Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Բ. Կորնթացիս 6։14–ի մէջ, Պօղոս «անհաւատներ» արտայայտութիւնը գործածելով որո՞նց կ’ակնարկէ։

Բ. Կորնթացիս 6։14–ը կ’ըսէ. «Անհաւատներուն հետ օտարախառն լծակից մի՛ ըլլաք»։ Բովանդակութիւնը բացայայտօրէն ցոյց կու տայ թէ Պօղոս կը խօսի անհատներու մասին, որոնք յստակօրէն քրիստոնէական ժողովքին մաս չեն կազմեր։ Այս հասկացողութեան թիկունք կը կանգնին այլ համարներ, ուր Պօղոս «անհաւատ» կամ «անհաւատներ» արտայայտութիւնը կը գործածէ։

Օրինակ, Պօղոս Քրիստոնեաները կը յանդիմանէ, քանի որ «անհաւատներուն առջեւ» դատ կը վարեն։ (Ա. Կորնթացիս 6։6) Այս անհաւատները Կորնթոսի դատական դրութեան մէջ ծառայող դատաւորներ են։ Իր երկրորդ նամակին մէջ, Պօղոս կ’ըսէ թէ Սատանան «անհաւատներուն մտքերը կուրցուց»։ Այս անհաւատներուն աչքերը ‘ծածկուած’ են, որպէսզի բարի լուրը չտեսնեն։ Անոնք Եհովայի ծառայութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն ցոյց չեն տուած, քանի որ Պօղոս նախապէս բացատրեց. «Երբ Տէրոջ դառնան, ծածկոցը պիտի վերցուի»։—Բ. Կորնթացիս 3։16, ԱՎ. 4։4

Անհաւատներէն ոմանք անօրէնութեան կամ կռապաշտութեան միջամուխ եղած են։ (Բ. Կորնթացիս 6։15, 16) Սակայն բոլորն ալ Եհովայի ծառաներուն չեն հակառակիր։ Ոմանք ճշմարտութեամբ կը հետաքրքրուին։ Շատեր Քրիստոնեայ կողակիցներ ունին եւ կ’ուզեն անոնց հետ մնալ։ (Ա. Կորնթացիս 7։12-14. 10։27. 14։22-25. Ա. Պետրոս 3։1, 2) Սակայն Պօղոս «անհաւատ» արտայայտութիւնը միշտ կը կիրարկէ անոնց որ, ինչպէս վերը յիշուեցաւ, մաս չեն կազմեր քրիստոնէական ժողովքին, որ կը բաղկանայ «Տէրոջը հաւատացողներ»էն։—Գործք 2։41. 5։14. 8։12, 13

Բ. Կորնթացիս 6։14–ի մէջ գտնուող սկզբունքը Քրիստոնեաներուն համար արժէքաւոր ուղեցոյց մըն է կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ, եւ յաճախ մէջբերուած է որպէս իմաստուն խրատ մը կողակից փնտռող Քրիստոնեաներուն։ (Մատթէոս 19։4-6) Նուիրուած ու մկրտուած Քրիստոնեան խոհեմաբար կողակից չի փնտռեր անհաւատներուն մէջ, քանի որ անոնց չափանիշները, նպատակակէտերն ու հաւատալիքները ճշմարիտ Քրիստոնեային ունեցածներէն շա՜տ տարբեր են։

Սակայն ի՞նչ կրնանք ըսել այն անհատներուն մասին, որոնք Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրեն եւ քրիստոնէական ժողովքին կ’ընկերակցին։ Ի՞նչ կրնանք ըսել չմկրտուած հրատարակիչներուն մասին։ Անոնք անհաւատնե՞ր են։ Ո՛չ։ Բարի լուրի ճշմարտութիւնը ընդունող եւ հաստատ քայլերով դէպի մկրտութիւն յառաջդիմող անհատները պէտք չէ կոչուին անհաւատներ։ (Հռովմայեցիս 10։10. Բ. Կորնթացիս 4։13) Կոռնելիոս իր մկրտութենէն առաջ կոչուեցաւ «բարեպաշտ ու աստուածավախ» մարդ մը։—Գործք 10։2

Արդ, խոհեմութի՞ւն է որ նուիրուած Քրիստոնեան ուզէ դարպասել եւ ամուսնանալ չմկրտուած հրատարակիչի մը հետ, քանի որ Բ. Կորնթացիս 6։14–ի մէջ արձանագրուած Պօղոսի խրատը, կտրուկ կերպով խօսելով, այս պարագային չի կիրարկուիր։ Ո՛չ, խոհեմութիւն չէ։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ Քրիստոնեայ որբեւայրիներուն նկատմամբ Պօղոս հետեւեալ շեշտակի խրատը տուաւ. «[Կինը] ազատ է ամուսնանալու որու հետ որ ուզէ, միայն թէ Տէրոջմով»։ (Ա. Կորնթացիս 7։39) Այս խրատին հետ ներդաշնակ, նուիրուած Քրիստոնեաներուն յորդոր տրուած է որ կողակից փնտռեն միայն «Տէրոջմով» եղողներուն մէջ։

Ի՞նչ կը նշանակեն «Տէրոջմով» արտայայտութիւնը եւ «Քրիստոսով» յարակից արտայայտութիւնը։ Հռովմայեցիս 16։8-10 եւ Կողոսացիս 4։7–ի մէջ, Պօղոս կը խօսի անհատներու մասին, որոնք «Քրիստոսով» կամ «Տէրոջմով» էին։ Եթէ այս համարները կարդաս, պիտի տեսնես թէ անոնք ‘գործակիցներ’, ‘ընտրեալներ’, ‘սիրելի եղբայրներ’, ‘հաւատարիմ պաշտօնեաներ’ ու ‘ծառայակիցներ’ են։

Անհատ մը ե՞րբ ‘Տէրոջմով ծառայ’ կը դառնայ։ Երբ ան սիրայօժար կերպով կատարէ այն ինչ որ ծառայէ մը կ’ակնկալուի եւ իր անձը ուրանայ։ Յիսուս կը բացատրէ. «Եթէ մէկը իմ ետեւէս գալ կ’ուզէ, թող իր անձը ուրանայ եւ իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ»։ (Մատթէոս 16։24) Անհատ մը կը սկսի Քրիստոսի հետեւիլ եւ ինքզինք լիովին Աստուծոյ կամքին ենթարկել, երբ Աստուծոյ կը նուիրուի։ Անկէ ետք, ան մկրտութեան քայլը կ’առնէ եւ ձեռնադրուած քարոզիչ կ’ըլլայ, որ Եհովա Աստուծոյ առջեւ ընդունելի կեցուածք ունի։ * Արդ, ‘Տէրոջմով ամուսնանալ’ կը նշանակէ՝ ամուսնանալ անհատի մը հետ որ ապացուցանած է թէ ինք իսկապէս հաւատացեալ, նուիրուած ծառայ մըն է՝ «Աստուծոյ ու Տէր Յիսուս Քրիստոսին»։—Յակոբու 1։1

Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրող եւ հոգեւորապէս յառաջդիմող անհատը գովասանքի արժանի է։ Սակայն ան տակաւին Եհովայի չէ նուիրուած եւ ինքզինք ծառայութեան եւ անձնազոհ կեանք մը վարելու չէ ընծայած։ Ան դեռ հարկ եղած փոփոխութիւններ կ’ընէ։ Նուիրուած ու մկրտուած Քրիստոնեայ մը ըլլալու համար անհրաժեշտ մեծ փոփոխութիւնները պէտք է ամբողջացնէ, կեանքի մէջ ուրիշ մեծ փոփոխութեան մը մասին մտածելէ առաջ, ինչպէս՝ ամուսնութեան մասին։

Պատշա՞ճ է որ Քրիստոնեան ուզէ դարպասել անհատ մը, որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մէջ լաւ յառաջդիմութիւն կ’արձանագրէ,– թերեւս մտադրելով սպասել մինչեւ անոր մկրտուիլը, ապա ամուսնանալ։ Ո՛չ։ Աստուածաշունչի աշակերտին շարժառիթները կրնան խանգարուիլ, եթէ գիտնայ որ նուիրուած Քրիստոնեայ մը կը փափաքի իրեն հետ ամուսնանալ, բայց ան այս քայլը պիտի չառնէ իր մկրտուելէն առաջ։

Սովորաբար անհատ մը որոշ ժամանակ չմկրտուած հրատարակիչ կ’ըլլայ, եւ շուտով կը յառաջդիմէ դէպի մկրտութիւն։ Ուստի միայն Տէրոջմով ամուսնանալու վերոյիշեալ խրատը անտրամաբանական չէ։ Սակայն ի՞նչ կրնանք ըսել ամուսնական տարիքի մէջ եղող անհատի մը մասին, որ քրիստոնէական ընտանիքի մէջ մեծցած է, ժողովքին մէջ տարիներէ ի վեր գործունեայ է, եւ կը ծառայէ որպէս չմկրտուած հրատարակիչ։ Այս պարագային, ի՞նչ բան զինք ետ պահած է Եհովայի նուիրուելէ։ Ան ինչո՞ւ կը վարանի։ Կասկածներ ունի՞։ Թէեւ ան անհաւատ մը չէ, սակայն կարելի չէ զինք նկատել թէ «Տէրոջմով» է։

Ամուսնութեան վերաբերեալ Պօղոսի խրատը մեր օգտին համար է։ (Եսայեայ 48։17) Երբ հաւանական կողակիցներ Եհովայի նուիրուած են, իրենց ամուսնական յանձնառութիւնը հաստատ ու հոգեւոր հիմ կ’ունենայ։ Անոնք միեւնոյն արժէքներն ու նպատակակէտերը կը բաժնեն։ Ասիկա ուրախ միութեան մը մեծապէս կը նպաստէ։ Ասկէ զատ, ‘Տէրոջմով ամուսնանալով’ անհատը Եհովայի հանդէպ հաւատարմութիւն ցոյց կու տայ, եւ ասիկա մնայուն օրհնութիւններու կ’առաջնորդէ, քանի որ Եհովա ‘հաւատարիմին հետ հաւատարիմ կ’ըլլայ’։—Սաղմոս 18։25, ՆԱ

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 10 Օծեալ Քրիստոնեաներուն համար, որոնց Պօղոս այս խօսքերը գրեց, ‘Տէրոջմով ծառայ’ ըլլալը նաեւ կը պարփակէր օծուիլ որպէս Աստուծոյ որդիներ ու Քրիստոսի եղբայրներ։

[Նկար՝ էջ 31]

Եհովա ‘հաւատարիմին հետ հաւատարիմ կ’ըլլայ’