Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հաւատարիմ ու իմաստուն «ծառայ» մը

Հաւատարիմ ու իմաստուն «ծառայ» մը

Հաւատարիմ ու իմաստուն «ծառայ» մը

«Ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան՝ որ իր տէրը իր ծառաներուն վրայ դրաւ»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 24։45

1, 2. Ինչո՞ւ կենսական է որ կանոնաւորաբար հոգեւոր սնունդ ստանանք ներկայիս։

ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ կէսօրէ ետք, Հ.Դ. 33–ի Նիսան 11–ին, Յիսուսի աշակերտները հարցում մը հարցուցին, որ ներկայիս մեզի համար խոր իմաստ ունի։ Անոնք իրեն հարցուցին. «Քու գալուստիդ ու աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ Ասոր պատասխանելով, Յիսուս արտակարգ մարգարէութիւն մը տուաւ։ Ան խօսեցաւ խռովեալ ժամանակաշրջանի մը մասին, որ պատերազմներով, սովերով, երկրաշարժներով ու հիւանդութիւններով պիտի յատկանշուէր։ Անիկա պարզապէս «ցաւերուն սկիզբ»ը պիտի ըլլար։ Կացութիւնը աւելի պիտի վատթարանար։ Ի՜նչ վախազդու հեռանկար մը։—Մատթէոս 24։3, 7, 8, 15-22. Ղուկաս 21։10, 11

2 1914–էն ի վեր, Յիսուսի մարգարէութեան երեսակներուն մեծ մասը կատարուած է։ «Ցաւեր»ը հսկայ տարողութեամբ կը հարուածեն մարդկութիւնը։ Այսուհանդերձ ճշմարիտ Քրիստոնեաները վախնալու պէտք չունին։ Յիսուս խոստացաւ անոնց օգնել, սննդարար հոգեւոր սնունդ հայթայթելով։ Որովհետեւ Յիսուս այժմ երկինքն է, ի՞նչ կարգադրութիւն ըրած է որ երկրի վրայ հոգեւոր սնունդ ստանանք։

3. Յիսուս ի՞նչ կարգադրութիւններ ըրած է, որպէսզի ‘ատենին կերակուր’ ստանանք։

3 Յիսուս անձամբ տուաւ այդ հարցումին պատասխանը։ Իր մեծ մարգարէութեան մէջ, ան հարցուց. «Ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան՝ որ իր տէրը իր ծառաներուն վրայ դրաւ, որպէս զի ատենին անոնց կերակուր տայ»։ Ապա ըսաւ. «Երանի՜ է այն ծառային, որ իր տէրը եկած ատեն պիտի տեսնէ թէ այնպէս ըրած է։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի որ իր բոլոր ունեցածին վրայ պիտի կեցնէ զանիկա»։ (Մատթէոս 24։45-47) Այո, «ծառայ» մը պիտի ըլլար, որ հոգեւոր սնունդ պիտի հայթայթէր. «ծառայ» մը, որ թէ՛ հաւատարիմ եւ թէ իմաստուն պիտի ըլլար։ Այս ծառան որոշ անհա՞տ մըն էր, իրարայաջորդ անհատնե՞ր էր, թէ ոչ ուրիշ բան մը։ Որովհետեւ հաւատարիմ ծառան շատ անհրաժեշտ հոգեւոր սնունդ կը մատակարարէ, մեզ կը հետաքրքրէ պատասխանը գիտնալ։

Մէ՞կ Անհատ թէ՝ Դասակարգ

4. Ի՞նչպէս գիտենք որ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» չի կրնար մէկ անձ ըլլալ։

4 «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» չի կրնար մէկ անձ ըլլալ։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ ծառան առաջին դարուն սկսաւ հոգեւոր սնունդ մատակարարել, եւ ըստ Յիսուսի, երբ Տէրը ժամանէր 1914–ին, պիտի գտնէր թէ ծառան կը շարունակէ ա՛յնպէս ընել։ Արդեօք մէկ անհատ կրնա՞ր շուրջ 1,900 տարի հաւատարիմ ծառայութիւն մատուցանել։ Նոյնիսկ Մաթուսաղան այդքան երկար չապրեցաւ։—Ծննդոց 5։27

5. Բացատրեցէք թէ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ» արտայայտութիւնը ինչո՛ւ չի կիրարկուիր իւրաքանչիւր Քրիստոնեայի։

5 Կարելի՞ է որ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ» արտայայտութիւնը կիրարկուի ընդհանրական իմաստով իւրաքանչիւր Քրիստոնեայի։ Ճիշդ է որ բոլոր Քրիստոնեաները հաւատարիմ ու իմաստուն պէտք է ըլլան. սակայն Յիսուս բացայայտօրէն ուրիշ բան մը ի մտի ունէր, երբ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին մասին խօսեցաւ։ Ի՞նչպէս այս մէկը գիտենք։ Քանի որ ըսաւ թէ «տէրը եկած ատեն», «իր բոլոր ունեցածին վրայ» պիտի նշանակէ այս ծառան։ Բացորոշ է թէ անկարելի է իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ կեցնել Տէրոջ «բոլոր» ունեցածին վրայ։

6. Իսրայէլ ազգը ի՞նչպէս պիտի գործէր որպէս Աստուծոյ «ծառան»։

6 Հետեւաբար, միակ տրամաբանական եզրակացութիւնը այն է թէ Յիսուս Քրիստոնեաներէ բաղկացած խումբի մը կ’ակնարկէր որպէս «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»։ Բաղադրեալ ծառայի մը գոյութիւնը կարելի՞ բան մըն է։ Այո՛։ Քրիստոսէ եօթը դար առաջ, Եհովա ամբողջ Իսրայէլ ազգին ակնարկեց իբր «վկաներս» եւ «իմ ընտրած ծառաս»։ (Եսայեայ 43։10) Հ.Դ.Ա. 1513–էն սկսեալ, երբ Մովսիսական Օրէնքը տրուեցաւ, մինչեւ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, Իսրայէլ ազգին իւրաքանչիւր անդամը մաս կը կազմէր այս ծառայ դասակարգին։ Իսրայելացիներուն մեծամասնութիւնը ուղղակի դեր չունեցաւ ազգին հարցերը ձեռք առնելու կամ հոգեւոր կերակրման յայտագրին մէջ։ Այս պարտականութիւնները կատարելու համար, Եհովա գործածեց թագաւորները, դատաւորները, մարգարէները, քահանաներն ու Ղեւտացիները։ Այսուհանդերձ, որպէս ազգ՝ Իսրայէլ Եհովայի գերիշխանութիւնը պիտի ներկայացնէր եւ Իր փառքը ազգերուն մէջ պիտի պատմէր։ Իւրաքանչիւր Իսրայելացի Եհովայի վկայ մը պիտի ըլլար։—Բ. Օրինաց 26։19. Եսայեայ 43։21. Մաղաքեայ 2։7. Հռովմայեցիս 3։1, 2

«Ծառայ» մը կը Պաշտօնազրկուի

7. Վաղեմի Իսրայէլ ազգը ինչո՞ւ Աստուծոյ «ծառան» մնալու անյարմար դարձաւ։

7 Իսրայէլ դարեր շարունակ Աստուծոյ «ծառան» ըլլալով, ան նաեւ Յիսուսի նշած ծառա՞ն էր։ Ո՛չ, քանի որ վաղեմի Իսրայէլը փաստօրէն ո՛չ հաւատարիմ, ո՛չ ալ իմաստուն եղաւ։ Պօղոս պարագան կ’ամփոփէ, ազգին ուղղուած Եհովայի խօսքը մէջբերելով. «Ձեր պատճառաւ հեթանոսներուն մէջ Աստուծոյ անուան կը հայհոյեն»։ (Հռովմայեցիս 2։24) Արդարեւ Իսրայէլ ըմբոստութեան երկար պատմութիւնը իր գագաթնակէտին հասցուց՝ Յիսուսը մերժելով, ուստի Եհովա զինք մերժեց։—Մատթէոս 21։42, 43

8. Ե՞րբ Իսրայէլը փոխարինող «ծառայ» մը նշանակուեցաւ, եւ ի՞նչ պարագաներու ներքեւ։

8 «Ծառայ»ին՝ Իսրայէլի՝ անհաւատարմութիւնը չնշանակեց թէ հաւատարիմ երկրպագուները յաւիտեան պիտի զրկուէին հոգեւոր սնունդէ։ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին՝ Յիսուսի յարութենէն 50 օր ետք, Երուսաղէմի մէկ վերնատան մէջ հաւաքուած շուրջ 120 աշակերտներու վրայ սուրբ հոգին թափուեցաւ։ Այդ պահուն նոր ազգ մը ծնաւ։ Տեղին ըլլալով անոր ծնունդը ծանուցանուեցաւ, երբ անոր անդամները խիզախօրէն սկսան Երուսաղէմի բնակիչներուն պատմել «Աստուծոյ մեծամեծ բաներու մասին»։ (Գործք 2։11) Այսպիսով այդ նոր հոգեւոր ազգը եղաւ այն «ծառան», որ Եհովայի փառքը ազգերուն պիտի յայտարարէր եւ ատենին սնունդ պիտի հայթայթէր։ (Ա. Պետրոս 2։9) Տեղին ըլլալով անիկա «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը կոչուեցաւ։—Գաղատացիս 6։16

9. (ա) «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» որոնցմէ՞ կը բաղկանայ։ (բ) Որո՞նք են «ծառաներ»ը։

9 «Աստուծոյ Իսրայէլ»ի իւրաքանչիւր անդամը նուիրուած, մկրտուած Քրիստոնեայ մըն է, սուրբ հոգիով օծուած է եւ երկնային յոյս ունի։ Ուստի «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ» արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ այդ օծեալ հոգեւոր ազգին բոլոր անդամներուն որպէս խումբ երկրի վրայ, որեւէ ժամանակ՝ Հ.Դ. 33–էն մինչեւ օրս, ճիշդ ինչպէս որ Հ.Դ.Ա. 1513–էն մինչեւ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէն, իւրաքանչիւր Իսրայելացի նախաքրիստոնէական ծառայ դասակարգին մաս կը կազմէր։ Սակայն որո՞նք են այն «ծառաներ»ը որ ծառայէն հոգեւոր սնունդ կը ստանան։ Հ.Դ. առաջին դարուն, իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ երկնային յոյս ունէր։ Հետեւաբար, ծառաներն ալ օծեալ Քրիստոնեաներն էին, անհատապէս եւ ո՛չ թէ որպէս խումբ։ Բոլորը, ի ներառեալ ժողովքին մէջ պատասխանատու դիրքերու վրայ եղողները, ծառային մատակարարած հոգեւոր սնունդին կարիքը ունէին։—Ա. Կորնթացիս 12։12, 19-27. Եբրայեցիս 5։11-13. Բ. Պետրոս 3։15, 16

«Ամէն Մէկուն Իր Գործը»

10, 11. Ի՞նչպէս գիտենք թէ ծառայ դասակարգին բոլոր անդամները գործի նոյն նշանակումը չունին։

10 Մինչ «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգն է, որուն գործ մը նշանակուած է, իւրաքանչիւր անդամ անձնական պատասխանատուութիւններ ալ ունի։ Մարկոս 13։34–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերը ասիկա բացայայտ կը դարձնեն։ Ան ըսաւ. «Ինչպէս օտար երկիր գացող մարդ մը իր տունը կը թողու ու իր ծառաներուն իշխանութիւն կու տայ եւ ամէն մէկուն իր գործը ու դռնապանին կ’ապսպրէ որ արթուն կենայ»։ Ուստի ծառայ դասակարգին իւրաքանչիւր անդամը նշանակում մը ստացած է. Քրիստոսի երկրային ունեցուածքը աւելցնել։ Ան այս պարտականութիւնը կը կատարէ իր կարողութեան ու պարագաներուն համաձայն։—Մատթէոս 25։14, 15

11 Ասկէ զատ, Պետրոս առաքեալ իր օրուան օծեալ Քրիստոնեաներուն ըսաւ. «Ամէն մէկը ինչ շնորհք որ առաւ, զանիկա իրարու մատակարարեցէ՛ք Աստուծոյ զանազան շնորհներէն բարի տնտեսներու պէս»։ (Ա. Պետրոս 4։10) Ուստի այս օծեալները իրարու ծառայելու պատասխանատուութիւնը ունին, գործածելով Աստուծոյ շնորհած պարգեւները։ Բացի այդ, Պետրոսի խօսքերը ցոյց կու տան թէ բոլոր Քրիստոնեաները նոյն կարողութիւնները, պատասխանատուութիւնները կամ առանձնաշնորհումները պիտի չունենային։ Սակայն ծառայ դասակարգին իւրաքանչիւր անդամը կրնար ձեւով մը նպաստել հոգեւոր ազգին աճման։ Ի՞նչպէս։

12. Ծառայ դասակարգին իւրաքանչիւր անդամը, արու թէ էգ, ի՞նչպէս նպաստեց ծառային աճման։

12 Նախ, ամէն մէկը պատասխանատուութիւն ունէր Եհովայի վկայ մը ըլլալու, Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելով։ (Եսայեայ 43։10-12. Մատթէոս 24։14) Երկինք համբառնալէն քիչ առաջ, Յիսուս իր բոլոր հաւատարիմ աշակերտներուն պատուիրեց, արու թէ էգ, որ ուսուցիչներ ըլլան։ Ան ըսաւ. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ հոգւոյն սրբոյ. սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի։ Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը»։—Մատթէոս 28։19, 20

13. Բոլոր օծեալները ո՞ր առանձնաշնորհումը վայելեցին։

13 Երբ նոր աշակերտներ գտնէին, բծախնդրաբար անոնց պէտք էր սորվեցնէին պահել այն բոլոր բաները, որ Քրիստոս իր աշակերտներուն պատուիրած էր։ Ժամանակի ընթացքին, ընդառաջողները որակելի եղան ուրիշներուն սորվեցնելու։ Շատ մը երկիրներու մէջ, ծառայ դասակարգին ապագայ անդամներուն սննդարար հոգեւոր սնունդը մատակարարուեցաւ։ Բոլոր օծեալ Քրիստոնեաները, արու եւ էգ, բաժին բերին աշակերտելու յանձնարարութիւնը կատարելու մէջ։ (Գործք 2։17, 18) Այդ գործունէութիւնը պիտի շարունակուէր ծառային գործը սկսելէն մինչեւ իրերու այս դրութեան վախճանը։

14. Ժողովքին մէջ ուսուցանելու առանձնաշնորհումները որո՞նց սահմանափակուած էին, իսկ հաւատարիմ օծեալ կիներ ասիկա ի՞նչպէս նկատեցին։

14 Նոր մկրտուած օծեալները ծառային մաս կազմեցին, եւ առանց նկատի առնելու թէ սկիզբը ո՛վ իրենց սորվեցուց, անոնք շարունակեցին հրահանգներ ստանալ ժողովքի այն անդամներէն, որոնք որպէս երէցներ ծառայելու սուրբ գրային որակումներուն գոհացում կու տային։ (Ա. Տիմոթէոս 3։1-7. Տիտոս 1։6-9) Ուստի այս նշանակուած տղամարդիկը ազգին աճման մասնայատուկ կերպով նպաստելու առանձնաշնորհումը ունեցան։ Հաւատարիմ՝ օծեալ Քրիստոնեայ կիներ, ժողովքին մէջ ուսուցանելու գործը միայն Քրիստոնեայ տղամարդոց նշանակուելուն նկատմամբ դժգոհութիւն չյայտնեցին։ (Ա. Կորնթացիս 14։34, 35) Ընդհակառակը, անոնք ուրախութեամբ օգտուեցան ժողովքի արու անդամներուն ծանր աշխատանքէն եւ երախտապարտ եղան կիներուն շնորհուած առանձնաշնորհումներուն համար, ի ներառեալ ուրիշներուն բարի լուրը տանիլը։ Նախանձախնդիր օծեալ քոյրեր այսօր նոյն խոնարհ կեցուածքը կը ցուցաբերեն, նշանակուած երէցները օծեալ ըլլան կամ ոչ։

15. Առաջին դարուն հոգեւոր սնունդի գլխաւոր աղբիւրներէն մէկը ի՞նչ էր, եւ զայն մատակարարելու մէջ ո՞վ առաջնորդութիւն առաւ։

15 Առաջին դարուն մատակարարուած հիմնական հոգեւոր սնունդը ուղղակիօրէն գրուեցաւ առաքեալներուն եւ առաջնորդութիւն առնող այլ աշակերտներու կողմէ։ Անոնց գրած նամակները,– յատկապէս Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները կազմող 27 ներշնչեալ գիրքերուն մէջ,– ժողովքներուն մէջ շրջաբերուեցան եւ անկասկած տեղական երէցները անոնց հիման վրայ ուսուցանեցին։ Այս կերպով ծառային ներկայացուցիչները անկեղծ Քրիստոնեաներուն հաւատարմօրէն բաշխեցին հոգեւոր ճոխ սնունդ։ Առաջին դարու ծառայ դասակարգը իր յանձնարարութիւնը հաւատարմօրէն կատարեց։

«Ծառան»՝ 19 Դար Ետք

16, 17. Ծառայ դասակարգը ի՞նչպէս հաւատարմօրէն կատարեց իր նշանակումը մինչեւ 1914 տարին։

16 Ի՞նչ է պարագան այսօր։ Երբ 1914–ին Յիսուսի ներկայութիւնը սկսաւ, ան օծեալ Քրիստոնեաներու խումբ մը գտա՞ւ, որ հաւատարմօրէն ատենին սնունդ կը մատակարարէր։ Այո՛, վստա՛հաբար։ Այս խումբը բացայայտօրէն կրնար բնորոշուիլ, իր արտադրած լաւ պտուղին շնորհիւ։ (Մատթէոս 7։20) Անկէ ի վեր պատմութիւնը փաստած է թէ այս բնորոշումը շիտակ էր։

17 Երբ Յիսուս ժամանեց, շուրջ 5,000 «ծառաներ» Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները տարածելով զբաղած էին։ Մշակները սակաւաթիւ էին, բայց ծառան բարի լուրը տարածելու համար կարգ մը նորարար մեթոտներ գործածեց։ (Մատթէոս 9։38) Օրինակ, կարգադրութիւններ եղան որ Աստուածաշունչի բնաբաններու շուրջ քարոզներ հրատարակուին շուրջ 2,000 լրագիրներու մէջ։ Այս կերպով Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը տասնեակ հազարաւոր ընթերցողներու միաժամանակ հասաւ։ Ասկէ զատ, գունաւոր լուսապատկերներով ու շարժուն պատկերներով ութը ժամ տեւող յայտագիր մը պատրաստուեցաւ։ Այս նորարար ներկայացման շնորհիւ, Աստուածաշունչի պատգամը,– Ստեղծագործութեան սկիզբէն մինչեւ Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան վերջաւորութիւնը,– հաղորդուեցաւ աւելի քան ինը միլիոն հանդիսատեսներու, երեք ցամաքամասերու մէջ։ Տպուած գրականութիւնները ուրիշ միջոց մըն էին որ գործածուեցաւ։ Օրինակ, 1914–ին, այս պարբերաթերթէն շուրջ 50,000 օրինակ հրատարակուեցաւ։

18. Յիսուս ե՞րբ ծառան իր բոլոր ունեցածին վրայ նշանակեց, եւ ինչո՛ւ։

18 Այո, երբ Տէրը ժամանեց, ան տեսաւ որ իր հաւատարիմ ծառան խղճմտօրէն կը կերակրէր ծառաները, ինչպէս նաեւ կը քարոզէր բարի լուրը։ Այժմ այս ծառային աւելի մեծ պատասխանատուութիւն կը սպասէր։ Յիսուս ըսաւ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի որ իր բոլոր ունեցածին վրայ պիտի կեցնէ զանիկա»։ (Մատթէոս 24։47) Յիսուս ասիկա ըրաւ 1919–ին, ծառան ժամանակ մը փորձուելէ ետք։ Սակայն «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» ինչո՞ւ աւելի մեծ պատասխանատուութիւններ ստացաւ։ Քանի որ Տէրոջ ունեցուածքը աւելցաւ։ Յիսուս 1914–ին թագաւորութիւն ստացաւ։

19. Բացատրեցէք թէ ի՛նչպէս «մեծ բազմութեան» հոգեւոր կարիքներուն գոհացում տրուած է։

19 Նոր թագադրուած Տէրոջ ունեցուածքը ի՞նչ է, որուն վրայ իր հաւատարիմ ծառան նշանակեց։ Երկրի վրայ Իրեն պատկանող բոլոր հոգեւոր բաները։ Օրինակ, 1914–ին Քրիստոսի գահակալութենէն երկու տասնամեակ ետք, «ուրիշ ոչխարներ»ու «մեծ բազմութիւն»ը բնորոշուեցաւ։ (Յայտնութիւն 7։9. Յովհաննու 10։16) Ասոնք «Աստուծոյ Իսրայէլ»ի օծեալ անդամները չէին, այլ՝ երկրային յոյս ունեցող անկեղծ տղամարդիկ ու կիներ, որոնք Եհովան կը սիրէին ու կ’ուզէին օծեալներուն նման իրեն ծառայել։ Իրականութեան մէջ անոնք «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին ըսին. «Ձեզի հետ երթանք, քանզի լսեցինք թէ Աստուած ձեզի հետ է»։ (Զաքարեայ 8։23) Այս նոր մկրտուած Քրիստոնեաները օծեալ «ծառաներ»ուն վայելած նոյն հոգեւոր ճոխ սնունդէն կերան, եւ անկէ ի վեր երկու դասակարգերն ալ այս հոգեւոր սեղանէն կը ճաշակեն։ «Մեծ բազմութեան» անդամներուն համար ասիկա ի՜նչ օրհնութիւն մը եղած է։

20. «Մեծ բազմութիւն»ը Տէրոջ ունեցուածքը աւելցնելու մէջ ի՞նչ դեր խաղցած է։

20 «Մեծ բազմութեան» անդամները ուրախութեամբ միացած են օծեալ ծառայ դասակարգին որպէս բարի լուրի քարոզիչներ։ Անոնց քարոզչութեամբ Տէրոջ երկրային ունեցուածքը աւելցաւ, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին պատասխանատուութիւնները աւելցնելով։ Երբ ճշմարտութիւն փնտռողներուն թիւը աւելցաւ, անհրաժեշտ դարձաւ տպագրական դիւրութիւնները ընդարձակել, սուրբ գրային գրականութիւններու պահանջքը գոհացնելու համար։ Եհովայի Վկաներու մասնաճիւղի գրասենեակներ հաստատուեցան բազմաթիւ երկիրներու մէջ։ Միսիոնարներ ղրկուեցան «մինչեւ երկրին ծայրերը»։ (Գործք 1։8) 1914–ին շուրջ 5,000 օծեալներ կային, բայց ներկայիս աւելի քան վեց միլիոն անհատներ Աստուած կը փառաբանեն, եւ անոնց մեծամասնութիւնը «մեծ բազմութենէն» է։ Արդարեւ, 1914–ին իր թագադրութենէն ի վեր, Թագաւորին ունեցուածքը բազմապատկուած է։

21. Մեր յաջորդ ուսումնասիրութեան մէջ ո՞ր երկու առակները նկատի պիտի առնենք։

21 Այս բոլորը ցոյց կու տան թէ ծառան «հաւատարիմ ու իմաստուն» եղած է։ «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին մասին խօսելէն անմիջապէս ետք, Յիսուս երկու առակներ տուաւ, որոնք այս երկու յատկութիւնները ուշագրաւ դարձուցին. իմաստուն եւ յիմար կոյսերուն առակը եւ տաղանդներուն առակը։ (Մատթէոս 25։1-30) Մեր հետաքրքրութիւնը արթնցաւ. այս առակները ներկայիս մեզի համար ի՞նչ նշանակութիւն ունին։ Այս հարցումին պիտի պատասխանենք յաջորդ յօդուածին մէջ։

Ի՞նչ կը խորհիք

• «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» որոնցմէ՞ կը բաղկանայ։

• Որո՞նք են «ծառաներ»ը։

• Հաւատարիմ ծառան ե՞րբ Տէրոջ բոլոր ունեցածին վրայ նշանակուեցաւ, եւ ինչո՞ւ այդ ժամանակ։

• Վերջին տասնամեակներուն, որո՞նք Տէրոջ ունեցուածքը աւելցնելու մէջ բաժին բերին, եւ ի՛նչպէս։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 22]

Առաջին դարու ծառայ դասակարգը իր յանձնարարութիւնը հաւատարմօրէն կատարեց