Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մարզուած՝ ամբողջական վկայութիւն տալու

Մարզուած՝ ամբողջական վկայութիւն տալու

Մարզուած՝ ամբողջական վկայութիւն տալու

«Ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը»։—ԳՈՐԾՔ 1։8

1, 2. Ի՞նչ էր Պետրոսի ստացած յանձնարարութիւնը, եւ ասիկա ո՞վ տուաւ իրեն։

«ՅԻՍՈՒՍԸ որ Նազարէթէն էր . . . պատուիրեց մեզի, որ ժողովուրդին քարոզենք ու վկայութիւն տանք, թէ անիկա է Աստուծմէ սահմանուած՝ կենդանիներուն ու մեռելներուն Դատաւորը»։ (Գործք 10։38, 42) Այս խօսքերով Պետրոս առաքեալ Կոռնելիոսի ու անոր ընտանիքին բացատրեց աւետարանիչ ըլլալու իր ստացած յանձնարարութիւնը։

2 Յիսուս այդ յանձնարարութիւնը ե՞րբ տուաւ։ Հաւանաբար Պետրոս ի մտի ունէր յարուցեալ Յիսուսի ըսածները, երկինք համբառնալէն քիչ առաջ։ Այդ ատեն Յիսուս իր հաւատարիմ աշակերտներուն ըսաւ. «Ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը»։ (Գործք 1։8) Սակայն այս դէպքէն ժամանակ մը առաջ, Պետրոս գիտէր որ Յիսուսի աշակերտը ըլլալով, Յիսուսի հանդէպ իր հաւատքին մասին պէտք էր խօսէր ուրիշներուն։

Երեք Տարի Մարզել

3. Յիսուս ի՞նչ հրաշք գործեց, եւ Պետրոսի ու Անդրէասի ի՞նչ հրաւէր ներկայացուց։

3 Հ.Դ. 29–ին իր մկրտութենէն քանի մը ամիս ետք, Յիսուս քարոզեց Գալիլիայի ծովուն եզերքը, ուր Պետրոս եւ իր եղբայրը Անդրէաս կ’աշխատէին որպէս ձկնորսներ։ Անոնք ի զուր ամբողջ գիշերը աշխատած էին։ Այսուհանդերձ Յիսուս ըսաւ. «Յառաջ տար նաւը՝ դէպի խորունկը եւ ուռկաննիդ ձգեցէք ձուկ որսալու»։ Երբ Յիսուսի ըսածը ըրին, «խիստ շատ ձուկեր ժողվեցին, անանկ որ իրենց ուռկանը կը պատռտէր»։ Հրաշքը տեսնելով, Պետրոս վախցաւ, բայց Յիսուս զինք հանդարտեցուց, ըսելով. «Մի՛ վախնար, ասկէ ետեւ մարդոց որսորդ պիտի ըլլաս»։—Ղուկաս 5։4-10

4. (ա) Յիսուս իր աշակերտները ի՞նչպէս պատրաստեց վկայութիւն տալու։ (բ) Յիսուսի ծառայութեան հետ համեմատած, իր աշակերտները ինչպիսի՞ ծառայութիւն պիտի ունենային։

4 Անմիջապէս Պետրոս ու Անդրէաս, ինչպէս նաեւ Զեբեդէոսի որդիները՝ Յակոբոս ու Յովհաննէս, իրենց նաւերը ձգեցին ու Յիսուսի հետեւեցան։ Շուրջ երեք տարի, անոնք Յիսուսի ընկերակցեցան անոր քարոզչական շրջապտոյտներուն մէջ եւ մարզուեցան իբր աւետարանիչներ։ (Մատթէոս 10։7. Մարկոս 1։16, 18, 20, 38. Ղուկաս 4։44. 10։9) Երբ մարզումը իր աւարտին հասաւ՝ Հ.Դ. 33–ի Նիսան 14–ին, Յիսուս անոնց ըսաւ. «Ան որ ինծի կը հաւատայ, այն գործերը որոնք ես կը գործեմ, ինք ալ պիտի գործէ եւ անոնցմէ աւելի մեծ գործեր պիտի գործէ»։ (Յովհաննու 14։12) Յիսուսի աշակերտները իրեն պէս ամբողջական վկայութիւն պիտի տային, բայց աւելի մեծ տարողութեամբ։ Ինչպէս շուտով իմացան, անոնք եւ ապագայ աշակերտները պիտի վկայէին «բոլոր ազգեր»ուն, մինչեւ «իրերու դրութեան վախճանը»։—Մատթէոս 28։19, 20, ՆԱ

5. Իր հետեւորդներուն Յիսուսի տուած մարզումէն ի՞նչ կերպերով կրնանք օգտուիլ։

5 Կ’ապրինք «իրերու դրութեան վախճան»ին մէջ։ (Մատթէոս 24։3, ՆԱ) Մենք առաջին դարու աշակերտներուն պէս չենք կրնար Յիսուսի ընկերակցիլ եւ նկատել մարդոց քարոզելու իր կերպը։ Այսուհանդերձ կրնանք իր հայթայթած մարզումէն օգտուիլ, Աստուածաշունչին մէջ կարդալով թէ ի՛նչպէս քարոզեց ու իր աշակերտներուն ի՛նչ ցուցմունքներ տուաւ։ (Ղուկաս 10։1-11) Սակայն այս յօդուածը պիտի քննարկէ կենսական կարեւորութիւն ունեցող ուրիշ բան մը, որ Յիսուս իր աշակերտներուն ցոյց տուաւ,– քարոզչութեան հանդէպ շիտակ տեսակէտը։

Մարդոց Հանդէպ Հոգածութիւն

6, 7. Յիսուսի ո՞ր յատկութիւնը իր ծառայութիւնը ազդու դարձուց, եւ այս մարզին մէջ ի՞նչպէս կրնանք զինք ընդօրինակել։

6 Յիսուս ինչո՞ւ այսպիսի ազդու վկայութիւն մը տուաւ։ Պատճառներէն մէկը՝ մարդոց հանդէպ իր խոր հետաքրքրութիւնն ու հոգածութիւնն էր։ Սաղմոսերգուն Յիսուսի մասին նախագուշակած էր թէ ան «պիտի խղճայ աղքատին ու տնանկին»։ (Սաղմոս 72։13) Վստահաբար ան այս մարգարէութիւնը կատարեց։ Աստուածաշունչը միջադէպի մը մասին կ’ըսէ. «Ժողովուրդները տեսնելով, անոնց վրայ խղճաց, վասն զի յոգնած ու ցիրուցան եղած էին հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս»։ (Մատթէոս 9։36) Նոյնիսկ ծանր յանցանքներ գործողները իր հոգածութիւնը զգացին եւ իրմով հրապուրուեցան։—Մատթէոս 9։9-13. Ղուկաս 7։36-38. 19։1-10

7 Ներկայիս կրնանք ազդու ըլլալ, եթէ մարդոց հանդէպ միեւնոյն հոգածութիւնը ցուցաբերենք։ Ծառայութեան չելած, պահ մը խորհրդածէ թէ մարդիկ որքա՜ն կարիք ունին տալիք տեղեկութիւններուդ։ Խորհէ անոնց ունեցած խնդիրներուն մասին, որ միայն Թագաւորութիւնը կրնայ լուծել։ Վճռէ բոլորին հետ դրական ըլլալ, քանի որ չես գիտեր թէ ո՛վ պիտի ընդառաջէ պատգամին։ Թերեւս յաջորդ անհատը, որուն պիտի խօսիս, աղօթքով խնդրած է քեզի նման անհատի մը օգնութիւնը։

Սէրէ Մղուած

8. Յիսուսի նման, ի՞նչ բան կը մղէ իր հետեւորդները բարի լուրը քարոզելու։

8 Յիսուսի ծանուցանած բարի լուրը առնչուած էր Եհովայի կամքին կատարման, Իր անունին սրբացման եւ Իր գերիշխանութեան ջատագովման հետ,– մարդկութեան դիմագրաւած ամենակարեւոր հարցերը։ (Մատթէոս 6։9, 10) Որովհետեւ Յիսուս իր Հայրը կը սիրէր, մղուեցաւ իր ուղղամտութիւնը պահելու մինչեւ վերջ եւ ամբողջական վկայութիւն տալու այն Թագաւորութեան մասին, որ այդ հարցերը պիտի լուծէ։ (Յովհաննու 14։31) Ներկայիս Յիսուսի հետեւորդները նոյն շարժառիթը ունենալով, ծառայութեան մէջ ժրաջան են։ Յովհաննէս առաքեալ ըսաւ. «Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք», ի ներառեալ բարի լուրը քարոզելու եւ աշակերտելու պատուէրը։—Ա. Յովհաննու 5։3. Մատթէոս 28։19, 20

9, 10. Աստուծոյ սէրէն զատ, ուրիշ ի՞նչ սէր մեզ կը մղէ ամբողջական վկայութիւն տալու։

9 Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Եթէ զիս կը սիրէք, իմ պատուիրանքներս պահեցէ՛ք։ Ան որ իմ պատուէրներս կը բռնէ ու կը պահէ զանոնք, անիկա է զիս սիրողը»։ (Յովհաննու 14։15, 21) Ուստի Յիսուսի հանդէպ սէրը մեզ պէտք է մղէ ճշմարտութեան մասին վկայելու եւ Յիսուսի պատուիրած միւս բաները ընելու։ Իր յարութենէն ետք, Յիսուս Պետրոսը յորդորեց. «Արածէ՛ իմ գառնուկներս։ . . . Արածէ՛ իմ ոչխարներս»։ Ի՞նչ բան պիտի մղէր Պետրոսը ասիկա ընելու։ Յիսուս պատասխանը տուաւ, երբ կրկին անգամ Պետրոսի հարցուց. «Զիս կը սիրե՞ս»։ Այո, Յիսուսի հանդէպ Պետրոսի սէրը զինք պիտի մղէր ամբողջական վկայութիւն տալու, Յիսուսի «ոչխարները» գտնելու, ապա անոնց հոգեւոր հովիւը ըլլալու։—Յովհաննու 21։15-17

10 Այսօր Յիսուսը անձնապէս չենք ճանչնար՝ ինչպէս Պետրոս կը ճանչնար։ Այսուհանդերձ, մեզի ի նպաստ Յիսուսի ըրած բաներուն հանդէպ խոր հասկացողութիւն ունինք։ Մեր սիրտին կը դպչի իր ցուցաբերած մեծ սէրը, որ զինք մղեց ‘ամենուն համար մահ ճաշակելու’։ (Եբրայեցիս 2։9. Յովհաննու 15։13) Կը զգանք ինչպէս Պօղոս զգաց, երբ գրեց. «Քրիստոսին սէրը մեզ կը ստիպէ . . . ։ Ան ամենուն համար մեռաւ, որպէս զի կենդանի եղողներն ալ միայն իրենց անձերուն համար կենդանի չըլլան, հապա անոր»։ (Բ. Կորնթացիս 5։14, 15) Ամբողջական վկայութիւն տալու յանձնարարութիւնը լուրջի առնելով, կ’ապացուցանենք թէ մեզի հանդէպ Յիսուսի ցուցաբերած սէրը մեծապէս կը գնահատենք եւ թէ մենք ալ զինք կը սիրենք։ (Ա. Յովհաննու 2։3-5) Երբեք պիտի չուզենք քարոզչութեան հանդէպ անտարբեր մօտեցում մը որդեգրել, որպէս թէ Յիսուսի զոհը սովորական արժէք ունի։—Եբրայեցիս 10։29

Կարեւոր Բանին Վրայ Կեդրոնացած Մնալ

11, 12. Յիսուս ի՞նչ նպատակով աշխարհ եկաւ, եւ ի՞նչպէս կրցաւ այս բանին վրայ կեդրոնացած մնալ։

11 Յիսուս Պոնտացի Պիղատոսին ըսաւ. «Ես այս բանին համար ծնած եմ եւ ասոր համար աշխարհ եկած, որպէս զի ճշմարտութեան համար վկայեմ»։ (Յովհաննու 18։37) Յիսուս թոյլ չտուաւ որեւէ բանի որ զինք ետ պահէ ճշմարտութեան վկայելէ։ Ասիկա Աստուծոյ կամքն էր իրեն համար։

12 Անշուշտ Սատանան այս ուղղութեամբ զինք փորձեց։ Յիսուսի մկրտութենէն քիչ ետք, Սատանան առաջարկեց որ զինք աշխարհի մէջ կարկառուն անձ մը ընէ, իրեն տալով «աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները ու անոնց փառքը»։ (Մատթէոս 4։8, 9) Հետագային, Հրեաները ուզեցին զինք թագաւոր ընել։ (Յովհաննու 6։15) Թերեւս ոմանք խորհին թէ Յիսուս այս առաջարկները ընդունելով ու մարդկային թագաւոր ըլլալով, պիտի կարենար մարդկութեան շատ օգուտներ բերել։ Սակայն Յիսուս այսպիսի մտածումներ մերժեց։ Ան կեդրոնացաւ ճշմարտութեան վկայելու վրայ։

13, 14. (ա) Ի՞նչ բան պատճառ չեղաւ որ Յիսուս իր նպատակէն շեղի։ (բ) Աղքատ ըլլալով հանդերձ, Յիսուս ի՞նչ իրագործեց։

13 Ասկէ զատ, Յիսուս հարստութիւն հետապնդելով չզբաղեցաւ։ Ուստի ան հարուստ մարդ մը չէր։ Ան նոյնիսկ անձնական տուն մը չունէր։ Առիթով մը ան ըսաւ. «Աղուէսները որջեր ունին ու երկնքի թռչունները բոյներ, բայց Որդին մարդոյ տեղ մը չունի, ուր իր գլուխը դնէ»։ (Մատթէոս 8։20) Երբ Յիսուս մեռաւ, միակ արժէքաւոր բանը որ յիշուեցաւ՝ իր պատմուճանն էր, որուն վրայ Հռովմէացի զինուորները վիճակ ձգեցին։ (Յովհաննու 19։23, 24) Արդ, կրնա՞նք ըսել թէ Յիսուս ձախող կեանք մը վարեց։ Ամե՛նեւին։

14 Յիսուս ամենահարուստ մարդասէրէն շա՜տ աւելի բաներ իրագործեց։ Պօղոս ըսաւ. «Դուք գիտէք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը, թէ ինք ձեզի համար աղքատ եղաւ՝ ան որ հարուստ էր, որպէս զի դուք անոր աղքատանալովը հարստանաք»։ (Բ. Կորնթացիս 8։9. Փիլիպպեցիս 2։5-8) Թէեւ Յիսուս նիւթական գետնի վրայ աղքատ էր, սակայն ճամբան հարթեց որ խոնարհները կատարեալ ու յաւիտենական կեանք վայելեն։ Որքա՜ն երախտապարտ ենք իրեն։ Եւ որքա՜ն կ’ուրախանանք իր ստացած վարձատրութեան համար, քանի որ կեդրոնացած մնաց Աստուծոյ կամքը կատարելու վրայ։—Սաղմոս 40։8. Գործք 2։32, 33, 36

15. Ի՞նչ բան աւելի արժէքաւոր է քան հարստութիւնը։

15 Ներկայիս, Յիսուսը ընդօրինակել ջանացող Քրիստոնեաները նոյնպէս կը մերժեն հարստութիւն հետապնդելով զբաղիլ։ (Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10) Անոնք կը գիտակցին թէ հարստութիւնը կրնայ հանգիստ կեանք ապահովել, բայց նաեւ գիտեն թէ հարստութիւնը իրենց յաւիտենական ապագային համար ո՛չ մէկ օգուտ ունի։ Երբ Քրիստոնեայ մը մահանայ, իր հարստութիւնը իրեն համար ո՛չ մէկ արժէք կ’ունենայ, ինչպէս Յիսուսի պատմուճանը ո՛չ մէկ արժէք ունեցաւ իրեն համար, երբ մեռաւ։ (Ժողովողի 2։10, 11, 17-19. 7։12) Երբ Քրիստոնեայ մը մեռնի, իսկական արժէք ունեցող իր միակ ստացուածքը՝ Եհովայի ու Յիսուս Քրիստոսի հետ իր ունեցած յարաբերութիւնն է։—Մատթէոս 6։19-21. Ղուկաս 16։9

Հակառակութեան Տեղի Չտալ

16. Յիսուս ի՞նչպէս հակառակութիւնը դիմագրաւեց։

16 Հակառակութիւնը պատճառ չեղաւ որ Յիսուս ճշմարտութեան վկայելէ ետ կենայ։ Գիտնալով հանդերձ որ իր երկրային ծառայութիւնը զոհաբերական մահով վերջ պիտի գտնէ, ան չվհատեցաւ։ Յիսուսի մասին խօսելով, Պօղոս ըսաւ. «Իր առջեւ կեցած ուրախութեանը համար խաչը յանձն առաւ, ամօթը արհամարհեց ու Աստուծոյ աթոռին աջ կողմը նստաւ»։ (Եբրայեցիս 12։2) Նկատի առ թէ Յիսուս «ամօթը արհամարհեց»։ Ան հոգ չըրաւ թէ հակառակորդները իր մասին ի՛նչ կը խորհէին։ Ան կեդրոնացաւ Աստուծոյ կամքը ընելու վրայ։

17. Յիսուսի համբերատարութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

17 Յիսուսի համբերատարութեան օրինակը գործածելով, Պօղոս Քրիստոնեաները քաջալերեց. «Միտք բերէք զանիկա, որ այսպէս համբերեց մեղաւորներուն իրեն դէմ հակառակ խօսելուն, որ չըլլա՛յ թէ ձեր անձովը յոգնիք ու թուլնաք»։ (Եբրայեցիս 12։3) Ճիշդ է որ ամէն օր հակառակութեան կամ ծաղրանքի տոկալը կրնայ մեզ ուժասպառ դարձնել։ Աշխարհի հրապոյրներուն շարունակ դիմադրելը կրնայ յոգնեցուցիչ ըլլալ, թերեւս ազգականները յուսախաբութեան մատնելով, որոնք մեզ կը քաջալերեն «ճանչցուած» մէկը ըլլալու։ Սակայն Յիսուսի նման Եհովայի կ’ապաւինինք, մինչ վճռակամօրէն Թագաւորութիւնը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը կը դնենք։—Մատթէոս 6։33. Հռովմայեցիս 15։13. Ա. Կորնթացիս 2։4

18. Պետրոսի ուղղուած Յիսուսի խօսքերէն ի՞նչ լաւ դաս կրնանք սորվիլ։

18 Մտացիր ըլլալու Յիսուսի մերժումը յայտնի եղաւ, երբ սկսաւ իր աշակերտներուն խօսիլ իր մօտալուտ մահուան մասին։ Պետրոս Յիսուսը քաջալերեց որ իր անձին հետ մեղմութեամբ վարուի եւ հաւաստիացուց զինք թէ ‘այդ բանը իրեն պիտի չպատահէր’։ Յիսուս մերժեց մտիկ ընել որեւէ բան, որ կրնար Եհովայի կամքը կատարելու իր վճռակամութիւնը տկարացնել։ Ան դառնալով՝ Պետրոսի ըսաւ. «Ետիս գնա՛, Սա՛տանայ, ինծի գայթակղութիւն ես դուն. վասն զի Աստուծոյ բաները չես մտածեր, հապա մարդոց բաները»։ (Մատթէոս 16։21-23) Մենք ալ միշտ նոյն կերպով վճռենք մարդկային գաղափարները մերժել։ Աստուծոյ խորհուրդներով միշտ առաջնորդուինք։

Իսկական Օգուտներ Բերել

19. Թէեւ Յիսուս հրաշագործ մըն էր, բայց իր ծառայութեան ամենակարեւոր մասը ի՞նչ էր։

19 Յիսուս բազմաթիւ հրաշքներ գործեց, փաստելու համար թէ ինք Մեսիան է։ Ան նոյնիսկ մեռելներ յարուցանեց։ Այս գործերը ամբոխները հրապուրեցին, բայց Յիսուս երկիր չէր եկած պարզապէս ընկերային գործ ընելու, այլ՝ ճշմարտութեան վկայելու։ Ան գիտէր թէ իր հայթայթած նիւթական օգուտները ժամանակաւոր էին։ Նոյնիսկ իր յարուցանած անհատները դարձեալ պիտի մեռնէին։ Միայն ճշմարտութեան վկայելով կրնար ոմանց օգնել որ յաւիտենական կեանք ձեռք ձգեն։—Ղուկաս 18։28-30

20, 21. Բարի գործերու առնչութեամբ ճշմարիտ Քրիստոնեաները ի՞նչ հաւասարակշռութիւն կը պահեն։

20 Ներկայիս ոմանք կը փորձեն Յիսուսի բարի գործերը ընդօրինակել՝ հիւանդանոցներ բանալով կամ աշխարհի աղքատներուն համար ընկերային այլ ծառայութիւններ կատարելով։ Կարգ մը պարագաներու, անոնք մեծ զոհողութիւններ ըրած են, եւ անոնց անկեղծութիւնը գովելի է. բայց իրենց հայթայթած ամոքումը ժամանակաւոր է։ Միայն Թագաւորութիւնը մնայուն ամոքում պիտի բերէ։ Ուստի Եհովայի Վկաները Յիսուսի նման կը կեդրոնանան Թագաւորութեան վերաբերեալ ճշմարտութեան վկայելու վրայ։

21 Անշուշտ ճշմարիտ Քրիստոնեաները բարի գործեր կ’ընեն։ Պօղոս գրեց. «Քանի որ ժամանակը ձեռքերնիս է, բարիք ընենք ամենուն, մանաւանդ հաւատքի ընտանիներուն»։ (Գաղատացիս 6։10) Տագնապալից ժամանակներուն կամ երբ մէկը օգնութեան կարիք ունի, անվարան ‘բարիք կ’ընենք’ մեր դրացիներուն կամ մեր Քրիստոնեայ եղբայրներուն։ Բայց կը շարունակենք գլխաւորաբար կեդրոնանալ ճշմարտութեան վկայելու վրայ։

Յիսուսի Օրինակէն Սորվինք

22. Քրիստոնեաները ինչո՞ւ իրենց դրացիներուն կը քարոզեն։

22 Պօղոս գրեց. «Վայ է ինծի՝ եթէ աւետարանը չքարոզեմ»։ (Ա. Կորնթացիս 9։16) Ան բարի լուրին նկատմամբ անտարբեր չէր, քանի որ զայն քարոզելը կեանք կը նշանակէր իրեն եւ իրեն մտիկ ընողներուն։ (Ա. Տիմոթէոս 4։16) Մեր ծառայութիւնը նոյն կերպով կը դիտենք։ Կ’ուզենք մեր դրացիներուն օգնել։ Կ’ուզենք Եհովայի հանդէպ մեր սէրը ցոյց տալ։ Կ’ուզենք Յիսուսի հանդէպ մեր սէրը եւ մեզի հանդէպ իր մեծ սիրոյն համար մեր գնահատութիւնը ցուցաբերել։ Ուստի բարի լուրը կը քարոզենք եւ այսպէս կ’ապրինք «ո՛չ թէ մարդոց ցանկութիւններուն պէս՝ հապա Աստուծոյ կամքին պէս»։—Ա. Պետրոս 4։1, 2

23, 24. (ա) Ձկնորսութեան հրաշքէն ի՞նչ դաս կը սորվինք։ (բ) Այսօր որո՞նք ամբողջական վկայութիւն կու տան։

23 Յիսուսի նման, երբ ուրիշներ մեզ ծաղրեն կամ բարկութեամբ մեր պատգամը մերժեն, մտացիր չենք ըլլար։ Դաս մը կը սորվինք Յիսուսի կատարած հրաշքէն, երբ Պետրոսն ու Անդրէասը կանչեց որ իրեն հետեւին։ Այս դէպքէն կը սորվինք որ եթէ Յիսուսի հնազանդելով մեր այլաբանական ուռկանները երեւութապէս անբերրի ջուրերու մէջ նետենք, մեր ձկնորսութիւնը կրնայ լաւ արդիւնքներ տալ։ Հոգեւոր ձկնորսութեամբ զբաղող բազմաթիւ Քրիստոնեաներ լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգած են, երեւութապէս անբերրի ջուրերու մէջ տարիներ աշխատելէ ետք։ Ուրիշներ կրցած են փոխադրուիլ ուր որ ձկնորսութիւնը աւելի արդիւնաբեր է, եւ լաւ ձուկեր բռնած են։ Ի՛նչ որ ալ ընենք, մեր ուռկանները նետելէ պիտի չդադրինք։ Գիտենք որ Յիսուս տակաւին չէ ըսած որ քարոզչութիւնը վերջ գտած է երկրագունդի որեւէ մասի մէջ։—Մատթէոս 24։14

24 Այսօր աւելի քան վեց միլիոն Եհովայի Վկաներ գործունեայ են աւելի քան 230 երկիրներու մէջ։ Դիտարան 1 Փետրուար 2005 թիւը պիտի բովանդակէ 2004 ծառայութեան տարուան համաշխարհային տեղեկագրութիւնը։ Այս տեղեկագրութիւնը ցոյց պիտի տայ Եհովայի ճոխ օրհնութիւնը քարոզչութեան վրայ։ Իրերու այս դրութեան մնացած ժամանակին ընթացքին, շարունակե՛նք Պօղոսի խօսքերուն անսալ. «Խօսքը քարոզէ՛, մտադրութեամբ գործիդ պարապէ՛»։ (Բ. Տիմոթէոս 4։2) Շարունակե՛նք ամբողջական վկայութիւն տալ մինչեւ որ Եհովա ըսէ թէ գործը ամբողջացաւ։

Այս տարուընէ սկսեալ, Եհովայի Վկաներու Ծառայութեան Տարուան Համաշխարհային Տեղեկագրութիւնը լոյս պիտի չտեսնէ Դիտարան 1 Յունուար թիւին մէջ։ Անիկա պիտի հրատարակուի 1 Փետրուար թիւին մէջ։

Կրնա՞ս պատասխանել

• Իր աշակերտներուն տուած Յիսուսի մարզումէն ի՞նչպէս կրնանք օգտուիլ։

• Իր քարոզած մարդոց հանդէպ Յիսուս ի՞նչ տեսակէտ ունէր։

• Ի՞նչ բան մեզ կը մղէ ամբողջական վկայութիւն տալու։

• Ի՞նչ կերպերով կրնանք Յիսուսի նման Աստուծոյ կամքը կատարելու վրայ կեդրոնանալ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 29]

Մեր ծառայութեան մէջ ազդու պիտի ըլլանք, եթէ մարդոց հանդէպ ցուցաբերենք այն հոգածութիւնը որ Յիսուս ունէր

[Նկար՝ էջ 30]

Յիսուս երկիր եկաւ գլխաւորաբար ճշմարտութեան վկայելու

[Նկարներ՝ էջ 31]

Եհովայի Վկաները կը կեդրոնանան ամբողջական վկայութիւն տալու վրայ