Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Ի՞նչ կը նշանակէ Եհովան «հոգիով» պաշտել։

Սուքար քաղաքին մօտ գտնուող Յակոբին ջրհորէն ջուր քաշելու համար եկած Սամարացի կնոջ մը վկայութիւն տալու ատեն, Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Աստուած Հոգի է եւ իրեն երկրպագողներն ալ պէտք է որ հոգիով ու ճշմարտութիւնով երկրպագութիւն ընեն»։ (Յովհաննու 4։24) Ճշմարիտ պաշտամունքը «ճշմարտութիւնով» պէտք է մատուցուի, այն առումով որ անիկա համաձայն պէտք է ըլլայ Աստուածաշունչին մէջ ինքն իր եւ իր նպատակներուն մասին Եհովա Աստուծոյ յայտնած բաներուն հետ։ Աստուծոյ մատուցած մեր ծառայութիւնը նաեւ պէտք է ոգեւորուած, կամ նախանձախնդրութեամբ ըլլայ, սիրով ու հաւատքով լեցուն սրտէ մը մղուած։ (Տիտոս 2։14) Սակայն, հոս բովանդակութիւնը ցոյց կու տայ թէ ‘Աստուած հոգիով պաշտելու’ մասին Յիսուսի խօսքը, շատ աւելին կը պարփակէ քան՝ թէ ի՛նչ տրամադրութեամբ Եհովայի կը ծառայենք։

Ջրհորին քով գտնուող կնոջ հետ Յիսուսի զրոյցը, պաշտամունքի մէջ ջերմեռանդութիւն ըլլալուն կամ չըլլալուն մասին չէր։ Նոյնիսկ սուտ պաշտամունքը կարելի է մատուցանել նախանձախնդրութեամբ եւ նուիրումով։ Ընդհակառակը, յայտնելէ ետք թէ Հայրը ո՛չ Սամարիոյ մէկ լերան վրայ եւ ո՛չ ալ Երուսաղէմի տաճարին մէջ պիտի պաշտուէր, որոնք ֆիզիքական վայրեր էին, Յիսուս մատնանշեց պաշտամունքի նոր մեթոտ մը, հիմնուած՝ Աստուծոյ ճշմարիտ բնոյթին վրայ։ (Յովհաննու 4։21) Ան ըսաւ. «Աստուած հոգեղէն Էակ մըն է»։ (Յովհաննու 4։24, Չարլզ Պ. Ուիլիըմզ) Ճշմարիտ Աստուածը նիւթական չէ, եւ կարելի չէ զինք տեսնել կամ զգալ։ Իր պաշտամունքը ֆիզիքական տաճարի մը կամ լերան մը հետ առնչուած չէ։ Ուստի, Յիսուս ակնարկեց պաշտամունքի երեսակի մը, որ տեսանելի բաներէն անդին կ’երթայ։

Ճշմարտութիւնով մատուցուելէ զատ, ընդունելի պաշտամունքը նաեւ առաջնորդուած պէտք է ըլլայ սուրբ հոգիով՝ Աստուծոյ անտեսանելի գործօն ուժով։ «[Սուրբ] հոգին ամէն բան կը քննէ», գրեց Պօղոս առաքեալ, «Աստուծոյ խորունկ բաներն ալ»։ Ապա աւելցուց. «Մենք ո՛չ թէ այս աշխարհի հոգին առինք, հապա այն Հոգին որ Աստուծմէն է. որպէս զի մենք ճանչնանք այն բաները որոնք Աստուծմէ տրուեցան մեզի»։ (Ա. Կորնթացիս 2։8-12) Աստուած ընդունելի կերպով պաշտելու համար, պէտք է իր հոգին ունենանք եւ անով առաջնորդուինք։ Ասկէ զատ, կենսական է որ մեր հոգին, կամ տրամադրութիւնը, Աստուծոյ հոգիին հետ համաձայն ըլլայ՝ իր Խօսքին ուսումնասիրութեամբ եւ կիրարկումով։

[Նկար՝ էջ 28]

Աստուած պաշտենք «հոգիով ու ճշմարտութիւնով»