Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիշատակութեան արժանի օրը

Յիշատակութեան արժանի օրը

Յիշատակութեան արժանի օրը

ԱՍԻԿԱ այն օրն է որ մարդկութեան ընթացքը բոլորովին փոխեց, ի նպաստ անոնց յաւիտենական բարօրութեան։ Պատմութեան մէջ ուրիշ ոչ մէկ օր ա՛յսքան ազդած է մարդկութեան ապագային։ Այդ օրը Յիսուս ամբողջացուց այն բոլոր բաները, որոնց համար երկիր եկած էր։ Տանջանքի ցիցի մը վրայ գամուած, ան իր վերջին շունչը առաւ ու աղաղակեց. «Ամէն բան կատարուեցաւ»։ (Յովհաննու 19։30) Յիսուս ի՞նչ նպատակի համար եկած էր։

Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Որդին մարդոյ չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա սպասաւորութիւն ընելու եւ իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու»։ (Մատթէոս 20։28) Յիսուս իր կեանքը տուաւ, որպէսզի մարդկութիւնը ժառանգուած մեղքէն ու մահէն ազատագրուի։ Այո, «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։ (Յովհաննու 3։16) Յիսուսի զոհագործութիւնը ի՜նչ թանկարժէք հայթայթում մըն է։

Այլ պատճառով ալ Յիսուսի մահուան օրը յիշատակութեան արժանի օրն է։ Այդ օրը Աստուծոյ Որդին իր առաքեալներուն արժէքաւոր դասեր սորվեցուց, որոնք իրենց պիտի օգնէին հաւատարիմ մնալու։ Իր վերջին խօսքերը այդ աշակերտներուն սրտին որքա՜ն դպչած ըլլալու էին։ Անոր ուսուցումները ի՞նչ էին։ Յիսուսի անոնց սորվեցուցած բաներէն ի՞նչպէս կրնանք օգտուիլ։ Այս հարցումները նկատի պիտի առնուին յաջորդ յօդուածին մէջ։