Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Անիկա ձեզի պիտի մօտենայ»

«Անիկա ձեզի պիտի մօտենայ»

«Անիկա ձեզի պիտի մօտենայ»

«[Աստուած] մեր ամէն մէկէն ալ հեռու չէ»։—ԳՈՐԾՔ 17։27

1, 2. (ա) Երբ աստղազարդ երկինքը կը դիտենք, Ստեղծիչին մասին ի՞նչ հարցում կրնանք հարցնել։ (բ) Աստուածաշունչը ի՞նչպէս մեզ կը հաւաստիացնէ թէ մարդիկ Եհովայի աչքին բնաւ աննշան չեն։

ՊԱՅԾԱՌ գիշեր մը, աստղազարդ երկինքը դիտելով զմայլա՞ծ էք։ Անհամար աստղերն ու անծայրածիր տիեզերքը երկիւղ կը ներշնչեն։ Այս անհուն տիեզերքին մէջ, երկիրը միայն կէտ մըն է։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ Ստեղծիչը՝ ‘բոլոր երկրի վրայ Բարձրեալ’ եղողը՝ մարդկութեամբ չհետաքրքրուելու աստիճան վեհ, կամ անոնց կողմէ չճանչցուելու աստիճան հեռու ու անզննելի է։—Սաղմոս 83։18

2 Աստուածաշունչը մեզ կը հաւաստիացնէ թէ մարդիկ Եհովայի աչքին բնաւ աննշան չեն։ Իրականութեան մէջ, Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը քաջալերէ որ զինք փնտռենք, ըսելով թէ Ան «մեր ամէն մէկէն ալ հեռու չէ»։ (Գործք 17։27. Ա. Մնացորդաց 28։9) Արդարեւ, եթէ Աստուծոյ մօտենալու քայլեր առնենք, ան մեր ջանքերուն պիտի ընդառաջէ։ Ի՞նչ կերպով։ 2003–ի մեր տարուան համարին խօսքերը հետեւեալ սրտապնդիչ պատասխանը կու տան. «Անիկա ձեզի պիտի մօտենայ»։ (Յակոբու 4։8) Այժմ նկատի առնենք կարգ մը սքանչելի օրհնութիւններ, որոնք Եհովա առատօրէն կը տեղացնէ իրեն մօտիկ եղող անհատներուն վրայ։

Եհովայի Կողմէ Անձնական Պարգեւ մը

3. Եհովա իրեն մօտիկ եղողներուն ի՞նչ պարգեւ կու տայ։

3 Եհովայի ծառաները ունին թանկագին պարգեւ մը, որ ան իր ժողովուրդին վերապահած է։ Իրերու այս դրութեան մատուցած ամբողջ զօրութիւնը, հարստութիւնը եւ կրթութիւնը չեն կրնար այս պարգեւը տալ։ Անիկա անձնական պարգեւ մըն է, պարգեւ մը՝ որ Եհովա կու տայ միայն իրեն մօտ եղողներուն։ Ի՞նչ է անիկա։ Աստուծոյ Խօսքը կը պատասխանէ. «Եթէ . . . քու ձայնդ հանճարին ուղղես, եթէ զանիկա արծաթի պէս փնտռես ու ծածուկ գանձերու պէս խնդրես, այն ատեն Տէրոջը վախը պիտի հասկնաս եւ Աստուծոյ գիտութիւնը պիտի գտնես։ Վասն զի իմաստութիւնը Տէրը կու տայ, գիտութիւնն ու հանճարը անոր բերնէն են»։ (Առակաց 2։3-6) Երեւակայեցէք, անկատար մարդիկ կարելիութիւնը ունին «Աստուծոյ գիտութիւնը» գտնելու։ Այս պարգեւը՝ Աստուծոյ Խօսքին մէջ գտնուած գիտութիւնը՝ նմանցուած է «ծածուկ գանձերու»։ Ինչո՞ւ։

4, 5. «Աստուծոյ գիտութիւնը» ինչո՞ւ կրնայ նմանցուիլ «ծածուկ գանձերու»։ Օրինակ մը տուէք։

4 Նախ, Աստուծոյ գիտութիւնը մեծ արժէք ունի։ Անոր անգին վարձատրութիւններէն մէկը՝ յաւիտենական կեանքի հեռանկարն է։ (Յովհաննու 17։3) Սակայն այդ գիտութիւնը հիմա իսկ մեր կեանքը կը ճոխացնէ։ Օրինակ, Աստուծոյ Խօսքին ուշադիր ուսումնասիրութեան որպէս արդիւնք, կրցած ենք հետեւեալին նման կարեւոր հարցումներու պատասխանները ստանալ. Ի՞նչ է Աստուծոյ անունը։ (Սաղմոս 83։18) Ի՞նչ է մեռելներուն իսկական վիճակը։ (Ժողովողի 9։5, 10) Երկրին ու մարդկութեան նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը ի՞նչ է։ (Եսայեայ 45։18) Նաեւ կրցած ենք լաւագոյն ապրելակերպը գիտնալ՝ Աստուածաշունչի իմաստուն խրատները կիրարկելով։ (Եսայեայ 30։20, 21. 48։17, 18) Հետեւաբար, շիտակ առաջնորդութիւն ունինք, որ մեզի կ’օգնէ կեանքի մտահոգութիւններուն հետ գլուխ ելլելու, եւ իսկական երջանկութեան ու գոհունակութեան նպաստող ընթացք մը հետապնդելու։ Ամենակարեւորը, Աստուծոյ Խօսքին ուսումնասիրութիւնը մեզի օգնած է որ Եհովայի սքանչելի յատկութիւնները ճանչնանք եւ իրեն մօտենանք։ Կա՞յ աւելի արժէքաւոր բան, քան՝ ‘Աստուծոյ գիտութեան’ վրայ հիմնուած Եհովայի հետ սերտ յարաբերութիւն մը։

5 Աստուծոյ գիտութիւնը «ծածուկ գանձերու» նմանցուելու պատճառ մը եւս կայ։ Շատ մը այլ գանձերու նման, անիկա համեմատաբար հազուագիւտ է այս աշխարհին մէջ։ Երկրագունդի վեց միլիառ բնակիչներէն շուրջ վեց միլիոն Եհովայի երկրպագուներ, կամ 1,000–էն մէկը գտած է «Աստուծոյ գիտութիւնը»։ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը գիտնալը շատ հազուագիւտ գանձ մը ըլլալը ապացուցանելու համար, նկատի առէք սուրբ գրային միայն մէկ հարցում. Մահուան ատեն մարդոց ի՞նչ կը պատահի։ Սուրբ Գրութիւններէն գիտենք թէ հոգին կը մեռնի եւ թէ մեռելները անգիտակից են։ (Յակոբու 5։20) Այսուհանդերձ, այն սուտ հաւատալիքը թէ մահուընէ ետք մարդուն մէջ բան մը կը շարունակէ վերապրիլ, ընդունուած է աշխարհի շատ մը կրօնքներուն կողմէ։ Անիկա Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնքներուն անբաժան մէկ մասն է։ Անիկա նաեւ համատարած է Թաոյականութեան, Իսլամութեան, Հրէականութեան, Ճէնականութեան, Շինթոյականութեան, Պուտտայականութեան, Պրահմանականութեան եւ Սիխականութեան մէջ։ Պահ մը խորհեցէք. միլիառաւոր մարդիկ խաբուած են այս սուտ վարդապետութեամբ։

6, 7. (ա) Միայն որո՞նք կրնան «Աստուծոյ գիտութիւնը» գտնել։ (բ) Ո՞ր օրինակը ցոյց կու տայ թէ Եհովա մեզ օրհնած է ներատեսութեամբ, որմէ զուրկ են «իմաստուններէն ու գիտուններէն» շատեր։

6 Ինչո՞ւ աւելի մեծ թիւով մարդիկ «Աստուծոյ գիտութիւնը» չեն գտած։ Քանի որ անհատ մը Աստուծոյ Խօսքին իմաստը չի կրնար լիովին ըմբռնել առանց Իր օգնութեան։ Մի՛ մոռնաք որ այս գիտութիւնը պարգեւ մըն է։ Եհովա զայն կու տայ միայն անոնց, որոնք կ’ուզեն իր Խօսքը հետազօտել պարկեշտութեամբ ու խոնարհութեամբ։ Այսպիսիներ կրնան «մարմնի կողմանէ շատ իմաստուններ» չըլլալ։ (Ա. Կորնթացիս 1։26) Անոնցմէ շատեր աշխարհի չափանիշով կրնան նոյնիսկ «տգէտ ու առանց ուսման» մարդիկ նկատուիլ։ (Գործք 4։13) Այսուհանդերձ, ասիկա կարեւոր չէ։ Եհովա մեզ ‘Աստուծոյ գիտութեամբ’ կը վարձատրէ, մեր սրտին մէջ իր գտած յատկութիւններուն պատճառաւ։

7 Նկատի առէք օրինակ մը։ Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ բազմաթիւ ուսումնականներ Աստուածաշունչին մասին ընդարձակ մեկնաբանութիւններ հրատարակած են։ Այսպիսի աշխատասիրութիւններ կրնան բացատրել պատմական ենթահողը, Եբրայերէն ու Յունարէն բառերուն իմաստը, եւ աւելին։ Հակառակ իրենց ունեցած այս բոլոր գիտելիքներուն, այսպիսի ուսումնականներ իրապէս գտա՞ծ են «Աստուծոյ գիտութիւնը»։ Անոնք յստակօրէն կը հասկնա՞ն Աստուածաշունչին բնաբանը՝ Եհովայի գերիշխանութեան ջատագովումը իր երկնային Թագաւորութեան միջոցաւ։ Անոնք գիտե՞ն թէ Եհովա Աստուած Երրորդութեան մը մէկ մասը չէ։ Մենք այսպիսի հարցերու շուրջ ճշգրիտ հասկացողութիւն ունինք։ Ինչո՞ւ։ Եհովա մեզ օրհնած է հոգեւոր ճշմարտութիւններ հասկնալու ներատեսութիւնով, որմէ զուրկ են «իմաստուններէն ու գիտուններէն» շատեր։ (Մատթէոս 11։25) Եհովա որքա՜ն կ’օրհնէ իրեն մօտիկ եղողները։

‘Եհովա Բոլոր Զինք Սիրողները կը Պահէ’

8, 9. (ա) Դաւիթ ի՞նչպէս նկարագրեց Եհովայի մօտիկ եղողներուն վայելած ուրիշ մէկ օրհնութիւնը։ (բ) Ճշմարիտ Քրիստոնեաները ինչո՞ւ Աստուծոյ պաշտպանութեան կարիքը ունին։

8 Եհովայի մօտիկ եղողները ուրիշ օրհնութիւն մըն ալ կը վայելեն՝ իր պաշտպանութիւնը։ Սաղմոսերգու Դաւիթ, որ բազմաթիւ նեղութիւններ կրած էր՝ գրեց. «Տէրը մօտ է այն ամենուն որ զինք կը կանչեն, այն ամենուն՝ որ ճշմարտութեամբ զինք կը կանչեն։ Անիկա իրմէ վախցողներուն փափաքը կը լեցնէ եւ անոնց աղաղակը կը լսէ ու կը փրկէ զանոնք։ Տէրը բոլոր զինք սիրողները կը պահէ»։ (Սաղմոս 145։18-20) Այո, Եհովա մօտ է զինք սիրողներուն, հետեւաբար կրնայ արագօրէն պատասխանել անոնց օգնութեան աղաղակներուն։

9 Ինչո՞ւ Աստուծոյ պաշտպանութեան կարիքը ունինք։ ‘Վերջին օրերու չար ժամանակներուն’ ազդեցութեան ներքեւ ապրելէ զատ, ճշմարիտ Քրիստոնեաները Եհովայի գլխաւոր Հակառակորդին՝ Բանսարկու Սատանային՝ մասնայատուկ թիրախն են։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1) Այս խորամանկ թշնամին վճռած է մեզ ‘կլլել’։ (Ա. Պետրոս 5։8) Սատանան կը հալածէ, կը ճնշէ եւ կը փորձէ մեզ։ Ան նաեւ կը փնտռէ մտքի ու սրտի կեցուածքներ, զորս կրնայ շահագործել։ Ան իր մտքին մէջ նպատակ մը ունի. Մեր հաւատքը տկարացնել ու մեզ հոգեւորապէս կործանել։ (Յայտնութիւն 12։12, 17) Քանի որ այսպիսի զօրաւոր ոսոխի մը դէմ կը պայքարինք, սրտապնդիչ չէ՞ գիտնալ թէ Եհովա «բոլոր զինք սիրողները կը պահէ»։

10. (ա) Եհովա ի՞նչպէս կը պաշտպանէ իր ժողովուրդը։ (բ) Ամենակարեւոր պաշտպանութիւնը ի՞նչ է, եւ ինչո՛ւ։

10 Սակայն Եհովա ի՞նչ կերպով կը պաշտպանէ իր ժողովուրդը։ Պաշտպանութիւն հայթայթելու իր խոստումը այս դրութեան մէջ խնդիրներէ զերծ կեանք մը չ’երաշխաւորեր. ոչ ալ կը նշանակէ թէ անպայման մեզի ի նպաստ հրաշքներ պիտի գործէ։ Այսուհանդերձ, Եհովա ֆիզիքական պաշտպանութիւն կը հայթայթէ իր ժողովուրդին որպէս ամբողջութիւն։ Անշուշտ, ան երբեք թոյլ պիտի չտայ որ Բանսարկուն երկրի երեսէն ճշմարիտ երկրպագուները բնաջնջէ։ (Բ. Պետրոս 2։9) Բայց, Եհովա մանաւանդ հոգեւորապէս կը պաշտպանէ մեզ։ Ան մեզ կը զինէ փորձութիւններու տոկալու եւ իր հետ մեր յարաբերութիւնը պահպանելու համար հարկ եղած բաներով։ Վերջ ի վերջոյ, հոգեւոր պաշտպանութիւնը ամենէն կարեւոր պաշտպանութիւնն է։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այնքան ատեն որ Եհովայի հետ յարաբերութեան մէջ ենք, ո՛չ մէկ բան՝ ոչ իսկ մահը՝ կրնայ մնայուն վնաս հասցնել մեզի։—Մատթէոս 10։28

11. Իր ժողովուրդին հոգեւոր պաշտպանութեան համար Եհովա ի՞նչ կարգադրութիւններ ըրած է։

11 Եհովա իրեն մօտիկ եղողներուն հոգեւոր պաշտպանութեան համար բազմաթիւ կարգադրութիւններ ըրած է։ Իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին միջոցաւ, ան մեզի իմաստութիւն կը շնորհէ զանազան փորձութիւններու հետ գլուխ ելլելու համար։ (Յակոբու 1։2-5) Սուրբ Գրութիւններուն մէջ գտնուած գործնական խրատները կիրարկելը ինքնին պաշտպանութիւն մըն է։ Ասկէ զատ, Եհովա ‘սուրբ հոգին կու տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն’։ (Ղուկաս 11։13) Այս հոգին տիեզերքի ամենազօրաւոր ոյժն է, ուստի վստահաբար կրնայ մեզ զինել յաջողութեամբ դիմագրաւելու որեւէ դժուարութիւն կամ փորձութիւն, որ մեր դիմաց կ’ելլէ։ Քրիստոսի միջոցաւ, Եհովա «տղամարդիկ որպէս պարգեւներ» կու տայ։ (Եփեսացիս 4։8, ՆԱ) Հոգեւորապէս որակելի այս տղամարդիկը կը ջանան Եհովայի խոր կարեկցութիւնը արտացոլացնել, իրենց հաւատակիցներուն օգնելով։—Յակոբու 5։14, 15

12, 13. (ա) Եհովա ի՞նչ միջոցաւ ատենին հոգեւոր սնունդ կը հայթայթէ մեզի։ (բ) Մեր հոգեւոր բարօրութեան համար Եհովայի ըրած կարգադրութիւններուն հանդէպ ի՞նչ կը զգաք։

12 Եհովա ուրիշ բան մըն ալ կը հայթայթէ մեզ պաշտպանելու համար. ատենին եղող հոգեւոր սնունդը։ (Մատթէոս 24։45) Հրատարակուած գրականութիւններուն՝ ի ներառեալ Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերը, ինչպէս նաեւ ժողովներու եւ համաժողովներու միջոցաւ, Եհովա մեզի հարկ եղածը կը հայթայթէ ճիշդ ատենին։ Կը յիշէ՞ք առիթ մը երբ քրիստոնէական ժողովի կամ համաժողովի մը ընթացքին լսեցիք բան մը, որ ձեր սրտին դպաւ եւ ձեզ զօրացուց կամ մխիթարեց։ Վերոյիշեալ պարբերաթերթերէն մէկուն մէջ երբեք յօդուած մը կարդալով զգացա՞ծ էք թէ անիկա ձեզի համար գրուած էր։

13 Սատանայի ամենէն ազդու զէնքերէն մէկը վհատութիւնն է, եւ մենք անոր ազդեցութենէն զերծ չենք։ Ան քաջ գիտէ թէ երկարատեւ վհատութիւնը կրնայ մեր ոյժը տկարացնել, նոյնիսկ մեզ խոցելի դարձնել։ (Առակաց 24։10) Քանի որ Սատանան կը ջանայ մեր ժխտական զգացումները շահագործել, հետեւաբար մենք օգնութեան կարիքը ունինք։ Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերուն մէջ մերթ ընդ մերթ յօդուածներ հրատարակուած են, որոնք մեզի կ’օգնեն վհատութեան դէմ պայքարելու։ Այդ յօդուածներէն մէկուն մասին խօսելով, Քրիստոնեայ քոյր մը գրեց. «Յօդուածը կը կարդամ գրեթէ ամէն օր, եւ ամէն անգամ աչքերս արցունքով կը լեցուին։ Զայն անկողնիս մօտ կը պահեմ, որպէսզի միշտ ձեռքիս տակ ունենամ երբ ընկճուած զգամ։ Այսպիսի յօդուածներուն ընդմէջէն, կը զգամ թէ Եհովայի հովանաւորող բազուկները զիս կը գրկեն»։ * Երախտապարտ չե՞նք որ Եհովա ժամանակայարմար հոգեւոր սնունդ կը հայթայթէ մեզի։ Մի՛ մոռնաք որ մեր հոգեւոր բարօրութեան համար իր ըրած կարգադրութիւնները կ’ապացուցանեն որ ան մեզի մօտ է եւ մեզ իր պահպանիչ հոգատարութեան ներքեւ բերած է։

«Աղօթքի Լսող»ին Մօտենալու Պարգեւը

14, 15. (ա) Եհովա ի՞նչ յատկանշական օրհնութիւն կը շնորհէ իրեն մօտիկ եղողներուն։ (բ) Աղօթքով ազատօրէն Եհովայի մօտենալու պարգեւը ինչո՞ւ յատկանշական առանձնաշնորհում մըն է։

14 Բնաւ նկատա՞ծ էք թէ երբ մարդիկ զօրութիւն ու հեղինակութիւն ձեռք ձգեն, յաճախ նուազ մատչելի կը դառնան իրենցմէ ստորադաս եղող անհատներուն։ Սակայն, ի՞նչ կրնանք ըսել Եհովա Աստուծոյ մասին։ Արդեօք ան ա՛յնքան հեռո՞ւ է որ հետաքրքրուած չըլլայ իրեն ուղղուած մարդոց խօսքերով։ Ճիշդ հակառակը։ Աղօթքի պարգեւը ուրիշ օրհնութիւն մըն է, որ Եհովա կը շնորհէ իրեն մօտիկ եղողներուն։ «Աղօթքի լսող»ին ազատօրէն մօտենալու պարգեւը իրապէս յատկանշական առանձնաշնորհում մըն է։ (Սաղմոս 65։2) Ինչո՞ւ։

15 Բացատրենք. Մեծ ընկերութեան մը գլխաւոր տնօրէնը բազմաթիւ պատասխանատուութիւններ ունի։ Ան կ’որոշէ ո՛ր հարցերը անձամբ ձեռք պիտի առնէ եւ որոնք ուրիշներուն պիտի յանձնէ։ Տիեզերքի Գերիշխանն ալ ազատ է որոշելու թէ ո՛ր հարցերը անձամբ ձեռք պիտի առնէ, եւ որոնք ուրիշներու հոգատարութեան պիտի յանձնէ։ Նկատի առէք այն բոլոր բաները, զորս Եհովա իր սիրելի Որդւոյն յանձնած է։ Որդւոյն տրուած է «դատաստան ընելու իշխանութիւն»։ (Յովհաննու 5։27) Հրեշտակները «իրեն հնազանդ են»։ (Ա. Պետրոս 3։22) Եհովայի հզօր սուրբ հոգին Յիսուսի տրամադրութեան տակ դրուած է, երկրի վրայ իր աշակերտները առաջնորդելու մէջ իրեն օգնելու համար։ (Յովհաննու 15։26. 16։7) Հետեւաբար, Յիսուս կրցաւ ըսել. «Ամէն իշխանութիւն ինծի տրուեցաւ երկնքի ու երկրի մէջ»։ (Մատթէոս 28։18) Սակայն, ինչ կը վերաբերի մեր աղօթքներուն, Եհովա կը նախընտրէ անձամբ զբաղիլ անոնցմով։ Անոր համար Աստուածաշունչը ուղղութիւն կու տայ որ մեր աղօթքները միայն Եհովա Աստուծոյ մատուցանենք՝ Յիսուսի անունով։—Սաղմոս 69։13. Յովհաննու 14։6, 13

16. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ թէ Եհովա իրապէս մտիկ կ’ընէ մեր աղօթքները։

16 Եհովա իրապէս մտիկ կ’ընէ՞ մեր աղօթքները։ Եթէ ան անտարբեր կամ անուշադիր ըլլար, երբեք պիտի չյորդորէր մեզ որ ‘ստէպ աղօթքի կենանք’ կամ մեր բեռներն ու հոգերը իր վրայ ձգենք։ (Հռովմայեցիս 12։12. Սաղմոս 55։22. Ա. Պետրոս 5։7) Աստուածաշունչի ժամանակներուն, հաւատարիմ ծառաներ կատարեալ վստահութիւն ունէին թէ Եհովա իրենց աղօթքները կը լսէ։ (Ա. Յովհաննու 5։14) Ուստի, սաղմոսերգու Դաւիթ գրեց. «[Եհովա] պիտի լսէ իմ ձայնս»։ (Սաղմոս 55։17) Մենք ալ ամէն պատճառ ունինք վստահ ըլլալու թէ Եհովա մօտ է ու պատրաստ՝ մեր բոլոր մտքերն ու մտահոգութիւնը լսելու։

Եհովա կը Վարձատրէ Իր Ծառաները

17, 18. (ա) Եհովա ի՞նչ կը զգայ իր մտացի արարածներուն հաւատարիմ ծառայութեան նկատմամբ։ (բ) Բացատրեցէք թէ Առակաց 19։17 ի՛նչպէս ցոյց կու տայ թէ Եհովա կը նկատէ մեր գթառատ արարքները։

17 Որպէս Տիեզերքի Գերիշխան Եհովայի դիրքը չ’ազդուիր այն բաներէն որ մարդիկ կ’ընեն կամ կը մերժեն ընել։ Այսուհանդերձ, Եհովա գնահատող Աստուած է։ Ան կ’արժեւորէ, իրականութեան մէջ իրեն սիրելի է իր մտացի արարածներուն մատուցած հաւատարիմ ծառայութիւնը։ (Սաղմոս 147։11) Ուստի, ասիկա Եհովայի մօտիկ եղողներուն վայելած այլ օգուտներէն մէկն է. Ան կը վարձատրէ իր ծառաները։—Եբրայեցիս 11։6

18 Աստուածաշունչը յստակօրէն ցոյց կու տայ թէ Եհովա կ’արժեւորէ իր երկրպագուներուն ըրած բաները։ Օրինակ, կը կարդանք. «Աղքատին ողորմութիւն ընողը Տէրոջը փոխ կու տայ ու Անիկա անոր հատուցում պիտի ընէ»։ (Առակաց 19։17) Աղքատներուն հանդէպ Եհովայի գթառատ նկատառութիւնը ցցուն եղած է Մովսիսական Օրէնքով։ (Ղեւտացւոց 14։21. 19։15) Եհովա ի՞նչ կը զգայ երբ կարօտեալներուն հետ մեր գործառնութեանց մէջ իր ողորմութիւնը ընդօրինակենք։ Երբ կարօտեալին տանք, առանց փոխարէնը ակնկալելու, Եհովա զայն կը սեպէ որպէս Իրեն փոխ տրուած։ Եհովա կը խոստանայ այդ պարտքը վերադարձնել, անհատին Իր հաճութիւնը եւ օրհնութիւնը տալով։ (Առակաց 10։22. Մատթէոս 6։3, 4. Ղուկաս 14։12-14) Այո, երբ չքաւոր հաւատակիցի մը հանդէպ կարեկցութիւն ցուցաբերենք, ասիկա Եհովայի սրտին կը դպչի։ Որքա՜ն հաճելի է գիտնալ թէ մեր ողորմած արարքները աննկատ չեն մնար մեր երկնաւոր Հօր կողմէ։—Մատթէոս 5։7

19. (ա) Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ թէ Եհովա կը գնահատէ քարոզչութեան ու աշակերտելու գործին մէջ մեր բերած մասնակցութիւնը։ (բ) Եհովա ի՞նչպէս կը վարձատրէ իր Թագաւորութեան ի նպաստ եղած ծառայութիւնները։

19 Եհովա մասնաւորաբար կը գնահատէ ինչ որ կ’ընենք իր Թագաւորութեան համար։ Երբ Եհովայի մօտենանք, բնական է որ ուզենք մեր ժամանակը, կորովը եւ նիւթական միջոցները գործածել, Թագաւորութեան քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին մէջ կարելի եղածին չափ մասնակցութիւն բերելու համար։ (Մատթէոս 28։19, 20) Երբեմն, կրնանք զգալ թէ շատ բան չենք իրագործեր։ Մեր անկատար սիրտը նոյնիսկ կրնայ պատճառ ըլլալ կասկածելու թէ Եհովա կը հաճի՞ մեր ջանքերուն։ (Ա. Յովհաննու 3։19, 20) Սակայն, Եհովա սիրով լեցուն սրտէ մը բխած ամէն պարգեւ կ’արժեւորէ, անիկա ո՛րքան ալ չնչին ըլլայ։ (Մարկոս 12։41-44) Աստուածաշունչը մեզ կը վստահեցնէ. «Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք»։ (Եբրայեցիս 6։10) Արդարեւ, Եհովա կը յիշէ ու կը վարձատրէ իր Թագաւորութեան ի նպաստ կատարուած նոյնիսկ ամենափոքր ծառայութիւնը։ Այժմու հոգեւոր ճոխ օրհնութիւններէն զատ, կարօտով կը սպասենք մօտալուտ նոր աշխարհին մէջ մեր վայելելիք ուրախութիւններուն, ուր Եհովա առատաձեռնօրէն իր ձեռքը պիտի բանայ ու գոհացնէ իրեն մօտիկ եղող բոլոր անհատներուն արդար փափաքները։—Սաղմոս 145։16. Բ. Պետրոս 3։13

20. 2003–ի ընթացքին, ի՞նչպէս կրնանք մեր մտքին մէջ պահել մեր տարուան համարին խօսքերը, եւ ի՞նչ արդիւնքով։

20 2003–ի ամբողջ տարուան ընթացքին, թող որ մենք մեզի հարց տանք թէ յարատեւ ջանք կը թափե՞նք մեր երկնաւոր Հօրը մօտենալու համար։ Եթէ այո, կրնանք վստահ ըլլալ թէ ան իր խոստումին համաձայն պիտի ընդառաջէ։ Արդարեւ, ‘Աստուած չի ստեր’։ (Տիտոս 1։2) Եթէ դուք իրեն մօտենաք, ինքն ալ ձեզի պիտի մօտենայ։ (Յակոբու 4։8) Ի՞նչ արդիւնք քաղելով։ Հիմա՛ ճոխ օրհնութիւններ եւ յաւիտենականութեան ընթացքին Եհովայի ա՛լ աւելի մօտենալու հեռանկարը։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 13 «Եհովան Մեր Սրտերէն Մեծ Է» յօդուածին հանդէպ ընթերցողի մը ունեցած ընդառաջումը, լոյս տեսած՝ Դիտարան 1 Մայիս 2000, էջ 28-31։

Կը յիշէ՞ք

• Եհովա իրեն մօտ եղողներուն ի՞նչ պարգեւ կը շնորհէ։

• Եհովա ի՞նչ հայթայթումներ կ’ընէ իր ժողովուրդին հոգեւոր պաշտպանութեան համար։

• Աղօթքի միջոցաւ ազատօրէն Եհովայի հետ խօսիլը ինչո՞ւ արտակարգ առանձնաշնորհում մըն է։

• Աստուածաշունչը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ Եհովա կը գնահատէ իր մտացի արարածներուն հաւատարիմ ծառայութիւնը։

[Ուսումնասիրութեան հարցումները]

[Նկար՝ էջ 13]

Եհովա մեզ օրհնած է հոգեւոր ճշմարտութիւններ հասկնալու ներատեսութեամբ

[Նկարներ՝ էջ 14, 15]

Եհովա հոգեւոր պաշտպանութիւն կը հայթայթէ

[Նկար՝ էջ 16]

Եհովա մօտ է ու պատրաստ՝ մտիկ ընելու մեր բոլոր աղօթքները