Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դիմադրէ՛ Սատանային՝ եւ ան պիտի փախչի

Դիմադրէ՛ Սատանային՝ եւ ան պիտի փախչի

Դիմադրէ՛ Սատանային՝ եւ ան պիտի փախչի

«Հնազանդեցէ՛ք Աստուծոյ։ Սատանային հակառա՛կ կեցէք եւ անիկա ձեզմէ պիտի փախչի»։—ՅԱԿՈԲՈՒ 4։7

1, 2. (ա) Եսայեայ 14–րդ գլուխին մէջ արձանագրուած յայտարարութեան մը մէջ, Բանսարկուին ո՞ր առանձնայատկութիւնը կ’արտացոլացուի։ (բ) Ի՞նչ հարցումներ պիտի քննարկենք։

ԲԱՆՍԱՐԿՈՒՆ յոխորտանքի մարմնացումն է։ Աստուծոյ մարգարէին՝ Եսայիի արձանագրած խօսքերը կ’արտացոլացնեն անոր հպարտութիւնը։ Բաբելոնիան աշխարհակալ ոյժ ըլլալէն աւելի քան դար մը առաջ, Եհովայի ժողովուրդին բերանով հետեւեալը ըսուեցաւ «Բաբելոնի թագաւորին» դէմ. «Դուն սրտիդ մէջ ըսած էիր. ‘Երկինք պիտի ելլեմ ու իմ աթոռս Աստուծոյ աստղերէն [Դաւիթի արքայական զարմէն եղող թագաւորներէն] վեր պիտի բարձրացնեմ եւ . . . Բարձրելոյն պիտի նմանիմ’»։ (Եսայեայ 14։3, 4, 12-15. Թուոց 24։17) «Բաբելոնի թագաւորին» հպարտութիւնը նման էր ‘այս աշխարհի աստուծոյն’՝ Սատանայի ցուցաբերած կեցուածքին։ (Բ. Կորնթացիս 4։4) Բայց Սատանայի յոխորտանքը աղէտով վերջ պիտի գտնէ, ինչպէս բաբելոնական հարստութիւնը ամօթալի վախճան մը ունեցաւ։

2 Սակայն այնքան ատեն որ Բանսարկուն գոյութիւն ունի, հետեւեալ հարցումները կրնան մեզ հետաքրքրել. Սատանայէն պէ՞տք է վախնանք։ Ան ինչո՞ւ Քրիստոնեաներուն դէմ հալածանք կը հրահրէ։ Ի՞նչ կրնանք ընել որ ան մեզ չկեղեքէ։

Բանսարկուէն պէ՞տք է վախնանք

3, 4. Օծեալ Քրիստոնեաները եւ անոնց ընկերակիցները ինչո՞ւ Բանսարկուէն չեն վախնար։

3 Յիսուս Քրիստոսի սա խօսքերը շատ քաջալերական են օծեալ Քրիստոնեաներուն համար. «Բնաւ մի՛ վախնար այն բաներէն որոնք պիտի կրես. ահա Բանսարկուն ձեզմէ մէկ քանիները բանտը պիտի ձգէ, որպէս զի փորձուիք եւ տասը օր նեղութիւն պիտի ունենաք։ Մինչեւ մահ հաւատարիմ եղէ՛ք ու ձեզի կենաց պսակը պիտի տամ»։ (Յայտնութիւն 2։10) Օծեալները եւ երկրային յոյս ունեցող ընկերակիցները Բանսարկուէն չեն վախնար։ Այս անվախութեան աղբիւրը բնածին քաջութիւնը չէ, այլ՝ անոնց յարգալից վախը Աստուծոյ հանդէպ եւ ‘անոր թեւերուն հովանաւորութեան ապաւինիլը’։—Սաղմոս 34։9. 36։7

4 Յիսուս Քրիստոսի նախկին քաջասիրտ աշակերտները մինչեւ մահ հաւատարիմ մնացին, հակառակ իրենց քաշած տառապանքներուն։ Անոնք չվախցան այն բաներէն որ Բանսարկուն կրնար ընել, քանի որ գիտէին թէ Եհովա երբեք չի լքեր իրեն հաւատարիմ եղողները։ Նմանապէս, այժմու դառն հալածանքին դիմաց, օծեալ Քրիստոնեաները եւ նուիրեալ ընկերակիցները վճռած են Աստուծոյ հանդէպ իրենց ուղղամտութիւնը չբեկանել։ Սակայն Պօղոս առաքեալ նշեց թէ Բանսարկուն կրնայ մահ պատճառել։ Ասիկա մեզ պէտք չէ՞ վախցնէ։

5. Եբրայեցիս 2։14, 15–էն ի՞նչ կը սորվինք։

5 Պօղոս ըսաւ թէ Յիսուս ‘մարդ եղաւ՝ մարմինով ու արիւնով’, «որպէսզի իր մահով ոչնչացնէ Սատանան, որ մահուան իշխանութիւնը ունէր, եւ ազատագրէ անոնք՝ որոնք իրենց ամբողջ կեանքը մահուան վախովը կ’անցընէին, ստրուկներու պէս»։ (Եբրայեցիս 2։14, 15, Անթիլիաս) ‘Մահուան իշխանութիւնը ունենալով’, Սատանան նախ գործածեց Յուդա Իսկարիովտացին, ապա Հրեայ առաջնորդներն ու Հռովմէացիները, որպէսզի Յիսուսը սպաննէ։ (Ղուկաս 22։3. Յովհաննու 13։26, 27) Սակայն իր զոհաբերական մահով, Յիսուս մեղաւոր մարդկութիւնը կ’ազատէ Սատանայի ճիրաններէն եւ կարելի կը դարձնէ որ յաւիտենական կեանք ունենանք։—Յովհաննու 3։16

6, 7. Սատանան ո՞ր տարողութեամբ մահ պատճառելու միջոցներ ունի։

6 Բանսարկուն ո՞ր տարողութեամբ մահ պատճառելու միջոցներ ունի։ Անոր չարութեան սկիզբէն իսկ, իր սուտերն ու մոլորութիւնները մարդոց մահուան պատճառ եղած են, քանի որ Ադամ մեղանչելով փոխանցեց մեղքն ու մահը մարդկային ընտանիքին։ (Հռովմայեցիս 5։12) Ասկէ զատ, Սատանայի երկրային ծառաները Եհովայի երկրպագուները հալածած են, երբեմն նոյնիսկ զանոնք սպաննած են, ինչպէս որ ըրին Յիսուս Քրիստոսի պարագային։

7 Բայց պէտք չէ խորհինք թէ Բանսարկուն կրնայ ոեւէ անհատ սպաննել։ Աստուած իրեն պատկանողները կը պաշտպանէ եւ երբեք Սատանայի թոյլ պիտի չտայ որ երկրային բոլոր ճշմարիտ երկրպագուները բնաջնջէ։ (Հռովմայեցիս 14։8) Ճիշդ է որ Եհովա թոյլ կու տայ որ իր ամբողջ ժողովուրդին վրայ հալածանք գայ եւ Բանսարկուին յարձակումներուն պատճառով մեզմէ ոմանք մահանան։ Սակայն Սուրբ Գրութիւնները յարութեան սքանչելի յոյսը կը ներկայացնեն անոնց՝ որոնք Աստուծոյ «յիշատակի գիրք»ին մէջ են,– իսկ Բանսարկուն բացարձակապէս բան մը չի կրնար ընել յարութեան արգելք հանդիսանալու համար։—Մաղաքեայ 3։16. Յովհաննու 5։28, 29. Գործք 24։15

Սատանան ինչո՞ւ կը հալածէ մեզ

8. Բանսարկուն Աստուծոյ ծառաները ինչո՞ւ կը հալածէ։

8 Եթէ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներն ենք, ուրեմն հիմնական պատճառով մը Բանսարկուն կը հալածէ մեզ,– կ’ուզէ որ մեր հաւատքին մէջ զիջումներ ընենք։ Ան կը ցանկայ կործանել այն թանկագին յարաբերութիւնը որ կը վայելենք մեր երկնաւոր Հօր հետ։ Ասիկա մեզ չի զարմացներ։ Եդեմի մէջ Եհովա նախագուշակեց թէ թշնամութիւն պիտի ըլլար իր այլաբանական «կնոջ» ու «օձին» միջեւ, եւ անոնց սերունդներուն միջեւ։ (Ծննդոց 3։14, 15) Սուրբ Գրութիւնները Բանսարկուն կը բնորոշեն որպէս «այն առաջուան օձը» եւ կը յայտնեն թէ անոր ժամանակը այժմ կարճ է եւ սաստիկ զայրոյթ ունի։ (Յայտնութիւն 12։9, 12) Մինչ երկու ‘սերունդներուն’ միջեւ թշնամութիւնը կը շարունակուի, հաւատարմօրէն Եհովայի ծառայողները կրնան հալածանք ակնկալել։ (Բ. Տիմոթէոս 3։12) Այս սատանայական հալածանքին հիմնական պատճառը կ’ըմբռնե՞ս։

9, 10. Բանսարկուն ո՞ր հարցը յարուց, եւ մարդոց վարքը ի՞նչպէս անոր հետ կապ ունի։

9 Բանսարկուն տիեզերական գերիշխանութեան հարցը յարուցած է, ինչպէս նաեւ Ստեղծիչին հանդէպ մարդոց ուղղամտութիւնը հարցականի տակ դրած է։ Ան արդար Յոբին վրայ հալածանք բերաւ, որպէսզի Եհովայի հանդէպ անոր ուղղամտութիւնը բեկանէ։ Այդ ժամանակ Յոբի կինը եւ իր երեք «ձանձրացնող մխիթարիչներ»ը Բանսարկուին նպատակին ծառայեցին։ Ինչպէս Յոբայ գիրքը ցոյց կու տայ, Բանսարկուն Աստուծոյ ասպարէզ կարդաց, դաւանելով թէ իր բերած փորձութիւններուն ներքեւ ո՛չ մէկ մարդ Իրեն հաւատարիմ կը մնայ։ Բայց Յոբ իր ուղղամտութիւնը պահեց ու Սատանային ստախօս ըլլալը ապացուցանեց։ (Յոբայ 1։8–2։9. 16։2. 27։5. 31։6) Այսօր Բանսարկուն Եհովայի Վկաները կը հալածէ, ջանալով անոնց ուղղամտութիւնը բեկանել ու իր մարտահրաւէրին շիտակ ըլլալը փաստել։

10 Այս իրողութեան գիտակցիլը կ’օգնէ որ քաջասիրտ ու զօրաւոր ըլլանք։ (Բ. Օրինաց 31։6) Մեր Աստուածը Տիեզերքի Գերիշխանն է եւ մեզի պիտի օգնէ մեր ուղղամտութիւնը պահելու։ Թող միշտ ջանանք Եհովայի սիրտը ուրախացնել՝ ուղղամտութիւն պահողներ ըլլալով, որպէսզի կարենայ մեծ անարգողին՝ Բանսարկուին պատասխան մը տալ։—Առակաց 27։11

«Չարէն մեզ ազատէ»

11. «Մեզ փորձութեան մի տանիր» խնդրանքը ի՞նչ կը նշանակէ։

11 Ուղղամտութիւն պահելը դիւրին չէ,– ջերմեռանդ աղօթք կը պահանջէ։ Տիպար աղօթքին խօսքերը յատկապէս օգտալից են։ Մասամբ Յիսուս ըսաւ. «Մեզ փորձութեան մի տանիր, հապա չարէն մեզ ազատէ»։ (Մատթէոս 6։13) Եհովա մեզ չի փորձեր որ մեղանչենք։ (Յակոբու 1։13) Կարգ մը պարագաներուն, երբ Սուրբ Գրութիւնները կ’ըսեն թէ ան որոշ բաներ ըրած է կամ պատճառած է, ըսել կ’ուզեն թէ զանոնք թոյլատրած է։ (Հռութայ 1։20, 21) Ուստի Յիսուսի խօսքը կը նշանակէ որ Եհովայի օգնութիւնը խնդրենք՝ փորձութեան տեղի չտալու համար, իսկ Ինք արդէն մեզ չի լքեր, ինչպէս Աստուածաշունչը կը հաւաստիացնէ մեզ. «Վստահեցէ՛ք Աստուծոյ. անիկա թոյլ պիտի չտայ որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք, այլ՝ փորձութեան մէջ իսկ ցոյց պիտի տայ զայն յաղթահարելու միջոցը, որպէսզի կարենաք տոկալ»։—Ա. Կորնթացիս 10։13, Անթիլիաս

12. Ինչո՞ւ կ’աղօթենք. «Չարէն մեզ ազատէ»։

12 Տիպար աղօթքին մէջ փորձութիւնը նշելէ ետք, Յիսուս պատշաճօրէն ըսաւ. «Չարէն մեզ ազատէ»։ Աստուածաշունչի կարգ մը թարգմանութիւններ կ’ըսեն. «Չարիքէն մեզ պաշտպանէ»։ Սակայն Սուրբ Գրութիւններուն մէջ, «ազատել» բայը գլխաւորաբար գործածուած է մարդոց առնչութեամբ, եւ Մատթէոսի Աւետարանը ցոյց կու տայ թէ «Փորձողը» Սատանան է։ (Մատթէոս 4։3, 11) Արդ, կարեւոր է որ աղօթքով խնդրենք ազատուիլ «չարէն»՝ Բանսարկուէն։ Ան կը ջանայ մղել մեզ Աստուծոյ դէմ մեղանչելու։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 3։5) «Չարէն մեզ ազատէ» խնդրելով, կը փնտռենք մեր երկնաւոր Հօր առաջնորդութիւնն ու աջակցութիւնը, որպէսզի Բանսարկուն մեզ չկեղեքէ։

Բանսարկուն թող քեզ չկեղեքէ

13, 14. Կորնթոսի ժողովքը յանցագործ անհատին հետ ի՞նչպէս պէտք էր վարուէր եւ ինչո՞ւ։

13 Երբ Պօղոս Կորնթոսի Քրիստոնեաները յորդորեց որ ներող ըլլան, ան գրեց. «Անո՛ր՝ որուն դուք որեւէ բան ներէք, ե՛ս ալ կը ներեմ. որովհետեւ եթէ որեւէ բան ներած եմ, ձե՛ր պատճառով անոր ներած եմ՝ Քրիստոսի անձով. որպէսզի Սատանան մեզ չկեղեքէ, քանի որ չենք անգիտանար անոր դիտաւորութիւնները»։ (Բ. Կորնթացիս 2։10, 11, ԱՎ) Բանսարկուն զանազան կերպերով կրնայ մեզ կեղեքել, բայց Պօղոս ինչո՞ւ վերոնշեալ խօսքը ըսաւ։

14 Պօղոս Կորնթացիները յանդիմանած էր, քանի որ թոյլ տուած էին անբարոյ մարդու մը որ ժողովքին մէջ մնար։ Սատանան վստահաբար ուրախացաւ ժողովքին վրայ եկած նախատինքով, որ կը հանդուրժէր ‘այնպիսի պոռնկութեան՝ որ հեթանոսներուն մէջ իսկ չկար’։ Ի վերջոյ, յանցագործը վտարուեցաւ։ (Ա. Կորնթացիս 5։1-5, 11-13) Այս մարդը հետագային զղջաց։ Եթէ Կորնթացիները մերժէին անոր ներել եւ վերահաստատել, Սատանային նման անգութ ու անողոք պիտի ըլլային։ Եթէ զղջացող մարդը ‘չափազանց տրտմութենէն ընկղմէր’ եւ բոլորովին ձեռնթափ ըլլար, յատկապէս երէցները որոշ պատասխանատուութիւն պիտի կրէին գթառատ Աստուծոյ՝ Եհովայի առջեւ։ (Բ. Կորնթացիս 2։7. Յակոբու 2։13. 3։1) Անշուշտ ո՛չ մէկ ճշմարիտ Քրիստոնեայ պիտի ուզէ Սատանան ընդօրինակել, անգութ, բիրտ ու անողորմ ըլլալով։

Աստուծոյ զրահով պաշտպանուիլ

15. Ի՞նչ պատերազմ կը մղենք, իսկ յաղթանակը ի՞նչ բանէ կախեալ է։

15 Բանսարկուէն ազատուելու համար, չար ոգիներուն դէմ հոգեւոր պատերազմ պէտք է մղենք։ Այս հզօր թշնամիներուն վրայ յաղթանակ տանիլը կը պահանջէ որ մեր վրայ առնենք «Աստուծոյ սպառազինութիւնը», որ կը պարփակէ «արդարութեան զրահը»։ (Եփեսացիս 6։11-18) Վաղեմի Իսրայէլի Սաւուղ թագաւորը Աստուծոյ անհնազանդ գտնուեցաւ եւ սուրբ հոգին կորսնցուց։ (Ա. Թագաւորաց 15։22, 23) Բայց արդարութիւն ի գործ դնելով եւ հոգեւոր լման սպառազինութիւնը հագնելով, Աստուծոյ սուրբ հոգին պիտի ունենանք եւ Սատանայէ ու դեւերէ պիտի պաշտպանուինք։—Առակաց 18։10

16. Հոգեղէն չար ուժերէն ի՞նչպէս կրնանք յարատեւաբար պաշտպանուիլ։

16 Հոգեղէն չար ուժերէն յարատեւաբար պաշտպանուելու համար, ի միջի այլոց, Աստուծոյ Խօսքը կանոնաւորաբար պէտք է կարդանք եւ ուսումնասիրենք, ‘հաւատարիմ տնտեսին’ հայթայթած հրատարակութիւնները օգտագործելով։ (Ղուկաս 12։42) Այսպէս մեր միտքը հոգեւոր առողջ բաներով կը լեցնենք, ինչպէս Պօղոս յորդորեց. «Եղբայրնե՛ր, ինչ որ ճշմարիտ է, ինչ որ՝ պատկառելի, ինչ որ՝ արդար, ինչ որ՝ անկեղծ, ինչ որ՝ սիրալիր, ինչ որ՝ բարի համբաւով, ինչ որ առաքինութեամբ եւ ինչ որ գովելի է, ատո՛նց մասին մտածեցէք»։—Փիլիպպեցիս 4։8, ԱՎ

17. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ բարի լուրը ազդուօրէն ծանուցանենք։

17 Եհովա մեզ կարող կը դարձնէ որ ‘խաղաղութեան Աւետարանը քարոզելու պատրաստակամութիւնը հագնինք կօշիկի պէս’։ (Եփեսացիս 6։15, Անթիլիաս) Քրիստոնէական ժողովներուն կանոնաւորաբար մասնակցիլը մեզ կը զինէ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը յայտարարելու։ Մեզի համար ի՜նչ հրճուանք է ուրիշներու օգնել որ Աստուծոյ ճշմարտութիւնը սորվին ու հոգեւոր ազատութիւնը վայելեն։ (Յովհաննու 8։32) Սուտ ուսուցումներէն պաշտպանուելու եւ «ամրոցներ քակելու» համար կենսական է «Հոգիին սուրը՝ որ Աստուծոյ խօսքն է»։ (Եփեսացիս 6։17. Բ. Կորնթացիս 10։4, 5) Աստուծոյ գրաւոր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին ճարտար գործածութիւնը մեզի կ’օգնէ ճշմարտութիւնը ուսուցանելու եւ Բանսարկուին հնարքներուն տեղի չտալու։

18. Ի՞նչպէս կրնանք «դիմադրել Չարախօսին հնարքներուն»։

18 Պօղոս մեր հոգեւոր զրահին մասին իր քննարկումը սկսաւ, հետեւեալը ըսելով. «Զօրացէ՛ք Տէրոջմով եւ անոր հզօր կարողութեամբ։ Հագէ՛ք Աստուծոյ ամբողջ զրահը, որպէսզի կարենաք դիմադրել Չարախօսին հնարքներուն»։ (Եփեսացիս 6։10, 11, ԱՎ) «Դիմադրել» թարգմանուած Յունարէն բառը կը նշէ զինուոր մը՝ որ իր տեղը հաստատուն կայնած է։ Մենք հոգեւոր պատերազմին մէջ անսասան կը մնանք, թէեւ Սատանան զանազան հնարքներ կը գործածէ՝ որպէսզի մեր միութիւնը քայքայէ, մեր ուսուցումները աղաւաղէ կամ Աստուծոյ հանդէպ մեր ուղղամտութիւնը բեկանէ։ Բայց ցարդ Բանսարկուին յարձակումները չեն յաջողած,– եւ երբեք պիտի չյաջողին։ *

Դիմադրէ՛ Ստանային՝ եւ ան պիտի փախչի

19. Բանսարկուին յարձակումներուն դիմադրելու կերպերէն մէկը ի՞նչ է։

19 Բանսարկուին եւ իր առաջնորդութեան ներքեւ եղող չար ոգիներուն դէմ մեր մղած հոգեւոր պատերազմին մէջ կրնանք յաջողիլ։ Սատանայէն սոսկալու հարկ չկայ, քանի որ Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Հնազանդեցէ՛ք Աստուծոյ։ Սատանային հակառա՛կ կեցէք եւ անիկա ձեզմէ պիտի փախչի»։ (Յակոբու 4։7) Սատանայի ու իրեն հետ համագործակցող դեւերուն յարձակումներուն դիմադրելու կերպերէն մէկն է՝ որեւէ կապ չունենալ խորհրդապաշտութեան կամ կախարդութեան եւ անոնցմով զբաղողներուն հետ։ Սուրբ Գրութիւնները յստակօրէն ցոյց կու տան թէ Եհովայի ծառաները պէտք է մերժեն գուշակութեան նշանները, աստղաբաշխութիւնը, հմայութիւնն ու ոգեհարցութիւնը։ Եթէ հոգեւորապէս գործունեայ ու զօրաւոր ենք, պէտք չէ վախնանք՝ խորհելով որ մէկը կրնայ մեզի դէմ հմայութիւն ընել։—Թուոց 23։23. Բ. Օրինաց 18։10-12. Եսայեայ 47։12-15. Գործք 19։18-20

20. Ի՞նչպէս կրնանք Բանսարկուին դիմադրել։

20 ‘Բանսարկուին հակառակ կը կենանք’՝ Աստուածաշունչի չափանիշներուն ու ճշմարտութիւններուն կառչելով եւ անոր դէմ հաստատուն կայնելով։ Աշխարհը Սատանայի հետ ներդաշնակութեամբ կ’ընթանայ, քանի որ իր աստուածն է։ (Բ. Կորնթացիս 4։4) Ուստի կը մերժենք աշխարհի առանձնայատկութիւնները, ինչպէս՝ հպարտութիւն, անձնասիրութիւն, անբարոյութիւն, բռնութիւն եւ նիւթապաշտութիւն։ Գիտենք թէ անապատին մէջ փորձութեան ընթացքին, երբ Յիսուս Սուրբ Գրութիւնները գործածելով Բանսարկուին յարձակումին դիմադրեց, ան ձգեց զինք ու հեռացաւ։ (Մատթէոս 4։4, 7, 10, 11) Նմանապէս, պարտութիւն կրած՝ Սատանան ‘մեզմէ պիտի փախչի’, եթէ լիովին Եհովայի ենթարկուինք եւ ջերմեռանդ աղօթքով Իրեն ապաւինինք։ (Եփեսացիս 6։18) Եհովա Աստուծոյ ու իր սիրելի Որդիին աջակցութիւնը վայելելով, ո՛չ ոք կրնայ մեզի մնայուն վնաս հասցնել,– ո՛չ իսկ Բանսարկուն։—Սաղմոս 91։9-11

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 18 Աստուծոյ հոգեւոր սպառազինութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, տես՝ Դիտարան 15 Մայիս 1992, էջ 21-23 (Անգլերէն)։

Ի՞նչ է պատասխանդ

• Բանսարկուէն պէ՞տք է վախնանք։

• Սատանան ինչո՞ւ Քրիստոնեաները կը հալածէ։

• Ինչո՞ւ կ’աղօթենք որ «չարէն» ազատուինք։

• Ի՞նչպէս կրնանք յաջողապէս հոգեւոր պատերազմ մղել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 11]

Բանսարկուն չի կրնար Եհովայի յիշողութեան մէջ եղողներուն յարութեան արգելք հանդիսանալ

[Նկար՝ էջ 12]

«Չարէն» ազատուելու համար կ’աղօթե՞ս

[Նկար՝ էջ 13]

«Աստուծոյ ամբողջ զրահը» հագա՞ծ ես