Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Առողջ եւ թարմացուցիչ զբօսանք

Առողջ եւ թարմացուցիչ զբօսանք

Առողջ եւ թարմացուցիչ զբօսանք

«Թէ՛ ուտէք, թէ՛ խմէք եւ թէ ի՛նչ գործ որ ընէք, ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ըրէք»։—Ա. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 10։31

1, 2. Հաճոյալի գործունէութիւնները ինչո՞ւ կրնան «Աստուծոյ պարգեւ»ը նկատուիլ, եւ Աստուածաշունչը ի՞նչ յստակ ազդարարութիւն կու տայ։

ԲՆԱԿԱՆ է որ փափաքինք մեզի հաճոյք պատճառող գործունէութիւններ ընել։ Մեր երջանիկ Աստուածը՝ Եհովա, ճոխ հայթայթումներ ըրած է, որպէսզի կեանքը վայելենք։ (Ա. Տիմոթէոս 1։11. 6։17) Իմաստուն Սողոմոն թագաւոր գրեց. «Այս գիտեմ, որ ուրախ ըլլալէ . . . զատ, ուրիշ աղէկ բան չկայ . . . ։ Նաեւ ամէն մարդու ուտելն ու խմելը եւ իր բոլոր աշխատութենէն բարիք վայլելը Աստուծոյ պարգեւն է»։—Ժողովողի 3։12, 13

2 Արդարեւ անհատը կը թարմանայ՝ խոկալով իր ըրած բարիքներուն վրայ, մանաւանդ ընտանիքին կամ բարեկամներուն հաճելի ընկերակցութեամբ։ Այս ուրախութիւնը կրնայ պատշաճօրէն «Աստուծոյ պարգեւ»ը նկատուիլ։ Անշուշտ Ստեղծիչին առատ հայթայթումները չեն նշանակեր թէ կրնանք սանձարձակ զուարճութեան անձնատուր ըլլալ։ Աստուածաշունչը կը դատապարտէ գինովութիւնը, որկրամոլութիւնը եւ անբարոյութիւնը, ազդարարելով թէ զանոնք սովորութիւն դարձնողները ‘Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի չժառանգեն’։—Ա. Կորնթացիս 6։9, 10. Առակաց 23։20, 21. Ա. Պետրոս 4։1-4

3. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ հոգեւորապէս արթուն մնանք ու Եհովայի մեծ օրը մեր միտքին մէջ պահենք։

3 Որեւէ ժամանակէ աւելի, այս շատ վտանգաւոր վերջին օրերուն Քրիստոնեաները լուրջ մարտահրաւէր կը դիմագրաւեն,– ապականած աշխարհին մէջ խոհեմութեամբ ապրիլ, առանց անոր սովորութիւնները որդեգրելու։ (Յովհաննու 17։15, 16) Ինչպէս նախագուշակուած էր, ներկայ սերունդը «աւելի հեշտասէր [է] քան թէ աստուածասէր», եւ ուշադրութիւն չ’ընծայեր այն ապացոյցներուն թէ «մեծ նեղութիւն»ը մօտալուտ է։ (Բ. Տիմոթէոս 3։4, 5. Մատթէոս 24։21, 37-39) Յիսուս իր հետեւորդները ազդարարեց. «Զգուշացէք ձեր անձերուն, չըլլայ որ սրտերնիդ կերուխումով ու գինովութիւնով եւ աշխարհային զբաղմունքներով ծանրանայ ու յանկարծակի այն օրը ձեր վրայ հասնի»։ (Ղուկաս 21։34, 35) Աստուծոյ ծառաները ըլլալով, մենք վճռած ենք Յիսուսի ազդարարութեան անսալ։ Անբարեպաշտ աշխարհի մարդոց հակառակը, կը ջանանք հոգեւորապէս արթուն մնալ եւ Եհովայի մեծ օրը մեր միտքին մէջ պահել։—Սոփոնեայ 3։8. Ղուկաս 21։36

4. (ա) Ընդունելի զբօսանք գտնելը ինչո՞ւ դժուար է։ (բ) Եփեսացիս 5։15, 16–ի ո՞ր խրատը կ’ուզենք կիրարկել։

4 Աշխարհի ապականած սովորութիւններէն զերծ մնալը դիւրին չէ, քանի որ Բանսարկուն զանոնք շատ ցանկալի ու դիւրամատչելի դարձուցած է։ Հարցը աւելի դժուար է, երբ ժամանց կամ զբօսանք կը փնտռենք։ Աշխարհի հրամցուցած բաներուն մեծ մասը կոչ կ’ընէ «մարմնաւոր ցանկութիւններ»ուն։ (Ա. Պետրոս 2։11) Վնասակար ժամանցը մատչելի է ո՛չ միայն տունէն դուրս, այլեւ տունէն ներս՝ պարբերաթերթերու, հեռատեսիլի, Համացանցի եւ տեսաերիզներու միջոցով։ Հետեւաբար Աստուծոյ Խօսքը իմաստութեամբ Քրիստոնեաները կը խրատէ. «Նայեցէք որ զգուշութեամբ քալէք, ո՛չ թէ անմիտներու պէս, հապա իմաստուններու պէս։ Ժամանակը ծախու առէք, վասն զի օրերս չար են»։ (Եփեսացիս 5։15, 16) Միայն այս խրատին սերտօրէն հետեւելով, կրնանք վստահ ըլլալ թէ վնասակար ժամանցը մեզ պիտի չհրապուրէ, մեզ պիտի չսպառէ եւ Եհովայի հետ մեր յարաբերութիւնը պիտի չխզէ, մեզ կործանումի առաջնորդելով։—Յակոբու 1։14, 15

5. Մեր մեծագոյն թարմացումը ի՞նչ բանէ կը ստանանք։

5 Որովհետեւ Քրիստոնեաները զբաղած կեանք կը վարեն, հասկնալի է որ երբեմն զգան թէ զբօսանքի պէտք է դիմեն։ Իրականութեան մէջ, Ժողովողի 3։4–ը կ’ըսէ թէ «ծիծաղելու ժամանակ» եւ «կաքաւելու ժամանակ» կայ։ Ուստի Աստուածաշունչը զբօսանքը չի սեպեր ժամանակի կորուստ։ Բայց զբօսանքը պէտք է թարմացնէ մեզ, առանց մեր հոգեւորութիւնը վտանգելու կամ հոգեւոր գործունէութիւններու տեղը առնելու։ Հասուն Քրիստոնեաները փորձառաբար գիտեն թէ տալը աւելի մեծ ուրախութիւն կը բերէ։ Անոնք Եհովայի կամքը կատարելը իրենց կեանքին մէջ առաջնակարգ տեղը կը դնեն եւ Յիսուսի քաղցր լուծը ընդունելով՝ իսկական «հանգստութիւն» կը գտնեն։—Մատթէոս 11։29, 30. Գործք 20։35

Ընդունելի զբօսանք ընտրել

6, 7. Ի՞նչ բան կրնայ քեզի օգնել որոշելու թէ ո՛ր ժամանցը ընդունելի կամ անընդունելի է։

6 Ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ թէ որոշ զբօսանք մը Քրիստոնեային համար ընդունելի է։ Ծնողները իրենց զաւակներուն ուղղութիւն կը հայթայթեն, իսկ երէցները կ’օգնեն ի պահանջել հարկին։ Բայց իրականութեան մէջ, հարկ պէտք չէ ըլլայ որ ուրիշներ մեզի ըսեն թէ այս կամ այդ գիրքը, շարժապատկերը, խաղը, պարը կամ երգը անընդունելի է։ Պօղոս ըսաւ թէ հասուն անհատները «վարժութեան ճամբով կրթած են չարն ու բարին զանազանելու իրենց զգայարանքը»։ (Եբրայեցիս 5։14, Անթիլիաս. Ա. Կորնթացիս 14։20) Աստուածաշունչը ուղղութիւն տուող սկզբունքներ կը հայթայթէ։ Իսկ Աստուծոյ Խօսքով մարզուած խղճմտանքդ քեզի պիտի օգնէ, եթէ անոր ականջ տաս։—Ա. Տիմոթէոս 1։19

7 Յիսուս ըսաւ թէ «ծառը պտուղէն կը ճանչցուի»։ (Մատթէոս 12։33) Եթէ ժամանց մը հրապուրիչ կը դարձնէ բռնութիւնը, անբարոյութիւնը կամ ոգեհարցութիւնը, պէտք է մերժուի։ Անիկա նաեւ անընդունելի է, եթէ կեանքը կամ առողջութիւնը կը վտանգէ, եթէ տնտեսական դժուարութիւն կամ վհատութիւն կը պատճառէ, կամ եթէ ուրիշները կը գայթակղեցնէ։ Պօղոս առաքեալ մեր ուշադրութեան յանձնեց թէ եղբօր մը խղճմտանքը վիրաւորելը՝ մեղք գործել է։ Ան գրեց. «Եղբայրներուն դէմ մեղանչելով ու անոնց տկար խղճմտանքը վիրաւորելով՝ Քրիստոսին դէմ կը մեղանչէք։ Ուստի եթէ կերակուրը կը գայթակղեցնէ իմ եղբայրս, միս պիտի չուտեմ յաւիտեան՝ որպէս զի իմ եղբայրս չգայթակղեցնեմ»։—Ա. Կորնթացիս 8։12, 13

8. Ելեկտրոնական խաղերն ու տեսաերիզները ի՞նչ վտանգներ կը ներկայացնեն։

8 Վաճառատուները զեղուն են ելեկտրոնական խաղերով ու տեսաերիզներով։ Ոմանք անվնաս զուարճութիւն կ’ապահովեն, բայց այս մարզը հետզհետէ կը կեդրոնանայ Աստուածաշունչի դատապարտած բաներուն վրայ։ Վստահաբար անմեղ զուարճութիւն չէ, երբ խաղը կը պահանջէ խեղանդամել, սպաննել կամ անբարոյ կերպով վարուիլ։ Եհովա «բռնութիւն սիրողը» կ’ատէ։ (Սաղմոս 11։5. Առակաց 3։31. Կողոսացիս 3։5, 6) Իսկ եթէ խաղը ագահութիւն կամ թշնամանք կը յառաջացնէ քու մէջդ, քեզ զգացականօրէն կը սպառէ կամ արժէքաւոր ժամանակդ կը վատնէ, ուրեմն քեզի հոգեւորապէս կը վնասէ,– անյապաղ ճշդումներ ըրէ։—Մատթէոս 18։8, 9

Առողջ կերպերով զբօսանքի կարիքը լեցնել

9, 10. Խորատես անհատները ի՞նչ կրնան ընել իրենց զբօսանքի կարիքը լեցնելու համար։

9 Երբեմն Քրիստոնեաները հարց կու տան. «Աշխարհի հրամցուցած ժամանցին մեծ մասը Աստուածաշունչի չափանիշներուն հակառակ ըլլալով, ի՞նչ է ընդունելի զբօսանքը»։ Անկասկած հաճոյալի զբօսանք կարելի է գտնել, բայց ջանքի կը կարօտի։ Անիկա կանխամտածում եւ ծրագրում կը պահանջէ, մանաւանդ ծնողքին կողմէ։ Շատեր հանգստութեան պահեր կը վայելեն ընտանիքի եւ ժողովքի անդամներուն հետ։ Միասնաբար ճաշելը, մինչ կը խօսակցինք օրուան իրադարձութիւններուն կամ աստուածաշնչական նիւթի մը մասին, հաճելի ու շինիչ է։ Կարելի է կազմակերպել զբօսախնճոյք, պատշաճ խաղեր, բանակում կամ քայլարշաւ։ Այսպիսի առողջ զբօսանք կրնայ հաճելի ու վարձահատոյց ըլլալ։

10 Երեք զաւակներ մեծցուցած երէց մը ու իր կինը կը տեղեկագրեն. «Մեր զաւակները իրենց մատղաշ տարիքէն դեր կ’ունենային արձակուրդի վայրը ընտրելու մէջ։ Ատեն–ատեն թոյլ կու տայինք իւրաքանչիւր զաւակի որ լաւ բարեկամ մը հրաւիրէ, ինչ որ արձակուրդը աւելի զուարճալի կը դարձնէր։ Մեր զաւակներուն համար յատկանշական իրադարձութիւններ կային, ինչպէս՝ երբ ժողովքէն անհատներ մեր տունը կը հրաւիրէինք։ Որոշ առիթներով տունէն դուրս կը ճաշէինք, ինչպէս նաեւ խաղեր կը խաղայինք։ Իսկ լեռնագնացութիւնը կ’օգտագործէինք՝ Եհովայի ստեղծագործութեան մասին սորվելով»։

11, 12. (ա) Զբօսանքի ծրագրիդ մէջ ուրիշներ պարփակելու համար ի՞նչ կրնաս ընել։ (բ) Շատեր ինչպիսի՞ հաւաքոյթներ անմոռանալի գտած են։

11 Կրնա՞ս անձամբ կամ ընտանեօք կարգադրութիւն ընել, որ ուրիշներ ալ ծրագրուած զբօսանքին մասնակցին։ Ոմանք, ինչպէս՝ այրի, ամուրի կամ միածնող մը, կրնան քաջալերութեան կարիք ունենալ։ (Ղուկաս 14։12-14) Կրնաս մի քանի նորեկներ ալ պարփակել, անշուշտ՝ զգոյշ ըլլալով որ ուրիշները ժխտական ազդեցութեան չենթարկուին։ (Բ. Տիմոթէոս 2։20, 21) Իսկ տան մէջ արգելափակուած անկարողներուն համար, թերեւս կարելի է ճաշը անոնց տունը բերել ու միասնաբար ճաշել։—Եբրայեցիս 13։1, 2

12 Շատեր անմոռանալի գտած են այն հաւաքոյթները, որոնց մէջ հիւրերը պարզ ճաշ կ’ուտեն եւ կը պատմեն թէ ի՛նչպէս Քրիստոնեայ դարձան ու ի՛նչ բան օգնեց որ Աստուծոյ հաւատարիմ մնան։ Կարելի է աստուածաշնչական նիւթեր նկատի առնել, առիթ տալով բոլո՛ր ներկաներուն որ մասնակցին։ Այս զրոյցները փոխադարձ քաջալերութեան օգտակար պահեր են, եւ հարկ չկայ որ մէկը անհանգիստ կամ անատակ զգայ։

13. Յիսուս եւ Պօղոս հիւրասիրելու եւ հիւրասիրուելու մէջ ի՞նչպէս օրինակ հանդիսացան։

13 Յիսուս հիւրասիրելու եւ հիւրասիրուելու մէջ պատշաճ օրինակ հանդիսացաւ։ Ան միշտ այդ առիթներով հոգեւոր օրհնութիւններ հաղորդեց։ (Ղուկաս 5։27-39. 10։42. 19։1-10. 24։28-32) Իր նախկին աշակերտները իր օրինակին հետեւեցան։ (Գործք 2։46, 47) Պօղոս առաքեալ գրեց. «Շատ կը փափաքիմ ձեզ տեսնել, որպէսզի ձեզի փոխանցեմ ոեւէ հոգեւոր պարգեւ որ ձեզ ամրապնդելու կը ծառայէ. այսինքն՝ ձեր մէջ ըլլալով՝ իրար քաջալերենք այն հաւատքով որ ունինք դուք եւ ես»։ (Հռովմայեցիս 1։11, 12, Անթիլիաս) Նմանապէս, մեր հաւաքոյթները փոխադարձ քաջալերութեան մթնոլորտ պէտք է ստեղծեն։—Հռովմայեցիս 12։13. 15։1, 2

Կարգ մը յիշեցումներ եւ զգուշացումներ

14. Ընկերային մեծ հաւաքոյթները ինչո՞ւ յանձնարարելի չեն։

14 Ընկերային մեծ հաւաքոյթներ սարքելը յանձնարարելի չէ, քանի որ վերակացութիւնը յաճախ դժուար է։ Առանց հոգեւոր գործունէութիւններու յայտագիրը խանգարելու, մի քանի ընտանիքներ կրնան որոշել միասնաբար զբօսախնճոյք մը վայելել կամ խաղ մը խաղալ, որ չափազանց մրցակցական չէ։ Երէցներու, օգնական ծառաներու կամ այլ հասուն անհատներու ներկայութիւնը, դրական ազդեցութիւն ունի եւ կրնայ ընկերային հաւաքոյթը աւելի թարմացուցիչ դարձնել։

15. Հաւաքոյթ մը կազմակերպելը ինչո՞ւ պատշաճ վերակացութիւն պէտք է պարփակէ։

15 Ընկերային հաւաքոյթ կազմակերպողները պատշաճ վերակացութեան կարիքը պէտք չէ անտեսեն։ Անհատներ հիւրասիրելէ հաճոյք առնելով հանդերձ, գէշ պիտի չզգա՞ս եթէ անհոգութեանդ պատճառով բան մը պատահի տանդ մէջ ու հիւրերէն մէկը գայթակղեցնէ։ Նկատի առ Բ. Օրինաց 22։8–ի նշած սկզբունքը։ Նոր տուն կառուցանող Իսրայելացիէն կը պահանջուէր տանիքին չորս կողմը շրջապատ մը շինել, ուր յաճախ հիւրեր կը հիւրասիրուէին։ Ինչո՞ւ։ «Որպէս զի չըլլայ թէ մէկը անկէ վար իյնայ ու քու տունդ արեան պարտական ըլլայ»։ Նոյնպէս, ընկերային հաւաքոյթի մէջ ջանա՛ հիւրերդ պաշտպանել ֆիզիքապէս ու հոգեւորապէս, առանց անտեղի սահմանափակումներ պարտադրելու։

16. Եթէ ընկերային հաւաքոյթին ալքոլ պիտի հրամցուի, ի՞նչ դատողութիւն պէտք է գործածուի։

16 Եթէ ընկերային հաւաքոյթին ալքոլ պիտի հրամցնես, լաւ դատողութիւն գործածէ։ Բազմաթիւ Քրիստոնեայ հիւրընկալներ խմիչք կը ներկայացնեն, միայն եթէ անձամբ կրնան վերահսկել թէ հիւրերը ի՛նչ կը խմեն եւ՝ ո՛րքան։ Թոյլ պէտք չէ տրուի որեւէ բանի, որ կրնայ ուրիշները գայթակղեցնել կամ մէկը չափազանց խմելու փորձութեան մատնել։ (Եփեսացիս 5։18, 19) Միւս կողմէ, զանազան պատճառներով կարգ մը հիւրեր ալքոլէն հեռու կը կենան։ Շատ մը շրջաններ օրինապէս սահմանած են խմիչք խմելու տարիքը, եւ Քրիստոնեաները Կայսրին օրէնքներուն կը հնազանդին, նոյնիսկ եթէ այս կանոնները չափազանց կաշկանդիչ կը թուին։—Հռովմայեցիս 13։5

17. (ա) Եթէ ընկերային հաւաքոյթին երաժշտութիւն պիտի նուագուի, հիւրընկալը ինչո՞ւ շատ ընտրողական պէտք է ըլլայ։ (բ) Պարելու պարագային, ի՞նչպէս ամօթխածութիւն պէտք է ցուցաբերուի։

17 Հիւրընկալը վստահ պէտք է ըլլայ որ երաժշտութիւնը, պարը, եւայլն, քրիստոնէական սկզբունքներուն հետ ներդաշնակ են։ Ամէն ոք երաժշտական նոյն ճաշակը չունի, եւ երաժշտութեան բազմաթիւ տեսակներ մատչելի են։ Սակայն ներկայ երաժշտութեան մեծ մասը կը քաջալերէ ըմբոստութիւնը, անբարոյութիւնն ու բռնութիւնը։ Ուստի ընտրողական ըլլալու հարկ կայ։ Պատշաճ երաժշտութիւնը պայման չէ որ հանդարտ ըլլայ, բայց նաեւ տռփական, կոպիտ, աղմկալից եւ ուժգին զարկով պէտք չէ ըլլայ։ Զգոյշ եղիր որ երաժշտութեան ընտրութիւնը չվստահիս մէկու մը որ ձայնածաւալը չափաւոր պահելու կարիքը չի գնահատեր։ Քրիստոնեային համար բացայայտօրէն անպատշաճ է այն պարը, որ անամօթ վարուելակերպ կը պարփակէ, շեշտ դնելով կոնքի ու կուրծքի տռփագրգիռ շարժումներու վրայ։—Ա. Տիմոթէոս 2։8-10

18. Ծնողները ի՞նչպէս կրնան իրենց զաւակները պաշտպանել, անոնց ընկերային գործունէութեան վրայ վերահսկելով։

18 Քրիստոնեայ ծնողները պէտք է գիտնան թէ իրենց զաւակներուն հրաւիրուած ընկերային հաւաքոյթին համար ի՛նչ բաներ ծրագրուած են, իսկ խոհեմութիւն է՝ յաճախ անոնց հետ ներկայ գտնուիլ։ Ցաւօք սրտի, կարգ մը ծնողներ իրենց զաւակներուն թոյլ տուած են որ չվերահսկուած հաւաքոյթներու ներկայ գտնուին, ուր ոմանք անբարոյութեան կամ այլ անպատշաճ վարքի ծուղակին մէջ ինկած են։ (Եփեսացիս 6։1-4) Նոյնիսկ պատանեկութեան վերջին տարիներուն մէջ եղող ու վստահութիւն շահող անհատները դեռ կարիք ունին օգնութեան, որպէսզի ‘երիտասարդական ցանկութիւններէն փախին’։—Բ. Տիմոթէոս 2։22

19. Ո՞ր իրողութիւնը կ’օգնէ որ կեդրոնանանք այն բանին վրայ, որ ‘առաջ պէտք է խնդրենք’։

19 Պարբերաբար՝ առողջ ու թարմացուցիչ զբօսանք վայելելը կրնայ կեանքը աւելի հաճոյալի դարձնել։ Եհովա մեզ չի զրկեր այս հաճոյքէն, բայց գիտենք որ ժամանցը ինքնին չ’օգներ մեզի որ երկինքը հոգեւոր գանձեր դիզենք։ (Մատթէոս 6։19-21) Յիսուս իր աշակերտներուն օգնեց հասկնալու թէ ‘առաջ Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը խնդրելը’ կարեւորագոյն բանն է, եւ ո՛չ թէ՝ ուտելիքը, խմելիքը կամ հագուելիքը,– բաներ որոնք «հեթանոսները կը խնդրեն»։—Մատթէոս 6։31-34

20. Եհովայի հաւատարիմ ծառաները Մեծագոյն Հայթայթիչէն ի՞նչ բարիքներ կրնան ակնկալել։

20 Այո, ‘թէ՛ ուտենք, թէ՛ խմենք եւ թէ ի՛նչ գործ որ ընենք’, կրնանք ‘ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ընել’, Մեծագոյն Հայթայթիչէն շնորհակալ ըլլալով՝ չափաւոր կերպով մեր վայելած բարի բաներուն համար։ (Ա. Կորնթացիս 10։31) Մօտալուտ դրախտային երկրին մէջ, Եհովայի առատաձեռնութիւնը լիովին վայելելու եւ իր արդար պահանջներուն գոհացում տուողներուն առողջ ընկերակցութիւնը ունենալու անվերջ առիթներ պիտի ըլլան։—Սաղմոս 145։16. Եսայեայ 25։6. Բ. Կորնթացիս 7։1

Կը յիշե՞ս

• Ներկայիս ինչո՞ւ դժուար է որ Քրիստոնեաները առողջ զբօսանք գտնեն։

• Քրիստոնեայ ընտանիքները ինչպիսի՞ զբօսանք թարմացուցիչ գտած են։

• Առողջ զբօսանք վայելելու ատեն, ի՞նչ յիշեցումներ ու զգուշացումներ ի մտի պէտք է ունենանք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 20]

Բարի պտուղ տուող զբօսանք ընտրէ

[Նկարներ՝ էջ 21]

Քրիստոնեաները ինչպիսի՞ զբօսանք կը մերժեն