յառաջացնէ եւ պատճառ կրնայ ըլլալ որ անհատին ակռան զգայուն դառնայ։ Ծուխը աչքերը կ’այրէ ու կը ցաւցնէ։ Հետեւաբար, ծոյլ մէկը վարձողը կամ զայն որպէս ներկայացուցիչ գործածողը, նեղութիւն պիտի կրէ եւ պիտի վնասուի։

‘Տէրոջը Ճամբան Ամրոց Է’

Իսրայէլի թագաւորը կը շարունակէ. «Տէրոջը վախը օրեր կ’աւելցնէ, բայց ամբարիշտներուն տարիները պիտի կարճնան։ Արդարներուն յոյսը ուրախութիւն է, բայց ամբարիշտներուն ակնկալութիւնը պիտի կորսուի»։Առակաց 10։27, 28

Արդարը աստուածավախութեամբ կ’առաջնորդուի եւ կը ջանայ իր խորհուրդներով, խօսքերով եւ արարքներով Եհովան հաճեցնել։ Աստուած անոր հոգ կը տանի եւ իր արդար ակնկալութիւններուն գոհացում կու տայ։ Սակայն, ամբարիշտը անբարեպաշտ կեանք մը կ’ապրի։ Երբեմն այնպէս կրնայ թուիլ թէ անոր յոյսերը կ’իրականանան, սակայն՝ ժամանակաւորապէս, քանի որ անոր օրերը կը կարճնան բռնարարքի մը կամ իր ապրելակերպէն յառաջ եկած հիւանդութեան մը պատճառաւ։ Իր մահուան օրը իր բոլոր յոյսերը կ’ոչնչանան։—Առակաց 11։7

«Տէրոջը ճամբան արդարին զօրութիւն [«ամրոց», ՆԱ] է», կ’ըսէ Սողոմոն, «բայց անօրէնութիւն գործողներուն կործանում է»։ (Առակաց 10։29) Հոս Եհովայի ճամբան չ’ակնարկեր կեանքի ճամբուն, որուն մէջ պէտք է քալենք, այլ՝ մարդկութեան հետ Աստուծոյ գործելակերպին։ Մովսէս ըսաւ. «Աստուծոյ գործը կատարեալ է. քանզի անոր բոլոր ճամբաները արդար են»։ (Բ. Օրինաց 32։4) Աստուծոյ արդար ճամբաները, արդարին համար ապահովութիւն կը նշանակեն, իսկ ամբարիշտին՝ կործանում։

Եհովա իր ժողովուրդին համար ի՜նչ հոյակապ ամրոց մըն է։ «Արդարը պիտի չսասանի յաւիտեան, բայց ամբարիշտները երկրի վրայ պիտի չբնակին։ Արդարին բերանը իմաստութիւն կը բղխեցնէ, բայց նենգաւոր լեզուն պիտի կտրուի։ Արդարին շրթունքները հաճելի բանը գիտեն, բայց ամբարիշտներուն բերանը՝ միայն նենգութիւն»։Առակաց 10։30-32

Արդարները վստահաբար յաջողակ եւ օրհնուած են, քանի որ արդարութեան ճամբուն մէջ կը քալեն։ Արդարեւ, «Տէրոջ օրհնութիւնն է, որ հարստութիւն կու տայ ու անոր հետ տրտմութիւն չի խառներ»։ (Առակաց 10։22) Հետեւաբար, միշտ զգոյշ ըլլանք որ աստուածային սկզբունքներուն հետ ներդաշնակ գործենք։ Նաեւ, մեր շրթները զսպենք եւ մեր լեզուն գործածենք՝ ուրիշները Աստուծոյ Խօսքին փրկարար ճշմարտութեամբ սնուցանելու եւ զանոնք արդարութեան ճամբուն մէջ առաջնորդելու համար։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 3 Առակաց 10։1-14–ի մանրամասն քննարկութեան համար, տես՝ Դիտարան 15 Յուլիս 2001, էջ 24-27։

[Նկար՝ էջ 26]

Լեզուն կրնայ «ընտիր արծաթ»ի նման ըլլալ