Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ելից գիրքէն աչքառու կէտեր

Ելից գիրքէն աչքառու կէտեր

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Ելից գիրքէն աչքառու կէտեր

ԱՆԻԿԱ կը պատմէ անոնց ազատագրութեան մասին, որոնք բրտութեամբ ստրուկներ դարձած էին։ (Ելից 1։13) Անիկա նաեւ ազգի մը ծնունդին ոգեցունց արձանագրութիւնն է։ Անոր կլանիչ երեսակներուն մաս կը կազմեն՝ ապշեցուցիչ հրաշքներ, ընտիր օրէնսդրութիւն եւ խորանին շինարարութիւնը։ Աստուածաշունչի Ելից գիրքը հիմնականօրէն ասոնք կը բովանդակէ։

Եբրայեցի Մովսէս մարգարէին կողմէ գրուած Ելից գիրքը կը պատմէ Իսրայելացիներուն փորձառութիւնները, շուրջ 145 տարուան ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, Հ.Դ.Ա. 1657–ին Յովսէփի մահէն մինչեւ խորանի շինարարութեան ամբողջացումը Հ.Դ.Ա. 1512–ին։ Բայց արձանագրութիւնը միայն պատմական նիւթ մը չէ։ Անիկա մարդկութեան ուղղուած Աստուծոյ խօսքին կամ պատգամին մէկ մասն է։ Եւ այս հանգամանքով, անիկա «կենդանի է ու զօրեղ»։ (Եբրայեցիս 4։12) Հետեւաբար Ելից գիրքը մեզի համար իսկական նշանակութիւն ունի։

«ԱՍՏՈՒԱԾ ԱՆՈՆՑ ՀԵԾԵԾԱՆՔԸ ԼՍԵՑ»

(Ելից 1։1–4։31)

Եգիպտոսի մէջ բնակող Յակոբի սերունդը ա՛յնքան արագօրէն կ’աճի, որ արքայական հրովարտակ մը զանոնք ստրուկներ կը դարձնէ։ Փարաւոն նոյնիսկ կը հրամայէ սպաննել բոլոր Իսրայելացի արու նորածինները։ Այս ճակատագրէն կ’ազատի երեք ամսու մանուկ մը՝ Մովսէս, որ կ’որդեգրուի Փարաւոնի աղջկան կողմէ։ Թէեւ արքայական ընտանիքին մէջ կը մեծնայ, սակայն 40 տարեկանին, Մովսէս իր ժողովուրդին կողքին դիրք կը բռնէ ու Եգիպտացի մը կը սպաննէ։ (Գործք 7։23, 24) Փախչելու ստիպուած ըլլալով, ան Մադիամի երկիրը կ’երթայ։ Հոն ան կ’ամուսնանայ եւ որպէս հովիւ կ’ապրի։ Հրաշալիօրէն վառող մորենիի մը քով, Եհովա Մովսէսի կը յանձնարարէ Եգիպտոս վերադառնալ, Իսրայելացիները ստրկութենէն ազատագրելու համար։ Իր եղբայրը Ահարոն իր խօսնակը կը նշանակուի։

Սուրբ Գրային Հարցումներու Պատասխանել.

3։1—Յոթոր ի՞նչպիսի քուրմ մըն էր։ Նահապետական ժամանակներուն, ընտանիքին գլուխը կը ծառայէր իբր քահանայ իր ընտանիքին համար։ Ըստ երեւոյթին Յոթոր Մադիանացիներուն մէկ տոհմին նահապետն էր։ Որովհետեւ Մադիանացիները Քետուրայի միջոցով Աբրահամի սերունդն էին, հաւանաբար Եհովայի պաշտամունքին մասին որոշ գիտութիւն ունէին։—Ծննդոց 25։1, 2

4։11—Եհովա ի՞նչ իմաստով ‘համրը, խուլը եւ կոյրը կ’ընէ’։ Թէեւ Եհովա կարգ մը առիթներով կուրութիւն եւ համրութիւն պատճառած է, սակայն ան այսպիսի իւրաքանչիւր անկարողութեան համար պատասխանատու չէ։ (Ծննդոց 19։11. Ղուկաս 1։20-22, 62-64) Ասոնք ժառանգուած մեղքին հետեւանքն են։ (Յոբայ 14։4. Հռովմայեցիս 5։12) Սակայն, քանի որ Աստուած թոյլ տուած է որ այս վիճակը գոյանայ, կրնայ իր մասին խօսիլ որպէս համրը, խուլը ու կոյրը ‘ընող’։

4։16—Մովսէս ի՞նչպէս Ահարոնի ‘աստուծոյ տեղ պիտի ըլլար’։ Մովսէս Աստուծոյ ներկայացուցիչն էր։ Ուստի Մովսէս «աստուծոյ» պէս եղաւ Ահարոնի համար, որ խօսեցաւ իբր Մովսէսի ներկայացուցիչը։

Դասեր՝ Մեզի Համար.

1։7, 14. Եհովա իր ժողովուրդին թիկունք կանգնեցաւ, երբ անոնք Եգիպտոսի մէջ հարստահարուած էին։ Նմանապէս, ան իր այժմու Վկաներուն նեցուկ կը կանգնի, նոյնիսկ դառն հալածանքի ժամանակ։

1։17-21. Եհովա մեզ «քաղցրութեամբ» կը յիշէ։—Նէեմեայ 13։31

3։7-10. Եհովա իր ժողովուրդին աղաղակին կ’ընդառաջէ։

3։14. Եհովա իր նպատակները անվրէպօրէն կ’իրագործէ։ Հետեւաբար կրնանք վստահ ըլլալ թէ ան Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած մեր յոյսերը պիտի իրականացնէ։

4։10, 13. Մովսէս խօսելու իր կարողութեան նկատմամբ ա՛յնքան վստահութեան պակաս ցուցաբերեց, որ նոյնիսկ երբ Աստուած խոստացաւ աջակցիլ իրեն, ան աղաչեց որ իր տեղը ուրիշ մէկը ղրկուի Փարաւոնին։ Այսուհանդերձ Եհովա Մովսէսը գործածեց եւ անոր իմաստութիւն ու զօրութիւն տուաւ իր նշանակումը կատարելու համար։ Փոխանակ մեր անատակութեան վրայ կեդրոնանալու, Եհովայի ապաւինինք եւ հաւատարմօրէն կատարենք քարոզելու եւ ուսուցանելու մեր յանձնարարութիւնը։—Մատթէոս 24։14. 28։19, 20

ԱՊՇԵՑՈՒՑԻՉ ՀՐԱՇՔՆԵՐ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԵՆ

(Ելից 5։1–15։21)

Մովսէս ու Ահարոն Փարաւոնի առջեւ կը ներկայանան ու կը խնդրեն որ Իսրայելացիներուն արտօնութիւն տրուի որ անապատին մէջ Եհովայի տօն կատարեն։ Եգիպտացի կառավարիչը յանդգնօրէն կը մերժէ։ Եհովա Մովսէսի միջոցով իրարայաջորդ ազդու հարուածներ կը բերէ։ Միայն տասներորդ պատուհասէն ետք, Փարաւոն կ’արձակէ Իսրայելացիները։ Սակայն անմիջապէս ան ու իր զօրքը կը սկսին զիրենք հետապնդել։ Բայց Եհովա Կարմիր Ծովուն մէջէն փախուստի ճամբայ կը բանայ եւ իր ժողովուրդը կ’ազատէ։ Երբ ծովը ետ կը գոցուի, հետապնդող Եգիպտացիները խեղդամահ կ’ըլլան։

Սուրբ Գրային Հարցումներու Պատասխանել.

6։3—Աստուծոյ անունը ի՞նչ կերպով չէր յայտնուած Աբրահամի, Իսահակի ու Յակոբի։ Այս նահապետները Աստուծոյ անունը գործածեցին եւ Եհովայէ խոստումներ ստացան։ Սակայն անոնք չճանչցան Եհովան որպէս մէկը որ պատճառեց այդ խոստումներուն կատարումը։—Ծննդոց 12։1, 2. 15։7, 13-16. 26։24. 28։10-15

7։1—Մովսէս ի՞նչպէս «Փարաւոնին աստուած» եղաւ։ Մովսէսի աստուածային զօրութիւն եւ հեղինակութիւն տրուեցաւ Փարաւոնի վրայ։ Ուստի այդ թագաւորէն վախնալու հարկ չկար։

7։22—Եգիպտոսի մոգերը ուրկէ՞ ձեռք ձգեցին արիւնի չվերածուած ջուր։ Անոնք թերեւս գործածեցին այն ջուրը որ Նեղոս գետէն առնուած էր այս պատուհասէն առաջ։ Ակներեւաբար խմելու ջուր նաեւ կարելի էր գտնել Նեղոս գետին շուրջը փորելով։—Ելից 7։24

8։26, 27—Մովսէս ինչո՞ւ ըսաւ թէ ‘Եգիպտացիները գարշելի’ պիտի նկատէի Իսրայէլի մատուցած զոհերը։ Եգիպտոսի մէջ այլազան անասուններ կը պաշտուէին։ Ուստի զոհերուն ակնարկում ընելը արդարացուց ու զօրացուց Մովսէսի պնդումը, թէ Իսրայէլի արտօնութիւն տրուի որ անապատը Եհովայի զոհեր մատուցանէ։

12։29—Որո՞նք անդրանիկ նկատուեցան։ Միայն արուները անդրանիկ սեպուեցան։ (Թուոց 3։40-51) Փարաւոն անդրանիկ ըլլալով հանդերձ չսպաննուեցաւ, քանի որ ի՛ր ընտանիքը ունէր։ Տասներորդ պատուհասին պատճառով ո՛չ թէ ընտանիքին գլուխը մեռաւ, այլ՝ տան անդրանիկ տղան։

12։40—Իսրայելացիները քանի՞ տարի Եգիպտոսի մէջ բնակեցան։ Հոս յիշուած 430 տարիները կը պարփակեն այն ժամանակը որ Իսրայէլի որդիները անցուցին ‘Եգիպտացիներու երկրին եւ Քանանացիներու երկրին’ մէջ։ (Էջմիածին) Հ.Դ.Ա. 1943–ին, եօթանասունհինգ տարեկան Աբրահամ Եփրատ գետը կտրելով Քանան ուղղուեցաւ։ (Ծննդոց 12։4) Այդ ժամանակէն 215 տարի ետք, 130 տարեկան Յակոբ Եգիպտոս մտաւ։ (Ծննդոց 21։5. 25։26. 47։9) Ասիկա կը նշանակէ թէ անկէ ետք Իսրայելացիները Եգիպտոսի մէջ 215 տարի անցուցին։

15։8—Կարմիր Ծովուն ‘պաղած’ ջուրերը սառո՞յց էին։ «Պաղեցան» թարգմանուած Եբրայերէն բայը կը նշանակէ կծկուիլ կամ թանձրանալ։ Յոբայ 10։10–ի մէջ, այս արտայայտութիւնը գործածուած է կաթը մակարդելու առնչութեամբ։ Ուստի պաղած ջուրերը պայման չէ որ սառոյցի ակնարկեն։ Եթէ Ելից 14։21–ի մէջ յիշուած «արեւելեան սաստիկ հով»ը ջուրերը սառեցնելու աստիճան պաղ ըլլար, անկասկած ծայրայեղ ցուրտին ակնարկութիւն մը պիտի ըլլար։ Քանի որ տեսանելի ո՛չ մէկ բան ջուրերը ետ կը պահէր, անոնք սառած, կարծրացած կամ թանձրացած ըլլալու երեւոյթը ունէին։

Դասեր՝ Մեզի Համար.

7։14–12։30. Տասը Պատուհասները պարզապէս զուգադիպութիւն չէին։ Անոնք նախատեսուած էին եւ ճիշդ ըսուածին պէս կատարուեցան։ Անոնց կատարումը որքա՜ն վառ կերպով ցոյց կու տայ թէ Ստեղծիչը հակակշռի տակ առած է ջուրը, արեւու լոյսը, միջատները, անասուններն ու մարդիկը։ Պատուհասները նաեւ ցոյց կու տան թէ Աստուած կրնայ ընտրողական ըլլալ, իր թշնամիներուն վրայ աղէտ բերելով, միեւնոյն ատեն իր երկրպագուները պաշտպանելով։

11։2. 12։36. Եհովա իր ժողովուրդը կ’օրհնէ։ Բացայայտ է որ ան հոգ կը տանէր որ Իսրայելացիները Եգիպտոսի մէջ իրենց աշխատանքին համար այժմ վարձք ստանային։ Անոնք Եգիպտոս մտան որպէս ազատ ժողովուրդ, եւ ո՛չ թէ որպէս պատերազմի գերիներ կամ ստրուկներ։

14։30. Կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովա իր երկրպագուները պիտի ազատագրէ մօտալուտ «մեծ նեղութենէն»։—Մատթէոս 24։20-22. Յայտնութիւն 7։9, 14

ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԱԾՊԵՏԱԿԱՆ ԱԶԳ ՄԸ ԿԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԷ

(Ելից 15։22–40։38)

Եգիպտոսէ ազատագրուելէ ետք, երրորդ ամիսը Իսրայելացիները Սինա լերան ստորոտը կը բանակին։ Հոն անոնք կը ստանան Տասը Պատուիրանները ու այլ օրէնքներ, Եհովայի հետ ուխտի մէջ կը մտնեն եւ աստուածպետական ազգ մը կ’ըլլան։ Մովսէս 40 օր լեռը կը մնայ, հրահանգներ ստանալով ճշմարիտ պաշտամունքի եւ Եհովայի խորանը,– դիւրատար տաճար մը,– շինելու վերաբերեալ։ Այդ միջոցին Իսրայելացիները ոսկի հորթ մը կը շինեն ու կը պաշտեն։ Լեռնէն իջնելով Մովսէս կը տեսնէ ասիկա եւ ա՛յնքան կը զայրանայ որ Աստուծմէ ստացած երկու տախտակները կը կոտրտէ։ Յանցագործներուն պատշաճ պատիժը տրուելէ ետք, ան դարձեալ լեռ կը բարձրանայ եւ անգամ մը եւս երկու տախտակներ կը պատրաստուին։ Մովսէսի վերադարձէն ետք, խորանին շինարարութիւնը կը սկսի։ Իսրայէլի ազատութեան առաջին տարուան վերջաւորութեան, այս հոյակապ վրանը եւ անոր բոլոր առարկաները կը շինուին ու իրենց տեղը կը դրուին։ Անկէ ետք Եհովա վրանը իր փառքով կը լեցնէ։

Սուրբ Գրային Հարցումներու Պատասխանել.

20։5—Եհովա ի՞նչպէս ‘կը հատուցանէ հայրերուն անօրէնութիւնը’ ապագայ սերունդներուն։ Երախաները չափահաս դառնալէ ետք, իւրաքանչիւր անհատ իր անձնական վարքին ու կեցուածքին հիման վրայ կը դատուի։ Բայց երբ Իսրայէլ ազգը կռապաշտութեան անձնատուր եղաւ, հետագայ սերունդներն անգամ ասոր գէշ հետեւանքները կրեցին։ Նոյնիսկ հաւատարիմ Իսրայելացիները տուժեցին, քանի որ ազգին կրօնական պարտազանցութիւնը դժուարացուց ուղղամիտ մնալը։

23։19. 34։26—Ուլը իր մօր կաթին մէջ չեփելու պատուէրին նշանակութիւնը ի՞նչ էր։ Կ’ըսուի թէ ուլը իր մօր կաթին մէջ եփելը հեթանոսական արարողութիւն մըն էր, անձրեւ պատճառելու նպատակով։ Ասկէ զատ, քանի որ մօր կաթը իր ձագը սնուցանելու համար է, ձագը անոր մէջ եփելը անգութ արարք մը պիտի ըլլար։ Այս օրէնքը Աստուծոյ ժողովուրդին ցոյց տուաւ թէ կարեկից պէտք էր ըլլային։

23։20-23—Հոս յիշուած հրեշտակը ո՞վ էր, եւ ի՞նչպէս Եհովայի անունը «անոր վրայ» էր։ Հաւանաբար այս հրեշտակը Յիսուսն էր, իր նախամարդկային գոյութեան մէջ։ Ան գործածուեցաւ Իսրայելացիները առաջնորդելու համար դէպի Խոստացեալ Երկիր։ (Ա. Կորնթացիս 10։1-4) Եհովայի անունը «անոր վրայ» է այն իմաստով որ Յիսուս գլխաւոր անձն է որ իր Հօր անունը կը պաշտպանէ ու կը սրբացնէ։

32։1-8, 25-35—Ահարոն ինչո՞ւ չպատժուեցաւ ոսկի հորթը շինելուն համար։ Ահարոն կռապաշտութեան յօժար չէր։ Հետագային, ան ակներեւաբար Ղեւտացիներուն հետ դիրք բռնեց Աստուծոյ կողքին եւ անոնց դէմ որ Մովսէսի հակառակեցան։ Յանցաւորներուն սպանութենէն ետք, Մովսէս ժողովուրդին յիշեցուց թէ իրենք մեծապէս մեղանչած էին, ցոյց տալով թէ Ահարոնի կողքին ուրիշներ ալ Եհովայի ողորմութեան արժանացան։

33։11, 20—Աստուած Մովսէսի հետ ի՞նչպէս «դէմ առ դէմ» խօսեցաւ։ Այս արտայայտութիւնը ցոյց կու տայ երկկողմանի մտերիմ խօսակցութիւն։ Մովսէս Աստուծոյ ներկայացուցիչին հետ խօսեցաւ եւ անոր միջոցով բերանացի ստացաւ հրահանգներ Եհովայէ։ Բայց Մովսէս Եհովան չտեսաւ, քանի որ ‘մարդ չի կրնար Աստուած տեսնել ու ապրիլ’, ո՛չ ալ Եհովա Մովսէսի հետ անձնապէս խօսեցաւ։ Գաղատացիս 3։19–ն կ’ըսէ թէ Օրէնքը ‘հրեշտակներու կողմէ տրուեցաւ միջնորդի մը ձեռքով’։

Դասեր՝ Մեզի Համար.

15։25. 16։12. Եհովա իր ժողովուրդին լաւ հոգ կը տանի։

18։21. Քրիստոնէական ժողովքին մէջ պատասխանատու դիրքերու համար ընտրուած տղամարդիկն ալ պէտք է ըլլան ատակ, աստուածավախ, վստահելի եւ անձնուրաց։

20։1–23։33. Եհովա գերագոյն Օրէնսդիրն է։ Իսրայելացիները իր օրէնքներուն հնազանդելով կրցան կարգապահութեամբ եւ ուրախութեամբ զինք պաշտել։ Եհովա ներկայիս աստուածպետական կազմակերպութիւն մը ունի։ Անոր հետ համագործակցիլը մեր ուրախութեան ու ապահովութեան կը նպաստէ։

Իսկական Նշանակութիւն՝ Մեզի Համար

Ելից գիրքը Եհովայի մասին ի՞նչ կը յայտնէ։ Անիկա զայն կը ներկայացնէ որպէս սիրալիր Հայթայթիչ, անբաղդատելի Ազատարար եւ իր նպատակները Կատարող։ Ան աստուածպետական կազմակերպութեան Աստուածն է։

Մինչ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին առ ի պատրաստութիւն Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցանութիւնը կ’ընէք, անկասկած Ելից գիրքէն ձեր սորված բաներով խորապէս պիտի ազդուիք։ «Սուրբ Գրային Հարցումներու Պատասխանել» ենթագլուխին ներքեւ յիշուած կէտերը նկատի առնելով, Աստուածաշունչի կարգ մը հատուածներուն մասին աւելի խոր հասկացողութիւն ձեռք պիտի ձգէք։ «Դասեր՝ Մեզի Համար» ենթագլուխին ներքեւ տրուած մեկնաբանութիւնները ցոյց կու տան թէ ի՛նչպէս կրնաք այդ շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն օգտուիլ։

[Նկար՝ էջ 28]

Եհովա հեզ Մովսէսին յանձնարարութիւն տուաւ որ Իսրայելացիները ստրկութենէն դուրս հանէ

[Նկար՝ էջ 29]

Տասը Պատուհասները ցոյց տուին թէ Ստեղծիչը հակակշռի տակ առած է ջուրը, արեւու լոյսը, միջատները, անասուններն ու մարդիկը

[Նկար՝ էջ 30]

Մովսէսի միջոցով, Եհովա Իսրայելացիները կազմակերպեց որպէս աստուածպետական ազգ մը