Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Եհովայի վկաները արիւնի պզտիկ մասեր կ’առնե՞ն

Այս նիւթը Դիտարան–ի 15 յունիս 2000 թիւէն առնուած է։

Եհովայի վկաները արիւն չեն առներ։ Մենք կը հաւատանք որ արիւնի վերաբերեալ Աստուծոյ օրէնքը չի փոխուիր։ Այսօր, արիւնը կարելի է բաժնել չորս գլխաւոր մասերու, եւ այդ չորս գլխաւոր մասերը կարելի է բաժնել աւելի՛ պզտիկ մասերու, այսինքն՝ մասնիկներու։ Ուրեմն, քրիստոնեայ մը պէտք է որոշէ որ այս մասնիկներէն ոմանք պիտի ընդունի առնել կամ ոչ։ Ամէնէն կարեւորը, ան պէտք է Աստուածաշունչին ըսածներուն հնազանդի եւ Աստուած ուրախացնէ,– եւ ոչ թէ միայն մտածէ որոշ բուժումի մը օգուտներուն կամ վտանգներուն մասին։

Արիւնին մասին Աստուածաշունչին ըսածը յստակ է։ Տեսնենք քանի մը կէտեր, որոնք կրնան մեզի օգնել որ որոշում առնենք։

Եհովա Աստուած մեր նախահայրերէն մէկուն՝ Նոյին՝ արիւնի մասին որոշ ուղղութիւն տուաւ (Ծննդոց 9։3, 4) Յետագային, Աստուծոյ ըսածը իսրայէլ ազգին ցոյց տուաւ որ արիւնը սուրբ է. «Իսրայէլի տունէն կամ ձեր մէջ պանդխտացած օտարականներէն մարդ մը ոեւէ արիւն ուտելու ըլլայ, ես այն արիւն ուտող անձին դէմ պիտի ըլլամ»։ Եթէ իսրայէլացի մը Աստուծոյ օրէնքին չհնազանդէր, կրնար ուրիշներուն վրայ գէշ ազդեցութիւն ունենալ. անոր համար Աստուած ըսաւ. «Զանիկա իր ժողովուրդին մէջէն [պիտի] կորսնցնեմ» (Ղեւտացւոց 17։10)։ Իսկ առաջին քրիստոնեաներուն օրերուն, առաքեալները եւ երէցները ժողով ըրին եւ որոշեցին որ քրիստոնեաները պէտք է ‘ետ կենան արիւնէ’։ Ասիկա նոյնքան կարեւոր է որքան անբարոյութենէ եւ կռապաշտութենէ ետ կենալը (Գործք 15։28, 29

Այդ օրերուն, ի՞նչ նշանակեց արիւնէ ‘ետ կենալ’։ Այդ ժամանակ, քրիստոնեաները ո՛չ կերան, ոչ ալ խմեցին արիւն։ Ասկէ զատ, անոնք չկերան անասունի միս, որուն մէջ դեռ արիւն կար, ոչ ալ կերան ուտելիքներ, որոնց մէջ արիւն աւելցուած էր. օրինակ՝ արիւնով շինուած երշիկներ։ Եթէ անոնք այս կերպերով արիւն ուտէին կամ գործածէին, Աստուծոյ օրէնքը կտրած պիտի ըլլային (Ա. Թագաւորաց 14։32, 33

Այդ օրերուն ապրող շատ մը մարդոց համար սխալ չէր արիւն ուտել կամ խմել։ Ասիկա կը տեսնենք Տերտուղիանոս անունով գրագէտի մը ըսածներէն, որ ապրեցաւ Քրիստոսէ մօտ 200 տարի ետք։ Տերտուղիանոս գրեց, որ Հռոմի մէջ կարգ մը մարդիկ համաձայնութիւններու կու գային՝ արիւն խմելով։ Ասկէ զատ, ան գրեց որ մարդիկ հռոմէական ամփիթատրոններուն մէջ սպաննուած մարդոց արիւնը կը խմէին, քանի որ կը կարծէին որ ատիկա հիւանդութենէ կը բժշկէ։

Աս սովորութիւնները (նոյնիսկ առողջապահական պատճառներու համար) սխալ էին քրիստոնեաներուն համար։ Հռոմայեցիներուն արիւնով խառնուած ճաշերը քրիստոնեաներուն հաւատարմութիւնը փորձի տակ դրին։ Տերտուղիանոս գրեց որ քրիստոնեաները անասունի արիւն չե՛ն ուտեր. ուր մնաց մարդու արիւն խմեն։

Այսօր, շատեր չեն կարծեր որ Աստուծոյ օրէնքին դէմ ելած կ’ըլլան՝ եթէ իրենց բժիշկին ուղղութեան հետեւին եւ արիւն առնեն որպէս բուժում։ Եհովայի վկաները կեանքը կը սիրեն եւ կ’ուզե՛ն ապրիլ, բայց եւ այնպէս անոնք վճռած են որ արիւնի վերաբերեալ Աստուծոյ օրէնքին հնազանդին։ Լաւ ինչպէ՞ս կրնանք այսօր ատիկա ընել։

Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք, բժիշկները երթալով աւելի կը դիմէին արեան ներարկումի, այսինքն՝ հիւանդին արիւն տալու։ Բայց Եհովայի վկաները հասկցան որ արիւն առնելը Աստուծոյ օրէնքին դէմ է։ Բայց անկէ ի վեր, արիւն տալու բաւական նոր կերպեր մէջտեղ եկած են։ Մեր օրերուն, բժիշկները շատ անգամ լման արիւն չէ որ կու տան հիւանդին, հապա՝ արիւնին չորս գլխաւոր մասերէն մէկը. (1) կարմիր գնդիկներ, (2) ճերմակ գնդիկներ, (3) թիթեղիկներ (platelets) եւ (4) ջրարիւն (plasma)։ Անշուշտ ասիկա հիւանդին պարագայէն կախեալ է։ Քանի՛ որ արիւնը չորս գլխաւոր մասերու բաժնուած է, ատիկա կրնայ մէկէ աւելի հիւանդներու միջեւ բաժնուիլ։ Եհովայի վկաները կը հաւատան որ լման արիւնը (ինչպէս որ է) կամ անոր այս չորս գլխաւոր մասերը առնելը՝ Աստուծոյ օրէնքին դէմ է։ Եւ իրենց այս որոշումին պատճառով անոնք պաշտպանուած են շատ մը հիւանդութիւններէ. օրինակի համար՝ լեարդի բորբոքումէ (hepatitis) եւ ԷՅՏԾ–է, որոնք կը փոխանցուին արեան միջոցաւ։

Բայց արիւնին այս չորս գլխաւոր մասերը կրնան բաժնուիլ աւելի՛ պզտիկ մասերու։ Լաւ, քրիստոնեան կրնա՞յ ատոնք առնել եւ ի՞նչը իրեն կրնայ օգնել որ ատոնց վերաբերեալ որոշում առնէ։

Արիւնը կազմուած է շատ մը տարբեր բաներէ։ Նոյնիսկ ջրարիւնը (plasma), որ գրեթէ ջուր է, իր մէջը ունի շա՜տ մը ուրիշ բաներ, ինչպէս՝ հորմոններ, շաքար եւ այլն։ Օրինակի համար, ջրարիւնին մէջ կայ ալպումին կոչուող փրոթէին մը, արիւնահոսութիւնը կարգի դնող փրոթէիններ եւ հիւանդութիւններու դէմ պայքարող փրոթէիններ։ Բժիշկները կրնան այս փրոթէինները ջրարիւնէն հանել եւ գործածել։ Օրինակ, ջրարիւնէն փրոթէին մը կրնայ գործածուիլ՝ օգնելու համար հիւանդի մը, որ դիւրաւ արիւնահոսութիւն կ’ունենայ։ Ասկէ զատ, բժիշկները կրնան ջրարիւնէն հանել փրոթէիններ, որոնք կ’օգնեն հիւանդութիւններու դէմ պայքարելու։ Ջրարիւնին մէջ ուրիշ փրոթէիններ ալ կան, որոնք բժիշկները կրնան գործածել։ Բայց այս օրինակներուն գաղափարը այն է, որ կարելի է ջրարիւնէն շատ պզտիկ մասեր հանել եւ գործածել *։

Ճիշդ ինչպէս որ ջրարիւնին մէջ կան շատ մը տարբեր բաներ, նոյնպէս արիւնին մնացեալ գլխաւոր մասերն ալ (այսինքն՝ կարմիր գնդիկները, ճերմակ գնդիկները եւ թիթեղիկները) կրնան բաժնուիլ լեցուն պզտիկ մասերու։ Օրինակ, ճերմակ գնդիկներէն պզտիկ մասեր կրնան գործածուիլ բուժելու համար վայրըսներէն վարակումներ եւ քաղցկեղներ (cancer)։ Իսկ թիթեղիկներէն պզտիկ մասեր կրնան գործածուիլ բուժելու համար վէրքեր։ Դեռ ուրիշ դեղեր ալ կը պատրաստուին արիւնին պզտիկ մասերէն։ Անշուշտ աս դեղերը առնելը չի նշանակեր արիւն առնել, հապա ատոնք պարզապէս պատրաստուած են արիւնին գլխաւոր մասերէն։ Քրիստոնեան պէ՞տք է ընդունի արիւնի պզտիկ մասերով եղած բուժումներ։ Մենք չենք կրնար քեզի ըսել ինչ ընես։ Աստուածաշունչը այս տեսակ բուժումներու մասին չի խօսիր։ Անոր համար ամէն մէկ անհատ ինք պէտք է առնէ որոշում մը, որ Աստուծոյ հետ իր բարեկամութիւնը զօրաւոր կը պահէ։

Կարգ մը քրիստոնեաներ չեն ընդունիր որեւէ բուժում որ առնուած է արիւնէ կամ նոյնիսկ արիւնի պզտիկ մասերէ, որոնք կ’օգնեն հիւանդութիւններու դէմ պայքարելու։ Անոնք այդպէս կը հասկնան ‘արիւնէ ետ կենալու’ Աստուծոյ պատուէրը։ Անոնք կ’ըսեն որ իսրայէլացիները Աստուծոյ պատուէրէն հասկցած էին որ մէկու մը մարմինէն ելած արիւնը պէտք էր ‘գետինը թափուէր’ (Բ. Օրինաց 12։22-24) Լաւ այս համարը ի՞նչ կապ ունի արիւնի պզտիկ մասերուն հետ։ Պատրաստելու համար արիւնի պզտիկ մասեր, որոնք կ’օգնեն հիւանդութիւններու դէմ պայքարելու, պէտք է արիւնը հաւաքել ու անոր վրայ աշխատիլ։ Ուրեմն, քանի՛ որ այս պարագային արիւնը գետին չի թափուիր, կարգ մը քրիստոնեաներ կը մերժեն արիւնի այս մասնիկները առնել, ճիշդ ինչպէս որ կը մերժեն առնել լման արիւն կամ անոր չորս գլխաւոր մասերը։ Եւ մենք պէտք է իրենց այս որոշումը յարգենք։

Ուրիշ քրիստոնեաներ տարբեր կերպով կը մտածեն։ Անշուշտ, անոնք ալ կը մերժեն առնել լման արիւն, կարմիր գնդիկներ, ճերմակ գնդիկներ, թիթեղիկներ կամ ջրարիւն։ Բայց, թերեւս ընդունին առնել արեան այս չորս գլխաւոր մասերէն առնուած մասնիկներ։ Նոյնիսկ ասանկ պարագաներու, ամէն մէկ քրիստոնեայ կրնայ տարբեր որոշում առնել։ Օրինակ, մէկը թերեւս ընդունի ջրարիւնէն մասնիկ մը առնել, բայց մերժէ կարմիր կամ ճերմակ գնդիկներէն մասնիկներ առնել։ Լաւ այս քրիստոնեաները ինչո՞ւ կը զգան որ կրնան արիւնի մասնիկներ առնել։

Դիտարան–ի 1 յունիս 1990–ի «Հարցումներ Ընթերցողներէն» բաժինին մէջ (անգլերէն) ըսուած էր որ ջրարիւնի փրոթէինները (որոնք մասնիկներ են) յղի կնոջ մը արիւնէն կ’անցնին իր չծնած երեխային արեան։ Ասանկով, մայր մը իր պզտիկին կը փոխանցէ արիւնի մասնիկներ, որոնք պզտիկը կը պաշտպանեն հիւանդութիւններէ։ Ասկէ զատ, երբ որ չծնած երեխայի մը կարմիր գնդիկները հիննան, անոնցմէ մաս մը կրնայ մօր անցնիլ եւ մօր մարմնին աղտին կամ մէզին հետ դուրս ելլել։ Կարգ մը քրիստոնեաներ կրնան եզրակացնել, թէ քանի՛ որ ասանկ պարագայի, արեան մասնիկները բնականաբար կրնան անցնիլ մէկ անձէ մը միւսին, ուրեմն իրենք կրնան ընդունիլ ջրարիւնէն (plasma) կամ գնդիկներէն մասնիկներ առնել։

Քանի՛ որ բոլոր քրիստոնեաները արիւնի մասնիկներուն նկատմամբ նոյն որոշումը չեն առներ, ասիկա ըսե՞լ է որ այս որոշումը կարեւոր չէ։ Ո՛չ, ատիկա կարեւոր է։ Բայց կէտը յստակ է։ Ինչպէս տեսանք, Եհովայի վկաները չեն ընդունիր առնել թէ՛ լման արիւն եւ թէ անոր չորս գլխաւոր մասերը, քանի որ Աստուածաշունչը քրիստոնեաներուն պատուէր կու տայ որ ‘ետ կենան կուռքերու զոհուածէ եւ արիւնէ ու պոռնկութենէ’։ (Գործք 15։29) Բայց, առա՛ջ որ որոշենք արեան չորս գլխաւոր մասերէն առնուած մասնիկները առնել կամ ոչ, պէտք է լաւ մտածենք ատոր մասին եւ Եհովա Աստուծոյ աղօթենք։

Այսօր շատեր կ’ընդունին որեւէ բուժում որ իրենց կրնայ օգտակար ըլլալ, նոյնիսկ եթէ ատոր մէջ վտանգներ ըլլան, ինչպէս օրինակ երբ բժիշկները իրենց ըսեն որ պէտք է արիւն առնեն։ Բայց Եհովայի վկաները միայն իրենց առողջութեան մասին չեն մտածեր։ Անշուշտ, անոնք կ’ուզեն որ առողջապահական լաւ հոգատարութիւն ստանան, եւ որոշ բուժում մը ընդունելէ կամ մերժելէ առաջ լա՛ւ կը մտածեն։ Եւ երբ որ բուժում մը արիւնի մասնիկներ առնել պահանջէ, անոնք ուշի–ուշով կը մտածեն Աստուծոյ ըսածներուն եւ անոր հետ իրենց վայելած բարեկամութեան մասին (Սաղմոս 36։9

Մենք Եհովային կը վստահինք սաղմոսերգուին պէս, որ գրեց. «Տէր Աստուածը արեւ ու վահան է. Տէրը շնորհք ու փառք պիտի տայ։ Բարութիւն մը պիտի չպակսեցնէ ուղղութեամբ քալողներէն։ Ո՛վ զօրաց Տէր, երանելի՜ է քեզի յուսացող մարդը» (Սաղմոս 84։11, 12

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 13 Տե՛ս «Հարցումներ ընթերցողներէն» յօդուածները Դիտարան–ի 15 յունիս 1978 թիւին մէջ (անգլերէն) եւ Դիտարան–ի 1 հոկտեմբեր 1994 թիւին մէջ (անգլերէն)։ Դեղագործական ընկերութիւններ պատրաստած են արտադրութիւններ, որոնք արիւնէ չեն առնուած եւ կարելի է ատոնք հիւանդին տալ անցեալին գործածուած արեան կարգ մը մասնիկներուն տեղ։

[Շրջանակ]

ԲԺԻՇԿԻՆ ՀԱՐՑՈՒԵԼԻՔ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ

Եթէ գործողութիւն մը կամ բուժում մը պիտի ունենաս, որ արիւնէն առնուած մասի մը գործածութիւնը կը պահանջէ, հարցուր.

Անոնք՝ որոնք ներկայ պիտի ըլլան գործողութեան կամ բուժումին, գիտե՞ն թէ ի՛նչ որ ալ ըլլայ պարագան, որպէս Եհովայի վկայ, չեմ ուզեր արիւն առնել (լման արիւն, կարմիր գնդիկներ, ճերմակ գնդիկներ, թիթեղիկներ կամ ջրարիւն)։

Եթէ կը կարծես որ բժիշկներուն տուած դեղը կրնայ ըլլալ ջրարիւն, կարմիր կամ ճերմակ գնդիկներ, կամ թիթեղիկներ, հարցուր.

Դեղը արեան չորս գլխաւոր մասերէն մէկո՞վ պատրաստուած է։ Եթէ այո՛, կրնա՞ք բացատրել ճիշդ ինչպէս կամ ինչով պատրաստուած է։

Արիւնէ պատրաստուած այս դեղը որքա՞ն պիտի առնեմ եւ ինչպէ՞ս պիտի առնեմ։

Եթէ արիւնի այս մասնիկը ընդունիմ առնել, վտանգները ի՞նչ են։

Եթէ արիւնի այս մասնիկը չուզեմ առնել, ուրիշ բուժում մը կա՞յ։

Այս նիւթին մասին մտածելէ ետք, ե՞րբ կ’ուզէք որ իմ որոշումս ձեզի ըսեմ։