Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի»

«Քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի»

«Քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի»

ՅԻՍՈՒՍԻ մահուան օրը՝ հրէական Նիսան ամսուան 14–րդ օրը, արեւնամուտին սկսաւ՝ Հինգշաբթի 31 Մարտ Հ.Դ. 33–ին։ Այդ իրիկուն, Յիսուս եւ իր առաքեալները հաւաքուեցան Երուսաղէմի տան մը վերնատան մէջ, Պասեքը տօնելու համար։ Մինչ կը պատրաստուէր ‘այս աշխարհէն ելլելու Հօրը քով’, Յիսուս ցոյց տուաւ թէ իր առաքեալները կը սիրէր մինչեւ վերջ։ (Յովհաննու 13։1) Ի՞նչպէս։ Անոնց գեղեցիկ դասեր սորվեցնելով, այսպէս զիրենք գալիք բաներուն պատրաստելով։

Մինչ գիշերը կը յառաջանար, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի»։ (Յովհաննու 16։33) Ան այս խիզախ արտայայտութեամբ ի՞նչ ըսել ուզեց։ Մասամբ՝ հետեւեալը. ‘Աշխարհի մէջ եղած չարութիւնը ո՛չ զիս դառնացուց, ո՛չ ալ պատճառ եղաւ որ փոխադարձեմ։ Թոյլ չտուի որ աշխարհը զիս իր կաղապարին մէջ դնէ։ Դո՛ւք ալ կրնաք նոյնը ընել’։ Իր երկրային կեանքին այդ վերջին ժամերուն ինչ որ Յիսուս իր հաւատարիմ առաքեալներուն սորվեցուց, իրենց նաեւ պիտի օգնէր որ աշխարհի յաղթէին։

Ո՞վ կրնայ ուրանալ թէ ներկայիս աշխարհի մէջ չարութիւնը համատարած է։ Ի՞նչպէս կը հակազդենք անիրաւութիւններու եւ անիմաստ բռնարարքներու։ Ասոնք մեզ կը դառնացնե՞ն կամ կը մղե՞ն փոխադարձելու։ Մեզ շրջապատող բարոյական անկումէն ի՞նչպէս կ’ազդուինք։ Ասկէ զատ, մեր մարդկային անկատարութիւններն ու մեղաւոր հակումները ունինք, ուստի, երկու ճակատներու վրայ պատերազմ կը մղենք. արտաքին ամբարիշտ աշխարհին դէմ եւ մեր ներքին չար հակումներուն դէմ։ Իրապէս կրնա՞նք ակնկալել որ առանց Աստուծոյ օգնութեան յաղթական ըլլանք։ Ի՞նչպէս կրնանք այս օգնութիւնը ստանալ։ Ի՞նչ յատկութիւններ պէտք է մշակենք, մեզի օգնելու համար որ մարմնաւոր հակումներուն դէմ դնենք։ Պատասխանները ստանալու համար, նկատի առնենք թէ Յիսուս, երկրի վրայ իր անցուցած վերջին օրը, իր սիրելի աշակերտներուն ի՛նչ սորվեցուց։

Հպարտութիւնը Խոնարհութիւնով Նուաճեցէք

Օրինակ, նկատի առէք հպարտութեան կամ ամբարտաւանութեան խնդիրը։ Ասոր մասին Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Կոտորածին առջեւէն՝ հպարտութիւն ու կործանման առջեւէն ամբարտաւանութեան ոգին կ’երթայ»։ (Առակաց 16։18) Սուրբ Գրութիւնները նաեւ մեզ կը խրատեն. «Եթէ մէկը ինքզինք բան մը ըլլալ կը սեպէ ու չէ, անիկա իր անձը կը խաբէ»։ (Գաղատացիս 6։3) Այո, հպարտութիւնը կործանիչ ու խաբուսիկ է։ Խոհեմ կ’ըլլանք եթէ ‘հպարտութիւնը եւ ամբարտաւանութիւնը’ ատենք։—Առակաց 8։13

Յիսուսի առաքեալները ինքնապանծութեան եւ հպարտութեան նկատմամբ խնդիր ունէի՞ն։ Առնուազն առիթով մը, անոնք իրարու հետ վիճաբանեցան թէ ո՛վ աւելի մեծ էր։ (Մարկոս 9։32-36) Ուրիշ առիթով մը, Յակոբոս ու Յովհաննէս Թագաւորութեան մէջ կարկառուն դիրքեր խնդրեցին։ (Մարկոս 10։35-45) Յիսուս փափաքեցաւ իր աշակերտներուն օգնել որ այս հակումէն ձերբազատուին։ Ուստի, Պասեքի ընթրիքը ուտելու ժամանակ, ան ոտքի ելաւ, մէջքը ղենջակ մը փաթթեց, եւ սկսաւ իր աշակերտներուն ոտքերը լուալ։ Անոր սորվեցուցած դասը բացորոշ էր։ «Եթէ ես Տէրս ու Վարդապետս ձեր ոտքերը լուացի, ուրեմն պէտք է որ դուք ալ իրարու ոտքերը լուաք»։ (Յովհաննու 13։14) Հպարտութիւնը պէտք է փոխարինուի անոր հակառակ յատկութեամբ՝ խոնարհութեամբ։

Սակայն, հպարտութիւնը նուաճելը դիւրին չէ։ Այդ իրիկուն, Յուդա Իսկարիովտացին ճամբելէ ետք, որ Յիսուսը պիտի մատնէր, 11 առաքեալներուն միջեւ տաք վիճաբանութիւն մը ծագեցաւ։ Ի՞նչ էր անոնց մտահոգութիւնը։ Իրենցմէ ո՛վ միւսներէն մեծ էր։ Փոխանակ զիրենք յանդիմանելու, Յիսուս անգամ մը եւս համբերութեամբ շեշտեց իրարու ծառայելու կարեւորութիւնը։ Ան ըսաւ. «Ազգերու թագաւորները անոնց կը տիրեն եւ անոնք որ կ’իշխեն անոնց՝ բարերար կը կոչուին։ Բայց դուք այնպէս պէտք չէ ըլլաք, հապա ան որ ձեր մէջ մեծ է, պզտիկի պէս թող ըլլայ եւ առաջնորդը՝ սպասաւորի պէս»։ Իր օրինակը անոնց յիշեցնելով, կ’աւելցնէ. «Ես ձեր մէջ սպասաւորի մը պէս եմ»։—Ղուկաս 22։24-27

Առաքեալները դասը ըմբռնեցի՞ն։ Փաստօրէն այո՛։ Տարիներ ետք, Պետրոս առաքեալ գրեց. «Ամէնքդ մէկ մտքի վրայ եղէք, կարեկից, եղբայրասէր, ողորմած ու քաղցրաբարոյ [«խոնարհամիտ», Անթիլիաս]»։ (Ա. Պետրոս 3։8) Որքա՜ն կենսական է որ մենք ալ հպարտութիւնը խոնարհութիւնով նուաճենք։ Խոհեմութիւն է որ համբաւ, հեղինակութիւն կամ դիրք հետապնդելով չտարուինք։ «Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ», կ’ըսէ Աստուածաշունչը, «բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ»։ (Յակոբու 4։6) Նմանապէս, իմաստուն հին առակ մը կ’ըսէ. «Խոնարհութիւնը եւ Տէրոջը երկիւղին վախճանը հարստութիւն, փառք ու կեանք են»։—Առակաց 22։4

Ատելութիւնը Նուաճել՝ Ի՞նչպէս

Նկատի առէք աշխարհի մէջ սովորական եղող ուրիշ նկարագրի գիծ մը՝ ատելութիւնը։ Ի՛նչ որ ալ ըլլայ ատելութեան պատճառը՝ վախ, տգիտութիւն, կանխադատութիւն, հարստահարութիւն, անիրաւութիւն, ազգայնականութիւն կամ ցեղապաշտութիւն, կը թուի թէ անիկա ամէն տեղ է։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-4) Ատելութիւնը Յիսուսի օրերուն ալ լայնատարած էր։ Մաքսաւորները հրէական ընկերութեան կողմէ ատուած վտարանդիներ էին։ Հրեաները Սամարացիներուն հետ գործառնութիւններ չէին ունենար։ (Յովհաննու 4։9) Հրեաները նաեւ կ’արհամարհէին Հեթանոսները։ Սակայն, ժամանակի ընթացքին, Յիսուսի հաստատած պաշտամունքի կերպը, ամէն ազգէ անհատներ պիտի ընդգրկէր։ (Գործք 10։34, 35. Գաղատացիս 3։28) Ուստի, ան սիրալիրօրէն իր աշակերտներուն նոր բան մը տուաւ։

Յիսուս ըսաւ. «Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, որ դուք ալ մէկզմէկ սիրէք»։ Անոնք այսպիսի սէր մը ցուցաբերելը պէտք էր սորվէին, քանի որ ան շարունակեց. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։ (Յովհաննու 13։34, 35) Այս պատուիրանը նոր էր, այն առումով որ անիկա «քու ընկերդ քու անձիդ պէս» սիրելէն անդին կ’երթար։ (Ղեւտացւոց 19։18) Ի՞նչ կերպով։ Յիսուս հարցը յստակացուց, ըսելով. «Այս է իմ պատուէրս, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի։ Ասկէ աւելի մեծ սէր մէ՛կը չի կրնար ունենալ, որ մէկը իր կեանքը բարեկամներուն համար դնէ»։ (Յովհաննու 15։12, 13) Անոնք պատրաստ պէտք էր ըլլային իրարու կամ ուրիշներու սիրոյն իրենց կեանքը զոհելու։

Անկատար մարդիկ ի՞նչպէս կրնան չարամիտ ատելութիւնը իրենց կեանքէն արմատախիլ ընել։ Զայն անձնուրաց սիրով փոխարինելով։ Ազգատոհմային, մշակութային, կրօնական ու քաղաքական ենթահողերէ եկած միլիոնաւոր անկեղծ անհատներ ճիշդ ասիկա կ’ընեն։ Այժմ անոնք կը կազմեն միացած ու ատելութենէ զերծ ընկերութիւն մը՝ Եհովայի Վկաներու երկրածաւալ եղբայրութիւնը։ Անոնք կ’անսան Յովհաննէս առաքեալի ներշնչեալ խօսքերուն. «Ամէն ով որ իր եղբայրը կ’ատէ՝ մարդասպան է։ Գիտէք թէ ամէն մարդասպան իր մէջ յաւիտենական կեանք չունի»։ (Ա. Յովհաննու 3։15) Ճշմարիտ Քրիստոնեաները ո՛չ միայն կը մերժեն պատերազմներու մասնակցիլ, այլ նաեւ՝ կը ջանան իրարու հանդէպ սէր ցուցաբերել։

Սակայն, ի՞նչպիսի մտային կեցուածք պէտք է ունենանք անոնց հանդէպ, որոնք մեր հաւատակիցները չեն եւ կրնան մեզ ատել։ Ցիցէ մը կախուած ատեն, Յիսուս իր մահավճիռը գործադրողներուն համար աղօթելով՝ ըսաւ. «Հա՛յր, թողութիւն տուր ատոնց, վասն զի չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ’ընեն»։ (Ղուկաս 23։34) Երբ ատելավառ մարդիկ Ստեփանոս աշակերտը մինչեւ մահ քարկոծեցին, անոր վերջին խօսքերն էին. «Տէ՛ր, այս մեղքը մի սեպեր ատոնց»։ (Գործք 7։59) Յիսուս եւ Ստեփանոս նոյնիսկ զիրենք ատողներուն բարօրութիւնը փնտռեցին։ Իրենց սրտին մէջ դառնութիւն չկար։ Աստուածաշունչը մեզ կը յորդորէ. «Բարիք ընենք ամենուն»։—Գաղատացիս 6։10

‘Օգնական մը՝ Յաւիտեան’

Մինչ 11 հաւատարիմ առաքեալներուն հետ իր հանդիպումը կը յառաջանար, Յիսուս անոնց իմացուց թէ այլեւս իրենց հետ մարմնով պիտի չըլլար։ (Յովհաննու 14։28. 16։28) Սակայն, ան զիրենք հաւաստիացուց. «Հօրը պիտի աղաչեմ եւ ուրիշ մխիթարիչ [«օգնական», ՆԱ] մը պիտի տայ ձեզի, որպէս զի յաւիտեան ձեզի հետ բնակի»։ (Յովհաննու 14։16) Խոստացուած օգնականը Աստուծոյ սուրբ հոգին է։ Անիկա անոնց պիտի սորվեցնէր Սուրբ Գրութիւններուն խորունկ բաները եւ իրենց միտքը պիտի բերէր ինչ որ Յիսուս իրենց սորվեցուցած էր իր երկրային ծառայութեան ընթացքին։—Յովհաննու 14։26

Սուրբ հոգին ի՞նչպէս կրնայ մեզի օգնել ներկայիս։ Նախ՝ Աստուածաշունչը Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքն է։ Մարգարէանալու եւ Աստուածաշունչը գրելու համար գործածուած տղամարդիկը «Սուրբ Հոգիէն շարժուած» էին։ (Բ. Պետրոս 1։20, 21. Բ. Տիմոթէոս 3։16) Սուրբ Գրութիւնները ուսումնասիրելը եւ մեր սորվածը կիրարկելը մեզի կու տայ գիտութիւն, իմաստութիւն, հասկացողութիւն, խորատեսութիւն, խոհեմութիւն եւ մտային կարողութիւն։ Այսպէս աւելի լաւ պատրաստուած չե՞նք ըլլար այս ամբարիշտ աշխարհի ճնշումները դիմագրաւելու։

Սուրբ հոգին ուրիշ կերպով մըն ալ օգնական է։ Աստուծոյ սուրբ հոգին բարիի նպաստող զօրաւոր ոյժ մըն է, որ իր ազդեցութեան ներքեւ եղողները կարող կը դարձնէ որ աստուածային յատկութիւններ ցուցաբերեն։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Հոգիին պտուղը այս է. սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն»։ Ասոնք չե՞ն այն յատկութիւնները, որոնց կարիքը ունինք, որպէսզի անբարոյութեան, վէճի, նախանձի, բարկութեան եւ նման բաներու վերաբերեալ մարմնաւոր հակումները նուաճենք։—Գաղատացիս 5։19-23

Աստուծոյ հոգիին ապաւինելով, կրնանք նաեւ «գերազանց զօրութիւնը» ստանալ, խնդրի մը կամ նեղութեան մը հետ գլուխ ելլելու համար։ (Բ. Կորնթացիս 4։7, Տրապիզոն) Թէեւ սուրբ հոգին նեղութիւններն ու փորձութիւնները կրնայ չվերցնել, սակայն վստահաբար անիկա մեզի պիտի օգնէ որ անոնց տոկանք։ (Ա. Կորնթացիս 10։13) Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց»։ (Փիլիպպեցիս 4։13) Աստուած զօրութիւն կու տայ իր սուրբ հոգիին միջոցաւ։ Որքա՜ն երախտապարտ պէտք է ըլլանք սուրբ հոգիին համար։ Անիկա խոստացուած է անոնց, որոնք ‘Յիսուսը կը սիրեն ու անոր պատուիրանքները կը պահեն’։—Յովհաննու 14։15

«Իմ Սիրոյս Մէջ Հաստատ Կեցէք»

Որպէս մարդ իր վերջին գիշերը, Յիսուս նաեւ իր առաքեալներուն ըսաւ. «Ան որ իմ պատուէրներս կը բռնէ ու կը պահէ զանոնք, անիկա է զիս սիրողը եւ ան որ զիս կը սիրէ՝ իմ Հօրմէս պիտի սիրուի»։ (Յովհաննու 14։21) Ան զիրենք յորդորեց. «Իմ սիրոյս մէջ հաստատ կեցէք»։ (Յովհաննու 15։9) Հօր եւ Որդւոյն սիրոյն մէջ մնալը մեզի ի՞նչպէս կ’օգնէ որ ներքին մեղաւոր հակումներուն եւ արտաքին ամբարիշտ աշխարհին դէմ պայքարինք։

Իրապէս կրնա՞նք մեղաւոր հակումները հակակշռի տակ առնել, եթէ ասիկա ընելու զօրաւոր շարժառիթ մը չունենանք։ Եհովա Աստուծոյ ու իր Որդւոյն հետ լաւ յարաբերութիւն մը ունենալու փափաքէն աւելի զօրաւոր ի՞նչ դրդապատճառ մը կրնայ ըլլալ։ Էրնէսթոն, * երիտասարդ մը որ ծանր պայքար մղեց պատանեկութեան սկիզբի տարիներէն ի վեր իր ապրած անբարոյ կենցաղին դէմ, կը բացատրէ. «Ուզեցի Աստուած հաճեցնել եւ Աստուածաշունչէն սորվեցայ որ ապրելակերպս իրեն հաճելի չէր։ Ուստի որոշեցի տարբեր անձ մը ըլլալ. Աստուծոյ ուղղութիւններով ապրիլ։ Ամէն օր, պէտք էր պայքարէի ժխտական, պիղծ խորհուրդներու դէմ, որոնք տակաւին միտքս կ’ողողէին։ Վճռած էի յաղթել, ուստի աղօթքով անդադար Աստուծմէ օգնութիւն կը խնդրէի։ Երկու տարի ետք, ամենէն գէշ պահերը վերջ գտան, բայց տակաւին շատ խիստ եմ անձիս հանդէպ»։

Ինչ կը վերաբերի արտաքին աշխարհի դէմ մղուած պայքարին, նկատի առէք Երուսաղէմի մէջ վերնատունէն մեկնելէ առաջ Յիսուսի մատուցած փակման աղօթքը։ Իր աշակերտներուն համար խնդրանք մատուցանելով, ան իր Հօրը աղօթեց՝ ըսելով. «Չեմ աղաչեր որ զանոնք աշխարհէն վերցնես, հապա որ զանոնք չարէն պահես։ Անոնք աշխարհէն չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ»։ (Յովհաննու 17։15, 16) Այս խօսքերը որքա՜ն սրտապնդիչ են։ Եհովա իր սիրած անհատներուն վրայ կը հսկէ եւ զանոնք կը զօրացնէ, մինչ անոնք աշխարհէն անջատ կը մնան։

«Հաւատացէք»

Յիսուսի պատուէրները պահելը արդարեւ մեզի կ’օգնէ, որ ամբարիշտ աշխարհին եւ մեր մեղաւոր հակումներուն դէմ մեր մղած պայքարէն յաղթական դուրս գանք։ Սակայն, այսպիսի յաղթանակներ որքա՛ն ալ կարեւոր ըլլան, անոնք ո՛չ աշխարհը եւ ոչ ալ ժառանգուած մեղքը կ’ոչնչացնեն։ Այսուհանդերձ, պէտք չէ յուսահատինք։

«Աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ», կ’ըսէ Աստուածաշունչը, «բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ»։ (Ա. Յովհաննու 2։17) Յիսուս իր կեանքը տուաւ, մեղքէն ու մահէն ազատելու համար «ամէն ո՛վ որ [իրեն] հաւատայ»։ (Յովհաննու 3։16) Մինչ Աստուծոյ կամքին ու նպատակներուն մասին մեր գիտութիւնը կ’աւելնայ, թող որ ուշադրութիւն ընծայենք Յիսուսի յորդորին. «Աստուծոյ հաւատացէք, ինծի ալ հաւատացէք»։—Յովհաննու 14։1

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 22 Անունը փոխուած է։

[Նկար՝ էջ 6, 7]

Յիսուս իր առաքեալները յորդորեց. «Սիրոյս մէջ հաստատ կեցէք»

[Նկար՝ էջ 7]

Մեղքէն ու անոր ազդեցութիւններէն ազատագրումը, շուտով իրականութիւն մը պիտի ըլլայ