Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բ. Օրինաց գիրքէն աչքառու կէտեր

Բ. Օրինաց գիրքէն աչքառու կէտեր

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Բ. Օրինաց գիրքէն աչքառու կէտեր

ՏԱՐԻՆ՝ Հ.Դ.Ա. 1473–ն է։ Քառասուն տարի է որ Իսրայէլի որդիները եգիպտական ստրկութենէն ազատագրուած են։ Այս տարիները անապատին մէջ անցընելով, Իսրայելացիները տակաւին երկիր չունեցող ազգ մըն են։ Սակայն վերջապէս անոնք Խոստացեալ Երկրին սեմին կը գտնուին։ Երբ սկսին անոր տիրանալ, ի՞նչ կը սպասէ իրենց։ Ի՞նչ խնդիրներ պիտի դիմագրաւեն, եւ զանոնք ի՞նչպէս ձեռք պէտք է առնեն։

Իսրայէլ Յորդանան գետը կտրելով Քանանի երկիրը անցնելէ առաջ, Մովսէս ժողովքը կը պատրաստէ իրենց դիմաց եղած հսկայ գործին համար։ Ի՞նչպէս։ Դասախօսութիւններու շարք մը ներկայացնելով, որոնք կը քաջալերեն, կը յորդորեն, կը խրատեն ու կը զգուշացնեն։ Ան Իսրայելացիներուն կը յիշեցնէ թէ Եհովա Աստուած բացարձակ պաշտամունքի արժանի է եւ թէ իրենց շուրջ գտնուող ազգերուն ուղիներուն պէտք չէ հետեւին։ Այս բանախօսութիւնները Բ. Օրինաց գիրքին գլխաւոր մասը կը կազմեն։ Իսկ անոնց պարունակած խրատները մեզի համար կարեւոր են, քանի որ մենք ալ կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր Եհովայի բացարձակ պաշտամունք տալը մարտահրաւէր մըն է։—Եբրայեցիս 4։12

Բ. Օրինաց գիրքը Մովսէսի կողմէ գրուեցաւ, վերջին գլուխէն զատ, եւ շուրջ երկու ամսուան ժամանակաշրջան մը կը ծածկէ։ * (Բ. Օրինաց 1։3. Յեսուայ 4։19) Այժմ տեսնենք թէ անոր պարունակութիւնը ի՛նչպէս կրնայ մեզի օգնել որ մեր բոլոր սիրտով Եհովա Աստուած սիրենք եւ հաւատարմօրէն իրեն ծառայենք։

‘ԱՉՔԵՐՈՒԴ ՏԵՍԱԾ ԲԱՆԵՐԸ ՄԻ՛ ՄՈՌՆԱՐ’

(Բ. Օրինաց 1։1–4։49)

Առաջին բանախօսութեան մէջ, Մովսէս կը պատմէ անապատին մէջ իրենց ունեցած փորձառութիւններէն ոմանք,– յատկապէս անոնք որ Իսրայելացիներուն պիտի օգնեն, մինչ Խոստացեալ Երկիրը գրաւելու կը պատրաստուին։ Դատաւորներ նշանակելու դրուագը վստահաբար անոնց յիշեցուց թէ Եհովա իր ժողովուրդը այնպէս մը կը կազմակերպէ որ սիրալիր հոգատարութիւն ստանան։ Մովսէս նաեւ կը պատմէ թէ տասը լրտեսներուն ժխտական տեղեկագրութիւնը պատճառ եղաւ որ նախորդ սերունդը Աւետեաց Երկիրը չմտնէ։ Պահ մը խորհէ թէ այս ազդարարական օրինակը ի՛նչ ազդեցութիւն ունեցաւ Մովսէսի ունկնդիրներուն վրայ, այդ երկիրը իրենց աչքերուն դիմաց ըլլալով։

Յորդանան գետը կտրելէ առաջ Եհովայի կողմէ Իսրայէլի որդիներուն շնորհուած յաղթանակները մտաբերելը, վստահաբար զիրենք քաջութեամբ լեցուց, մինչ կը պատրաստուէին գետին միւս կողմը նուաճել։ Անոնց գրաւելիք երկիրը կռապաշտութեամբ զեղուն ըլլալով, Մովսէս խստօրէն կ’ազդարարէ անոր դէմ։

Սուրբ Գրային Հարցումներու Պատասխանել.

2։4-6, 9, 19, 24, 31-35. 3։1-6—Իսրայելացիները ինչո՞ւ Յորդանանի արեւելքը բնակող միայն կարգ մը ժողովուրդներ բնաջնջեցին։ Եհովա Իսրայէլի պատուիրեց որ Եսաւի որդիներուն դէմ չպատերազմի։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնք Յակոբի եղբօր զարմն էին։ Իսրայելացիները Մովաբացիներուն ու Ամմոնացիներուն պէտք չէր նեղացնէին կամ անոնց դէմ պատերազմէին, քանի որ անոնք Աբրահամի զարմիկին՝ Ղովտի սերունդն էին։ Սակայն Ամօրհացի Սեհոն ու Ովգ թագաւորները Իսրայէլի հետ այսպիսի կապեր չունէին։ Ուստի, երբ Սեհոն մերժեց Իսրայելացիներուն թոյլ տալ որ իր երկրին մէջէն անցնին, իսկ Ովգ անոնց դէմ պատերազմելու ելաւ, Եհովա Իսրայելացիներուն հրամայեց որ անոնց քաղաքները կործանեն ու բնակիչները բնաջնջեն։

4։15-20, 23, 24—Արձաններ շինելու արգելումը կը նշանակէ՞ թէ արուեստագիտական նպատակով որեւէ բանի կերպարանքը շինելը սխալ է։ Ո՛չ։ Այս համարները կ’արգիլէին պաշտամունքի համար արձաններ շինելը,– ‘կուռքերու երկրպագութիւն ընելը եւ զանոնք պաշտելը’։ Սուրբ Գրութիւնները չեն արգիլեր արուեստագիտական նպատակով որեւէ բանի կերպարը քանդակել կամ նկարել։—Գ. Թագաւորաց 7։18, 25

Դասեր՝ Մեզի Համար.

1։2, 19. Իսրայէլի որդիները շուրջ 38 տարի անապատին մէջ թափառեցան, թէեւ «Քորեբէն [Սինա լեռը շրջապատող լեռնային շրջանը, ուր Տասը Պատուիրանները տրուեցան] մինչեւ Կադէս–Բառնեայ տասնըմէկ օր է՝ Սէիր լերան ճամբով»։ Արդարեւ ահռելի հետեւանք Եհովա Աստուծոյ անհնազանդ գտնուելուն։—Թուոց 14։26-34

1։16, 17. Ներկայիս դատելու վերաբերեալ Աստուծոյ չափանիշները նոյնն են։ Դատական յանձնախումբի մէջ ծառայելու պատասխանատուութիւնը ստանձնող անհատները թոյլ պէտք չէ տան որ կողմնակցութիւնը կամ մարդու վախը իրենց վճիռը խեղաթիւրէ։

4։9. ‘Իրենց աչքերուն տեսած բաները չմոռնալը’ էական էր Իսրայէլի յաջողութեան համար։ Մինչ խոստացեալ նոր աշխարհը կը մօտենայ, կենսական է որ մենք ալ մեր աչքերը սեւեռած պահենք Եհովայի սքանչելի արարքներուն վրայ, իր Խօսքին ժրաջան աշակերտները ըլլալով։

ԵՀՈՎԱՆ ՍԻՐԷ ՈՒ ԻՐ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀՆԱԶԱՆԴԷ

(Բ. Օրինաց 5։1–26։19)

Իր երկրորդ բանախօսութեան մէջ, Մովսէս կը պատմէ թէ ի՛նչպէս Օրէնքը տրուեցաւ Սինա լերան քով, եւ Տասը Պատուիրանները կը կրկնէ։ Եօթը ազգեր յստակօրէն կը սահմանուին ամբողջական կործանումի։ Իսրայէլի որդիներուն ուշադրութեան կը յանձնուի կարեւոր դաս մը, որ անապատին մէջ սորվեցան. «Մարդ միայն հացով չ’ապրիր, հապա Տէրոջը բերնէն ելած ամէն խօսքովը կ’ապրի»։ Իրենց նոր կացութեան մէջ, անոնք պէտք է ‘պահեն ամէն պատուիրանքները’։—Բ. Օրինաց 8։3. 11։8

Երբ Խոստացեալ Երկրին մէջ հաստատուին, Իսրայելացիները օրէնքներու կարիք պիտի ունենան ո՛չ միայն պաշտամունքի վերաբերեալ, այլեւ՝ դատաստանի, կառավարութեան, պատերազմի, եւ ամէնօրեայ ընկերային ու անձնական կեանքի վերաբերեալ։ Մովսէս այս օրէնքները վերաքաղ կ’ընէ եւ Եհովան սիրելու ու անոր պատուիրաններուն հնազանդելու կարեւորութիւնը կը շեշտէ։

Սուրբ Գրային Հարցումներու Պատասխանել.

8։3, 4Անապատին մէջ թափառելու ընթացքին, ի՞նչ կերպով Իսրայելացիներուն հանդերձները չմաշեցան ու անոնց ոտքերը չուռեցան։ Ասիկա Աստուծոյ կատարած մէկ հրաշքն էր, ինչպէս մանանան կանոնաւորաբար կը հայթայթուէր։ Իսրայելացիները իրենց ճամբորդութեան սկիզբը իրենց ունեցած հագուստներն ու կօշիկները գործածեցին մինչեւ վերջ, հաւանաբար զանոնք ուրիշներու յանձնելով երբ երախաները մեծնային կամ չափահասները մահանային։ Իսրայելացիներուն ունեցածը բաւարար էր, քանի որ անոնց թիւը չաւելցաւ, ինչպէս երեւան հանեցին կատարուած երկու մարդահամարները,– ճամբորդութեան սկիզբը եւ վերջաւորութեան։—Թուոց 2։32. 26։51

14։21—Իսրայելացիները ինչո՞ւ կրնային ինքնիրմէ մեռած անասունը պանդուխտի մը տալ կամ օտարազգիի մը ծախել։ Աստուածաշունչին մէջ «պանդուխտ» բառը կրնար ակնարկել ոչ–Իսրայելացի նորադարձի մը, կամ հոն հաստատուած անհատի մը, որ երկրին հիմնական օրէնքներուն կը հնազանդէր, բայց Եհովայի երկրպագու մը չէր դառնար։ Նորադարձ չեղող օտարազգին ու պանդուխտը Օրէնքին ներքեւ չէին, եւ կրնային ինքնիրմէ մեռած անասունը զանազան կերպերով գործածել։ Իսրայելացիներուն արտօնուած էր այսպիսի անասուններ անոնց տալ կամ ծախել։ Միւս կողմէ, նորադարձը Օրէնքի ուխտին ներքեւ էր։ Ինչպէս Ղեւտացւոց 17։10–ն կը նշէ, նորադարձին արգիլուած էր անասունի արիւն ուտել։

24։6—‘Աղօրիքը կամ անոր վերի քարը գրաւ առնելը’ ինչո՞ւ «կեանք» մը գրաւ առնելու նմանցուեցաւ։ Աղօրիքը ու անոր վերի քարը կը ներկայացնէին անհատին «կեանքը», կամ անոր ապրուստի միջոցը։ Անոնցմէ որեւէ մէկը գրաւ առնելը ամբողջ ընտանիքը պիտի զրկէր իր առօրեայ հացէն։

25։9—Տագրի պարտաւորութիւնը հատուցանել մերժող մարդուն ոտքէն կօշիկը հանելը ու երեսը թքնելը ի՞նչ նշանակութիւն ունին։ «Առաջ Իսրայէլի մէջ այս սովորութիւնը կար։ Փրկելու . . . համար, մարդը իր կօշիկը կը հանէր ու իր ընկերին կու տար»։ (Հռութայ 4։7) Ուստի տագրի պարտաւորութիւնը հատուցանել մերժող մարդուն ոտքէն կօշիկը հանելը կը հաստատէր թէ ան իր մեռնող եղբօր ժառանգորդ մը գոյացնելու իր դերէն ու իրաւունքէն կը հրաժարէր։ Ասիկա ամօթալի բան մըն էր։ (Բ. Օրինաց 25։10) Անոր երեսը թքնելը զինք նուաստացնելու արարք մըն էր։—Թուոց 12։14

Դասեր՝ Մեզի Համար.

6։6-9. Ճիշդ ինչպէս Իսրայելացիներուն պատուէր տրուեցաւ որ Օրէնքին քաջածանօթ ըլլան, մենք ալ Աստուծոյ հրամաններուն քաջատեղեակ պէտք է ըլլանք, զանոնք միշտ յիշենք եւ մեր զաւակներուն մէջ քանդակենք։ ‘Զանոնք նշանի համար մեր ձեռքին վրայ պէտք է կապենք’, այսինքն՝ մեր արարքները,– զորս մեր ձեռքերը կը խորհրդանշեն,– պէտք է ցոյց տան թէ Եհովայի հնազանդ ենք։ Իսկ ‘աչքերուն մէջտեղը եղող ճակատանոցի’ նման, մեր հնազանդութիւնը ամենուն տեսանելի պէտք է ըլլայ։

6։16. Երբեք Եհովան չփորձենք, ինչպէս Իսրայելացիները անհաւատօրէն փորձեցին Մասսայի մէջ, ուր ջուր չըլլալուն համար տրտնջացին։—Ելից 17։1-7

8։11-18. Նիւթապաշտութիւնը կրնայ պատճառ ըլլալ որ Եհովան մոռնանք։

9։4-6. Ինքնարդարացումէ պէտք է զգուշանանք։

13։6. Ոեւէ անհատի թոյլ պէտք չէ տանք որ մեզ Եհովայի պաշտամունքէն հեռացնէ։

14։1. Ինքնախեղումը մարդկային մարմնին հանդէպ յարգանքի պակաս ցոյց կու տայ եւ կրնայ սուտ կրօնքի հետ առնչուած ըլլալ։ Անկէ պէտք է խուսափինք։ (Գ. Թագաւորաց 18։25-28) Յարութեան մեր յոյսը անպատշաճ կը դարձնէ սգալու այս կերպը։

20։5-7. 24։5. Մասնայատուկ պարագաներ ունեցողներուն հանդէպ նկատառութիւն պէտք է ցուցաբերենք, նոյնիսկ երբ մեր կատարելիք գործը կարեւոր է։

22։23-27. Աղաղակելը ամենէն ազդու միջոցն է, որով կրնայ կինը ինքզինք պաշտպանել բռնաբարութեան դէմ։

«ԿԵԱՆՔԸ ԸՆՏՐԷ»

(Բ. Օրինաց 27։1–34։12)

Իր երրորդ բանախօսութեան մէջ, Մովսէս կ’ըսէ թէ Յորդանանը կտրելէ ետք, Իսրայելացիները Օրէնքը պէտք է գրեն մեծ քարերու վրայ եւ յայտարարեն անհնազանդութեան անէծքներն ու հնազանդութեան օրհնութիւնները։ Չորրորդ բանախօսութիւնը կը սկսի Եհովայի ու Իսրայէլի միջեւ եղած ուխտը կրկին հաստատելով։ Մովսէս դարձեալ անհնազանդութենէ կը զգուշացնէ եւ ժողովուրդը կը յորդորէ որ ‘կեանքը ընտրեն’։—Բ. Օրինաց 30։19

Չորս բանախօսութիւններ տալէ զատ, Մովսէս զինք փոխարինողին մասին կը խօսի եւ Իսրայելացիներուն գեղեցիկ երգ մը կը սորվեցնէ, որ Եհովան կը փառաբանէ ու անհաւատարմութեան առթած վայերը կը նշէ։ Տոհմերը օրհնելէ ետք, 120 տարեկան Մովսէս կը մահանայ ու կը թաղուի։ Սուգը 30 օր կը տեւէ,– Բ. Օրինաց գիրքին ծածկած ժամանակաշրջանին գրեթէ կէսը։

Սուրբ Գրային Հարցումներու Պատասխանել.

32։13, 14—Որովհետեւ Իսրայելացիներուն արգիլուած էր որեւէ ճարպ ուտել, ի՞նչպէս «նոխազներու ճարպ»էն կերան։ Հոս այս արտայայտութիւնը այլաբանօրէն գործածուած է եւ կ’ակնարկէ հօտին լաւագոյն մասին։ Այս բանաստեղծական լեզուն ցոյց կը տրուի այն իրողութեամբ թէ նոյն համարը կը խօսի ‘խաղողին արեան’ մասին։

33։1-29—Երբ Մովսէս Իսրայէլի որդիները օրհնեց, ինչո՞ւ Շմաւոնը չյիշեց։ Քանի որ Շմաւոն եւ Ղեւի ‘բրտօրէն’ վարուեցան ու անոնց բարկութիւնը «խիստ» էր։ (Ծննդոց 34։13-31. 49։5-7) Անոնց ժառանգութիւնը միւս տոհմերուն ունեցածէն տարբեր էր։ Ղեւի 48 քաղաքներ ստացաւ, իսկ Շմաւոնի բաժինը Յուդայի երկրամասին մէջ էր։ (Յեսուայ 19։9. 21։41, 42) Թէեւ Մովսէս յատկապէս չօրհնեց Շմաւոնը, սակայն Շմաւոնի օրհնութիւնը պարփակուած էր Իսրայէլի տրուած ընդհանուր օրհնութեան մէջ։

Դասեր՝ Մեզի Համար.

31։12. Դեռատիները ժողովքային հանդիպումներուն պէտք է նստին չափահասներուն հետ եւ ջանան մտիկ ընել ու սորվիլ։

32։4. Եհովայի բոլոր գործունէութիւնները կատարեալ են, քանի որ իր արդարութիւնը, իմաստութիւնը, սէրը եւ զօրութիւնը կատարեալ հաւասարակշռութեամբ կը ցուցաբերէ։

Մեծապէս Օգտակար Է Մեզի

Բ. Օրինաց գիրքը Եհովան կը ներկայացնէ որպէս «մէկ Եհովա»։ (Բ. Օրինաց 6։4, Արարատ) Անիկա կը խօսի Աստուծոյ հետ անզուգական յարաբերութիւն ունեցող ժողովուրդի մը մասին, կռապաշտութենէ կը զգուշացնէ եւ ճշմարիտ Աստուծոյ բացարձակ պաշտամունք տալու կարիքը կը շեշտէ։

Վստահաբար Բ. Օրինաց գիրքը մեծ արժէք ունի մեզի համար։ Թէեւ Օրէնքին տակ չենք, սակայն անկէ շատ բան կրնանք սորվիլ, որ մեզի պիտի օգնէ որ ‘մեր Տէր Աստուածը բոլոր սիրտով, բոլոր հոգիով ու բոլոր զօրութեամբ սիրենք’։—Բ. Օրինաց 6։5

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 3 Մովսէսի մահուան արձանագրութիւնը բովանդակող վերջին գլուխը, հաւանաբար աւելցուած է Յեսուի կամ Եղիազար քահանայապետին կողմէ։

[Քարտէս՝ էջ 18]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

ՍԷԻՐ

Կադէս–Բառնեայ

Սինա լեռ (Քորեբ)

Կարմիր ծով

[Նկարին աղբիւրը]

Based on maps copyrighted by Pictorial Archive (Near Eastern History) Est. and Survey of Israel

[Նկար՝ էջ 18]

Մովսէսի բանախօսութիւնները Բ. Օրինաց գիրքին գլխաւոր մասը կը կազմեն