Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ղեւտացւոց գիրքէն աչքառու կէտեր

Ղեւտացւոց գիրքէն աչքառու կէտեր

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Ղեւտացւոց գիրքէն աչքառու կէտեր

ՏԱԿԱՒԻՆ տարի մը չէ անցած այն օրէն, երբ Իսրայելացիները եգիպտական ստրկութենէն ազատագրուեցան։ Այժմ իբր նոր ազգ մը կազմակերպուած ըլլալով, կ’ուղղուին դէպի Քանանի երկիրը։ Եհովայի նպատակն է՝ հոն սուրբ ազգ մը բնակեցնել։ Սակայն Քանանացիներուն ապրելակերպը եւ կրօնական սովորութիւնները շատ նուաստացած են։ Ուստի ճշմարիտ Աստուածը Իսրայէլի ժողովքին կու տայ կանոններ, որոնցմով պիտի տրամադրուէին իր ծառայութեան։ Ասոնք արձանագրուած են Աստուածաշունչի Ղեւտացւոց գիրքին մէջ։ Մովսէս մարգարէն գիրքը գրեց Սինայի անապատին մէջ, ըստ երեւոյթին Հ.Դ.Ա. 1512–ին, եւ գիրքը գրեթէ լուսնական մէկ ամիս կը ծածկէ։ (Ելից 40։17. Թուոց 1։1-3) Եհովա կրկին անգամ իր երկրպագուները կը յորդորէ որ սուրբ ըլլան։—Ղեւտացւոց 11։44. 19։2. 20։7, 26

Ներկայիս Եհովայի վկաները՝ Մովսէսի միջոցով Աստուծոյ տուած Օրէնքին տակ չեն։ Յիսուս Քրիստոսի մահը այդ Օրէնքը մէջտեղէն վերցուց։ (Հռովմայեցիս 6։14. Եփեսացիս 2։11-16) Սակայն Ղեւտացւոց գիրքին մէջի կանոնները կրնան մեզի օգտակար ըլլալ, մեր Աստուծոյն՝ Եհովայի պաշտամունքին մասին շատ բաներ սորվեցնելով մեզի։

ՍՈՒՐԲ ԸՆԾԱՆԵՐ՝ ԿԱՄԱՒՈՐ ԵՒ ՊԱՐՏԱԴԻՐ

(Ղեւտացւոց 1։1–7։38)

Օրէնքին կարգ մը ընծաներն ու զոհերը կամաւոր էին, իսկ ուրիշներ՝ պարտադիր։ Օրինակ, ողջակէզը կամաւոր էր։ Անիկա ամբողջութեամբ կը մատուցուէր Աստուծոյ, ինչպէս որ Յիսուս Քրիստոս սիրայօժար կերպով եւ լիովին իր կեանքը տուաւ իբր փրկանքի զոհ։ Կամաւոր խաղաղութեան զոհին ուրիշներ ալ կը մասնակցէին։ Անոր մէկ մասը զոհասեղանին վրայ Աստուծոյ կը մատուցուէր, մէկ մասը քահանան կ’ուտէր, իսկ մաս մըն ալ մատուցանողը կ’ուտէր։ Նոյն կերպով, օծեալ Քրիստոնեաներուն համար Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը հաղորդութեան ընթրիք մըն է։—Ա. Կորնթացիս 10։16-22

Մեղքի պատարագը եւ յանցանքի պատարագը պարտադիր էին։ Մեղքի պատարագը սխալմամբ կամ անդիտումնաւոր կերպով կատարուած մեղքերու քաւութեան համար էր։ Յանցանքի պատարագը Աստուած կը գոհացնէր, երբ իրաւունք մը ոտնակոխուած էր, կամ որոշ իրաւունքներ կը վերադարձնէր զղջացող յանցաւորին. կամ երկուքն ալ։ Կար նաեւ հացի ընծան, որ Եհովայի ճոխ հայթայթումներուն հանդէպ առ ի գնահատանք կը մատուցուէր։ Այս բոլոր հարցերը մեզ կը հետաքրքրեն, քանի որ Օրէնքի ուխտին ներքեւ պահանջուած զոհերը կը մատնանշէին Յիսուս Քրիստոսը եւ իր զոհը կամ անկէ յառաջ եկած օգուտները։—Եբրայեցիս 8։3-6. 9։9-14. 10։5-10

Սուրբ Գրային Հարցումներու Պատասխանել.

2։11, 12—Ինչո՞ւ ‘պատարագի համար մեղր այրելը’ Եհովայի ընդունելի չէր։ Հոս յիշուած մեղրը չէր ակնարկեր մեղուի մեղրին։ Թէեւ ‘պատարագի համար այրելը’ արտօնուած չէր, սակայն անիկա «անդաստաններու բերքերուն երախայրիներ»ուն մէջ պարփակուած էր։ (Բ. Մնացորդաց 31։5) Այս մեղրը բացայայտօրէն պտուղներուն հիւթն էր։ Քանի որ կրնար թթուիլ, անիկա ընդունելի չէր իբր ընծայ զոհասեղանին վրայ։

2։13—Ինչո՞ւ «ամէն ընծաներուն» հետ աղ ալ պէտք էր մատուցանուէր։ Ասիկա զոհերուն համը բարելաւելու համար չէր։ Համայն աշխարհի մէջ, աղը կը գործածուի իբր պահպանելու յատկութիւն ունեցող բան մը։ Հաւանաբար անիկա ընծաներուն հետ կը մատուցանուէր, քանի որ կը պատկերացնէ ապականութենէ ու փտութենէ զերծ ըլլալ։

Դասեր՝ Մեզի Համար.

3։17. Որովհետեւ ճարպը նկատուած էր լաւագոյն մասը, զայն ուտելը արգիլելը բացայայտօրէն Իսրայելացիներուն ցոյց տուաւ որ լաւագոյն բաժինը Եհովայի կը պատկանի։ (Ծննդոց 45։18, ՆԱ) Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ որ Եհովայի պէտք է տանք մեր լաւագոյնը։—Առակաց 3։9, 10. Կողոսացիս 3։23, 24

7։26, 27. Իսրայելացիները արիւն պէտք չէր ուտէին։ Աստուծոյ աչքին, արիւնը կեանք կը ներկայացնէ։ «Մարմնին կենդանութիւնը արեան մէջ է», կ’ըսէ Ղեւտացւոց 17։11–ը։ Արիւնէ ետ կենալը տակաւին ճշմարիտ երկրպագուներէն պահանջուած բան մըն է։—Գործք 15։28, 29

ՍՐԲԱԶԱՆ ՔԱՀԱՆԱՅՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏՈՒԻ

(Ղեւտացւոց 8։1–10։20)

Զոհերու եւ ընծաներու վերաբերեալ պարտականութիւններուն հոգ տանելու պատասխանատուութիւնը որո՞նց տրուած էր։ Ասիկա քահանաներուն վստահուած էր։ Աստուծոյ տուած ուղղութեան համաձայն, Մովսէս՝ Ահարոնը որպէս քահանայապետ եւ իր չորս որդիները որպէս ենթաքահանաներ նշանակելու արարողութիւնը ըրաւ։ Արարողութիւնը ակներեւաբար եօթը օր տեւեց, ապա քահանայութեան կարգադրութիւնը ի զօրու եղաւ։

Սուրբ Գրային Հարցումներու Պատասխանել.

9։9—Արիւնը զոհասեղանին եղջիւրներուն վրայ քսելը եւ զոհասեղանին յատակը թափելը ի՞նչ նշանակութիւն ունի։ Ասիկա կ’ապացուցանէր թէ Եհովա արիւնը կ’ընդունէր քաւութեան համար։ Քաւութեան ամբողջ կարգադրութիւնը արիւնին վրայ հիմնուած էր։ «Օրէնքին համաձայն՝ գրեթէ ամէն բան կը մաքրուի արիւնով», գրեց Պօղոս առաքեալ, «եւ առանց արիւն թափելու՝ ներում չ’ըլլար»։—Եբրայեցիս 9։22, ԱՎ

10։1, 2—Ահարոնի որդիներուն՝ Նադաբի եւ Աբիուդի մեղքը հաւանաբար ի՞նչ կը պարփակէր։ Նադաբ ու Աբիուդ իրենց քահանայական պարտականութիւնները կատարելու մէջ անպատշաճօրէն վարուելէն անմիջապէս ետք, Եհովա քահանաներուն արգիլեց գինի կամ օղի գործածել, երբ խորանին մէջ կը ծառայեն։ (Ղեւտացւոց 10։9) Ասիկա կը թելադրէ թէ այս միջադէպին մէջ Ահարոնի երկու որդիները հաւանաբար խմիչքի ազդեցութեան ներքեւ էին։ Սակայն անոնց մահուան բուն պատճառը այն էր, որ «Տէրոջը առջեւ անսուրբ կրակ մատուցանեցին, որ ինք պատուիրած չէր անոնց»։

Դասեր՝ Մեզի Համար.

10։1, 2. Ներկայիս Եհովայի պատասխանատու ծառաները պէտք է ենթարկուին աստուածային պահանջներուն։ Ասկէ զատ, անոնք պէտք չէ յաւակնոտութեամբ հոգ տանին իրենց պատասխանատուութիւններուն։

10։9. Աստուածատուր պարտականութիւնները պէտք չէ կատարենք, մինչ ոգելից ըմպելիներէն ազդուած ենք։

ՍՈՒՐԲ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԸ ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ

(Ղեւտացւոց 11։1–15։33)

Մաքուր ու անմաքուր անասուններու վերաբերեալ ուտելիքի կանոնները, Իսրայելացիներուն երկու կերպով օգտակար եղան։ Այս կանոնները զիրենք պաշտպանեցին վնասակար մանրէներէն, եւ զիրենք ա՛լ աւելի անջատեցին շրջակայ ազգերէն։ Այլ կանոններ նկատի առին դիակին պատճառած անմաքրութիւնը, որդեծնութենէ ետք կնոջ մաքրութիւնը, բորոտութեան վերաբերեալ հարցեր, եւ ծորումին պատճառած անմաքրութիւնը։ Քահանանե՛րը ձեռք պիտի առնէին անմաքուր դարձած անհատներու հետ առնչուած հարցերը։

Սուրբ Գրային Հարցումներու Պատասխանել.

12։2, 5—Ինչո՞ւ ծննդաբերութիւնը կինը «անմաքուր» կը դարձնէր։ Սեռային գործարանները մարդկային կատարեալ կեանք պիտի փոխանցէին։ Բայց ժառանգուած մեղքին պատճառով, մանուկը անկատար ու մեղաւոր կեանք կը ստանար։ Ծննդաբերութեան, ինչպէս նաեւ դաշտանի ու սերմի ծորումին ընկերակցող ժամանակաւոր ‘անմաքրութիւնը’, այս ժառանգական մեղաւորութիւնը կը վերյիշեցնէր։ (Ղեւտացւոց 15։16-24. Սաղմոս 51։5. Հռովմայեցիս 5։12) Պահանջուած մաքրութեան կանոնները պիտի օգնէին Իսրայելացիներուն որ ըմբռնեն փրկանքի զոհի մը կարիքը, մարդկութեան մեղաւորութիւնը ծածկելու եւ մարդկային կատարելութիւնը վերահաստատելու համար։ Ուստի Օրէնքը անոնց ‘դաստիարակը եղաւ՝ զիրենք Քրիստոսին բերելու’։—Գաղատացիս 3։24

15։16-18—Այս համարներուն մէջ յիշուած «զուգաւորութեան սերմ»ը ի՞նչ է։ Ասիկա ակներեւաբար կ’ակնարկէ գիշերային ծորումին, ինչպէս նաեւ սեռային յարաբերութիւններուն։

Դասեր՝ Մեզի Համար.

11։45. Եհովա Աստուած սուրբ է եւ իրեն սրբազան ծառայութիւն մատուցանողներէն կը պահանջէ որ սուրբ ըլլան։ Անոնք սրբութեան հետամուտ պէտք է ըլլան եւ ֆիզիքապէս ու հոգեւորապէս մաքուր պէտք է մնան։—Բ. Կորնթացիս 7։1. Ա. Պետրոս 1։15, 16

12։8. Եհովա թոյլ տուաւ որ աղքատները իբր ընծայ թռչուններ մատուցանեն, քան՝ ծախսի նայող ոչխար մը։ Ան աղքատներուն հանդէպ նկատառու է։

ՍՐԲՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ՊԱՀՊԱՆՈՒԻ

(Ղեւտացւոց 16։1–27։34)

Մեղքերու համար ամենէն կարեւոր զոհերը կը մատուցուէին ամէնամեայ Քաւութեան Օրը։ Զուարակ մը կը մատուցուէր քահանաներուն եւ Ղեւիի տոհմին համար։ Նոխազ մը կը զոհուէր Իսրայէլի ոչ–քահանայական տոհմերուն համար։ Ուրիշ ողջ նոխազի մը վրայ բոլոր ժողովուրդին մեղքերը կը յիշուէին, ապա անապատին մէջ կ’արձակուէր։ Այս երկու նոխազները կը նկատուէին մէկ մեղքի–պատարագ։ Այս բոլորը կը մատնանշէին այն իրողութիւնը թէ Յիսուս Քրիստոս պիտի զոհուէր ու մեղքերը վերցնէր։

Միս ուտելու եւ այլ հարցերու վերաբերեալ կանոնները կը շեշտեն սրբութիւն պահելու կարիքը, երբ Եհովան կը պաշտենք։ Տեղին ըլլալով, քահանաները իրենք զիրենք սուրբ պէտք էր պահէին։ Տարեկան երեք տօները մեծ ուրախութեան եւ Ստեղծիչին շնորհակալութիւն յայտնելու առիթներ էին։ Եհովա իր ժողովուրդին նաեւ տուաւ կանոններ հետեւեալ հարցերու շուրջ. իր սուրբ անունը պղծել, Շաբաթը եւ Յոբելեանը պահել, աղքատներուն եւ ստրուկներուն հետ ի՛նչպէս վարուիլ։ Աստուծոյ հնազանդելով ձեռք ձգուած օրհնութիւնները եւ անհնազանդութեան պատիժները կը նշուին։ Կան նաեւ կանոններ ուխտի եւ գնահատումի վերաբերեալ ընծաներու, անասուններուն առջինեկին, եւ ‘Տէրոջ սուրբ եղող’ տասանորդը տալու մասին։

Սուրբ Գրային Հարցումներու Պատասխանել.

16։29—Իսրայելացիները ի՞նչ կերպով ‘իրենց անձերը պէտք էր խոնարհեցնէին’։ Ասիկա տեղի կ’ունենար Քաւութեան Օրը եւ կապ ունէր մեղքերու թողութիւն խնդրելուն հետ։ Այդ ժամանակ ծոմ պահելը ակներեւաբար առնչուած էր մեղաւորութեան հետ։ Ուստի ‘իրենց անձերը խոնարհեցնելը’ շատ հաւանաբար կ’ակնարկէր ծոմապահութեան։

19։27—Ի՞նչ կը նշանակէ ‘գլուխներուն եզերքի մազերը չկտրել’ կամ ‘մօրուքին եզերքը չաւրել’։ Ըստ երեւոյթին, այս օրէնքը տրուեցաւ որպէսզի Հրեաները խուսափին հեթանոսական որոշ սովորութիւններու համաձայն իրենց մօրուքը կամ մազը կտրելէ։ (Երեմեայ 9։25, 26. 25։23. 49։32) Սակայն Աստուծոյ պատուէրը չէր նշանակեր թէ Հրեաները իրենց մօրուքը կամ մազը բոլորովին չէին կրնար կտրել։—Բ. Թագաւորաց 19։24

25։35-37—Իսրայելացիի մը համար մի՞շտ սխալ էր վաշխ ու տոկոս պահանջելը։ Եթէ տրուած դրամը առեւտրական ձեռնարկի համար էր, փոխ տուողը կրնար տոկոս պահանջել։ Սակայն Օրէնքը կ’արգիլէր տոկոս առնել այն փոխատուութենէն, որուն նպատակն էր չքաւորութիւնը թեթեւցնել։ Խեղճ դրացիի մը ձախորդութենէն օգտուիլը սխալ էր։—Ելից 22։25

26։19—Ի՞նչպէս կրնայ ‘երկինքը երկաթի պէս ըլլալ եւ երկիրը՝ պղնձի պէս’։ Անձրեւ չտեղալով, Քանանի երկրի երկինքը կարծր ու անծակ երկաթի երեւոյթ պիտի առնէր, իսկ երկիրը պղինձի կամ մետաղի փայլ պիտի ունենար։

26։26—Ի՞նչ կը նշանակէ ‘տասը կին մէկ թոնիրի մէջ կ’եփեն հացը’։ Սովորաբար իւրաքանչիւր կին մէկ թոնիրի կարիք կ’ունենար որ բոլոր պէտք եղածը եփէր։ Բայց այս խօսքը կը նշէր որ ուտելիքը ա՛յնքան հազուագիւտ պիտի ըլլար, որ մէկ թոնիր բաւարար պիտի ըլլար որ տասը կին եփէին ամէն ինչ որ ունէին։ Ասիկա սրբութիւն չպահելուն նախագուշակուած մէկ հետեւանքն էր։

Դասեր՝ Մեզի Համար.

20։9. Ատելավառ ու կատաղի հոգին մարդասպանութեան չափ վատ էր Եհովայի աչքին։ Ուստի ան ծնողները նախատելուն կամ զանոնք սպաննելուն համար նոյն պատիժը սահմանեց։ Ասիկա մեզ պէտք չէ՞ մղէ որ հաւատակիցներուն հանդէպ սէր ցուցաբերենք։—Ա. Յովհաննու 3։14, 15

22։32. 24։10-16, 23. Եհովայի անունը պէտք չէ վարկաբեկուի։ Ընդհակառակը, իր անունը պէտք է գովաբանենք եւ անոր սրբացման համար աղօթենք։—Սաղմոս 7։17. Մատթէոս 6։9

Ղեւտացւոց Գիրքը Ի՛նչպէս կ’Ազդէ Մեր Պաշտամունքին

Ներկայիս Եհովայի Վկաները Օրէնքին տակ չեն ապրիր։ (Գաղատացիս 3։23-25) Բայց քանի որ Ղեւտացւոց գիրքը զանազան հարցերու շուրջ Եհովայի տեսակէտը կը լուսաբանէ, անիկա կրնայ ազդել մեր պաշտամունքին։

Մինչ Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցանութիւնը կ’ընես Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին առ ի պատրաստութիւն, անկասկած քեզ պիտի տպաւորէ այն իրողութիւնը թէ մեր Աստուածը իր ծառաներէն սրբութիւն կը պահանջէ։ Աստուածաշունչի այս գիրքը նաեւ կրնայ քեզ մղել լաւագոյնդ տալու Բարձրեալին, միշտ սրբութիւն պահպանելով ի փառս իրեն։

[Նկար՝ էջ 29]

Օրէնքին ներքեւ մատուցուած զոհերը կը մատնանշէին Յիսուս Քրիստոսը եւ իր զոհագործութիւնը

[Նկար՝ էջ 30]

Բաղարջակերաց Տօնը մեծ ուրախութեան առիթ մըն էր

[Նկար՝ էջ 31]

Տարեկան տօները, ինչպէս Տաղաւարահարաց Տօնը, Եհովայի շնորհակալութիւն յայտնելու առիթներ էին