Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի օգնութիւնը կ’ընդունի՞ս

Եհովայի օգնութիւնը կ’ընդունի՞ս

Եհովայի օգնութիւնը կ’ընդունի՞ս

«Տէրը իմ օգնականս է, ուստի ես պիտի չվախնամ»։—ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 13։6

1, 2. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ Եհովայի օգնութիւնն ու առաջնորդութիւնը ընդունինք։

ՄՏԱՊԱՏԿԵՐԷ որ լեռնային արահետի մէջ կը քալես։ Առանձին չես, քանի որ մատչելի լաւագոյն առաջնորդ մը առաջարկած է քեզի ընկերակցիլ։ Ան քեզմէ շատ աւելի փորձառու եւ կայտառ է, բայց համբերութեամբ հետդ կը քալէ։ Ան կը նկատէ որ երբեմն կը սայթաքիս։ Երբ շատ վտանգաւոր տեղէ մը պիտի անցնիս, ան ապահովութեամբդ հետաքրքրուած ըլլալով իր ձեռքը կ’երկարէ քեզի օգնելու։ Անոր օգնութիւնը կը մերժե՞ս։ Անշուշտ ո՛չ, քանի որ ապահովութիւնդ վտանգուած է։

2 Քրիստոնեաներ ըլլալով, դժուար ճամբայի մը կը հետեւինք։ Այս նեղ ճամբային մէջ առանձի՞ն պէտք է քալենք։ (Մատթէոս 7։14) Ո՛չ, Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ մատչելի լաւագոյն Առաջնորդը՝ Եհովա Աստուած, մարդոց թոյլ կու տայ որ իրեն հետ քալեն։ (Ծննդոց 5։24. 6։9) Եհովա իր ծառաներուն կ’օգնէ՞ մինչ կը քալեն։ Ան կ’ըսէ. «Ես քու Տէր Աստուածդ եմ, որ քու աջ ձեռքէդ կը բռնեմ ու քեզի կ’ըսեմ. ‘Մի՛ վախնար, ես քեզի պիտի օգնեմ’»։ (Եսայեայ 41։13) Վերոյիշեալ առաջնորդին նման, Եհովա ազնուօրէն ձեռք կը հասցնէ ու իր բարեկամութիւնը կ’առաջարկէ անոնց որ կը փափաքին իրեն հետ ընթանալ։ Վստահաբար մեզմէ ոեւէ մէկը չ’ուզեր իր մատուցած օգնութիւնը մերժել։

3. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

3 Նախորդ յօդուածին մէջ նկատի առինք չորս կերպեր, որոնցմով Եհովա վաղեմի ժամանակներուն իր ժողովուրդին օգնեց։ Ներկայիս ան նոյն կերպերով իր ժողովուրդին կ’օգնէ՞։ Եւ ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ թէ այդ օգնութիւնները կ’ընդունինք։ Այժմ նկատի առնենք այս հարցումները։ Ասիկա ընելով, կրնանք աւելի վստահ ըլլալ թէ Եհովա մեր Օգնականն է։—Եբրայեցիս 13։6

Հրեշտակային Օգնութիւն

4. Ներկայիս Աստուծոյ ծառաները ինչո՞ւ կրնան վստահ ըլլալ թէ հրեշտակները իրենց կ’օգնեն։

4 Հրեշտակները Եհովայի այժմու ծառաներուն կ’օգնե՞ն։ Այո՛։ Բայց անոնք տեսանելի կերպով ճշմարիտ երկրպագուները վտանգէ չեն ազատեր։ Նոյնիսկ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, հրեշտակները քիչ անգամ տեսանելի կերպով միջամտած են։ Անոնց ըրածներուն մեծամասնութիւնը մարդոց աչքին անտեսանելի էր, ինչպէս որ է պարագան ներկայիս։ Այսուհանդերձ Աստուծոյ ծառաները շատ քաջալերուեցան, երբ գիտակցեցան որ հրեշտակները իրենց օգնութեան հասած էին։ (Դ. Թագաւորաց 6։14-17) Մենք ալ անոնց պէս զգալու վաւերական պատճառ ունինք։

5. Աստուածաշունչը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ ներկայիս հրեշտակներ կը մասնակցին քարոզչութեան։

5 Եհովայի հրեշտակները գլխաւորաբար հետաքրքրուած են մեզի հետ կապ ունեցող գործով մը։ Ո՞ր գործը։ Յայտնութիւն 14։6–ը կը պատասխանէ. «Ուրիշ հրեշտակ մը տեսայ, որ կը թռչէր երկնքի մէջ եւ ունէր յաւիտենական աւետիսը՝ քարոզելու բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն ու ժողովուրդներուն, որոնք երկրի վրայ կը բնակին»։ Այս «յաւիտենական աւետիսը» բացայայտօրէն առնչուած է «արքայութեան աւետարան»ին որ, ինչպէս Յիսուս նախագուշակեց, «բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու», իրերու այս դրութեան վախճանը չեկած։ (Մատթէոս 24։14) Անշուշտ հրեշտակները ուղղակի չեն քարոզեր։ Յիսուս այս ծանրակշիռ յանձնարարութիւնը մարդոց տուաւ։ (Մատթէոս 28։19, 20) Չե՞ս հրճուիր գիտնալով թէ մինչ այս յանձնարարութիւնը կը կատարենք, մեզի կ’օգնեն սուրբ հրեշտակներ,– իմաստուն ու հզօր հոգեղէն արարածներ։

6, 7. (ա) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ հրեշտակները մեր քարոզչութեան թիկունք կը կանգնին։ (բ) Ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ թէ Եհովայի հրեշտակները մեզի պիտի օգնեն։

6 Բաւարար ապացոյց կայ թէ մեր գործին մէջ հրեշտակներուն աջակցութիւնը կը վայելենք։ Օրինակ, յաճախ կը լսենք թէ Եհովայի Վկաները իրենց ծառայութեան ընթացքին հանդիպած են անհատի մը, որ Աստուծոյ նոր աղօթած էր որ իրեն օգնէ ճշմարտութիւնը գտնելու։ Այսպիսի փորձառութիւններ ա՛յնքան յաճախ կը պատահին որ անկարելի է զանոնք զուգադիպութեան վերագրել։ Հրեշտակային այս օգնութեան շնորհիւ, հետզհետէ աւելի շատ անհատներ կը սորվին ընել ‘երկնքի մէջ թռչող հրեշտակին’ ծանուցանածը. «Աստուծմէ վախցէ՛ք ու փա՛ռք տուէք անոր»։—Յայտնութիւն 14։7

7 Կը տենչա՞ս Եհովայի հզօր հրեշտակներուն օգնութիւնը վայելել։ Ուրեմն ծառայութեամբդ կլանուիր։ (Ա. Կորնթացիս 15։58) Մինչ Եհովայի տուած այս մասնայատուկ նշանակումին մէջ մեր լաւագոյնը կ’ընենք, կրնանք իր հրեշտակներուն օգնութեան վստահիլ։

Օգնութիւն՝ Հրեշտակապետէն

8. Յիսուս երկինքի մէջ ի՞նչ վեհ դիրք կը գրաւէ, եւ ասիկա ինչո՞ւ մեզ կը սրտապնդէ։

8 Եհովա այլ կերպով մըն ալ հրեշտակային օգնութիւն կը հայթայթէ մեզի։ Յայտնութիւն 10։1–ը կը նկարագրէ ահարկու եւ «զօրաւոր հրեշտակ մը», որուն «երեսը արեւի պէս էր»։ Այս տեսլական հրեշտակը ըստ երեւոյթին կը պատկերացնէ փառաւորեալ Յիսուս Քրիստոսը՝ իր երկնային զօրութեան մէջ։ (Յայտնութիւն 1։13, 16) Յիսուս ի՞րապէս հրեշտակ մըն է։ Առումով մը այո՛, քանի որ հրեշտակապետ է։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։15) Հրեշտակապետ կը նշանակէ «աւագ հրեշտակ» կամ «գլխաւոր հրեշտակ»։ Յիսուս Եհովայի բոլոր հոգեղէն որդիներուն ամենահզօրն է։ Եհովա զինք Իր հրեշտակային բանակներուն հրամանատարը նշանակած է։ Արդարեւ այս հրեշտակապետը օգնութեան զօրաւոր աղբիւր մըն է։ Ի՞նչ կերպերով։

9, 10. (ա) Երբ մեղք գործենք, Յիսուս ի՞նչպէս իբր «բարեխօս» կը ծառայէ։ (բ) Յիսուսի օրինակը ի՞նչպէս մեզի կ’օգնէ։

9 Տարեց Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Եթէ մէկը մեղք գործելու ըլլայ, Հօրը քով բարեխօս ունինք Յիսուս Քրիստոս արդարը»։ (Ա. Յովհաննու 2։1) Յովհաննէս ինչո՞ւ թելադրեց թէ Յիսուս մեր «բարեխօս»ն է, յատկապէս երբ «մեղք գործելու ըլլանք»։ Արդարեւ մենք ամէն օր մեղք կը գործենք, իսկ մեղքը մահուան կ’առաջնորդէ։ (Ժողովողի 7։20. Հռովմայեցիս 6։23) Սակայն Յիսուս իր կեանքը զոհեց մեր մեղքերուն համար։ Ան մեր գթած Հօրը քով է եւ մեզի համար կը բարեխօսէ։ Իւրաքանչիւրս այս օգնութեան կարիք ունինք։ Ի՞նչպէս կրնանք զայն ընդունիլ։ Մեր մեղքերուն համար պէտք է զղջանք ու Յիսուսի զոհագործութեան հիման վրայ ներում խնդրենք։ Նաեւ պէտք է խուսափինք մեր մեղքերը կրկնելէ։

10 Մեզի համար մեռնելէ զատ, Յիսուս հետեւելիք կատարեալ օրինակ թողուց։ (Ա. Պետրոս 2։21) Իր օրինակը մեզ կ’առաջնորդէ, մեզի կ’օգնէ մեր ընթացքը ուղղելու, այնպէս որ կարենանք լուրջ մեղք չգործել ու Եհովա Աստուած հաճեցնել։ Այս օգնութեան համար ուրախ չե՞նք։ Յիսուս իր հետեւորդներուն խոստացաւ ուրիշ օգնական մը հայթայթել։

Սուրբ Հոգիին Օգնութիւնը

11, 12. Ի՞նչ է Եհովայի հոգին, ո՞րքան զօրաւոր է, եւ ինչո՞ւ անոր պէտք ունինք ներկայիս։

11 Յիսուս խոստացաւ. «Ես ալ Հօրը պիտի աղաչեմ եւ ուրիշ մխիթարիչ [«օգնական», ՆԱ] մը պիտի տայ ձեզի, որպէս զի յաւիտեան ձեզի հետ բնակի. Ճշմարտութեան Հոգին, որ այս աշխարհը չի կրնար ընդունիլ»։ (Յովհաննու 14։16, 17) Այս «Ճշմարտութեան Հոգին» կամ սուրբ հոգին, անձ մը չէ, այլ՝ ոյժ մըն է,– Եհովայի գործօն ոյժը։ Անիկա անսահման ոյժ մըն է, որով Եհովա տիեզերքը ստեղծեց, տպաւորիչ հրաշքներ կատարեց ու իր կամքին վերաբերեալ տեսլական յայտնութիւններ հայթայթեց։ Որովհետեւ Եհովա ներկայիս իր հոգին այս մասնայատուկ կերպերով չի գործածեր, ասիկա կը նշանակէ՞ թէ անոր պէտք չունինք։

12 Ընդհակառակը, այս «չար ժամանակներ»ուն, որեւէ ժամանակէ աւելի Եհովայի հոգիին կարիք ունինք։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1) Անիկա մեզ կը զօրացնէ որ փորձութիւններու տոկանք։ Անիկա մեզի կ’օգնէ գեղեցիկ յատկութիւններ մշակելու, որոնք մեզ Եհովայի ու մեր հոգեւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն աւելի կը մօտեցնեն։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Արդ, ի՞նչպէս կրնանք Եհովայի մատուցած այս հոյակապ օգնութենէն օգտուիլ։

13, 14. (ա) Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովա կամովին սուրբ հոգին կը շնորհէ իր ժողովուրդին։ (բ) Ինչպիսի՞ արարքով ցոյց կու տանք թէ սուրբ հոգիին պարգեւը իրապէս չենք ընդունիր։

13 Առաջին, սուրբ հոգին ստանալու համար պէտք է աղօթենք։ Յիսուս ըսաւ. «Եթէ դուք որ չար էք՝ ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, որչա՜փ աւելի ձեր Հայրը երկնքէն Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն»։ (Ղուկաս 11։13) Այո, Եհովա ամենալաւ Հայրն է։ Եթէ հաւատքով ու անկեղծութեամբ սուրբ հոգին իրմէ խնդրենք, անպայման այս պարգեւը կը շնորհէ մեզի։ Բայց զայն կը խնդրե՞նք։ Վաւերական պատճառ ունինք որ ամէն օր աղօթքով զայն խնդրենք։

14 Երկրորդ, սուրբ հոգիին պարգեւը կ’ընդունինք՝ անոր համաձայն գործելով։ Օրինակ, ենթադրենք որ Քրիստոնեայ մը պոռնկագրութիւն դիտելու հակումին դէմ կը պայքարի։ Ան աղօթած է որ սուրբ հոգին իրեն օգնէ այս աղտոտ սովորութեան դէմ դնելու։ Ան Քրիստոնեայ երէցներուն խրատը փնտռած է, եւ անոնք ըսած են որ վճռական քայլեր առնէ, նոյնիսկ չմօտենայ այս նուաստացուցիչ նիւթերուն։ (Մատթէոս 5։29) Ի՞նչ կրնանք ըսել եթէ ան երէցներուն խրատը անտեսելով ինքզինք նոր փորձութեան ենթարկէ։ Ան իր աղօթքին հետ ներդաշնակ գործած կ’ըլլա՞յ, որուն մէջ սուրբ հոգիին օգնութիւնը խնդրեց, թէ ոչ՝ Աստուծոյ հոգին տրտմեցնելու եւ այս պարգեւը կորսնցնելու վտանգին առջեւ կը գտնուի։ (Եփեսացիս 4։30) Իրապէս, բոլորս մեր կարելին պէտք է ընենք, որ շարունակենք Եհովայի այս հոյակապ օգնութիւնը ստանալ։

Օգնութիւն՝ Աստուծոյ Խօսքէն

15. Ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ թէ Աստուածաշունչը սովորական բան մը չենք նկատեր։

15 Դարեր շարունակ Աստուածաշունչը Եհովայի հաւատարիմ ծառաներուն համար օգնութեան աղբիւր մը եղած է։ Փոխանակ Սուրբ Գրութիւնները սովորական բան մը նկատելու, ի մտի պէտք է ունենանք թէ անոնք օգնութեան զօրաւոր աղբիւր մըն են։ Այս օգնութիւնը ընդունիլը ջանքի կը կարօտի։ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը առօրեայ սովորամոլութիւն մը պէտք է դարձնենք։

16, 17. (ա) Սաղմոս 1։2, 3–ը ի՞նչպէս կը նկարագրէ Աստուծոյ օրէնքը կարդալուն վարձատրութիւնները։ (բ) Սաղմոս 1։3–ը ի՞նչպէս ծանր աշխատանքի պատկեր կը ներկայացնէ։

16 Սաղմոս 1։2, 3–ը բարեպաշտ մարդուն մասին կ’ըսէ. «Անոր հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ է, եւ ցորեկ ու գիշեր անոր օրէնքին վրայ կը մտածէ։ Անիկա ջուրի ճամբաները տնկուած ծառի պէս պիտի ըլլայ, որ իր ժամանակին իր պտուղը պիտի տայ. ու անոր տերեւը պիտի չթափի, եւ ինչ բան որ ընէ՝ պիտի յաջողի»։ Այս հատուածին միտք բանին կ’ըմբռնե՞ս։ Դիւրին է այս խօսքերը կարդալ ու եզրակացնել թէ անոնք խաղաղ միջավայրի գեղեցիկ տեսարան մը կը նկարագրեն,– գետեզերքը աճող մեծ ծառ։ Որքա՜ն հաճելի է կէսօրէ ետք այդպիսի տեղ մը մրափելը։ Բայց այս սաղմոսը մեզ չի հրաւիրեր որ հանգիստի մասին մտածենք։ Անիկա ծանր աշխատանք թելադրող պատկեր մը կը նկարագրէ։ Ի՞նչպէս։

17 Նկատէ թէ հոս յիշուած ծառը պատահմամբ չէ որ գետեզերքը կ’աճի։ Անիկա պտղաբեր ծառ է, կանխամտածութեամբ «տնկուած» է ընտրուած վայրի մը մէջ,– «ջուրի ճամբաները»։ Ծառ մը ի՞նչպէս կրնայ ջուրի առուներու քով աճիլ։ Լաւ, մրգաստանի տէրը կրնայ խրամատներ բանալ, ջուր հասցնելու համար իր թանկարժէք ծառերուն արմատներուն։ Այժմ կէտը սկսաւ հասկնալի դառնալ։ Եթէ հոգեւոր առումով այդ ծառին պէս կ’ուռճանանք, պատճառը այն է որ մեզի ի նպաստ մեծ աշխատանք տարուած է։ Կ’ընկերակցինք կազմակերպութեան մը հետ, որ ճշմարտութեան ջինջ ջուրերը ուղղակի մեզի կը հասցնէ, բայց մենք ալ մեր բաժինը պէտք է ընենք։ Պէտք է ջանանք այս թանկարժէք ջուրերը ներծծել, հարկ եղած խոկումն ու պրպտումը կատարելով, որպէսզի Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնները մեր միտքին ու սիրտին հասցնենք։ Այս կերպով մենք ալ լաւ պտուղներ պիտի արտադրենք։

18. Մեր հարցումներուն Աստուածաշունչի պատասխանները գտնելու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։

18 Աստուածաշունչը մեզի չ’օգտեր եթէ մէկ կողմ դրուի ու փակ մնայ։ Անիկա ո՛չ ալ հմայեակ կամ թլացք մըն է,– եթէ պատահական կերպով Աստուածաշունչը բանանք, կը տեսնենք մեր հարցումին պատասխանը բովանդակող էջը։ Երբ որոշումներ պիտի կայացնենք, «Աստուծոյ գիտութիւնը» պահուած գանձի պէս պէտք է փնտռենք։ (Առակաց 2։1-5) Յաճախ ժրաջանօրէն ու բծախնդրօրէն պէտք է պրպտենք, մեր մասնայատուկ կարիքներուն վերաբերեալ աստուածաշնչական խրատներ գտնելու համար։ Մեր պրպտումը կատարելու համար, Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած բազմաթիւ գրականութիւններ ունինք։ Երբ զանոնք գործածենք Աստուծոյ Խօսքին իմաստութեան գոհարները գտնելու համար, Եհովայի մատուցած օգնութենէն իրապէս կ’օգտուինք։

Օգնութիւն՝ Հաւատակիցներու Միջոցով

19. (ա) Ինչո՞ւ Դիտարան–ի եւ Զարթի՛ր–ի յօդուածները կրնան նկատուիլ հաւատակիցներու կողմէ հայթայթուած օգնութիւն։ (բ) Մեր պարբերաթերթերուն մէջ լոյս տեսած որոշ յօդուած մը ի՞նչպէս օգնած է քեզի։

19 Եհովայի մարդկային ծառաները միշտ իրարու համար օգնութեան աղբիւր եղած են։ Եհովա փոխուա՞ծ է։ Ամե՛նեւին։ Անկասկած իւրաքանչիւրս կրնանք մտաբերել պարագաներ, երբ մեր հաւատակիցները ճիշդ ատենին հարկ եղած օգնութիւնը մատուցանեցին մեզի։ Օրինակ, կը յիշե՞ս Դիտարան–ի կամ Զարթի՛ր–ի յօդուած մը, որ քեզի սիրտ տուաւ երբ մխիթարանքի կարիք ունէիր, կամ քեզի օգնեց որոշ խնդիր մը լուծելու կամ հաւատքի փորձութիւն մը դիմագրաւելու։ Եհովա այդ օգնութիւնը քեզի մատուցանեց «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցով, որ նշանակուած է ‘ատենին կերակուր տալու’։—Մատթէոս 24։45-47

20. Քրիստոնեայ երէցները ի՞նչպէս ցոյց կու տան թէ ‘իբր պարգեւ տրուած տղամարդիկ’ են։

20 Սակայն յաճախ ուղղակի օգնութիւն կը ստանանք մեր հաւատակիցներէն։ Քրիստոնեայ երէց մը մեր սիրտին դպչող դասախօսութիւն մը կը ներկայացնէ, կամ հովուական այցելութիւն մը կու տայ որ մեզի կ’օգնէ դժուար ժամանակի մը դիմանալու, կամ ազնուօրէն խրատ կը մատուցանէ որ մեզի կ’օգնէ տկարութիւն մը նկատելու եւ զայն յաղթահարելու։ Երախտապարտ Քրիստոնեայ կին մը, երէցի մը կողմէ իր ստացած օգնութեան մասին գրելով, կ’ըսէ. «Դաշտի ծառայութեան ընթացքին, ան զիս քաջալերեց որ սիրտս պարպեմ։ Նախորդ գիշեր Եհովայի աղօթած էի եւ ըսած էի որ կ’ուզեմ մէկու մը հետ խօսիլ։ Յաջորդ օրն իսկ այս եղբայրը կարեկցաբար հետս խօսեցաւ։ Ան ինծի օգնեց տեսնելու թէ Եհովա տարիներէ ի վեր ի՛նչպէս օգնած է ինծի։ Շնորհակալ եմ Եհովայէ որ ինծի այս երէցը ղրկեց»։ Այսպիսի կերպերով Քրիստոնեայ երէցները ցոյց կու տան թէ իրենք Յիսուս Քրիստոսի միջոցով Եհովայի կողմէ ‘իբր պարգեւ տրուած տղամարդիկ’ են, մեզի օգնելու որ կեանքի ճամբային մէջ տոկանք։—Եփեսացիս 4։8, ՆԱ

21, 22. (ա) Ի՞նչ կ’ըլլայ արդիւնքը, երբ ժողովքի անդամները Փիլիպպեցիս 2։4–ի խրատը կիրարկեն։ (բ) Ինչո՞ւ նոյնիսկ աննշան եղող ազնիւ արարքները կարեւոր են։

21 Երէցներուն կողքին, իւրաքանչիւր հաւատարիմ Քրիստոնեայ կ’ուզէ կիրարկել սա ներշնչեալ պատուէրը. «Միայն ձեր անձերուն շահը մի՛ փնտռէք հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ»։ (Փիլիպպեցիս 2։4) Այս խրատին կիրարկումը մէջտեղ կը բերէ ազնիւ արարքներ։ Օրինակ, ընտանիք մը յանկարծ մեծ ողբերգութեան մը ենթարկուեցաւ։ Հայրը իր դեռատի աղջկան հետ խանութ գացած էր։ Տուն վերադառնալու ատեն, անոնք ինքնաշարժի արկած ունեցան։ Աղջիկը մահացաւ, իսկ հայրը ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ։ Հիւանդանոցէն ելլելէ ետք, ան առանձին բան մը չէր կրնար ընել։ Կինը զգացականօրէն տակնուվրայ ըլլալով, անոր չէր կրնար հոգ տանիլ։ Ուստի ժողովքէն ամոլ մը այս սգաւոր զոյգը իրենց տունը բերին եւ քանի մը շաբաթ անոնց հոգ տարին։

22 Անշուշտ բոլոր ազնիւ արարքները միայն այսպիսի պարագաներու հետեւանքով չեն կատարուիր։ Մեր ստացած կարգ մը օգնութիւնները շատ սահմանափակ են։ Բայց ազնիւ արարքը ո՛րքան ալ չնչին ըլլայ, զայն կը գնահատենք, այդպէս չէ՞։ Կրնա՞ս մտաբերել պահ մը, երբ եղբօր մը կամ քրոջ մը ազնիւ մէկ խօսքը կամ նկատառու արարքը ճիշդ հարկ եղած օգնութիւնը հայթայթեց քեզի։ Եհովա յաճախ այսպիսի կերպերով մեզի հոգ կը տանի։—Առակաց 17։17. 18։24

23. Երբ կը ջանանք իրարու օգնել, Եհովա ասիկա ի՞նչպէս կը նկատէ։

23 Կը փափաքի՞ս որ Եհովա քեզ գործածէ ուրիշներուն օգնելու համար։ Այս առանձնաշնորհումը քեզի մատչելի է։ Իրականութեան մէջ, Եհովա կը գնահատէ այս ուղղութեամբ ի՛նչ որ կ’ընես։ Իր Խօսքին մէջ, ան կ’ըսէ. «Աղքատին ողորմութիւն ընողը Տէրոջը փոխ կու տայ ու Անիկա անոր հատուցում պիտի ընէ»։ (Առակաց 19։17) Մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ մեր անձէն տալը մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն։ (Գործք 20։35) Դիտումնաւոր կերպով մեկուսացողները ո՛չ կը վայելեն այսպիսի օգնութիւն տալէն յառաջ եկած ուրախութիւնը, ո՛չ ալ զայն ստանալէն յառաջ եկած քաջալերութիւնը։ (Առակաց 18։1) Ուստի շարունակենք կանոնաւորաբար ներկայ գտնուիլ քրիստոնէական ժողովներուն, որպէսզի կարենանք իրար քաջալերել։—Եբրայեցիս 10։24, 25

24. Ինչո՞ւ պէտք չէ զրկուած զգանք, ականատես չըլլալով Եհովայի անցեալին կատարած տպաւորիչ հրաշքներուն։

24 Ի՜նչ հաճելի է խորհրդածել այն կերպերուն մասին, որով Եհովա կ’օգնէ մեզի։ Թէեւ այսօր Եհովա տպաւորիչ հրաշքներ չի կատարեր իր նպատակները իրագործելու համար, սակայն զրկուած զգալու պէտք չունինք։ Կարեւոր բանը այն է թէ Եհովա հարկ եղած ամէն օգնութիւն կու տայ մեզի, որպէսզի հաւատարիմ մնանք։ Իսկ եթէ միասնաբար հաւատքին մէջ հաստատ մնանք, պիտի կարենանք տեսնել Եհովայի ցարդ ամենէն տպաւորիչ ու փառաւոր արարքները։ Վճռենք Եհովայի սիրալիր օգնութիւնը ընդունիլ եւ լիովին օգտագործել, այնպէս որ կարենանք 2005–ի տարուան համարին խօսքը երկրորդել. «Իմ օգնութիւնս Տէրոջմէն է»։—Սաղմոս 121։2

Ի՞նչ կը խորհիս

Ներկայիս Եհովա մեզի հարկ եղած օգնութիւնը ի՞նչպէս կը հայթայթէ՝

• հրեշտակներուն միջոցով։

• իր սուրբ հոգիին միջոցով։

• իր ներշնչեալ Խօսքին միջոցով։

• հաւատակիցներու միջոցով։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 14]

Քաջալերական է գիտնալ թէ հրեշտակները քարոզչութեան թիկունք կը կանգնին

[Նկար՝ էջ 15]

Եհովա կրնայ մեր հաւատակիցներէն մէկը գործածել, մեզի հարկ եղած մխիթարութիւնը հայթայթելու համար