Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Որոշումներ կայացնելը անխուսափելի մարտահրաւէր մըն է

Որոշումներ կայացնելը անխուսափելի մարտահրաւէր մըն է

Որոշումներ կայացնելը անխուսափելի մարտահրաւէր մըն է

ՆԱԲՈԼԷՈՆ ՊՈՆԱԲԱՐԹ՝ ԺԹ. դարու Ֆրանսայի կայսրը, անգամ մը ըսաւ. «Ո՛չ մէկ բան աւելի դժուար ու հետեւաբար աւելի թանկարժէք է, քան՝ որոշումներ կայացնել գիտնալը»։ Թերեւս այս խօսքին հետ համամիտ էք, քանի որ մարդիկ ընդհանրապէս կ’արժեւորեն իրենց կեանքին ղեկը իրենց ձեռքը ունենալը։ Միեւնոյն ատեն, անոնք սորված են թէ որոշումներ կայացնելը երբեմն դիւրին չէ։

Դիւրին ըլլայ կամ դժուար, որոշումներ կայացնելը անխուսափելի է։ Ամէն օր զայն կը դիմագրաւենք։ Առաւօտուն արթննալէն ետք, պէտք է որոշենք թէ ի՛նչ պիտի հագնինք, ի՛նչ պիտի նախաճաշենք, եւ օրուան ընթացքին բազմաթիւ այլ բաներ ի՛նչպէս ձեռք պիտի առնենք։ Այս որոշումներուն մեծ մասը չնչին կարեւորութիւն ունի։ Անոնց մասին գրեթէ չենք մտածեր։ Հազուադէպօրէն մեր քունը կը կորսնցնենք, մտահոգուելով թէ այդ որոշումները արդեօք իմաստո՞ւն էին թէ անխոհեմ։

Միւս կողմէ, կարգ մը որոշումներ հեռահաս են։ Մերօրեայ աշխարհին մէջ, բազմաթիւ պատանիներ պէտք է որոշեն թէ ի՛նչ նպատակակէտեր հետապնդեն։ Թերեւս անոնք պէտք է որոշեն թէ ի՛նչպիսի ուսումի մը կարիքը ունին եւ ո՛րքան։ Ուշ կամ կանուխ, անոնցմէ շատեր պիտի որոշեն ամուսնանալ կամ ամուրի մնալ։ Ամուսնանալ ընտրողները պէտք է որոշեն. ‘Ամուսնանալու համար բաւարար տարիք եւ հասունութիւն ունի՞մ։ Ի՞նչպիսի կողակից մը կ’ուզեմ, կամ աւելի կարեւորը, ի՞նչպիսի կողակիցի մը կարիքը ունիմ’։ Կեանքի մէջ քիչ որոշումներ մեր վրայ աւելի խոր ազդեցութիւն կ’ունենան, քան՝ մեր կողակիցին ընտրութիւնը։

Մեծ կարեւորութիւն ունեցող հարցերու պարագային, իմաստուն որոշումներ կայացնելը կենսական է, քանի որ երջանկութիւնը մեծաւ մասամբ կախեալ է ասիկա ընելէն։ Ոմանք կը խորհին թէ այսպիսի որոշումներ կայացնելու մէջ բաւական ատակ են եւ կրնան իրենց ներկայացուած օգնութիւնը մերժել։ Ասիկա խոհեմութի՞ւն է։ Տեսնե՛նք։

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 3]

Napoleon։ From the book The Pictorial History of the World