Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՞նչ կրնաս սորվիլ Յիսուսին հրաշքներէն

Ի՞նչ կրնաս սորվիլ Յիսուսին հրաշքներէն

Ի՞նչ կրնաս սորվիլ Յիսուսին հրաշքներէն

ՅԻՍՈՒՍԻՆ օրերուն, իր աշակերտները եւ ուրիշներ կը զարմանային երբ ան հրաշքներ ընէր (Մարկոս 2։12. 4։41. 6։51. Ղուկաս 9։43)։ Բայց կրնայ ըլլալ որ հարց տաս. իրա՞ւ այդ հրաշքները տեղի ունեցան։

Հրաշքները Աստուծմէ՞ էին թէ ոչ խարդախ խաղեր էին

Աստուածաշունչը չ’ըսեր որ Յիսուսին հրաշքները խարդախ խաղեր էին՝ մարդիկը զբաղեցնելու համար։ Ատոնք «Աստուծոյ մեծամեծ գործեր»ն էին, ինչպէս որ էր պարագան օրինակի համար այն տղուն, որմէ Յիսուս դեւ հանեց (Ղուկաս 9։37-44)։ «Սաստիկ զօրութիւն» ունեցող Ամենակալ Աստուծոյ համար, անկարելի չէ որ այսպիսի զօրաւոր գործեր ընէ (Եսայի 40։26

Աւետարաններուն մէջ կը կարդանք մօտ 35 հրաշքներու մասին, որոնք Յիսուս ըրաւ։ Բայց մենք գիտենք որ ան շա՛տ աւելի հրաշքներ ըրաւ։ Օրինակ, Մատթէոս 14։14–ը կ’ըսէ. «Երբ [Յիսուս] դուրս ելաւ, շատ ժողովուրդ տեսնելով խղճաց անոնց վրայ ու անոնց հիւանդները բժշկեց»։ Մենք չենք գիտեր որ այդ օր ան ճիշդ քանի՛ հիւանդ բժշկեց։

Յիսուսին ըրած հրաշքները յստակ կերպով ցոյց տուին, որ ան Աստուծոյ Որդին է եւ անոր խոստացած Մեսիան՝ Քրիստոսը։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, որ հրաշքներ ընելու Յիսուսի զօրութիւնը Աստուծմէ էր։ Պետրոս առաքեալ Յիսուսը այսպէս նկարագրեց. «Աստուծմէ ձեզի ցուցուած մարդ մը զօրութիւններով ու հրաշքներով եւ նշաններով, որոնք Աստուած անոր ձեռքով ըրաւ ձեր մէջ, ինչպէս դուք ալ գիտէք» (Գործք 2։22)։ Ուրիշ առիթով, ան ըսաւ որ Աստուած «օծեց [Յիսուսը] Սուրբ Հոգիով եւ զօրութիւնով, որ պտըտեցաւ բարիք ընելով ու Սատանայէն բոլոր տանջուածները բժշկելով, քանզի Աստուած իրեն հետ էր» (Գործք 10։37, 38

Յիսուս թէ՛ հրաշքներ ըրաւ եւ թէ բարի լուրին մասին մարդոց սորվեցուց։ Մարկոս 1։21-27–ը մեզի ցոյց կու տայ, որ Յիսուսին սորվեցուցածը եւ ըրած մէկ հրաշքը ի՛նչ ազդեցութիւն ունեցան ժողովուրդին վրայ։ Մարկոս 1։22–ը կ’ըսէ որ անոնք «կը զարմանային անոր վարդապետութեանը վրայ»։ Իսկ 27–րդ համարը կ’ըսէ, որ անոնք «զարմացան», երբ ան մարդու մը մէջէն դեւ մը հանեց։ Թէ՛ անոր հրաշքները եւ թէ անոր քարոզածը փաստեցին որ ի՛նքն է Մեսիան։

Յիսուս ոչ միայն ըսաւ որ ինք Աստուծոյ խոստացած Մեսիան է, հապա իր հրաշքներն ալ ատիկա փաստեցին։ Երբ մարդիկ իրեն հարցուցին իր դերին եւ իրեն տրուած իշխանութեան մասին, ան համարձակօրէն պատասխանեց. «Ես Յովհաննէսին [Մկրտիչ] վկայութենէն ալ մեծ վկայութիւն մը ունիմ, քանզի այն գործերը որոնք Հայրը ինծի տուաւ որ կատարեմ, այն նոյն գործերը որոնք ես կը գործեմ, ինծի համար կը վկայեն թէ ‘Հայրը զիս ղրկեց’» (Յովհաննէս 5։36

Հրաշքներուն իրական ըլլալուն նկատմամբ փաստեր

Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Յիսուսին հրաշքները իրական էին։ Տեսնենք։

Երբ Յիսուս հրաշքներ կ’ընէր, մարդոց ուշադրութիւնը իր վրայ չէր հրաւիրեր։ Ան վստահ կ’ըլլար որ որեւէ հրաշքէ ետք ամէն փառքը Աստուծոյ երթար։ Օրինակ, կոյր մարդ մը բժշկելէ առաջ, Յիսուս ըսաւ որ մարդը պիտի առողջանար «որպէս զի Աստուծոյ գործերը ատոր վրայ յայտնի ըլլան» (Յովհաննէս 9։1-3. 11։1-4

Յիսուս տարբեր էր անոնցմէ՝ որոնք կ’ըսէին որ կրնան հրաշքներ ընել։ Ան կախարդ չէր, եւ մարդիկը բժշկելու համար, ո՛չ խարդախ խաղերու դիմեց, ո՛չ սուտ հաւատալիքներու, ոչ ալ վտանգներէ պահպանող առարկաներու։ Նկատի առ որ Յիսուս ի՜նչ համեստ կերպով երկու կոյրեր բժշկեց։ Այդ դէպքին արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Յիսուս խղճալով անոնց աչքերուն դպաւ։ Շուտ մը անոնց աչքերը բացուեցան ու անոր ետեւէն գացին» (Մատթէոս 20։29-34)։ Այս հրաշքին մէջ ո՛չ կրօնական արարողութիւններ կային, ոչ ալ ձեւակերպութիւն։ Ան հրաշքներ ըրաւ մարդոց աչքին առջեւ, որոնք երբեմն շատուոր կ’ըլլային։ Ասկէ զատ, Յիսուս չգործածեց յատուկ առարկաներ կամ երեւելի բեմեր, ոչ ալ լոյսերու խաղեր ըրաւ,– ինչպէս որ մեր օրերուն շատ մը «կախարդ»ներ կ’ընեն, մարդիկը խաբելու համար որ իրենք կրնա՛ն հրաշքներ ընել (Մարկոս 5։24-29. Ղուկաս 7։11-15

Շատ անգամ Յիսուս բժշկեց մարդիկ, որոնք իրեն կը հաւատային, բայց ան նոյնիսկ բժշկեց անոնք՝ որոնք հաւատք չունէին։ Երբ ան Կափառնայում էր, մարդիկ «շատ դիւահարներ բերին անոր։ Խօսքով հանեց չար ոգիները եւ բոլոր հիւանդները բժշկեց» (Մատթէոս 8։16

Յիսուս հրաշքներ ըրաւ՝ մարդոց օգնելո՛ւ համար եւ ոչ թէ տպաւորելու համար (Մարկոս 10։46-52. Ղուկաս 23։8)։ Եւ իր հրաշքներուն նպատակը չէր անձնական շահ ձեռք ձգել (Մատթէոս 4։2-4. 10։8

Աւետարանները վստահելի՞ են

Մենք Յիսուսին հրաշքներուն մասին կը սորվինք՝ չորս Աւետարանները կարդալով։ Լաւ կրնա՞նք վստահիլ այս Աւետարաններուն։ Այո՛։

Ինչպէս որ ասկէ առաջ ըսինք, շատեր տեսան Յիսուսին հրաշքները։ Երբ Աւետարաններէն ոմանք գրուեցան, Յիսուսին հրաշքները տեսնողներէն շատեր ողջ էին։ Աւետարանները գրողներուն անկեղծութեան նկատմամբ գիրք մը կ’ըսէ. «Անարդարութիւն է ըսել որ Աւետարանները գրողները սուտեր գրի առին հրաշքներուն մասին, քանի որ կ’ուզէին իրենց հաւատալիքները յառաջացնել։ Անոնք անկեղծ մարդիկ էին» (The Miracles and the Resurrection

Քրիստոնեաներուն հակառակող հրեաները բնաւ չըսին որ Աւետարաններուն մէջ մեր կարդացած հրաշքները տեղի չունեցան։ Բայց անոնք ըսին որ դեւե՛րը Յիսուսին օգնեցին որ հրաշքներ ընէ (Մարկոս 3։22-26)։ Նոյնիսկ յետագային, անոնք՝ որոնք քրիստոնեաներուն հակառակեցան, չկրցան ուրանալ Յիսուսին հրաշքները։ Միւս կողմէ, առաջին եւ երկրորդ դարէն մնացած գրութիւններ կը փաստեն որ Յիսուս հրաշքներ ըրա՛ւ։ Ուրեմն, մենք զօրաւոր պատճառներ ունինք հաւատալու Յիսուսին հրաշքներուն նկատմամբ Աւետարաններուն ըսածներուն։

Յիսուս ի՞նչ տեսակ անձնաւորութիւն ունէր

Մենք Յիսուսին հրաշքները լիուլի սերտած չենք ըլլար, եթէ միայն ատոնց իրական ըլլալը փաստող ապացոյցները քննենք։ Ատոնք հասկնալու համար, պէտք է ճանչնանք այն անձը, որ այդ հրաշքները ըրաւ։ Աւետարանները մեզի կը սորվեցնեն որ Յիսուս խոր սէր ունէր մարդոց հանդէպ, անոնց կը կարեկցէր, եւ իսկապէս հետաքրքրուած էր անոնցմով։

Օրինակ, օր մը երբ բորոտ մը Յիսուսին եկաւ եւ անոր աղաչեց որ իրեն օգնէ՝ ըսելով. «Եթէ ուզես, կրնաս զիս մաքրել», Յիսուս «խղճալով՝ ձեռքը երկնցուց, դպաւ անոր ու ըսաւ. ‘Կ’ուզե՛մ, մաքրուէ’»։ Եւ մարդը նոյն վայրկեանին բժշկուեցաւ։ (Մարկոս 1։40-42)։ Ասիկա ցոյց կու տայ որ Յիսուս հրաշքներ ըրաւ, քանի որ մարդիկը կը սիրէր եւ անոնցմով հետաքրքրուած էր։

Իսկ ի՞նչ պատահեցաւ երբ Յիսուս տեսաւ որ Նային քաղաքէն թաղման թափօր կ’անցնէր եւ մեռնողը որբեւայրիի մը մէկ հատիկ պատանի տղան էր։ Ան կնոջ վրայ «խղճաց» եւ անոր ըսաւ. «Մի՛ լար»։ Ետքը, Յիսուս տղուն յարութիւն տուաւ (Ղուկաս 7։11-15

Երբ Յիսուսին հրաշքներուն մասին կը կարդանք, կը մխիթարուինք, քանի որ կը սորվինք որ ան իսկապէ՛ս ուզեց մարդոց օգնել։ Բայց այս հրաշքները, միայն անցած–գացած դէպքեր չեն, հապա ատոնք մեզի յոյս կու տան ապագային նկատմամբ։ Եբրայեցիս 13։8–ը կ’ըսէ. «Յիսուս Քրիստոս նոյնն է երէկ ու այսօր եւ յաւիտեանս»։ Հիմա, ան երկինքի մէջ կ’իշխէ որպէս Թագաւոր եւ պատրաստ է ու կարող՝ աւելի՛ հրաշքներ ընելու, քան՝ երբ երկրի վրայ էր։ Մօտ օրէն, Յիսուս իր զօրութիւնը պիտի գործածէ որ հնազանդ մարդիկը բժշկէ։ Եհովայի վկաները ուրախ պիտի ըլլան քեզի օգնելու, որ աւելի՛ տեղեկութիւն ունենաս ապագային տեղի ունենալիք այս գեղեցիկ դէպքին մասին։

[Նկարներ]

Յիսուսին հրաշքները «Աստուծոյ մեծամեծ գործեր»ն էին

[Նկար]

Յիսուս խոր զգացումներ ունեցող անձնաւորութիւն մըն էր