Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի «հրամանը» չի ձախողիր

Եհովայի «հրամանը» չի ձախողիր

Եհովայի «հրամանը» չի ձախողիր

«Հրամանը պիտի յայտարարեմ. Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Դուն իմ Որդիս ես . . . խնդրէ՛ ինձմէ, ու հեթանոսները քեզի ժառանգութիւն պիտի տամ’»։—ՍԱՂՄՈՍ 2։7, 8, ԱՎ

1. Աստուծոյ եւ ազգերուն նպատակներուն միջեւ ի՞նչ տարբերութիւն կայ։

ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԱԾ մարդկութեան ու երկրին համար նպատակ մը ունի։ Ազգերն ալ նպատակ մը ունին։ Բայց այս նպատակները իրարմէ որքա՜ն կը տարբերին։ Ասիկա կ’ակնկալենք, քանի որ Աստուած կ’ըսէ. «Որչափ երկինք երկրէն բարձր է, այնչափ իմ ճամբաներս ձեր ճամբաներէն բարձր են եւ իմ խորհուրդներս՝ ձեր խորհուրդներէն»։ Աստուծոյ նպատակը անպայման պիտի կատարուի, քանի որ ան կ’աւելցնէ. «Ինչպէս անձրեւն ու ձիւնը երկնքէն կ’իջնեն եւ հոն չեն դառնար, հապա երկիրը կ’ոռոգեն ու զանիկա պտղաբեր եւ արգասաւոր կ’ընեն, ցանողին՝ հունտ եւ ուտողին հաց կու տան, իմ բերնէս ելած խօսքն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։ Ինծի պարապ պիտի չդառնայ, հապա իմ կամքս պիտի կատարէ, յաջողութեամբ գործադրէ այն բանը, որուն համար զանիկա ղրկեցի»։—Եսայեայ 55։9-11

2, 3. Երկրորդ սաղմոսը ի՞նչ բան կը յստակացնէ, բայց ի՞նչ հարցումներ կը ծագին։

2 Երկրորդ սաղմոսը կը յստակացնէ թէ Մեսիական Թագաւորին նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը պիտի կատարուի։ Այս սաղմոսը յօրինողը՝ վաղեմի Իսրայէլի Դաւիթ թագաւորը, Աստուծմէ ներշնչուելով նախագուշակեց թէ յատկանշական ժամանակ մը պիտի գար, երբ ազգերը պիտի խռովէին։ Անոնց կառավարիչները Եհովա Աստուծոյ ու իր Օծեալին դէմ դիրք պիտի բռնէին։ Սակայն սաղմոսերգուն նաեւ տաղերգեց. «Հրամանը պիտի յայտարարեմ. Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Դուն իմ Որդիս ես . . . խնդրէ՛ ինձմէ, ու հեթանոսները քեզի ժառանգութիւն պիտի տամ, ու երկրի ծայրերը՝ քեզի ստացուածք»։—Սաղմոս 2։7, 8, ԱՎ

3 Եհովայի «հրամանը» ի՞նչ կը նշանակէ հեթանոսներուն կամ ազգերուն համար։ Անիկա ընդհանուր մարդկութեան ի՞նչպէս կ’ազդէ։ Արդարեւ այս զարգացումները ի՞նչ նշանակութիւն ունին երկրորդ սաղմոսը ընթերցող բոլոր աստուածավախ անհատներուն համար։

Ազգերը կ’Ալեկոծին

4. Սաղմոս 2։1, 2–ի գլխաւոր կէտերը ամփոփէ։

4 Ազգերուն եւ անոնց կառավարիչներուն արարքներուն ակնարկելով, սաղմոսերգուն կը տաղերգէ. «Ինչո՞ւ հեթանոսները կ’ալեկոծին, ու ժողովուրդները պարապ բան կը խորհրդածեն. երկրի թագաւորները իրենք զիրենք կը հաստատեն, իշխանները միասին կը խորհրդակցին Տէրոջ դէմ եւ անոր Օծեալին դէմ»։—Սաղմոս 2։1, 2, ԱՎ *

5, 6. Ժողովուրդները ի՞նչ «պարապ բան կը խորհրդածեն»։

5 Այժմու ժողովուրդները ի՞նչ «պարապ բան կը խորհրդածեն»։ Փոխանակ Աստուծոյ Օծեալը,– Մեսիան կամ Քրիստոսը,– ընդունելու, ազգերը կը շարունակեն «խորհրդածել» իրենց իշխանութիւնը յաւերժացնելու մասին։ Երկրորդ սաղմոսին այս խօսքը նաեւ կիրարկուեցաւ Հ.Դ. առաջին դարուն, երբ հրէական ու հռովմէական հեղինակութիւնները համագործակցեցան Աստուծոյ նշանակած Թագաւորը՝ Յիսուս Քրիստոսը սպաննելու համար։ Սակայն գլխաւոր կատարումը սկսաւ 1914–ին, երբ Յիսուս որպէս երկնային Թագաւոր գահակալուեցաւ։ Անկէ ի վեր, երկրագունդին վրայ ո՛չ մէկ քաղաքական մարմին Աստուծոյ գահակալուած Թագաւորը ընդունած է։

6 Սաղմոսերգուն ի՞նչ ըսել ուզեց երբ հարցուց. ‘Ինչո՞ւ ժողովուրդները պարապ բան կը խորհրդածեն’։ Անոնց նպատակն է որ պարապ է. անիկա ունայն է եւ ձախողութեան դատապարտուած է։ Անոնք խաղաղութիւն եւ համերաշխութիւն չեն կրնար բերել երկրագունդին։ Այսուհանդերձ անոնք նոյնիսկ կը յանդգնին աստուածային իշխանութեան հակառակիլ։ Իրականութեան մէջ, անոնք համախմբուած են ու միասնաբար թշնամական կեցուածք առած են Բարձրեալին ու իր Օծեալին դէմ։ Ի՜նչ յիմարութիւն։

Եհովայի Յաղթական Թագաւորը

7. Աղօթքի մը մէջ, Յիսուսի նախկին հետեւորդները ի՞նչպէս կիրարկեցին Սաղմոս 2։1, 2–ը։

7 Յիսուսի հետեւորդները Սաղմոս 2։1, 2–ի խօսքերը իրեն կիրարկեցին։ Երբ իրենց հաւատքին համար հալածուեցան, անոնք աղօթեցին. «Ո՛վ Տէր [Եհովա], դուն ես Աստուածը, որ երկինքը ու երկիրը եւ ծովը ու բոլոր անոնց մէջ եղածները ստեղծեցիր, որ քու ծառայիդ Դաւիթին բերնով խօսեցար. ‘Ինչո՞ւ հեթանոսները խռովութիւն ըրին ու ժողովուրդները պարապ բաներ մտածեցին. երկրի թագաւորները պատրաստ կայնեցան եւ իշխանները մէկտեղ ժողվուեցան Տէրոջը դէմ եւ անոր Օծեալին դէմ’։ Քանզի արդարեւ այս քաղաքին մէջ հաւաքուեցան քու սուրբ Որդիիդ Յիսուսին վրայ, որ դուն օծեցիր, Հերովդէս [Անթիպաս] եւ Պոնտացի Պիղատոս, ազգերուն հետ ու Իսրայէլի ժողովուրդներուն հետ»։ (Գործք 4։24-27. Ղուկաս 23։1-12) * Այո, առաջին դարուն Աստուծոյ օծեալ ծառային՝ Յիսուսի դէմ դաւադրութիւն մը կար։ Սակայն այս սաղմոսը դարեր ետք ուրիշ կատարում մը պիտի ունենար։

8. Սաղմոս 2։3–ը ի՞նչպէս կը կիրարկուի այժմու ազգերուն։

8 Երբ վաղեմի Իսրայէլ մարդկային թագաւոր ունէր, ինչպէս Դաւիթ, հեթանոս ազգերն ու կառավարիչները Աստուծոյ ու իր գահակալուած օծեալին դէմ ժողվուեցան։ Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել մեր ժամանակին մասին։ Ներկայ ազգերը չեն ուզեր Եհովայի ու Մեսիային պահանջներուն համակերպիլ։ Ուստի անոնք կ’ըսեն. «Կոտրե՛նք անոնց կապանքները, նետե՛նք մեզմէ անոնց լուծը»։ (Սաղմոս 2։3, ԱՎ) Կառավարիչներն ու ազգերը Աստուծոյ ու իր Օծեալին կողմէ պարտադրուած որեւէ արգելքի հակառակ կը կենան։ Անշուշտ այս կապանքները կոտրելու եւ այս լուծը նետելու որեւէ ջանք ի զուր է։

Եհովա Զանոնք կը Ծաղրէ

9, 10. Եհովա ինչո՞ւ ազգերը կը ծաղրէ։

9 Եհովայի համար խնդիր չէ որ ազգերու կառավարիչները կը ջանան իրենց ինքնիշխանութիւնը հաստատել։ Երկրորդ սաղմոսը կ’ըսէ. «Երկինքը բնակողը անոնց վրայ պիտի ծիծաղի. Տէրը զանոնք պիտի ծաղրէ»։ (Սաղմոս 2։4, ԱՎ) Աստուած իր նպատակը կը շարունակէ իրագործել, որպէս թէ այս կառավարիչները ոչինչ են։ Ան կը ծիծաղի անոնց ամբարտաւանութեան վրայ եւ զանոնք կը ծաղրէ։ Թող անոնք իրենց մտադրած բանով պարծենան, բայց Եհովայի աչքին խնդուքի առարկայ են։ Ան անոնց ունայն հակառակութեան վրայ կը ծիծաղի։

10 Ուրիշ սաղմոսի մը մէջ, Դաւիթ թշնամի մարդոց եւ ազգերու ակնարկելով կը տաղերգէ. «Ո՛վ Տէր Աստուած զօրութեան, Աստուած Իսրայէլի, արթնցի՛ր եւ բոլոր հեթանոսները քննէ՛։ Չար անօրէններուն բնաւ մի՛ ողորմիր։ Անոնք իրիկունը ետ կու գան, շան պէս կ’ոռնան ու քաղաքին չորս կողմը կը պտըտին։ Ահա իրենց բերնէն չարութիւն դուրս կը թափեն, անոնց շրթունքներուն վրայ սուրեր կան, վասն զի կ’ըսեն. ‘Ո՞վ պիտի լսէ’։ Բայց դո՛ւն, ո՛վ Տէր, անոնց վրայ պիտի ծիծաղիս։ Բոլոր հեթանոսները ծաղր պիտի ընես»։ (Սաղմոս 59։5-8) Եհովա կը ծիծաղի ազգերուն յոխորտանքին ու յիմար ընթացքին առթած շփոթութեան վրայ։

11. Ի՞նչ կը պատահի երբ ազգերը ջանան Աստուծոյ նպատակը խափանել։

11 Երկրորդ սաղմոսին խօսքերը կը զօրացնեն մեր հաւատքը, թէ Աստուած կրնայ որեւէ խնդիր լուծել։ Կրնանք լման վստահութիւն ունենալ թէ ան միշտ իր կամքը կը կատարէ եւ իր հաւատարիմ ծառաները երբեք չի լքեր։ (Սաղմոս 94։14) Արդ, ի՞նչ կը պատահի երբ ազգերը ջանան Եհովայի նպատակը խափանել։ Այս սաղմոսին համաձայն, Աստուած «իր բարկութեամբ պիտի խօսի անոնց», որպէս թէ ահեղ որոտաձայնով։ Ասկէ զատ, «իր բորբոքումով»՝ որպէս թէ ուժգին շանթով, «պիտի շփոթեցնէ զանոնք»։—Սաղմոս 2։5, ԱՎ

Աստուծոյ Թագաւորը կ’Օծուի

12. Սաղմոս 2։6–ը ո՞ր գահակալութեան կը կիրարկուի։

12 Սաղմոսերգուին միջոցով ինչ որ Եհովա յաջորդիւ կ’ըսէ, անտարակոյս ազգերը կը խռովեցնէ։ Աստուած կը յայտարարէ. «Ե՛ս օծեցի իմ թագաւորս իմ սուրբ լերանս՝ Սիոնի վրայ»։ (Սաղմոս 2։6, ԱՎ) Սիօն լեռը Երուսաղէմի մէջ բլուր մըն էր, ուր Դաւիթ օծուեցաւ իբր թագաւոր բոլոր Իսրայէլի վրայ։ Բայց Մեսիական Թագաւորին գահը այդ քաղաքին մէջ պիտի չըլլայ, ո՛չ ալ այլուր երկրագունդին վրայ։ Իրականութեան մէջ, Եհովա արդէն Յիսուս Քրիստոսը օծած է երկնային Սիօն լերան վրայ որպէս իր ընտրած Մեսիական Թագաւորը։—Յայտնութիւն 14։1

13. Եհովա իր Որդիին հետ ի՞նչ ուխտ ըրաւ։

13 Այժմ Մեսիական Թագաւորը կը խօսի։ Ան կ’ըսէ. «[Եհովայի] հրամանը պիտի յայտարարեմ [որ իր Որդիին թագաւորութիւն մը տալ ուխտած է]. Տէրը [Եհովա Աստուած] ինծի ըսաւ. ‘Դուն իմ Որդիս ես, քեզ ա՛յսօր ծնայ’»։ (Սաղմոս 2։7, ԱՎ) Քրիստոս Թագաւորութեան ուխտին ակնարկեց, երբ իր առաքեալներուն ըսաւ. «Դուք անոնք էք՝ որ միշտ ինծի հետ կը կենայիք իմ փորձութիւններուս մէջ. ես կ’ուխտեմ ձեզի թագաւորութիւն մը, ինչպէս իմ Հայրս ինծի թագաւորութիւն մը տալ ուխտեց»։—Ղուկաս 22։28, 29

14. Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ Յիսուս անվիճելիօրէն իրաւասութիւն ունի Թագաւոր ըլլալու։

14 Ինչպէս Սաղմոս 2։7–ի մէջ նախագուշակուած էր, Եհովա Յիսուսը բնորոշեց որպէս իր Որդին՝ անոր մկրտութեան ժամանակ եւ զայն հոգեղէն կեանքի յարուցանելով։ (Մարկոս 1։9-11. Հռովմայեցիս 1։4. Եբրայեցիս 1։5. 5։5) Այո, երկնային Թագաւորութեան Թագաւորը Աստուծոյ միածին Որդին է։ (Յովհաննու 3։16) Դաւիթ թագաւորի արքայազուն ըլլալով, Յիսուս անվիճելիօրէն իրաւասութիւն ունի Թագաւոր ըլլալու։ (Բ. Թագաւորաց 7։4-17. Մատթէոս 1։6, 16) Այս սաղմոսին համաձայն, Աստուած իր Որդիին կ’ըսէ. «Խնդրէ՛ ինձմէ, ու հեթանոսները քեզի ժառանգութիւն պիտի տամ, ու երկրի ծայրերը՝ քեզի ստացուածք»։—Սաղմոս 2։8, ԱՎ

15. Յիսուս ինչո՞ւ կը խնդրէ որ ազգերը իր ժառանգութիւնը ըլլան։

15 Թագաւորը՝ Աստուծոյ Որդին, Եհովայէ ետք ամենէն հեղինակաւոր անհատն է։ Եհովա զինք կը նկատէ ուղղամիտ, հաւատարիմ ու վստահելի։ Ասկէ զատ, Յիսուս ժառանգութիւն ունի իբր Աստուծոյ Անդրանիկը։ Արդարեւ Յիսուս Քրիստոս «աներեւոյթ Աստուծոյ պատկերն է, բոլոր ստեղծուածներուն անդրանիկը»։ (Կողոսացիս 1։15) Ուստի բաւարար է որ ան միայն խնդրէ, եւ Աստուած ‘հեթանոսները իրեն ժառանգութիւն կու տայ, ու երկրի ծայրերը՝ իրեն ստացուածք’։ Յիսուս այս խնդրանքը կը ներկայացնէ, քանի որ ‘իր զուարճութիւնը մարդոց որդիներուն հետ է’ եւ խորապէս կը փափաքի երկրի ու մարդկութեան նկատմամբ իր երկնաւոր Հօր կամքը կատարել։—Առակաց 8։30, 31

Եհովայի Հրամանը՝ Ազգերուն Դէմ

16, 17. Սաղմոս 2։9–ի համաձայն, ազգերուն ի՞նչ վերապահուած է։

16 Որովհետեւ երկրորդ սաղմոսը կը կատարուի ներկայիս՝ Յիսուս Քրիստոսի անտեսանելի ներկայութեան ընթացքին, ազգերուն ի՞նչ վերապահուած է։ Թագաւորը շուտով պիտի կատարէ Աստուծոյ յայտարարած խօսքը. «[Ազգերը] երկաթէ գաւազանով պիտի կոտրես, բրուտի անօթի պէս պիտի փշրես զանոնք»։—Սաղմոս 2։9, ԱՎ

17 Վաղեմի ժամանակներուն, թագաւորական գաւազանը կամ մականը արքայական հեղինակութեան խորհրդանիշ էր։ Կարգ մը մականներ երկաթէ կը շինուէին, ինչպէս այս սաղմոսի մէջ յիշուածը։ Հոս գործածուած պատկերը ցոյց կու տայ թէ Քրիստոս Թագաւորը որքա՜ն դիւրաւ ազգերը պիտի կործանէ։ Երկաթէ գաւազանով տրուած ուժգին հարուածը կրնայ բրուտի խեցեղէն անօթը ամբողջովին փշրել։

18, 19. Աստուծոյ հաճութիւնը վայելելու համար, երկրի թագաւորները ի՞նչ պէտք է ընեն։

18 Ազգերու կառավարիչները ստիպուա՞ծ են այսպիսի խորտակման ականատես ըլլալ։ Ո՛չ, քանի որ սաղմոսերգուն անոնց կոչ կ’ընէ՝ ըսելով. «Հիմա, ո՛վ թագաւորներ, ուշի՛մ եղէք, երկրի՛ դատաւորներ, խրատուեցէ՛ք»։ (Սաղմոս 2։10, ԱՎ) Թագաւորներուն կոչ կը տրուի որ սուր ուշադրութիւն ընծայեն ու խորատես ըլլան։ Մարդկութեան ի նպաստ Աստուծոյ Թագաւորութեան ընելիք բաներուն ի տես, անոնք իրենց ծրագիրներուն ունայն ըլլալը պէտք է նկատի առնեն։

19 Աստուծոյ հաճութիւնը վայելելու համար, երկրի թագաւորները իրենց ընթացքը պէտք է փոխեն։ Անոնց սա յորդորը կը տրուի. «Վախո՛վ Տէրը պաշտեցէք, դողալո՛վ խայտացէք»։ (Սաղմոս 2։11, ԱՎ) Եթէ անոնք այս քայլը առնեն, արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Փոխանակ խռովելու կամ տակնուվրայ ըլլալու, անոնք կրնան Մեսիական Թագաւորին մատուցած հեռանկարներով խայտալ։ Անհրաժեշտ է որ երկրի կառավարիչները իրենց ցուցաբերած հպարտութենէն ու ամբարտաւանութենէն հրաժարին։ Ասկէ զատ, անոնք անյապաղ պէտք է փոխուին եւ խորատեսութիւն գործածելով ըմբռնեն Եհովայի գերիշխանութեան անհամեմատելի գերակայութիւնը եւ Աստուծոյ ու իր Մեսիական Թագաւորին անդիմադրելի զօրութիւնը։

«Որդի՛ն Համբուրեցէք»

20, 21. Ի՞նչ կը նշանակէ ‘Որդին համբուրել’։

20 Այժմ երկրորդ սաղմոսը ողորմած հրաւէր կու տայ ազգերու կառավարիչներուն։ Փոխանակ հակառակելու համար համախմբուելու, անոնց խրատ կը տրուի. «Որդի՛ն համբուրեցէք՝ որպէսզի [Եհովա Աստուած] չբարկանայ, ու ճամբային մէջ չկորսուիք՝ երբ անոր բարկութիւնը քիչ մը բորբոքի»։ (Սաղմոս 2։12ա, ԱՎ) Գերիշխան Տէր Եհովայի պէտք է հնազանդիլ, երբ հրաման մը արձակէ։ Երբ Աստուած իր Որդին գահակալեց, երկրի կառավարիչները ‘պարապ բան խորհրդածելէ’ պէտք էր դադրէին։ Անոնք անմիջապէս պէտք էր ընդունէին Թագաւորը եւ լիովին հնազանդէին անոր։

21 Ինչո՞ւ ‘Որդին համբուրել’։ Երբ այս սաղմոսը յօրինուեցաւ, համբուրելը բարեկամութիւն արտայայտելու կերպ մըն էր, եւ անով հիւրերուն բարի գալուստ կը մաղթուէր տան մէջ։ Համբուրելը նաեւ կրնար նկատուիլ հաւատարմութեան արարք մը։ (Ա. Թագաւորաց 10։1) Երկրորդ սաղմոսին այս համարին մէջ, Աստուած ազգերուն կը հրամայէ որ իր Որդին համբուրեն՝ կամ ողջունեն՝ իբր օծեալ Թագաւոր։

22. Ազգերուն կառավարիչները ո՞ր ազդարարութեան պէտք է անսան։

22 Անոնք որ Աստուծոյ ընտրեալ Թագաւորին հեղինակութիւնը չեն ընդունիր, Եհովան կը նախատեն։ Անոնք կ’ուրանան Եհովա Աստուծոյ տիեզերական գերիշխանութիւնը եւ իր հեղինակութիւնն ու կարողութիւնը ընտրելու այն Թագաւորը որ մարդկութեան համար լաւագոյն կառավարիչն է։ Ազգերուն կառավարիչները պիտի տեսնեն որ Աստուծոյ սաստիկ բարկութիւնը յանկարծաբար իրենց վրայ պիտի գայ, մինչ կը ջանան իրենց ծրագիրները գործադրել։ ‘Անոր բարկութիւնը կը բորբոքի’, կամ արագօրէն ու անդիմադրելիօրէն կը բռնկի։ Ազգերուն կառավարիչները այս ազդարարութիւնը երախտագիտութեամբ պէտք է ընդունին եւ անոր համաձայն գործեն։ Ասիկա ընելը կեա՛նք կը նշանակէ։

23. Անհատներու համար տակաւին ժամանակ կայ որ ի՞նչ ընեն։

23 Այս տպաւորիչ սաղմոսը կ’եզրափակէ. «Երանի՜ բոլոր անոնց որ անոր կ’ապաւինին»։ (Սաղմոս 2։12բ, ԱՎ) Անհատներու համար տակաւին ժամանակ կայ որ ապահովութիւն գտնեն։ Նոյնն է պարագան նոյնիսկ կառավարիչներուն, որոնք ազգերուն ծրագիրներուն զօրավիգ կը կանգնին։ Անոնք կրնան Եհովայի դիմել, որ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ ապաստան կը հայթայթէ։ Բայց անոնք գործի պէտք է լծուին, Մեսիական Թագաւորութիւնը հակառակող ազգերը ջախջախելէ առաջ։

24. Ի՞նչպէս կրնանք այս տագնապալից աշխարհին մէջ աւելի գոհացուցիչ կեանք մը ապրիլ։

24 Եթէ Սուրբ Գրութիւնները փութաջանութեամբ ուսումնասիրենք եւ անոնց խրատները մեր կեանքին մէջ գործադրենք, կրնանք հիմա իսկ շատ գոհացուցիչ կեանք մը ապրիլ այս տագնապալից աշխարհին մէջ։ Աստուածաշնչական խրատները կիրարկելով աւելի ուրախ ընտանեկան յարաբերութիւններ կը վայելենք եւ այս աշխարհը հարուածող շատ մը մտատանջութիւններէ ու վախերէ զերծ կը մնանք։ Աստուածաշունչի ուղեգծերուն հետեւելով վստահ կ’ըլլանք թէ Ստեղծիչը կը հաճեցնենք։ Միայն Տիեզերքի Գերիշխանն է որ կրնայ երաշխաւորել «թէ՛ ներկայ եւ թէ՛ ապագայ կեանք»ը, երկիրը ձերբազատելէ ետք բոլոր անոնցմէ, որ Թագաւորութեան իշխանութիւնը կը մերժեն։—Ա. Տիմոթէոս 4։8

25. Քանի որ Եհովայի «հրամանը» չի կրնար ձախողիլ, ի՞նչ կ’ակնկալենք որ պատահի մեր օրերուն։

25 Եհովայի «հրամանը» չի կրնար ձախողիլ։ Մեր Ստեղծիչը ըլլալով, Աստուած գիտէ թէ մարդկութեան համար ի՛նչն է լաւագոյնը եւ պիտի իրագործէ իր նպատակը, որ է՝ իր սիրելի Որդիին Թագաւորութեան ներքեւ հնազանդ մարդկութիւնը օրհնել խաղաղութեամբ, գոհունակութեամբ եւ մնայուն ապահովութեամբ։ Մեր ժամանակին մասին խօսելով, Դանիէլ մարգարէն գրեց. «Այն թագաւորներուն օրերը երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ . . . Անիկա այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ»։ (Դանիէլ 2։44) Արդ, հիմա՛ է ժամանակը ‘Որդին համբուրելու’ եւ Գերիշխան Տէր Եհովայի ծառայելու։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 4 Սկիզբը՝ «Օծեալ»ը Դաւիթ թագաւորն էր, իսկ «երկրի թագաւորները» Փղշտացի կառավարիչներն էին, որոնք իրենց բանակները համախմբեցին իրեն դէմ։

^ պարբ. 7 Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ այլ համարներ նաեւ ցոյց կու տան թէ երկրորդ սաղմոսին մէջ ակնարկուած Աստուծոյ Օծեալը Յիսուսն է։ Ասիկա ակներեւ է՝ համեմատելով Սաղմոս 2։7–ն Գործք Առաքելոց 13։32, 33 եւ Եբրայեցիս 1։5, 5։5–ի հետ։ Տես նաեւ՝ Սաղմոս 2։9 եւ Յայտնութիւն 2։27։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Ժողովուրդները ի՞նչ «պարապ բան կը խորհրդածեն»։

• Եհովա ինչո՞ւ ազգերը կը ծաղրէ։

• Ի՞նչ է Աստուծոյ հրամանը ազգերուն դէմ։

• Ի՞նչ կը նշանակէ ‘Որդին համբուրել’։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 14]

Դաւիթ յաղթական Մեսիական Թագաւորին մասին տաղերգեց

[Նկար՝ էջ 15]

Կառավարիչներ եւ Իսրայէլի ժողովուրդը Յիսուս Քրիստոսի դէմ դաւադրեցին

[Նկար՝ էջ 16]

Քրիստոս իբր Թագաւոր օծուած է երկնային Սիօն լերան վրայ