Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՞նչ են «վերջին օրերը»

Ի՞նչ են «վերջին օրերը»

Ի՞նչ են «վերջին օրերը»

ՀԱՐՑ կու տա՞ս թէ ապագան քեզի ու սիրելիներուդ ի՛նչ վերապահած է։ Շատեր ուշադրութեամբ լուրերուն կը հետեւին, տեսնելու համար թէ աշխարհի դէպքերը ի՛նչպէս իրենց կեանքին կրնան ազդել։ Սակայն Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքին ուշադրութիւն ընծայելը, մեզի իսկական խորատեսութիւն կու տայ, քանի որ Աստուածաշունչը վաղուց նախագուշակեց ո՛չ միայն ներկայ իրավիճակը, այլեւ՝ տակաւին ըլլալիք բաները։

Օրինակ, երբ Յիսուս Քրիստոս երկրի վրայ էր, Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին շատ բան խօսեցաւ։ (Ղուկաս 4։44) Բնական է որ իրեն մտիկ ընողները փափաքեցան գիտնալ թէ այդ սքանչելի Թագաւորութիւնը ե՛րբ պիտի գար։ Իրականութեան մէջ, Յիսուսի անիրաւ մահէն երեք օր առաջ, իր աշակերտները իրեն հարցուցին. «[Թագաւորական հեղինակութեամբ] քու գալուստիդ ու աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ (Մատթէոս 24։3) Յիսուս անոնց ըսաւ թէ միայն Եհովա Աստուած գիտէ ճիշդ ժամանակը, երբ Թագաւորութիւնը երկիրը լիովին իր հակակշռին տակ պիտի առնէ։ (Մատթէոս 24։36. Մարկոս 13։32) Սակայն Յիսուս եւ ուրիշներ նախագուշակեցին որոշ զարգացումներ երկրի վրայ, որոնք որպէս ապացոյց պիտի ծառայէին թէ Քրիստոս թագաւորական հեղինակութեամբ կ’իշխէր։

Նախ հակիրճօրէն նկատի առնենք կարեւոր դէպք մը, որ անտեսանելի հոգեղէն ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ։ 1914–ին, Յիսուս Քրիստոս երկնքի մէջ Թագաւոր եղաւ։ * (Դանիէլ 7։13, 14) Թագաւորական հեղինակութիւն ստանձնելէ անմիջապէս ետք, ան գործի լծուեցաւ։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ. «Երկնքի մէջ պատերազմ ծագեցաւ. Միքայէլ ու իր հրեշտակները վիշապին հետ պատերազմեցան։ Վիշապն ալ իր հրեշտակներով պատերազմեցաւ»։ (Յայտնութիւն 12։7) «Միքայէլ հրեշտակապետը» Յիսուս Քրիստոսն է՝ իր երկնային դիրքին մէջ։ * (Յուդա 9. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։15) Վիշապը Բանսարկուն է։ Պատերազմին արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Սատանան եւ դեւեր կոչուած իր հրեշտակային չար հետեւորդները պարտուեցան եւ «վար ձգուեցան», կամ՝ երկինքէն վռնտուեցան, դէպի երկրի շրջակայքը։ (Յայտնութիւն 12։9) Այս պատճառաւ, «երկինք ու անոր մէջ բնակող» Աստուծոյ հաւատարիմ հոգեղէն որդիները ուրախացան։ Իսկ ինչ կը վերաբերի մարդկութեան, Աստուածաշունչը նախագուշակեց. «Վա՜յ երկրին . . . վասն զի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ»։—Յայտնութիւն 12։12

Սաստիկ զայրոյթով լեցուած Սատանան, երկրի վրայ բնակողներուն բերած է վայ,– տառապանք ու նեղութիւն։ Սակայն այդ վայը կարճատեւ պիտի ըլլայ, միայն՝ «քիչ ժամանակ»։ Աստուածաշունչը այս ժամանակին կ’ակնարկէ որպէս «վերջին օրեր»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1) Կրնանք ուրախ ըլլալ որ շուտով երկրի վրայ Բանսարկուին ազդեցութեան բոլորովին վերջ պիտի դրուի։ Բայց ի՞նչ ապացոյց կայ թէ վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք։ Հաճիս տեսնել Դիտարան 15 Սեպտեմբեր 2006 թիւը, էջ 4-7 (Անգլերէն)։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 4 Տես՝ Դիտարան 15 Յուլիս 2006, էջ 6-7 (Անգլերէն)։

^ պարբ. 4 Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տես՝ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը, էջ 218-219, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։