Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Տեղի մի՛ տար Բանսարկուին

Տեղի մի՛ տար Բանսարկուին

Տեղի մի՛ տար Բանսարկուին

«Բնաւ առիթ մի՛ տաք Սատանային»։—ԵՓԵՍԱՑԻՍ 4։27, Անթիլիաս

1. Շատեր ինչո՞ւ Բանսարկուին գոյութիւնը հարցականի տակ դրած են։

ԴԱՐԵՐ շարունակ, շատեր խորհած են թէ Բանսարկուն կոտոշաւոր, կճղակաւոր ու կարմրազգեստ արարած մըն է, որ երեքժանի կը գործածէ՝ չար մարդիկը հրային դժոխքի մէջ նետելու։ Աստուածաշունչը այդ գաղափարին նեցուկ չի կանգնիր։ Սակայն անտարակոյս այսպիսի սխալ ըմբռնումներ պատճառ եղած են որ միլիոնաւորներ Բանսարկուին գոյութիւնը հարցականի տակ դնեն կամ խորհին թէ անիկա միայն չարութեան սկզբունքը կը ներկայացնէ։

2. Բանսարկուին նկատմամբ ի՞նչ են կարգ մը աստուածաշնչական իրողութիւնները։

2 Աստուածաշունչը ականատեսի մը վկայութիւնը կը հայթայթէ եւ կ’ապացուցանէ Բանսարկուն գոյութիւնը։ Յիսուս Քրիստոս զինք տեսաւ հոգեղէն ծիրին մէջ եւ անոր հետ խօսեցաւ երկրի վրայ։ (Յոբայ 1։6. Մատթէոս 4։4-11) Սուրբ Գրութիւնները այս հոգեղէն արարածին բուն անունը չեն յայտներ, բայց զինք Բանսարկու կը կոչեն (այսինքն՝ «Զրպարտիչ»), քանի որ ան Աստուած զրպարտած է։ Ան նաեւ կոչուած է Սատանայ (այսինքն՝ «Հակառակորդ»), քանի որ Եհովայի կը դիմադրէ։ Բանսարկուին կ’ակնարկուի որպէս «առաջուան օձը», ըստ երեւոյթին քանի որ Եւան խաբելու համար օձ մը գործածեց։ (Յայտնութիւն 12։9. Ա. Տիմոթէոս 2։14) Ան նաեւ ճանչցուած է որպէս «չար»ը։—Մատթէոս 6։13 *

3. Ո՞ր հարցումը նկատի պիտի առնենք։

3 Եհովայի ծառաները ըլլալով, ո՛չ մէկ կերպով կ’ուզենք նմանիլ Սատանայի, միակ ճշմարիտ Աստուծոյ գլխաւոր թշնամիին։ Ուստի Պօղոս առաքեալի խրատին պէտք է անսանք. «Բնաւ առիթ մի՛ տաք Սատանային»։ (Եփեսացիս 4։27, Անթիլիաս) Արդ, ի՞նչ են Սատանայի կարգ մը առանձնայատկութիւնները, որոնք պէտք չէ ընդօրինակենք։

Մեծ Զրպարտիչին մի՛ նմանիր

4. «Չար»ը ի՞նչպէս Աստուած զրպարտեց։

4 «Չար»ը արժանի է Բանսարկու կոչուելու, քանի որ զրպարտիչ մըն է։ Զրպարտութիւնը սխալ, չարամիտ ու վարկաբեկիչ խօսքեր է անհատի մը մասին։ Աստուած Ադամի պատուիրեց. «Բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր. քանզի այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս»։ (Ծննդոց 2։17) Եւա ասկէ տեղեակ էր, բայց օձի մը միջոցով, Բանսարկուն անոր ըսաւ. «Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք. քանզի Աստուած գիտէ թէ այն օրը որ անկէ ուտէք, աչքերնիդ պիտի բացուին եւ աստուածներու պէս պիտի ըլլաք՝ բարին ու չարը գիտնալով»։ (Ծննդոց 3։4, 5) Ասիկա Եհովա Աստուծոյ դէմ չարամիտ զրպարտութիւն մըն էր։

5. Դիոտրեփէս իր զրպարտութեան համար ինչո՞ւ հաշիւ պիտի տար։

5 Իսրայելացիներուն պատուէր տրուեցաւ. «Ձեր ժողովուրդին մէջ չարախօսութիւն ընելու մի՛ պտըտիք»։ (Ղեւտացւոց 19։16) Յովհաննէս առաքեալ իր օրերուն ապրող զրպարտիչի մը մասին ըսաւ. «Եկեղեցիին նամակ մը գրած էի. բայց Դիոտրեֆէսը, որ միակ ղեկավարը կ’ուզէ ըլլալ՝ մերժեց մեզմէ ոեւէ հրահանգ ստանալ։ Ատոր համար ալ, երբ որ գամ՝ պիտի յիշեցնեմ իր ըրածները, մեր հասցէին ըրած չարամիտ զրպարտութիւնները»։ (Գ. Յովհաննու 9, 10, Անթիլիաս) Դիոտրեփէս Յովհաննէսը կը զրպարտէր եւ ասոր համար հաշիւ պիտի տար։ Ո՞ր հաւատարիմ Քրիստոնեան պիտի ուզէր Դիոտրեփէսի նման ըլլալ եւ Սատանան՝ մեծ զրպարտիչը ընդօրինակել։

6, 7. Ինչո՞ւ կ’ուզենք ո՛չ մէկը զրպարտել։

6 Զրպարտութիւններ եւ սուտ ամբաստանութիւններ յաճախ կ’ըսուին Եհովայի ծառաներուն դէմ։ «Քահանայապետներն ու դպիրներն ալ կեցեր էին եւ սաստիկ ամբաստանութիւն կ’ընէին [Յիսուսի] վրայ»։ (Ղուկաս 23։10) Անանիա քահանայապետը եւ ուրիշներ Պօղոսի դէմ սուտ ամբաստանութիւններ ըրին։ (Գործք 24։1-8) Եւ Աստուածաշունչը Սատանայի մասին կը խօսի որպէս «մեր եղբայրներուն չարախօսը, ան՝ որ գիշեր–ցերեկ Աստուծոյ դիմաց չարախօսութիւն կ’ընէր անոնց դէմ»։ (Յայտնութիւն 12։10, Անթիլիաս) Սուտ ամբաստանութեան թիրախ դարձած այս եղբայրները, ներկայ վերջին օրերուն մէջ երկրի վրայ գտնուող օծեալ Քրիստոնեաներն են։

7 Ո՛չ մէկ Քրիստոնեայ պիտի ուզէ մէկը զրպարտել կամ չարամտօրէն ամբաստանել։ Բայց ասիկա կրնայ պատահիլ, եթէ մէկու մը դէմ վկայենք առանց բոլոր իրողութիւններէն տեղեակ ըլլալու։ Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ, դիտմամբ սուտ վկայութիւն տուողը կրնար մահուան դատապարտուիլ։ (Ելից 20։16. Բ. Օրինաց 19։15-19) Ասկէ զատ, Եհովայի ատելի եղած բաները կը պարփակեն՝ «ստութիւն խօսող անիրաւ վկայ»։ (Առակաց 6։16-19) Արդ, վստահաբար կ’ուզենք չընդօրինակել գլխաւոր զրպարտիչը եւ չարամտօրէն ամբաստանողը։

Առաջին մարդասպանին ուղիները մերժէ՛

8. Բանսարկուն ի՞նչ կերպով «սկիզբէն մարդասպան էր»։

8 Բանսարկուն մարդասպան է։ «Անիկա սկիզբէն մարդասպան էր», ըսաւ Յիսուս։ (Յովհաննու 8։44) Ադամն ու Եւան Աստուծմէ հեռացնելու իր առաջին արարքէն սկսեալ, Սատանան մարդասպան մը դարձաւ։ Ան մարդկային առաջին զոյգին եւ անոնց զարմին վրայ մահ բերաւ։ (Հռովմայեցիս 5։12) Նկատի առ թէ այս արարքը կրնայ միայն անձի մը վերագրուիլ, եւ ո՛չ թէ չարութեան սկզբունքի մը։

9. Ինչպէս Ա. Յովհաննու 3։15–ը ցոյց կու տայ, ի՞նչ կերպով կրնանք մարդասպան դառնալ։

9 «Սպանութիւն մի՛ ըներ», կ’ըսէ Իսրայէլի տրուած Տասը Պատուիրաններէն մէկը։ (Բ. Օրինաց 5։17) Իր խօսքը Քրիստոնեաներուն ուղղելով, Պետրոս առաքեալ գրեց. «Չըլլայ թէ ձեզմէ մէկը չարչարուի իբրեւ մարդասպան»։ (Ա. Պետրոս 4։15) Ուստի որպէս Եհովայի ծառաներ, մարդասպանութենէ հեռու կը կենանք։ Այսուհանդերձ, Աստուծոյ առջեւ յանցապարտ կ’ըլլանք եթէ Քրիստոնեայ հաւատակից մը ատենք ու ցանկանք անոր մահը տեսնել։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Ամէն ով որ իր եղբայրը կ’ատէ՝ մարդասպան է։ Գիտէք թէ ամէն մարդասպան իր մէջ յաւիտենական կեանք չունի»։ (Ա. Յովհաննու 3։15) Իսրայելացիներուն պատուէր տրուած էր. «Եղբայրդ քու սրտիդ մէջ մի՛ ատեր»։ (Ղեւտացւոց 19։17) Թող փութով լուծենք որեւէ խնդիր որ կը ծագի մեր ու հաւատակիցի մը միջեւ, որպէսզի մարդասպան Սատանան մեր քրիստոնէական միութիւնը չկործանէ։—Ղուկաս 17։3, 4

Գլխաւոր ստախօսին դէմ հաստատուն կայնիր

10, 11. Գլխաւոր ստախօսին՝ Սատանայի դէմ հաստատուն կայնելու համար, ի՞նչ պէտք է ընենք։

10 Բանսարկուն ստախօս է։ Յիսուս ըսաւ. «Երբ սուտ խօսի՝ իր նկարագիրը ցոյց կու տայ, քանի որ ստախօս մըն է եւ սուտին հայրը»։ (Յովհաննու 8։44, Անթիլիաս) Սատանան Եւայի սուտ խօսեցաւ, մինչդեռ Յիսուս աշխարհ եկաւ որ վկայէ ճշմարտութեան համար։ (Յովհաննու 18։37) Որպէս Քրիստոսի հետեւորդներ եթէ կ’ուզենք Բանսարկուին դէմ հաստատուն կայնիլ, չենք կրնար ստախօսութեան ու խաբէութեան դիմել։ ‘Ճշմարտութիւնը պէտք է խօսինք’։ (Զաքարեայ 8։16. Եփեսացիս 4։25) ‘Եհովա՝ ճշմարտութեան Աստուածը’ կ’օրհնէ միայն իր ճշմարտախօ՛ս Վկաները։ Չարերը զինք ներկայացնելու իրաւասութիւն չունին։—Սաղմոս 31։5. 50։16. Եսայեայ 43։10

11 Եթէ սատանայական սուտերէ ձերբազատուելով մեր վայելած հոգեւոր ազատութիւնը կ’արժեւորենք, Քրիստոնէութեան՝ «ճշմարտութեան ճամբուն» պիտի կառչինք։ (Բ. Պետրոս 2։2. Յովհաննու 8։32) Ամբողջ քրիստոնէական ուսուցումը կը կազմէ «աւետարանին ճշմարտութիւնը»։ (Գաղատացիս 2։5, 14) Մեր փրկութիւնը կախեալ է ‘ճշմարտութեան մէջ քալելէն’,– անոր յարելով եւ ‘սուտին հօր’ դէմ հաստատուն կայնելով։—Գ. Յովհաննու 3, 4, 8

Առաջնագոյն հաւատուրացին դիմադրէ՛

12, 13. Հաւատուրացներուն հետ ի՞նչպէս պէտք է վարուինք։

12 Այն հոգեղէն արարածը որ Բանսարկու դարձաւ, ատեն մը ճշմարտութեան մէջ էր։ Բայց ան «ճշմարտութեան մէջ չկեցաւ», ըսաւ Յիսուս, «վասն զի անոր ներսիդին ճշմարտութիւն չկայ»։ (Յովհաննու 8։44) Այս առաջնագոյն հաւատուրացը յարատեւաբար ‘ճշմարտութեան Աստուծոյն’ հակառակած է։ Առաջին դարու Քրիստոնեաներէն ոմանք «Սատանային որոգայթ»ին մէջ ինկան, ակներեւաբար զոհեր դարձան քանի որ մոլորեցան ու ճշմարտութենէն խոտորեցան։ Ուստի Պօղոս իր գործակիցը՝ Տիմոթէոսը յորդորեց որ հեզութեամբ զանոնք խրատէ, որպէսզի հոգեւորապէս բուժուին ու Սատանայի որոգայթէն ազատին։ (Բ. Տիմոթէոս 2։23-26) Անշուշտ նախընտրելի է որ սկիզբէն իսկ ամրօրէն ճշմարտութեան կառչինք եւ հաւատուրացներու գաղափարներուն թակարդին մէջ չիյնանք։

13 Առաջին մարդկային զոյգը հաւատուրաց դարձաւ, քանի որ Բանսարկուին մտիկ ըրին եւ անոր սուտերը չմերժեցին։ Հետեւաբար, հաւատուրացներուն պէ՞տք է մտիկ ընենք, անոնց հրատարակութիւնները կարդանք կամ ցանցակայքերը աչքէ անցընենք։ Եթէ Աստուած եւ ճշմարտութիւնը կը սիրենք, այդպէս պիտի չվարուինք։ Հաւատուրացները մեր տունը պէտք չէ ընդունինք, ո՛չ ալ զանոնք բարեւենք, որպէսզի ‘չհաղորդակցինք անոնց չար գործերուն’։ (Բ. Յովհաննու 9-11) Թող երբեք Բանսարկուի հնարքներուն տեղի չտանք, «ճշմարտութեան ճամբան» լքելով եւ սուտ ուսուցիչներու հետեւելով, որոնք կը ջանան ‘կորստաբեր վարդապետութիւններ սպրդեցնել’ եւ ‘մեզ շահագործել շինծու խօսքերով’։—Բ. Պետրոս 2։1-3, Անթիլիաս

14, 15. Պօղոս ի՞նչ բանէ զգուշացուց Եփեսոսի երէցներն ու իր գործակիցը՝ Տիմոթէոսը։

14 Պօղոս Եփեսոսի Քրիստոնեայ երէցներուն ըսաւ. «Հսկեցէ՛ք ձեր անձերուն եւ ձեր ամբողջ հօտին, որուն տեսուչ կարգեց ձեզ Սուրբ Հոգին։ Հովուեցէ՛ք Տիրոջ եկեղեցին, որ ան իր արիւնով գնեց։ Որովհետեւ գիտեմ, թէ իմ մեկնումէս ետք յափշտակիչ գայլեր պիտի մտնեն ձեր մէջ, որոնք պիտի չխնայեն հօտին։ Ձեր մէջէն եւս պիտի ելլեն մարդիկ, որոնք սխալ բաներ պիտի ուսուցանեն, հաւատացեալները իրենց ետեւէն տանելու համար»։ (Գործք 20։28-30, Անթիլիաս) Ժամանակ մը ետք, այսպիսի հաւատուրացներ մէջտեղ ելան եւ ‘սխալ բաներ ուսուցանեցին’։

15 Շուրջ Հ.Դ. 65–ին, առաքեալը Տիմոթէոսը յորդորեց որ ‘ուղիղ կերպով ուսուցանէ Աստուծոյ ճշմարիտ պատգամը’։ Պօղոս աւելցուց. «Հեռո՛ւ կեցիր հաւատքի ճշմարտութիւնները խեղաթիւրող պարապ վիճաբանութիւններէ, որոնք հետզհետէ մարդիկը Աստուծմէ հեռացնելու կը ծառայեն միայն։ Այդպիսի խօսքերու ձգած թոյնը քաղցկեղի պէս կը կրծէ մարդս։ Այդպիսի խեղաթիւրող վիճասէրներ էին Հիմենէոս եւ Ֆիլետոս, որոնք ճշմարտութենէն շեղեցան եւ շատերու հաւատքը քանդեցին, ըսելով՝ թէ մեռելներու յարութիւնը արդէն տեղի ունեցած է»։ Արդարեւ հաւատուրացութիւնը սկսած էր։ Պօղոս շարունակեց. «Բայց Աստուծոյ դրած հաստատուն հիմը կանգուն կը մնայ»։—Բ. Տիմոթէոս 2։15-19, Անթիլիաս

16. Հակառակ առաջնագոյն հաւատուրացին հնարքներուն, ինչո՞ւ Աստուծոյ ու իր Խօսքին հաւատարիմ մնացած ենք։

16 Սատանան յաճախ հաւատուրացները գործածած է ճշմարիտ պաշտամունքը ապականելու համար,– բայց ի զուր։ Շուրջ 1868–ին, Չարլզ Թէյզ Ռասըլ սկսաւ Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիներուն հինուց ընդունած վարդապետութիւնները բծախնդրաբար քննել, եւ Սուրբ Գրութիւններու սխալ մեկնաբանութիւններ գտաւ։ Ռասըլ եւ ճշմարտութիւն փնտռող քանի մը ուրիշներ, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան խմբակ մը կազմեցին Փիթցպըրկի մէջ, Փէնսիլվանիա (Ա.Մ.Ն.)։ Անկէ ի վեր շուրջ 140 տարի անցած է, եւ Եհովայի ծառաները յառաջդիմած են գիտութեան եւ Աստուծոյ ու իր Խօսքին սիրոյն մէջ։ Հակառակ առաջնագոյն հաւատուրացին հնարքներուն, հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգին հոգեւոր արթնութիւնը օգնած է ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն որ Եհովայի ու իր Խօսքին հաւատարիմ մնան։—Մատթէոս 24։45

Երբեք թոյլ մի՛ տար որ աշխարհի իշխանը հեղինակութիւն ունենայ քու վրադ

17-19. Ո՞ր աշխարհը Բանսարկուին ենթակայ է, եւ ինչո՞ւ պէտք չէ սիրենք զայն։

17 Սատանան կը փորձէ մեզ ծուղակը ձգել այլ կերպով մըն ալ,– մեզ համոզել որ սիրենք այս աշխարհը՝ Աստուծմէ օտարացած ու անիրաւ մարդկային ընկերութիւնը։ Յիսուս Բանսարկուն կոչեց «այս աշխարհի իշխանը» եւ ըսաւ. «Իմ վրաս ո՛չ մէկ իշխանութիւն ունի»։ (Յովհաննու 14։30, Անթիլիաս) Թող երբեք Սատանան մեր վրայ հեղինակութիւն չունենայ։ Անշուշտ կը գիտակցինք թէ «ամբողջ աշխարհը Չարին ենթակայ» է։ (Ա. Յովհաննու 5։19, Անթիլիաս) Ատոր համար Բանսարկուն կրնար Յիսուսի առաջարկել «աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները»՝ պաշտամունքի մէկ արարքի փոխարէն, ինչ որ Աստուծոյ Որդին հաստատօրէն մերժեց։ (Մատթէոս 4։8-10) Սատանայի ղեկավարած աշխարհը Քրիստոսի հետեւորդները կ’ատէ։ (Յովհաննու 15։18-21) Զարմանալի չէ որ Յովհաննէս առաքեալ մեզ զգուշացուց աշխարհը սիրելէ։

18 Յովհաննէս գրեց. «Մի՛ սիրէք աշխարհը, ոչ ալ աշխարհին յատուկ ոեւէ բան։ Ով որ աշխարհը կը սիրէ՝ Հօր Աստուծոյ հանդէպ սէր չունի իր մէջ։ Որովհետեւ աշխարհին յատուկ բաներն են՝ մարմինի ցանկութիւնը, աչքին տեսածը ունենալու ցանկութիւնը եւ երկրաւոր ինչքերով հպարտանալը, որոնք Հօրմէն չեն գար, այլ՝ այս աշխարհէն։ Գիտցէ՛ք սակայն, աշխարհն ալ կ’անցնի, աշխարհային ցանկութիւններն ալ. բայց Աստուծոյ կամքը կատարողը ինք՝ յաւիտեան կը մնայ»։ (Ա. Յովհաննու 2։15-17, Անթիլիաս) Աշխարհը պէտք չէ սիրենք, քանի որ անոր ապրելակերպը մեղաւոր մարմնին կոչ կ’ընէ եւ Եհովա Աստուծոյ չափանիշներուն բոլորովին հակառակ է։

19 Իսկ եթէ մեր սիրտին մէջ այս աշխարհի սէրը կայ, թող աղօթքով Աստուծոյ օգնութիւնը խնդրենք, որ նուաճենք այս սէրն ու յարակից մարմնաւոր ցանկութիւնները։ (Գաղատացիս 5։16-21) Վստահաբար պիտի ջանանք մենք մեզ «անարատ պահել աշխարհէն», եթէ ի մտի ունենանք որ «չար ոգիներ»ը անիրաւ մարդկային ընկերութեան անտեսանելի «իշխաններ»ն են։—Յակոբու 1։27. Եփեսացիս 6։11, 12. Բ. Կորնթացիս 4։4

20. Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ ‘աշխարհին չենք պատկանիր’։

20 Իր աշակերտներուն վերաբերեալ Յիսուս ըսաւ. «Ինչպէս որ ես այս աշխարհին չեմ պատկանիր, այնպէս ալ իրենք այս աշխարհին չեն պատկանիր»։ (Յովհաննու 17։16, Անթիլիաս) Օծեալ Քրիստոնեաները եւ նուիրեալ ընկերակիցները կը ջանան բարոյապէս ու հոգեւորապէս մաքուր եւ այս աշխարհէն անջատ մնալ։ (Յովհաննու 15։19. 17։14. Յակոբու 4։4) Այս անարդար աշխարհը մեզ կ’ատէ, քանի որ անոր մէկ մասը չենք կազմեր եւ «արդարութեան քարոզիչ»ներ ենք։ (Բ. Պետրոս 2։5) Ճիշդ է որ կ’ապրինք մարդկային ընկերութեան մը մէջ, որ կը պարփակէ պոռնիկներ, շնացողներ, յափշտակողներ, կռապաշտներ, գողեր, ստախօսներ ու գինովներ։ (Ա. Կորնթացիս 5։9-11. 6։9-11. Յայտնութիւն 21։8) Բայց «աշխարհի հոգին» չենք շնչեր, քանի որ այս մեղաւոր դրդիչ ուժով չենք առաջնորդուիր։—Ա. Կորնթացիս 2։12

Տեղի մի՛ տար Բանսարկուին

21, 22. Եփեսացիս 4։26, 27–ի մէջ արձանագրուած Պօղոսի խրատը ի՞նչպէս կրնաս կիրարկել։

21 Փոխանակ «աշխարհի հոգի»ով խթանուելու, մենք Աստուծոյ հոգիով կ’առաջնորդուինք, որ մեր մէջ յառաջ կը բերէ սիրոյ եւ ժուժկալութեան նման յատկութիւններ։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Ասոնք մեզի կ’օգնեն որ մեր հաւատքին դէմ Բանսարկուին կատարած յարձակումներուն դիմադրենք։ Ան կ’ուզէ որ ‘բորբոքինք՝ որպէսզի չարիք գործենք’, բայց Աստուծոյ հոգին մեզի կ’օգնէ որ ‘բարկութիւնը ձգենք ու ցասումը լքենք’։ (Սաղմոս 37։8, ԱՎ) Երբեմն կրնանք իրաւացիօրէն բարկանալ, բայց Պօղոս մեզ կը խրատէ. «Նոյնիսկ երբ բարկանաք՝ չըլլայ որ մեղանչէք. եւ բարկացած չմնաք մինչեւ իրիկուն։ Բնաւ առիթ մի՛ տաք Սատանային»։—Եփեսացիս 4։26, 27, Անթիլիաս

22 Մեր բարկութիւնը կրնայ մեղքի առաջնորդել եթէ զայրացած վիճակի մէջ մնանք։ Բանսարկուն կրնայ այս մտավիճակը շահագործել, որպէսզի ժողովքին մէջ անմիաբանութիւն յառաջացնէ կամ մեզ մղէ չար արարքներ գործելու։ Ուստի աստուածահաճոյ կերպով արագօրէն պէտք է լուծենք թիւրիմացութիւնները։ (Ղեւտացւոց 19։17, 18. Մատթէոս 5։23, 24. 18։15, 16) Արդ, թող Աստուծոյ հոգիով առաջնորդուինք, ժուժկալութիւն ի գործ դնելով եւ երբեք թոյլ չտալով որ նոյնիսկ իրաւացի բարկութիւնը յառաջ բերէ դառնութիւն, չարամտութիւն եւ ատելութիւն։

23. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

23 Քննարկեցինք Բանսարկուին կարգ մը առանձնայատկութիւնները, որոնք պէտք չէ ընդօրինակենք։ Բայց ընթերցողներէն ոմանք կրնան հարց տալ. Սատանայէն պէ՞տք է վախնանք։ Ան ինչո՞ւ Քրիստոնեաներուն դէմ հալածանք կը հրահրէ։ Եւ ի՞նչ կրնանք ընել որ Բանսարկուն մեզ չկեղեքէ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 2 Տես՝ «Բանսարկուն քեզի համար իրակա՞ն է», Դիտարան 1 Դեկտեմբեր 2005, էջ 3-5։

Ի՞նչ է պատասխանդ

• Ինչո՞ւ երբեք մէկը պէտք չէ զրպարտենք։

Ա. Յովհաննու 3։15–ի համաձայն, ի՞նչպէս կրնանք մարդասպան ըլլալէ խուսափիլ։

• Հաւատուրացները ի՞նչպէս պէտք է նկատենք եւ ինչո՞ւ։

• Ինչո՞ւ աշխարհը պէտք չէ սիրենք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 8]

Յովհաննէս ինչո՞ւ մեզ յորդորեց որ աշխարհը չսիրենք